ՆՆՋԷ՛ ՅԱՒԵՐԺ ԱՊՐԵՑՆՈՂ ԱՐԹՈՒՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ՝ ՄԵԾ ԵՐԱԺԻՇՏ ՈՒ ՀԱՅՈՐԴԻ
Այսօր Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր ու մեծ զաւակներէն մէկը՝ Արթուր Գրիգորեանը:
Համացանցը եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ, մտաւորականներ, ընկերներ եւ բոլորը բոլորին կը ցաւակցի, կը մխիթարէ, կը սփոփէ, բոլորեցնելով, բաժնելով կորուստն ու վիշտը ամէնուրեք, տեղ մը նոյնացումով մը միանալու եւ մաս ըլլալու անհատական հոգիի մը ու անոր թողած բեղմնաւորութեան համատարածօրէն եւ նոյն ատեն սփռելու զայն, ինչպէս կը պատահի մեծ անձնաւորութիւններու ու ստեղծագործներու հեռացումի պարագային:
Անհատներ ու ստեղծագործողներ կան, որոնք ժամանակի շարժական ու ստեղծիչ ոգին են եւ Չարենցի ըսած ժամանակի շունչը կը դառնան՝ երգելով, զարդարելով յաւերժական նորին մեծութիւն՝ ժամանակը եւ յաւերժացնելով ապրուստը բոլորին համար: Անոնք ապրուած կեանքը կը տեսնեն ու կը փոխանցեն արարումով, իբրեւ պերճանք ու առաքելութիւն եւ նոյնիսկ պարզ մահկանացուներուն համար կը սիրցնեն կեանքն ու աշխարհը եւ ամէն լաւ ու պայծառ բաները:
Արթուր Գրիգորեան երաժիշտի, երգահանի, գեղարուեստական ղեկավարի մասին երկար կրնայ գրուիլ ու խօսուիլ եւ վստահաբար անոր կատարած գործը անհունօրէն պիտի մնայ ու ծաղկեցնէ հայ երգն ու մշակոյթը: Անոր հիմնադրած Երգի պետական թատրոնը 90-ականներուն յատուկ հարթակ, մթնոլորտ, ուժականութիւն եւ տիպ ստեղծեց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ:
Մեր հանդիպումը մեծն Արթուր Գրիգորեանին հետ 1998 թուականին էր, երբ այցելեցինք Երգի պետական թատրոնը մօրաքրոջս հետ, որ երաժշտական նախասիրութիւններ եւ լաւ ձայն ունէր եւ անպայման փափաքեցաւ հանդիպիլ Արթուր Գրիգորեանին եւ նոյնիսկ համագործակցելու առաջարկ ալ ըրաւ: Ես բախտաւոր էի, որ ընկերակցեցայ մօրաքրոջս, որովհետեւ այդ ժամանակ չէի գիտեր, թէ ո՛վ էր Արթուր Գրիգորեանը։ Երբ բարձրացանք Երգի պետական թատրոնի մեծ շէնքի, եթէ չեմ սխալիր, 8-րդ յարկը, առանց ժամադրութեան եւ իր (Գրիգորեանին) դուռը թակեցինք, ըսաւ.
-Մտէք ներս:
Ան նոյն պահին դաշնամուրին վրայ էր եւ կը նուագէր կամ յօրինումներ կ՚ընէր հաւանաբար, եւ շատ պարզօրէն ու անմիջական դիմաւորեց մեզ:
Խօսեցանք հայ երաժշտութեան եւ այդ ժամանակուայ ոգիին, ստեղծագործութիւններուն եւ պայմաններուն մասին, նոյնիսկ կը յիշեմ բաղդատականներ ըրինք այդ ժամանակուայ մշակութային եւ երաժշտական համաշխարհային ընդհանուր ուղղութիւններուն եւ Հայաստանի մշակութային անցուդարձին միջեւ: Վերջաւորութեան մեզի տուաւ իր «Ամէնից-ամէնայ» քասէթը, որ սկսայ լսելու միշտ: Լուսաւոր տիեզերքի մը մասնիկ թողուց իմ մէջ այդ կարճ հանդիպումը եւ տարիքային ընկալումներու համակուածութենէն անդին զգացի, որ մեծ ստեղծագործողի եւ երաժիշտի հետ էր մեր հանդիպումը: Այդ վայրկեանին զգացի, որ երկար յայտնաբերումներ պիտի սպասեն ինծի մեծ կամ տարողունակ, անցողիկ կամ թեթեւ՝ դեռ չէի գիտեր: Եւ ժամանակի ընթացքին Արթուր Գրիգորեանի նուիրած «Ամէնից-ամէնայ» քասէթը ալեկոծեց, լիցքաւորեց, շարժեց եւ լուսաւորեց հայկականութիւնս ու երաժշտականութիւնս: Զգացի, որ սովորական չէր Արթուր Գրիգորեանը, որ հպարտ արցախցի էր, իսկ իր երաժշտութեան բացած «աքոր»ները հոգւոյս մէջ պայծառ պիտի ըլլային, մարդկային հայրենական շէնշողութեամբ լեցուն: Սփիւռքահայու մը համար Հայաստանի ծաղկումն ու անոր յաւերժական պերճալից ներծծումը իր հոգւոյն մէջ եթէ ո՛չ գերագոյն բերկրանքի ու կատարումի աղբիւր է, այլ գոնէ գոհունակութեան ու հպարտանքի մեծ պատճառ է:
Ընդհանրապէս մեծերուն շնորհած մեծ գործերն ու պայծառականութիւնը իմաստն են ամէն ինչին եւ ամէն տեղ մշակոյթ ու նոյնիսկ մեծ առումով քաղաքակրթութիւն ստեղծելու մեծագոյն ձեւաւորման գիծն են ու էութիւնը գոյակցութեան:
Գրիգորեանի ստեղծագործութիւնները, անձնապէս ինծի համար, բանաստեղծութեան ու երաժշտութեան բարձրութիւններ կը համադրէին։ Իր «Արցախ»ը, «Տիրամայր»ը, «Տես»ը, «Մեղեդի»ն եւ շատ մը ստեղծագործութիւններ բանալիններ էին եւ տակաւին կը մնան ինծի համար եւ կարծեմ շատ ստուար հատուածի համար, նաեւ ընդհանրապէս հայ կեանքի նորագոյն երաժշտութեան ու առաքելապաշտ ապրողականութեան համար ալ ուղենիշային:
Արթուր Գրիգորեանին գործը յաւերժ է եւ անոր բացած ճամբան շատ մեծ ու առինքնող։ ննջէ խաղաղութեամբ մաէսթրօ ու մեծ հայորդի, մեր հետ պիտի մնաս, մեր ինքնութիւնն ու հոգին խորացնելուդ կողքին, պիտի ապրեցնես ու ներշնցես մեզ եւ նորերը մշտապէս:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հարթակ
- 02/01/2025