ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏԵՐԸ

Ճիշդ երկու տարի է, որ բաժնուած եմ Պոլիսէն։

Գրեթէ երկու տարի ապրած էի Պոլսոյ մէջ։

Բնականաբար երբեմն-երբեմն կը յիշեմ Պոլիսը։ Մենութեան պահերու, վոսփորեան համ մը յիշեցնող ամանի մը դիմաց, ճարտարապետական նմանութիւն մը ունեցող շէնքի մը դէմ յանդիման գալուս... բայց յատկապէս - չզարմանաք - երբ պատերու վրայ գրութիւններ կը տեսնեմ։

Արդարեւ, Պոլսոյ պատերը, իրենց վրայ նետուած-խծբծուած բառերով, բաւական տպաւորած են զիս։

Սիրային արկածախնդրութիւններու օրագիրներ են այդ պատերը։ Մի՛ զարմանաք, եթէ անկիւն մը դառնալով յանկարծ ձեր առջեւ տառապեալ սիրահարի մը կողմէ պատին գրուած քառեակ մը տեսնէք։

Կատակերգական մատեաններ են այդ պատերը։ Անսպասելիօրէն սրամիտ բառախաղեր կարելի է գտնել այնտեղ։ Տեսնել, օրինակի համար, թէ ինչպէս համայնավար մը ազգայնական կուսակցական՝ ՄՀՓ-ի երեք մահիկները իր վրձինով վերածած է մանգաղներու, վրան ալ աւելցուցած մուրճեր, ֆաշական խորհրդանիշը սրամտաբար համայնավարական խորհդանիշի վերածելով։ Կը յիշեմ նաեւ հետեւեալը. «առանց հաւասարութեան՝ սիրահարութիւն չկայ», որ կը հեքնէր սիրային գրառումները, միաժամանակ գաղափարական քարոզչութիւն կատարելով։

Այո, ամէն բանէ աւելի քաղաքական հարթակներ են այդ պատերը։ Յատկապէս ձախակողմեան ուժերու գրատախտակներ ըլլան կարծես, հակադրամատիրական, հակաիշխանական, աշխատաւորական արտայայտութիւններով։

Հայութիւնն ալ անմասն չի մնար պատերու այս մշակոյթէն։

Մէկ կողմէն՝ տարին մի քանի անգամ հայկական վարժարաններու կամ եկեղեցիներու պատին ցեղապաշտական հակահայ գրառումներ կը յայտնուին, ինչպէս «տանջանք՝ հայուն», «հայ ստահակներ», եւ այլն։

Միւս կողմէն սակայն, վերջին տարիներուն որոշ երիտասարդ պոլսահայեր որոշած ըլլան կարծես, որ պատերը իրե՛նցն ալ են, նոյնքան որքան քաղաքի միւս բնակիչներունը, եւ եթէ թրքերէնը կամ քրտերէնը կրնան զանոնք ողողել, ապա հայերէ՛նն ալ նոյնքան իրաւունք ունի հանգչելու համար անոնց երեսին։ Եթէ հակահայը կրնայ այդտեղ խծբծուիլ, ապա հայամէտը եւս պէտք է յայտնուի այնտեղ, կը մտածեն անոնք։

Այսպէս, անոնք կը մասնակցին ոչ-հայկական բայց արդարամիտ, ազատատենչ, իրաւացի պայքարներու ու դատերու, պատերուն վրայ հայերէնով գրելով, օրինակ՝ «կին, կեանք, ազատութիւն», կամ «Պերքին քեզի պիտի չմոռնցնենք», որ, թէկուզ թրքերէնէ տառացիօրէն թարգմանուած հայերէնով մը, կը յիշատակէ փամփուշտի զոհ գացած պատանի մը։

Աւելի՛ն. կարելի է նաեւ հանդիպիլ զուտ հայկական գրառումերու։ «Ահբարիկ»ով, օրինակ, մի քանի տեղ կը յիշատակուի Հրանդ աղբարիկը։ «Մանուշեան»ով պատուի կ՚առնուի Ֆրանսական դիմադրութեան մասնակից ատըեամանցի հայ գործիչը։ «Սեւակ քեզ պիտի չմոռնանք»ը արդարութիւն կը պահանջէ ազգային խտրականութեան հողի վրայ ոճիրի զոհ գացած հայ երիտասարդ զինուորական ծառայողին համար։ Ներկով նկարուած ճաղերու մէջ գրուած Սեւան Նշանեանի անունը կ՚երեւար քանի մը տեղ Քուրթուլուշի պատերուն։ «Այբ Բեն Գիմ», «Բարեւ», «Բարի լոյս, Տիկին Արուս», եւ նմանատիպ արտայայտութիւններ պարզապէս հայերէնով կը ներկեն քաղաքը…

Պոլիսը, այսպէս, որմնաքաղաք է ինծի համար։ Պատերն իր շատ բան կ՚ըսեն. ամենէն անձնական պատմութենէն սկսած, մինչեւ հասարակականն ու համայնքայինը։

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 8, 2019