Հայուհին Եւ Ներկայ Մարտահրաւէրները

Ազ­գի մը պատ­մու­թեան «ձե­ռա­գի­րը» մշա­կող գլխա­ւոր տար­րը ի­գա­կան դէմքն է, ըլ­լայ ան մայր, քոյր, կին, դուստր թէ մեծ մայր: Փաս­տօ­րէն, երբ տղա­մար­դիկ «փո­ղոց ի­ջած» կը պայ­քա­րին ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, գո­յա­տեւ­ման ու հա­սա­րա­կաց առըն­չա­կից հար­ցե­րու հա­մար, ան­դին ի­գա­կան տարրն է, որ տան չորս պա­տե­րէն ներս, քու­լիս­նե­րու ե­տին կը խնա­մէ, կը պատ­րաս­տէ, կը կրթէ ու գոր­ծե­լու ա­ւիշ «կը նե­րար­կէ» տղա­մար­դուն, ըլ­լայ ան իր զա­ւա­կը, ա­մու­սի­նը, եղ­բայ­րը թէ հայ­րը: Ա՛յս է ան­հեր­քե­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ­քան ալ փոր­ձուի թե­րագ­նա­հա­տել կամ նսե­մաց­նել ի­գա­կան տար­րի վարկն ու դե­րը հայ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ: Սա­կայն այս ի­րո­ղու­թեան ա­ռըն­թեր ստեղ­ծուած են նոր պայ­ման­ներ, ո­րոնք կա­մայ թէ ա­կա­մայ կ՚ազ­դեն մեր ու առ­հա­սա­րակ մարդ­կա­յին կեն­ցա­ղին վրայ: Այս դի­տան­կիւ­նէ, հա­յու­թիւ­նը եւս իբ­րեւ ինք­նու­րոյն հա­սա­րա­կու­թիւն են­թա­կայ է այս պայ­ման­նե­րուն պար­տադ­րած ազ­դե­ցու­թեան, ինչ որ հա­յու­հին կը դնէ նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մաց, միա­ժա­մա­նակ վե­րա­հաս­տա­տե­լով ան­ցեա­լէն կու­տա­կուած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը:

Հիմ­նա­կան այդ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն են, օ­րի­նակ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին կրտսե­րա­գոյն բայց ա­մե­նէն էա­կան կա­ռոյց­նե­րու կո­րի­զի՝ ըն­տա­նիք հաս­կա­ցո­ղու­թեան պահ­պան­ման հրա­մա­յա­կա­նը: Փաս­տօ­րէն, յա­ճախ կը լսենք ու կը կար­դանք անդր­ծո­վեան գա­ղու­թա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հետզ­հե­տէ «ըն­տա­նիք» հաս­կա­ցո­ղու­թեան նա­հան­ջին մա­սին, ուր այ­լեւս հազուա­դէ­պօ­րէն կա­րե­լի է հան­դի­պիլ նոյն յար­կին տակ գո­յա­տե­ւող հայ ըն­տա­նիք­նե­րու՝ ի­րենց լրիւ ան­դամ­նե­րով: Ա­ւե­լի՛ն, հե­տե­ւե­լով տուեալ եր­կիր­նե­րու մարդ­կա­յին  ի­րա­ւանց գծով որ­դեգ­րուած պե­տա­կան ո­րո­շու­մին, 18 տա­րի­քը շատ մը ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու հա­մար դար­ձած է ցան­կա­լի  «ան­ցա­գիր» մը, ո­րուն մի­ջո­ցով հայ (նաեւ՝ ոչ հայ) ե­րի­տա­սար­դը ի­րա­ւունքն ու ընտ­րան­քը ու­նի ան­ջա­տուե­լու ծնող­քէն, ըն­տա­նի­քէն եւ իր ա­ռան­ձին, իւ­րա­յա­տուկ օ­ճա­խը հիմ­նե­լու, հոգ չէ, թէ ա­մու­րի կար­գա­վի­ճա­կով: Սա­կայն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այդ ե­րե­ւոյ­թը հետզ­հե­տէ կը դառ­նայ կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն, նոյ­նիսկ ա­ռանց պե­տա­կան օ­րի­նա­կան վա­ւե­րա­ցու­մի:

Հոս ալ սկսած է մտա­հո­գիչ դառ­նալ հայ ըն­տա­նի­քի «նօս­րա­նա­լու» ե­րե­ւոյ­թը: Այ­սօր շատ մը հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ան­դամ­ներ, թէեւ նոյն յար­կին տակ կ՚ապ­րին, սա­կայն ա­նոնց­մէ գրե­թէ իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մը (յատ­կա­պէս՝ պա­տա­նի ու ե­րի­տա­սարդ տար­րը) ստեղ­ծած է իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ մթնո­լոր­տը, աշ­խար­հը՝ կլա­նուե­լով ու խո­րա­սու­զուե­լով հա­մա­ցան­ցի, Դի­մա­տետ­րի, «Թուի­թըր»ի, «Պլոկ»ի թէ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու այլ գրա­ռում­նե­րու մէջ:  Յե­տե­ղեռ­նի սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով հետզ­հե­տէ նա­հան­ջող նա­հա­պե­տա­կան հայ ըն­տա­նի­քի տոհ­միկ դի­մա­գի­ծը այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կէ իր տեղ­քայ­լը: Այս ի­մաս­տով հիմ­նա­կան դեր ու­նի հա­յու­հին, որ­պէս հայ մա­նու­կի, հայ նոր սե­րուն­դի հո­գա­տար մայր, քոյր թէ մեծ մայր: Հարկ է մա­նու­կը փոքր տա­րի­քէն վար­ժեց­նել յար­գե­լու ըն­տա­նե­կան սրբու­թիւն­նե­րը, ա­նոր մէջ ամ­րապըն-դել ըն­տա­նե­կան հա­մե­րաշխ մթնո­լոր­տի մէջ ապ­րե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:

Փոքր տա­րի­քէն, ո­րով­հե­տեւ մա­նու­կը որ­քան որ մեծ­նայ, այն­քան կը դժուա­րա­նայ զայն ձեր­բա­զա­տել իր դէմ ցցուող այ­լա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն ու զայն կառ­չած պա­հել իր ազ­գա­յին ինք­նու­րոյն դի­մա­գի­ծին: Այդ մէ­կը կը դարբ­նուի ման­կու­թեան օ­րե­րէն: Այս ի­մաս­տով նոյն­քան կա­րե­ւոր դեր ու­նին հայ դպրո­ցին դաս­տիա­րակ­ներն ու ու­սուց­չու­հի­նե­րը, ար­տադպ­րո­ցա­կան միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ո­րոնց վստա­հուած է հայ մատ­ղաշ սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը: Փոքր տա­րի­քէն մա­նու­կը վար­ժեց­նել  իր տան ե­րէց ան­դամ­նե­րը յար­գե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան, ա­նոնց թե­լադ­րանք­նե­րուն ա­կանջ տա­լու շա­հե­կա­նու­թեան եւ ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տի նա­խընտ­րու­թեան, փո­խա­նակ խրուե­լու նո­րա­րա­րա­կան ախ­տա­վա­րակ ե­րե­ւոյթ­նե­րու քմա­հա­ճոյ­քի թմբի­րին մէջ…

Այլ մար­տահ­րա­ւէր է մայ­րե­նիի պահ­պան­ման հրա­մա­յա­կա­նը: Մի­ջազ­գա­յին հան­գա­մա­նա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ (ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ…) ա­հա­զանգ հնչե­ցու­ցին յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վտան­գուած լե­զու դառ­նա­լու ե­րե­ւոյ­թին գծով: Թէեւ հրա­պա­րա­կուե­ցան այս տե­սա­կէ­տը հեր­քող մաս­նա­գի­տա­կան փոր­ձեր՝ հաս­տա­տե­լով, որ այն­քան ալ մտա­հո­գիչ չէ այս ե­րե­ւոյ­թը, սա­կայն ա­տի­կա չի նշա­նա­կեր, որ կա­րե­լի է ան­տե­սել  նշեալ ա­հա­զան­գը կամ տի­րող ի­րա­կա­նու­թիւ­նը: Փաս­տօ­րէն, հա­մա­ցան­ցի, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ տի­րա­կան է լա­տի­նա­տառ գրե­լու ե­րե­ւոյ­թը: Ին­չո՞ւ  հա­յե­րէ­նը, փո­խան անգ­լե­րէ­նի, չդարձ­նել հա­ղոր­դակ­ցու­թեան տի­րա­կան լե­զու, գէթ հա­մաս­փիւռ­քեան տա­րո­ղու­թեամբ, ներ­հայ­կա­կան ա­ռու­մով: Հասկ­նա­լի է (թէեւ ոչ ըն­դու­նե­լի) օ­տար ա­փե­րուն հա­սակ նե­տած, հայ դպրո­ցէն ու հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րէն հե­ռու, բայց ծա­գու­մով հայ նոր սե­րուն­դի պա­րա­գան: Սա­կայն հոս ալ կա­րե­լի է լե­զուա­կան այդ «խո­ցը» մեղ­մաց­նել՝ լա­տի­նա­տառ հա­յե­րէ­նի կող­քին գրե­լով նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով՝ ա­նոր հա­րա­զատ ո­ճով եւ ուղ­ղագ­րու­թեամբ: Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պա­տա­նի ու ե­րի­տա­սարդ հայ ըն­կա­լո­ղը պի­տի ըն­տե­լա­նայ մայ­րե­նիին եւ պի­տի գայ օ­րը, երբ տի­րա­պե­տե­լով հա­յե­րէ­նին, ի՛նք պի­տի նա­խընտ­րէ ար­տա­յայտուիլ մայ­րե­նի լե­զուով:

Խորհր­դա­յին շրջա­նի տի­րա­պե­տու­թեան  սկզբնա­ւո­րու­թեան բուռն դի­մադ­րու­թիւն եւ քննա­դա­տու­թիւն ծա­ւա­լած էր օ­րուան ղե­կա­վար­նե­րէն Պօ­ղոս Մա­կին­ցեա­նի հա­յե­րէ­նը լա­տի­նա­տառ գի­րե­րով փո­խա­րի­նե­լու մտադ­րու­թեան դէմ, երբ տա­կա­ւին ըն­կե­րա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը այս­քան յա­ռաջ­դի­մած ու ա­րա­գա­ցած չէին: Այ­սօր կարգ մը հա­յեր կա­մո­վին կը փոր­ձեն ի­րա­կա­նաց­նել Մա­կին­ցեա­նի այդ տխրահռ­չակ ո­րո­շու­մը: Հոս ալ դժուար, բայց ոչ ան­կա­րե­լի եւ շատ կա­րե­ւոր է ի­րա­զեկ ու գի­տա­կից հա­յուն, յատ­կա­պէս՝ հա­յու­հիին ներ­գոր­ծօն դե­րը իր զա­ւա­կը, եղ­բայ­րը կամ ըն­տա­նի­քի այլ ան­դամ­նե­րը հրա­ւի­րե­լու՝ սրբագ­րե­լու ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թեան ո­ճը եւ գրե­լու հա­րա­զատ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով:

(…)

Թե­րեւս հասկ­նա­լի է այդ դառ­նա­գոյն պա­հե­րուն զոհուած հա­յու­հի­նե­րու պա­րա­գան, նկա­տի ու­նե­նա­լով այդ օ­րե­րու հայ ի­րա­կա­նու­թիւնն ու առ­հա­սա­րակ՝ կեան­քի պայ­ման­նե­րը, երբ հա­յու­հին այն­քան ալ գի­տա­կից չէր ար­տատ­նա­յին կեան­քի այ­լա­զան մար­զե­րու մէջ իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան: Այ­սօր սա­կայն պայ­ման­նե­րը տար­բեր են, եւ հա­յու­հին ներ­կայ է աշ­խա­տան­քի ու առ­հա­սա­րակ կեան­քի գրե­թէ բո­լոր մար­զե­րուն մէջ, ե­թէ ոչ ո­րո­շիչ ու լիա­զօր հան­գա­ման­քով՝ գէթ որ­պէս ներ­կա­յու­թիւն եւ մաս­նակ­ցու­թիւն հայ ազ­գա­յին, հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին, նաեւ տե­ղեակ է իր շրջա­պա­տի ըն­կե­րա­յին, ա­պա­հո­վա­կան թէ քա­ղա­քա­կան ան­ցու­դար­ձե­րէն: Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի օր ըստ օ­րէ զար­գա­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայտ են բո­լո­րին: Սահ­մա­նա­կից գա­ղութ­նե­րու, հա­յօ­ճախ­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը այն­քան ալ վար­դա­գոյն չէ: Արդ, հարկ է հե­տե­ւիլ տե­ղա­կան ու շրջա­նա­յին զար­գա­ցող դէպ­քե­րու տե­ղե­կու­թեանց եւ ըստ այնմ պատ­րաս­տուիլ՝ շրջա­նին ու հետզ­հե­տէ մօ­տե­ցող վտան­գի սպառ­նա­լի­քի դի­մա­կալ­ման:

Վեր­ջա­պէս, գլխա­ւոր մար­տահ­րա­ւէր է նաեւ՝ հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցու­մի շեշ­տող հա­մա­ցան­ցի, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու ե­րե­ւոյ­թը: Երկ­սայ­րի սու­րի նմա­նող այս «ինք­նա­կոչ հիւ­րը» հարկ է օգ­տա­գոր­ծել, շա­հա­գոր­ծել իր դրա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րով, ի սպաս հայ­կա­կան բար­քե­րու, ա­ւանդ­նե­րու, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու, մայ­րե­նիի, հա­յու ինք­նու­րոյն դի­մա­գի­ծի, ա­նոր իւ­րա­յատ­կու­թեան, հայոց հարցի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան քա­րոզ­չու­թեան վե­րաշ­խու­ժաց­ման ու տա­րած­ման:

Այս եւ նման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մա­կա­լու­մով է, որ իր ինք­նա­կեր­տու­մի ճամ­բուն վրայ հա­յու­հին քայլ մը եւս կ՚ի­րա­գոր­ծէ ու կը յա­ռա­ջա­նայ հայ հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ եւ իր ազ­գօ­գուտ ներդ­րու­մը կը բե­րէ հա­յու­թեան վե­րել­քին մէջ:

ՍԻԼ­ՎԱ  ԳԱ­ՐԱ­ՎԱՐ­ԴԱ­ՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017