ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱՑՆՈՂ ԺԱՀՐԸ

Վերջին շաբաթներուն քորոնաժահրին տարածումը եւ սարսափը համամարդկային միջպետական ճգնաժամ մը ստեղծեց:

Բնութեան դէմ անկարող եւ անհաւասար ուժերով պայքարող մարդկային գիտութիւնը ձեւով մը պարտուած է մինչեւ օրս:

Քորոնաժահրը աշխարհի տնտեսութիւնը քանդեց, մարդկային մեծ թիւով կորուստներ արձանագրեց, գիտութեան բոլոր միջոցները անբաւարար ու անկար եղան, մարդկային ապահով միջավայրը քայքայուեցաւ:

Երկրի նախագահէն մինչեւ մեծագոյն կրօնապետը, գնդապետէն մինչեւ ամենէն պարզ զինուորը, հարուստն ու աղքատը, զարգացածն ու անուսը բոլորն ալ ենթակայ են վարակման: Բոլորն ալ անխտիր վախի մէջ են:

Քորոնաժահրի սահմանները աշխարհի հինգ ցամաքամասերու վրայ տարածուեցաւ եւ ինքնամեկուսացումը վարակումը սանձելու ու կանխելու միակ միջոցը համարուեցաւ:

Սակայն անցնող շաբաթներուն նշմարուեցաւ բոլորին քով աւելի մարդկային վերաբերմունք: Թշնամի երկիրներ զիրար օգնելու, նոյն երկրին մէջ իշխանամէտներ եւ ընդդիմադիրներ ձեռք ձեռքի տուած տագնապը դիմագրաւելու կացութիւններու ականատես եղանք, ասիկա առիթ եղաւ բանտարկեալները նոյնիսկ արձարկելու, աղօթելու, զգաստանալու, պահ մը մտածելու, որ ի՛նչն է կեանքի մէջ կարեւորագոյնը:

Փառք, տիտղոս, նիւթական, վայելք, ուսում, աշխատանք, գիտութիւն թէ մարզանք, այս բոլորն ալ անհեթեթ են ժահրին զօրութեան եւ սարսափին դիմաց: Ապրելու եւ առողջ մնալու դիմաց: Մարդիկ սկսան գիտնալ, որ մարդկային ըլլալը ամենէն կարեւորն է:

Չինաստանը, որ առաջին հերթին, ամենէն շատ եւ ամենէն մեծ կորուստը ունեցաւ, ձեռք երկարեց բոլորին: Պահը եկաւ, որ մարդկային արժէքը աւելի վեր դասուի բոլոր միւս լոզունգներէն:

Մարդկութիւնը միացնող, մարդկութիւնը աւելի մարդկային դարձնող ուժ մը եղաւ ժահրը՝ ընտանեկան, ազգային, պետական, քաղաքական թէ այլ մակարդակներու վրայ:

Սակայն վստահ եմ, որ գիտութիւնը պիտի դիմագրաւէ այս դժուարութիւնն ալ եւ ժահրը պիտի կասեցուի, ինչպէս անցնող ժամանակաշրջանի բոլոր ժահրերու ճակատագիրին նման:

Սակայն այս անգամ թող բոլոր մարդկութիւնը զգաստանայ, որ ծաւալապաշտութիւնը, իշխանութիւնները, փառքը, իրաւունքներու ոտնակոխումով քաղաքական կամ ռազմական յաջողութիւններ արձանագրելը, բոլորը անիմաստ են եւ անհեթեթ, երբ նման կացութիւններ ստեղծուին:

Մարդկային եւ աւելի մարդկային ըլլալու դաստիարակութիւնը դաս է աշխարհի բոլոր ժողովուրդին:

Առողջ մնալն ու առողջ ապրիլը գերագոյն եւ մեծագոյն հարստութիւնն է, որ յաճախ մեր կեանքին մէջ կը մոռնանք եւ որուն կարեւորութիւն չենք տար:

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2020