ՅԱՂԹԵՑԻ ՊԱՐՏՈՒԵԼՈՎ…
Հակառակ անոր, որ տօնական օրերու ընթրիքները շատ սիրած եմ միշտ, սակայն, մանկութեանս ամենաերկար թուացող ընթրիքներէն մէկը ինծի համար եղած է Զատիկի ճրագալոյցի պատարագին յաջորդող ընթրիքը, երբ միշտ եղած է իմ շատ սիրած՝ չամիչով փիլաւն ու ձուկը։ Բայց այդ ընթրիքը շատ կ՚երկարէր… Կարծես բոլորը խօսք մէկ ըրած դանդաղ կ՚ուտէին, իսկ ես պատառները պարզապէս կը կլլէի, որպէսզի տունը հաւկիթ խաղալէ ետք փութայի Մեծ Բակ, ուր կը հաւաքուէինք վանքին գրեթէ բոլոր պզտիկները կարմիր հաւկիթով… Մրցումը ո՛չ միայն անհատներու միջեւ կ՚ըլլար, այլեւ թաղերու կը բաժնուէինք։ Մեր մէջ կային մասնագէտներ, որոնք հաւկիթը ակռաներնուն զարնելով կը գիտնային, թէ զօրաւո՞ր է, կամ ոչ…
-Այս մէկը կը յաղթէ, կ՚ըսէր մասնագէտ մը։
Իսկ եթէ պարտուէր, պատասխանը պատրաստ էր. «Ծուռ զարկեր ես»։
Եւ մենք մեծ վստահութիւն ունէինք մեր մասնագէտներուն վրայ, կը հաւատայինք անոնց ու կը հերոսացնէինք զանոնք։
Այդ մասնագէտ հերոսներէն էին եղբայրս՝ Սարոն եւ մեր դրացի Դաւիթը…
Շաբաթ մը առաջ հրահանգը կը տրուէր.
-Ընթրիքէն անմիջապէս ետք տանիքը կը հաւաքուինք եւ բոլորս մէկ կ՚իջնենք Մեծ Բակ։ Երբ սուլեմ դուրս կ՚ելլէք…
Եղբայրս՝ Սարոն, Մարլէնը, Դաւիթին եղբայրը՝ Ստեփանը, Տիանան, Սիլվիան, Արտէմը, Վարդգէսը, Օհանը եւ եթէ ուրիշներ ուզէին միանալ մեզի՝ հրաման կ՚առնէին եւ մենք տոպրակ մը ձեռքերնիս կ՚իջնէինք մրցումի։
Մրցումը հետաքրքրական էր, իւրաքանչիւրս պիտի խաղար միւս խումբէն կամ խումբերէն մէկու մը հետ եւ եթէ յաղթէր, ապա անոր հաւկիթը ինք կ՚առնէր, եթէ պարտուէր, իր հաւկիթը կու տար։
Անշուշտ, դեռ խաղը չսկսած հաւկիթները կը ստուգուէին Սարոյին եւ Դաւիթին կողմէ։
Բայց այդ անգամ մասնագէտ Դաւիթը սխալեցաւ։
-Քնքուշ (երբ բան մը ուզէր, ինծի քնքուշ կ՚ըսէր Դաւիթը), եթէ կ՚ուզես յաղթենք, հաւկիթդ ինծի պիտի տաս, շատ զօրաւոր է, վախնամ ծուռ-մուռ զարնես եւ փճացնես…
Հակառակիլ չէր ըլլար, մենք խումբ էինք եւ մեր «նպատակը տկարութիւն չէր ճանչնար»… Տանիքի պզտիկները պէտք էր, որ յաղթէին…
Մրցումը սկսաւ, մէկ յաղթեցինք, մէկ պարտուեցանք, դարձեալ յաղթեցինք, դարձեալ պարտուեցանք, վերջաւորութեան երբ շատեր դուրս մնացին, մեր տոպրակը լեցուած էր եւ խաղը երկու հոգիի միջեւ մնաց, իմ եւ ուրիշ թաղէ մը ինծի դասընկեր Գէորգին միջեւ։ Բոլորը մեր շուրջը, մենք մէջտեղը իրարու նայեցանք, մեզմէ կախուած էր տարուան հերոս խումբը.
-Եթէ յաղթես, ըսաւ Գէորգը, հիւսքերդ նորէն աթոռին կը կապեմ դպրոցը…
-Իսկ եթէ դուն յաղթես…
-Կարեւոր չէ, նորէն կը կապեմ…
-Ուրեմն ա՛ռ, ըսի ու հաւկիթս զարկի իր հաւկիթին։
Փշրուեցան Գէորգին հաւկիթին կեղեւն ու սիրտը։
Գէորգը դասարանին մէջ իմ ետեւի նստարանի գրասեղանին գլուխը կը նստէր եւ շատ պատահած է, երբ անունս տրուած է դասը պատասխանելու, ոտքի չեմ կրցած ելլել, որովհետեւ Գէորգը երկար հիւսքերս ճարպիկութեամբ, առանց զգացնելու աթոռին կապած կ՚ըլլար եւ անմեղօրէն կ՚ըսէր. «Մէկ վայրկեան, մէկ վայրկեան, մազդ աթոռին «պուրղու»ին փաթթուեր է նորէն»։ Մինչեւ իսկ լացած եմ ցաւէն, բայց երբեք չեմ մատնած, որովհետեւ գիտէի, որ չարութեամբ չէր ըներ, պարզապէս…։ Ուսուցիչը արցունքներս տեսնելով աթոռս փոխել կու տար, բայց մազերս նորէն կը փաթթուէին «պուրղու»ին։
Մենք 22 հաւկիթով յաղթական եւ երգելով դարձանք տանիք.
«Յաղթեցինք, յաղթեցինք, մուկը ետ ծակ մտցուցինք»…
-Քնքուշ, ուզեցի, որ դուն յաղթես, անոր համար փոխեցի հաւկիթները, լալու աստիճան յուզուած ըսաւ սխալած Դաւիթը։
Երբ տուն մտանք նոյն երգը երգելով.
-Այդ ի՞նչ յաղթանակ է, հարցուց հայրս։
-Տե՛ս պապ, մեր խումբը յաղթեց, 22 հաւկիթ շահեցանք։
-Եթէ այդ յաղթանակ է, ուրեմն նստիր եւ այդ 22 հաւկիթը կեր։
-Ինչպէ՞ս…
-Այդ յաղթանակ չէ, աղջիկս, Զատիկի օրով հաւաքեր եկեր ես այդ հաւկիթները, թերեւս այդ իրենց բաժին միակ հաւկիթն էր, որ պիտի ուտէին։ Հիմա հոս դիր այդ տոպրակը եւ վաղը առտու բոլորը նախաճաշի հրաւիրէ, այն ատեն յաղթած կ՚ըլլաս։
Ճիշդ էր հայրս, ես պարտուած էի…
Յաջորդ առտուն մայրս մեր տան դիմաց՝ տանիքը, փառաւոր նախաճաշ մը հրամցուց բոլորիս… Նորէն հաւկիթ խաղացինք եւ ես հաւկիթը ծուռ բռնելով՝ յաղթեցի պարտուելով…
Զատիկը նոր իմաստ ունեցաւ ինծի համար, ես հասկցայ, թէ ինչո՛ւ մեր Տէրը ըսաւ. «ԵՍ ՅԱՂԹԵՑԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ»…
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ