ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔՈՎ

Այսօրուան ընկերութեան մէջ արժէքներու, սկզբունքներու ու գաղափարներու մասին խօսիլը՝ հոգեւոր, ազգային, մշակութային, երկրոդական ու ոչ-կարեւոր դարձած է եւ ընդհանրապէս ժամանակավրէպ կը համարուի այդպիսի արժէքներու մասին խօսիլը:

Այդ արժէքներէն մէկն է պատկանելիութիւնը։ Արժէք, որ իւրաքանչիւր անհատի մը անձնագիրն է, ինչութիւնն է, իր իսկութիւնն իսկ է։ Այսօրուան համաշխարհայնացած աշխարհը սակայն, այս արժէքը կը մերժէ։ Ինչ-ինչ կազմակերպութիւններ, ըլլան անոնք հոգեւոր թէ քաղաքական նոյնացում կը քարոզեն, տարածելով այն գաղափարները, թէ պէտք չէ խտրութիւն ու տարբերութիւն դնել, բոլորս ալ նոյնն ենք, բոլորս ալ Ադամորդիներ ենք, եւ հետեւաբար պէտք չէ տարբերութիւն դնել, բաւարար է, որ հասկնաս դիմացինդ, համախորհրդակից ըլլաս, եւ վերջ, այլեւս կարեւոր չեն ո՛չ հաւատք, ո՛չ դաւանանք, ո՛չ ազգութիւն եւ ոչ ալ քաղաքացիութիւն…

Պահ մը եկէք պատկերացնենք աշխարհը առանց տարբերութիւններու…, պարզապէս քաոս մը կ՚ունենանք:

Վերադառնալով պատկանելիութեան, կան մի քանի տեսակի պատկանելիութիւններ, որոնք կը բխին մարդու պատկանելիութեան գիտակցութենէն: Այդ պատկանելիութիւններն են.

ա. Հոգեւոր պատկանելիութիւն:

բ. Ազգային պատկանելիութիւն:

գ. Մարդկութեան պատկանելիութիւն:

ա. Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւոր պատկանելիութիւն. հոգեւոր կամ կրօնական պատկանելիութիւն կը նշանակէ կապուիլ ու կառչիլ իր ունեցած հաւատքին, իր հոգեւոր հարստութեան, իր եկեղեցիին, իր աւանդութիւններուն: Պատկանելիութիւնը այսքանով չի՛ վերջանար սակայն, որովհետեւ միայն կառչիլ բաւարար չէ, այլ՝ պէ՛տք է կեանքի կոչել։ Չի՛ բաւեր եկեղեցի երթալ, չի՛ բաւեր Սուրբ Գիրք կարդալ, չի՛ բաւեր եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցիլ, այլ երթալէ, կարդալէ ու մասնակցելէ անդին, պէտք է ապրի՛լ, կեանքի վերածել։ Երբ եկեղեցի կ՚երթանք, պիտի զգանք, թէ մեր Երկնաւոր Հօր տունն է, որ կ՚երթանք, եւ եթէ մենք մեզ Իր զաւակները կը համարենք, ապա մեր տունն է որ կ՚երթանք խորքին մէջ։ Երբ Սուրբ Գիրք կը կարդանք, պէտք չէ կարդալու սիրոյն կարդանք, այլ՝ պէտք է խորքը թափանցենք, կարենալ անկէ քաղելու կեանքի գրաւականները, որովհետեւ «քրիստոնէութիւնը կեանքի կրօնք է, կեանքն իսկ է», ինչպէս շատերը հաստատած են։ Երբ Սուրբ Պատարագին եւ միւս արարողութիւններուն կը մասնակցինք, մասնակից պիտի ըլլանք, հոգեկան բաւարարութիւն պէտք է ստանանք, մեր ներաշխարհին մէջ խլրտում պէտք է ըլլայ, ամէն մէկը իր ունեցած հաւատքին համեմատ։ Քրիստոնեայ եմ, Առաքելական, Կաթոլիկ կամ Բողոքական եմ ըսելը պատկանիլ չէ տակաւին, իրապէս պատկանած կ՚ըլլանք երբ զգա՛նք, երբ ապրի՛նք այդ պատկանելիութիւնը։

բ. Ի՞նչ կը նշանակէ ազգային պատկանելիութիւն. ազգային պատկանելիութիւն ըսելով կը հասկնանք պատկանիլ ազգի մը, ժողովուրդի մը, հաւաքականութեան մը։ Մարդկութեան պատմութեան էջերուն մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ ազգերու եւ ժողովուրդներու, որոնցմէ ոմանք արդէն պատմութեան դարաններուն մէջ թաղուած են, իսկ ուրիշներ կը շարունակեն ապրիլ ու գոյատեւել, ինչպէս օրինակ, մեր ազգը։ Եթէ ուզենք ուսումնասիրել ու սերտել այդ ազգերու մասին, որոնք այլեւս չկան, յաճախ այն եզրակացութեան կու գանք, թէ անոնց չգոյութեան պատճառներէն գլխաւորը իրենց անտարբերութիւնն է ազգային պատկանելիութեան նկատմամբ։ Ազգային պատկանելիութիւնը, արդարեւ, մասնակից դառնալ է հայրենիքի ու ազգի բարօրութեան ու բարգաւաճումին, երիտասարդ կամ տարեց, փոքրահասակ կամ մեծահասակ, իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Պատմութեան ու ներկայի արժէքներուն, դէպքերուն եւ եղելութիւններուն կրողը ըլլալ: Դասեր քաղել է անցեալէն, զանոնք սրբագրելու վճռակամութիւն ունենալն է ներկայիս՝ յանուն պայծառ ապագայի:

գ. Ի՞նչ կը նշանակէ մարդկութեան պատկանելիութիւն. որպէս անհատ էակ գլխաւոր հինգ ընտանիքներու կը պատկանինք։ Նախ եւ առաջ մեր սեփական ընտանիքին. երկրորդ՝ մեր համայնքին. երրորդ՝ մեր ապրած ընկերութեան (թաղ, գիւղ կամ քաղաք). չորրորդ՝ հայրենիքին. եւ հինգերորդ՝ ողջ մարդկութեան։ Մարդ անհատին կեանքը օղակ մըն է, որ կը սկսի ընտանիքով եւ կ՚ամբողջանայ ողջ մարդկութեամբ։ Ինչպէս որպէս որեւէ համայնքի զաւակ տալիք ունինք մեր համայնքին, նմանապէս որպէս որեւէ երկրի քաղաքացի պարտաւորութիւններ ունինք մեր երկրի (հայրենիքի) նկատմամբ, այդպէս ալ մեր պարտաւարութիւնները ունինք մարդկութեան նկատմամբ։ Որպէս մարդ, կրնայ ըլլալ մտածելակերպով եւ հետաքրքրասիրութեամբ տարբեր ըլլանք. կրնայ ըլլալ տարբեր գոյնի ըլլանք, սակայն այդ բոլորը կու գան միախմբուելու մարդ անունին տակ։ Ինչքան ալ արտաքին տարբերութիւններ ըլլան, սակայն երբ մարդ կ՚ըսենք, արդէն տարբերութիւնները վերացած կ՚ըլլան։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ապրիլ 2024, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024