Ինչո՞ւ Բազմաթիւ Երեւելիներ, Աստղեր Կ՚ուզեն Քաղաքական Ասպարէզ Մտնել

Քիչ մը դժուար է ըսել,  թէ քաղաքական ասպարէզ մտնելու համար անձի մը ո՛ր յատկանիշները կարեւոր են: Արժէքներու անկումի այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ են անոնք, որոնք տարաբնոյթ պատճառներով քաղաքական ասպարէզ կը նետուին, անշուշտ՝ մեծ խոստումներով: Կը կատարուի՞ն այդ խոստումները, թէ՞ պատրուակներու շարք մը կը ներկայացուի:

*

«Փաստերը կը հաստատեն, որ Ռանըլտ Ռեկընի եւ Տանըլտ Թրամփի նման մարդիկ յաջողութիւն ունեցած են քաղաքականութեան մէջ», կ՚ըսէ Սալֆորտ համալսարանի դասախօս Տքթ. Թարոն Քոէն:

Ան կ՚աւելցնէ. «Եթէ անոնք արդէն իսկ հանրութեան ծանօթ են, եթէ մարդոց աչքերուն առջեւն են, մենք այնպէս կը զգանք, որ բարեկամ ենք անոնց, կամ՝ անոնց մէկ տարբերակը: Ասիկա կ՚աւելցնէ սիրուած ըլլալու զգացողութիւնը, մտերմութիւնը, որոնք քաղաքական թեկնածուի մը յաջողութիւնը վճռող բանալի գործօններ են: Աւելի՛ն. ելոյթներու մէջ բազմաթիւ դերասաններու եւ երեւելիներու ենթահողը զանոնք յարմար կը դարձնէ քաղաքական կեանքին: Այս անհատները մարզուած են արդիւնաւէտօրէն հաղորդակցելու համար հանդիսատեսներու հետ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ քուէարկողներուն վրայ անխօս արտայայտութիւններու հմտութիւնը նոյնքան կ՚ազդէ, որքան՝ արտասանուած խօսքը: Այլ հիմնական գործօն մըն է արդէն լուսարձակներու տակ ըլլալը: Քաղաքական գործիչներ յաճախ կ՚ըսեն, որ իրենք զանգուածային տեղեկատուական միջոցներու կողմէ պաշար-ւած են: Ասիկա կը նշանակէ, որ սովորական մարդիկ, որոնք քաղաքականութեան ասպարէզ մտնելու ձգտում ունին, որոնք իսկապէս հանրութեան կ՚ուզեն օգտակար ըլլալ, եւ որոնք կ՚ուզեն փոփոխութիւններ բերել, անոնք  պիտի չքաջալերուին ասկէ՝ վախնալով, որ իրենք եւ իրենց մօտիկ մարդիկ սուղ գին պիտի վճարեն: Ես անկեղծօրէն կը հաւատամ, որ քաղաքական ասպարէզի մարդիկ այս գետնին վրայ եւս պէտք է նախապատրաստուին, վարժանքներ ընեն»:

Բազմաթիւ երեւելիներ, աստղեր, որոնք անձամբ քաղաքական գործիչներ չեն ըլլար, յաճախ կը ձգտին իրենց քաղաքական տեսակէտները յայտնի դարձնել, յաճախ գործօն քարոզարշաւ կը կազմակերպեն ի նը-պաստ որոշ թեկնածուի մը:

Քեթի Փերրին եւ Պիոնսէն այսպիսիներէն էին՝ 2016 թուականին բացայայտօրէն զօրակցելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին թեկնածու Հիլըրի Քլինթընին:

Բայց քաղաքական մեկնաբան Մաթէօ Պերկամինին կը պնդէ, որ ապաւինելով աստղերու վրայ, որպէսզի քաղաքականութիւնը երիտասարդներուն աւելի շատ «գրաւիչ»  դարձնեն, «յոգնած-մաշած  միջոց» է:

Պերկամինին «Հաֆինկթըն Փոսթ»ի մէջ գրած է. «Կը յաւերժացնէ այն առասպելը, որ երիտասարդները պարզապէս շահագրգըռ-ւած չեն իրենց ապագայի կերտումին մասնակցելու, բացի եթէ մէկը զիրենք փայլուն օղակով մը կապէ: Անշուշտ մեր երիտասարդները ատկէ աւելի գնահատականի արժանի են»:

Ուրեմն լա՞ւ է, որ երեւելիներ եւ աստղեր քաղաքական ասպարէզ մտնեն, եւ որո՞նք փորձած են այդ արկածախնդրութիւնը:

1.- ԱՌՆՈԼՏ ՇՈՒԱՐՑՆԵԿԸՐ

Հռչակաւոր է որպէս՝

աւստրիացի մարմնամարզիկ, որ 20 տարեկանին նուաճած է «Mr. Universe» տիտղոսը: Ան ապա դերեր ստանձնած է բազմաթիւ շարժապատկերներու մէջ, որոնցմէ ամենէն հռչակաւորն է «Թերմինէյթըր»ը:

Քաղաքական ասպարէզ.

Ընտրուած է Գալիֆորնիոյ նահանգապետ 2003-ին, ապա՝ վերընտրուած:

2.- ՔԱԹԻ ՓՐԱՅՍ

Հռչակաւոր է որպէս՝

գեղագիտական գործողութիւնները քաջալերող բնորդ, քանի մը անգամ ամուսնացած գրող (պեսթ սելլըր), քիչ մը ամէն բանի մասին ազատ-համարձակ արտայայտուող:

Քաղաքական ասպարէզ.

2001-ին Մանչեսթըրի շրջանէն խորհրդարանի աթոռի ազատ թեկնածուի նախընտրական արշաւի ընթացքին ան խոստացաւ ան-վըճար գեղագիտական գործողութիւն բոլորին, մերկապաշտներու յաւելեալ ծովեզերքներ: Հակառակ աւելի բարգաւաճ ապագայ մը խոստանալուն՝ ան միայն 713 քուէ ստացաւ եւ կորսնցուց պահ դրած գումարը:

3.- ՄԱՆՆԻ ՓԱՔԻԱՕ

Հռչակաւոր է որպէս՝

բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան, որ նուաճած է 11 մեծ տիտղոսներ՝ հանդիսանալով պատմութեան մէջ առաջին բռնցքամարտիկը, որ ատոնք կը նուաճէ ծանրութեան չորս տարբեր մակարդակներու մէջ:

Քաղաքական ասպարէզ.

Փաքիանօ Փիլիպեաններու Ներկայացուցիչներու տունի անդամ ընտրուած է 2010-ին, իսկ 2016-ին՝ ծերակուտական:

4.- ՌԱՆԸԼՏ ՌԵԿԸՆ

Հռչակաւոր է որպէս՝

դերասան, որ դերեր ստանձնած է Էրօլ Ֆլինի եւ Օլիվիա տը Հաւիլանտի կողքին, անոր Քինկզ Ռով շարժա-նըկարը «Օսքար»ի թեկնածու եղած է:

Քաղաքական ասպարէզ.

Հոլիվուտի դերասան Ռանըլտ Ռեկըն նախ Գալիֆորնիոյ կառավարիչ եղաւ, ապա՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ 1981-1989 թուականներուն:

5.- ԿԼԵՆՏԱ ՃԵՔՍԸՆ

Հռչակաւոր է որպէս՝

աւելի քան 30 տարի երկարող ասպարէզին մէջ լաւագոյն դերասանուհիի երկու «Օսքար» նուաճած աստղ: Ան նոյնպէս ստացած է պատկերասփիւռի «Էմմի» մրցանակը:

Քաղաքական ասպարէզ.

Անգլիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 1992-ին, Թոնի Պլէյրի գլխաւորած կառավարութեան մաս կազմած է 2007 թուականին: Կլենտա Ճեքսըն չմասնակցեցաւ 2015-ի ընտրութեան՝ յայտարարելով, որ ժամանակն է ուրիշի մը առիթ տալու: «Պիտի վերադառնամ դերասանութեան», ըսաւ ան:

6.- ԻՄՐԱՆ ԽԱՆ

Հռչակաւոր է որպէս՝

փաքիստանցի մարզիկ, որ քրիքէթի ազգային խումբը առաջնորդեց  1992 թուականի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը նուաճելու՝ պարտութեան մատնելով Անգլիան:

Քաղաքական ասպարէզ.

1996-ին Իմրան Խան Փաքիստանի մէջ հիմնեց «Փի.Թի.Այ.» քաղաքական կուսակցութիւնը:

Ան պարտուեցաւ 2013-ի ընտրութիւններուն, բայց կ՚ըսէ, որ կ՚ուզէ տակաւին իրականացնել Փաքիստանի յաջորդ վարչապետը ըլլալու իր ձգտումը, այս տարուան Յուլիսին տեղի ունենալիք ընտրութենէն ետք:

7.- ՇԸՐԼԻ ԹԵՄՓԸԼ

Հռչակաւոր է որպէս՝ դերասանուհի, որ 7 տարեկանին «Պրայթ Այս» շարժանկարին մէջ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւեց:

Քաղաքական ասպարէզ.

1967 թուականին առաջադրեց իր թեկնածութիւնը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան համար, սակայն չընտրուեցաւ: Ան 1974-ին Կանայի եւ 1989-ին (այդ օրերուն) Չեխոսլովաքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուեցաւ:

8.- ՔԼԻՆԹ ԻՍԹՒՈՒՏ

Հռչակաւոր է որպէս՝

«Օսքար»ներ շահած դերասան եւ բեմադրիչ՝ «Անֆորկիվըն» եւ «Մի-լիըն տալըր պէյպի» շարժանկարներով:

Քաղաքական ասպարէզ.

1986-1988 Գալիֆորնիոյ Քարմէլ շրջանի քաղաքապետ եղած է: Անդամակցած է Գալիֆորնիա նահանգի  հանրային պարտէզի խորհուրդին եւ 2012-ին խօսք մը արտասանած է Հանրապետական կուսակցութեան համագումարին ընթացքին:

9.- ՍՈՆԻ ՊՈՆՕ

Հռչակաւոր է որպէս՝

հայազգի Շեր Սարգիսեանի կողքին Սոնի եւ Շեր շոուով  եւ շարժապատկերներու («Հերըսփրէյ», «Էյրփլէյն») մէջ ստանձնած դերերով:

Քաղաքական ասպարէզ.

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ եղած է 1995-էն մինչեւ իր մահը՝ 1998:

10.- ՇԱՊԱՆԱ ԱԶՄԻ

Հռչակաւոր է որպէս՝

Պոլիվուտի դերասանուհի, որ դերեր ստանձնած է աւելի քան 100 շարժապատկերներու մէջ:

Քաղաքական ասպարէզ.

Շապանա Ազմի անդամ է Հընդ-կաստանի Ազգային համարկման խորհուրդին եւ 1998 թուականին ՄԱԿ-ի Բարի կամեցողութեան դեսպան նշանակուած է:

11.- ՓԵԼԷ

Հռչակաւոր է որպէս՝

ֆութպոլի աշխարհի թագաւոր: Պրազիլի ազգային հաւաքականին հետ երեք անգամ նուաճած է ֆութպոլի աշխարհի ախոյենութիւնը:

Քաղաքական ասպարէզ.

1995-ին  նշանակուեցաւ Պրազիլի Մարմնամարզի արտակարգ նախարար, պաշտօն մը, որ վարեց մինչեւ 2001-ը: Այդ ընթացքին ան մշակեց օրինագիծ մը (Փելէի օրէնք)՝ պայքարելու համար Պրազիլի մէջ ֆութպոլի փտածութեան դէմ: Սակայն մութ ուժեր զայն ամբաստանեցին փտածութեան մեղսակցութեան համար, եւ Փելէ պաշտօնազրկուեցաւ, թէեւ ոչինչ փաստուեցաւ եւ ԻՒՆԻՍԷՖ հերքեց բոլոր մեղադրանքները:

12.- ԿԵՐԻ ԳԱՍՊԱՐՈՎ

Հռչակաւոր է որպէս՝

ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան: 1986-էն մինչեւ ճատրակի ասպարէզէն հրաժարիլը՝ 2005-ը, Գասպարով դասուած էր թիւ մէկ՝ 228 ամիսներէն 225-ին մէջ (Կերի որդեգրած է իր մօր՝ Քլարա Գասպարեանին մականունը):

Քաղաքական ասպարէզ.

Ճատրակի մրցաշարքերէն հրաժարելէ ետք Գասպարով Ռուսաստանի մէջ հիմնեց «Քաղաքացիական ճակատ» շարժումը եւ միացաւ Վլատիմիր Փութինին ընդդիմացող համախմբումին («Այլ Ռուսիա»): 2008-ին յայտարարեց, որ կը մտադրէ թեկնածու առաջադրուիլ նախագահական ընտրութեան, սակայն չյաջողեցաւ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018