ՅՈՅՍԸ
Թաքսիին մէջէն բարձրաձայն քահ-քահները դուրսէն կը լսուին, կողքէն անցնողները կը ժպտին: Վարորդը ուրախ ու ժպտուն, երբեմն խնդուքով մը ինք եւս կը մասնակցի յաճախորդներուն քահ-քահներուն:
Ընտանիք մըն է թաքսիին մէջ՝ մայր, հայր եւ մի քանի ամսուան մանուկ մը, որ դեռ լեզու չէ ելած, բայց քիչ առաջ մօրը գիրկը լալահառաջ կը ճչար երբ թաքսի նստան, հիմա՝ իր՝ մանուկի անմեղ խնդուքով ուրախութիւն կը սփռէ չորս դին, թաքսին կը յառաջանայ դէպի մանկաբոյժին դարմանատունը եւ ամէն անգամ որ թաքսիին անիւը ասֆալթին թեթեւ փոսերուն հպի ու ցնցուի՝ մանկան ուրախութիւնը կը կրկնապատկուի, երբ մօրը գիրկը բազմած տեղէն կը նկատէ ղեկին կողքին ամրաց-ւած շնիկին գլխուն ցնցումին բազմապատկուիլը:
Ի՜նչ տարօրինակ են մանուկները, գիշերը մինչեւ լոյս լաց ու կոծով անցուցած, ոչ քնացած է, ոչ ալ՝ քնացուցած, ծնողքը ամէն հնարքի դիմած է, որ փոխէ փոքրիկին տրամադրութիւնը, է՛, խօսիլ ալ չի գիտեր ձագուկը, որ կարենայ գանգատները յայտնել, ի վերջոյ, մայրը կը նկատէ մանուկին ջերմութեան բարձրացումը ու արշալոյսը ակնթարթ առ ակնթարթ դիտելէ ետք կը պատրաստուին ու կը մեկնին մանկաբոյժին:
Թաքսին կը յառաջանայ իր մանուկներուն հետ, այո մանուկներուն, քանի բոլորը ուրախ են ու մանուկը ուրախ պահելու համար ինչե՜ր կ՚ընեն: Հայրը շան նման կը հաջէ, վարորդը ինքնաշարժը աջ ու ձախ կը տանի ու փոսիկներ կ՚որոնէ ցնցում յառաջացնելու համար, մայրը տակաւին հնչիւններէն անտեղեակ մանուկին «շունիկ» ըսել կը սորվեցնէ, մինչ մանուկը աչքերը շունիկին գլխու շարժումներուն սեւեռած կը խնդայ հա կը խնդայ:
Այո, մենք մանուկներ էինք այն օրը թաքսիին մէջ, ուրա՜խ ու զուա՜րթ, մեր մանկիկին ժպիտը յաճախ մեզ մանուկի կը վերածէր, այլեւ կը սթափեցնէր մեր մէջ, տեղ մը մրափող մանուկը: Հիմա, հիմա այնքան խոր քունի մտած է ան որ, կարծես չքացած է մեր մէջէն, բայց ո՛չ, ահա այս յիշողութեան ընդմէջէն ան գլուխ կը ցցէ ու կը փաստէ իր գոյութիւնը, շոյանք մը, ժպիտ մըն ալ կը խլէ:
«Մոլ»ին մէջն եմ ու Ամանորի զարդերուն մէջ այս տարի շունիկներ կը վըխ-տան, տեսակաւոր են անոնք՝ մեծ ու փոքր շան տեսքով մոմեր, գունագեղ արձանիկներ, քալող ու հաջող խաղալիքներ, նոյնիսկ տօնածառի զարդեր...: Երեւակայեցէք տօնածառին վրայ աստղերուն, ձիւնի փաթիլներուն, ծաղիկներուն, գնդակներուն կողքին շունիկներ ըլլան..., բայց ինչո՞ւ ոչ, անցեալ տարի աքլորներ էին, անկէ առաջ՝ կապիկներ, չինական կամ արեւելեան աստղագուշակութեան համեմատ այսպէս ամէն տարի կենդանակերպ մը մէջտեղները կը շրջի:
Ահա, ճիշդ այդ թաքսիի շունիկէն, ցնցեմ գլուխը, զսպանակը թող շարժի ու գլուխը պարէ, հահա, որքան խնդացինք այն օրը այս աննշան խաղալիքին պատճառով:
Ինչերո՜ւ կը կապեն մարդիկ իրենց յոյսը, անորոշ ապագայէն նշոյլ մը, լոյս մը կ՚որոնեն, գուցէ միայն գալիք քանի մը ամիսներուն մասին բան մը, դրակա՛ն բան մը իրենց կեանքին համն ու հոտը, միապաղաղութիւնը փոխելու սատար մը ըլլալուն հեռանկարով: Մանուկներուն նման, որոնք ընդհանրապէս կը ձանձրանան նոյն խաղալիքին հետ երկար ատեն հաղորդակցելէ, խաղալէ, երբ նորը տեսնեն կը ցնծան ու ժպիտներով, փայլուն աչուկներով, ձեռքերու ուրախ շարժումով կը յայտնեն իրենց շնորհակալութիւնը, գոհունակութիւնը, բայց շուտով անկէ ալ կը ձանձրանան, նորը կ՚որոնեն...:
Կը յիշեմ Արամ Հայկազի մէկ յուշագրութիւնը, ուր մանուկ Արամ եկեղեցւոյ մէջ, հաւանաբար մկրտութեան մը ընթացքին, քահանայէն լսած էր «հաւատք, յոյս, սէր», գտած էր ան հաւատքն ու սէրը, բայց կ՚որոնէր յոյսը, երկար-երկար կ՚որոնէր զայն...:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ