ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐԸ
Պատերազմը եւ Լիբանանի հայութիւնը… Միւս կողմէ, Հայաստան պատրա՞ստ է օգնելու լիբանանահայերուն։ Թէեւ Իսրայէլ ընդունեց Լիբանանին համար հրադադարը, սակայն, պատերազմը չի շարունակուի՞ր…
Անցեալ շրջանը բազմաթիւ առումներով յոգնեցուցիչ էր ամբողջ Լիբանանին համար։ Մինչ Իսրայէլի անօդաչուները լեցուցին վիրաւոր երկրի երկինքը, անդին ձայնային պատը ճեղքող կործանիչները ահաւոր հարուածներ հասցուցին երկրի հարաւին, նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն։
«Մէ՛կ հրթիռ, մէ՛կ շէնք ձեւաչափով կը շարժին», կ՚ըսէ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տքթ. Աւետիս Տագէսեան։ «Այսպիսի հրթիռներու դեռ չէինք հանդիպած, ամբողջ շէնքը երկաթի կոյտի մը կը վերածուի։ Նախ կը սպառնան, քարտէսներ կը հրապարակեն եւ ապա կը հարուածեն։ Պէյրութի հարաւային արուարձանը աւերակուած է ու մեծ է թիւը անոնց, որոնք լքած են իրենց բնակավայրերը եւ հեռացած՝ դէպի աւելի ապահով շրջաններ», կ՚ըսէ ան։
Տագէսեան մտավախութիւններ ունի՝ Պէյրութի հայաբնակ թաղամասերու անվտանգութեան մասին։ Ան լրջօրէն վախցած էր, որ հրթիռ մը կրնար իյնալ այդ տեղերու մօտակայքը։ «Այդպիսի բան մը եթէ պատահէր, ապա մեծ պիտի ըլլար թիւը այն լիբանանահայերուն, որոնք ամենայարմար առիթով պիտի լքէին երկիրը ու պիտի հեռանային», կ՚աւելցնեմ իմ կողմէ։
Խորքին մէջ, Իսրայէլի բանակին համար «մէ՛կ հրթիռ, մէ՛կ շէնք» գործելաոճը նորութիւն մը չէ։ Նոյն ոճը կը կիրառուի նաեւ Կազզէի մէջ։ Նպատակն է գետնի հաւասարեցնել այն շրջանները, որոնք «Հիզպուլլահ»ի կեդրոնատեղի կը համարուին։ Խորքին մէջ այս ձեւաչափը մարմին ստացած է Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային շրջաններէ ներս Իսրայէլի բանակի անյաջողութիւններէն վերջ։
Անցեալ սեպտեմբերի աւարտին էր, երբ Նեթանիյահուի ռազմական կառավարութիւնը Լիբանանի դէմ ցամաքային գործողութիւններու որոշում առաւ։ Այդ ժամանակուայ ձախողումներու մուրը Իսրայէլ ուզած է հանել Պէյրութի արուարձաններէն։
Ու հոս է, որ լիբանանահայութեան համար ստեղծուեցան մտահոգութիւններ։ Եթէ գործողութիւնները շարունակուէին, ապա Իսրայէլ կրնա՞ր կորսնցնել իր սփաթ վիճակը եւ հարուածներ կրնա՞ր տալ նաեւ այն շրջաններուն, որոնք «Հիզպուլլահ»ի կեդրոն չեն համարուիր։ Այդ պարագային հայաբնակ թաղամասերն ալ կրնային թիրախաւորուիլ եւ այս բոլոր մտահոգութինները ներկայիս վերջնականօրէն չեն յաղթահարուած՝ քանի հրադադարը բաւական փխրուն է։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադը-րամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի Լիբանանի իրադարձութիւններուն։ Առկայ մտահոգութիւնները դեռ չեն խօսիր տագնապի մը մասին, բայց, ի՜նչ խօսք, որ իրավիճակը յղի է աւելի մեծ սրման։ Արշամեան կը յիշեցնէ, որ հիմնադրամի ծրագիրներուն մէջ առանցքային տեղ կը գրաւեն թէ՛ Լիբանանը եւ թէ Սուրիան։ Ան կ՚աւելցնէ, որ 2019 թուականէն ի վեր հետեւողական աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Լիբանանի բոլոր հայկական կրթական հաստատութիւններուն։ Ըստ Արշամեանի՝ ներկայիս խուճապ մը խնդրոյ առարկայ չէ։
«Եթէ օժանդակութեան անհրաժեշտութիւն ըլլայ, ապա հիմնադրամը պատրաստ է այդ օգնութիւնները ապահովելու համար առանձին դրամահաւաք կազմակերպելու եւ աջակցելու Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն», կ՚աւելցնէ գործադիր տնօրէնը։
Լիբանանահայ հրապարակագիր Պայծիկ Գալայճեան կը դիտարկէ, որ սպասողական վիճակ է։ Իր խօսքով՝ Հայաստան զանազան առիթներով եւ անհրաժեշտութեան պարագային միշտ օժանդակած է Լիբանանին ու երկրի հայութեան։ Ան կը յիշեցնէ՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի շրջանը։ Գալայճեան կը շեշտէ, որ առկայ սպասողական իրավիճակը կը մաշեցնէ բոլորը։
Լիբանանի քաղաքական վիճակը նուրբ է ու կը լսուին նաեւ որոշ ձայներ, որոնք Հայաստանէն կը պահանջեն դատապարտում։ Յամենայնդէպս, շատ ճիշդ կ՚ըլլայ կացութեան մօտենալ մարդասիրական պատուհանով։
Վերջին շուրջ երկու ամսուան պայքարի հետեւանքները տակաւին յստակ չեն՝ մանաւանդ, որ Լիբանանի ժողովուրդի անանտեսելի համեմատութիւնը համաձայն չէ «Հիզպուլլահ»ի վերջին ամիսներու գործողութիւններուն ու քաղաքական դիրքորոշումներուն հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան