Նամակ՝ Յիսուս Պապային
Թերեւս տարօրինակ թուի, որ երեսունը անց երիտասարդ մը ամէն առիթով նամակ գրելու մասին կը մտածէ. սակայն, ներշնչուելով 21 Սեպտեմբեր, 1897-ին, «Նիւ Եորք Սան»ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականէն՝ «Ի՞զ տեր Սենթա քլոզ» եւ մանաւանդ հայ համբաւաւոր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» գործէն, ուզեցի ձեռնարկել հետեւեալ նամակին՝ այն յոյսով, որ բարին տակաւին վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, եւ թերեւս շատ մը ընթերցողներու սիրտերը կը նորոգուին ու օրհնութեան պատճառ կը դառնայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծննդեան առիթով:
Սիրելի՛ Յիսուս պապա,
Ծնունդդ մօտ է ահա:
Ամէն տեղ տօն է եւ խանդավառութիւն…
Եւ աշխարհի վրայ ամէն մանուկ սպասելով նոր նուէրներու՝ նամակ կը գրէ դարաւոր համբաւ ունեցող Կաղանդ պապային… Ես իմ նամակս կ՚ուզեմ քեզի ուղղել, որովհետեւ գիտեմ Կաղանդ պապային գաղտնիքը…
Կաղանդ պապային վարպետը Դուն ես: Դուն իր հերոսն ես: Հապա ինչպէ՞ս ան այդքան բարի, սիրող եւ ուրախ կրնայ ըլլալ, եթէ Քեզմէ սորված չըլլայ: Աշխարհ գալուդ իմաստը լաւ հասկցած է ան:
Իսկական նուէրը Ս. Ծնունդի Դո՛ւն ես, եւ ես քեզ աւելի կը սիրեմ:
Յիսո՛ւս պապա, ինծի համար չէ, որ այս նամակը կը գրեմ, այլ՝ արար աշխարհ տարածուած հայ մանուկներուն համար: Ի՜նչ սիրուն ու փայլուն են անոնք: Անոնց աչքերուն փայլքը ապագայի յոյս կը ներշնչէ… եւ անոնց փոքրիկ հասակին մէջ կը մեծնան Երէցներ, Մաշտոցներ ու Նարեկացիներ՝ սքանչելի:
Մի՛ մտահոգուիր. իմ նուէրս, որ անոնց համար կը խնդրեմ, պիտի ըլլայ մեծագոյն նուէրը, զոր մանուկ մը կրնայ ստանալ՝ խաղալիքներէն, Ipad-ներէն եւ Play Station-ներէն շա՜տ շա՛տ աւելի մեծ:
Ես գիտեմ, որ գիտեն, թէ ի՛նչ է կարեւորը: Բայց կ՚ուզեմ, որ յիշեցնես իրենց այս տարի եւս: Չըլլա՛յ, որ մոռնան ու կարծեն, թէ միայն խաղալիքով է ուրախութիւնը, եւ նուէր ստանալով է, որ լաւ եւ գոհացած կրնանք զգալ:
Կ՚աղաչեմ՝ իրենց այցելես այս տարի եւս Կաղանդ պապայէն առաջ եւ իրենց բերես այն անհիւծելի նուէրը, զոր քու խաղաղութիւնդ, գութդ, հոգատարութիւնդ, ներողա
մըտութիւնդ եւ, ամենէն աւելին, անբացատրելի ու աննման Սէ՜րդ է, որպէսզի նուէրներու համար գիտնան երախտապարտ ըլլալ մամային եւ պապային: Ipad-ներու փոխարէն՝ ուրախ ըլլան բոլո՜ր այն ընկերներով, որոնցմով շրջապատուած են… Սորվին տեսնել իրենց սրտերով եւ ոչ միայն աչքերով: Մէկդի դնեն ամէն տեսակի չար բաները եւ նոր ու բարի ուժով սկսին Նոր տարիին: Իրենց միտքէն չհանեն նաեւ ուրիշները՝ մարդիկ, որոնք առանձնութենէ կը տառապին. անոնք, որոնք նուէր պիտի չստանան այս տարի եւ գուցէ նաեւ յաջորդին… Փոքրիկներ, որոնց ընտանիքները դժուարութեան մէջ են, չքաւորութեա՜ն… Ծերունիներ, որոնք այցելութեան կը սպասեն…
Չմոռնան, որ ժպիտ մը եւ սիրոյ արտայայտութիւն մը կրնան շա՜տ մեծ հրաշքներ գործել:
Մանաւանդ ամուր պահեն իրենց քաղցր մանկութիւնը… Շատ փոքրիկներ, խուճապահար նորութիւններու այս դարուն, դեռ մանկութեան նշոյլը չտեսած, կը շտապեն իրենց ետին ձգել զայն եւ անմեղութեան խաղերը փոխարինել վաղահաս պատանեկութեան հարցերով:
Յիսո՛ւս պապա, աշխարհի վրայ չարութիւն շատ կայ: Բայց չար բաներու վտանգը Քեզի սրտանց հաւատացողներուն չի սպառնար, այլ ընդհակառակը, արմատանալու առիթ կը հանդիսանայ: Շատ դժուարութիւններ կը սպասեն իրենց գալ տարի… Հոգ չէ՜… Ես վստահ եմ, թէ ամէն անգամ որ չար բաներու հանդիպին, պիտի դառնան եւ Քեզ հոն պիտի գտնեն իրենց կողքին, իրենց հետ՝ ջանալով շտկել, պայքարիլ, չընդունիլ չարը եւ, ի վերջոյ, ներել եւ միշտ բարի յոյսով մնալ:
Քեզի հրաժեշտ կու տամ սրտագին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով, որովհետեւ եթէ աշխարհ չգայիր, այս ամէն բաները պիտի չգիտնայինք, աւելի խաւար պիտի ըլլար աշխարհը ու մեր հոգիները՝ շա՜տ մութ:
Դուն միշտ իրենց հետ եղիր, պահէ զիրենք, որ յաջորդ տարի մեծ տղաք ու աղջիկներ դառնալով՝ պատիւ բերեն Քեզի եւ մեր ազգին՝ իրենց ճշմարիտ եւ բարի վարքով:
Կը սիրեմ Քեզ:
ՎԱՐԴԱՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ