ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ
Այս կիրակի, 9 յունիս 2019-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Հոգեգալուստի (Պենտեկոստէ) տօնն է: Ի՞նչ է Հոգեգալուստը:
Ըստ եկեղեցական աւանդութեան, Հոգեգալուստը Սուրբ Հոգիին առաքեալներուն վրայ գալուստ յիշատակութեան տօնն է եւ Քրիստոսի Եկեղեցիին սկզբնաւորման յիշատակը, որովհետեւ ըստ Գործք Առաքելոց գիրքին, Հոգեգալուստի օրը, Պետրոս Առաքեալի քարոզութեան շնորհիւ երեք հազար հոգի դարձի կու գայ՝ ընդունելով քրիստոնէութիւնը (տե՛ս Գրծ 2): Հետաքրքրական է Հոգեգալուստի՝ Պենտեկոստէի պատմական նշանակութիւնը, այլ խօսքով, հրեայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած նշանակութիւնը: Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը անդրադառնալով Պենտեկոստէի տօնին, այսպէս կը գրէ. «Պենտեկոստէն երկրագործական տօն մըն էր՝ ցորենի առաջին հունձքի տօնն էր, յետոյ վրան աւելցաւ պատմական յիշատակ մը՝ Եգիպտոսէն ելքը, ազատ ժողովուրդի մը առանձնաշնորհումը: Յետագային աւելցան ուրիշ յիշատակներ եւս, օրինակ՝ Օրէնքին տուչութիւնը Պենտեկոստէին կատարուեցաւ:
Քրիստոնէական Եկեղեցին Պենտեկոստէի յիշատակին մէջ ի՞նչ կը տեսնէ: Իր տիպաբանական նշանակութեամբ՝ Պենտեկոստէն Ս. Հոգիին գալստեան տօնն է: Սուրբ Հոգիին գալուստը պարզապէս մղիչ ուժը կը դառնայ արդիւնքի մը, որ կապ ունի այս տօնին հետ: Սուրբ Հոգիին գալուստով ի՞նչ տեղի ունեցաւ. Պետրոս առաքեալ հոն ներկայ բոլոր հեթանոսներուն Քրիստոսի խօսքը քարոզեց: Եւ ի՞նչ արդիւնք ունեցաւ այդ քարոզչութիւնը: Եթէ նկատի ունենանք առաքեալներուն եւ անոնց շուրջ խմբուած քանի մը կիներուն թիւը՝ Քրիստոսի յարութեան վկայութիւնն էր, որ եկած ամուր տեղաւորուած էր անոնց մէջ: Պենտեկոստէի օրը սակայն, նոր փուլի մը սկիզբն է. այդ օրը մէկ անգամէն երեք հազար հոգի դարձի կու գայ (Գրծ 2.41): Յաջորդող տարիներուն այդ հազարները պիտի բազմապատկուին, բայց առաջին օրուան այդ երեք հազար թիւը պատահականութիւն չի կրնար ըլլալ, յատուկ նշան մըն է՝ անով ծնունդ կ՚առնէ Քրիստոսի Եկեղեցին:
Սկիզբ առնող այս իրականութեան ուրիշ պատկերացումը հիմա պիտի տանք փոխաբերական իմաստով: Ինչպէս ըսինք, իր պատմական երեսով, Պենտեկոստէն հունձքի տօն էր: Նախքան Իր աշակերտները առաքելութեան ղրկելը, Քրիստոս ժողովուրդը նմանցուց հովիւ չունեցող հօտի մը՝ աւելցնելով. “Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ” (Մտ 9.36-37): Երկրորդ առիթով մը, Քրիստոս, ժողովուրդը մատնանշելով, Իր աշակերտներուն ըսաւ. “«Չորս ամիսէն հունձքի ժամանակը կու գայ»։ Բայց ես կ՚ըսեմ ձեզի. բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը եւ դիտեցէ՛ք արտերը. որովհետեւ դեղնած են եւ հնձուելու պատրաստ” (Յհ 4.35): Արդ, Եկեղեցին հունձքի պատկերը կը գործածէ այդ նորադարձները նշելու համար. առաջին նորադարձները առաջին հունձքն են: Եւ քանի որ Պենտեկոստէն առաջին հունձքի, երախայրիներու տօնն է, հունձքի առաջին պտուղները Աստուծոյ ընծայելու տօնն է, Եկեղեցիին մէջ այդ նորադարձ երեք հազար հոգիները կը ներկայացնեն առաջին երախայրիքը, երախայրիքը այն ընդարձակ հունձքին, որ Աստուծոյ պիտի ընծայուէր ամբողջ աշխարհէն: Անով սկիզբ կ՚առնէ Եկեղեցին»:
Սրբազանի տուած բացատրութենէն կը հասկնանք, որ Պենտեկոստէն արդէն իսկ պատմական ենթահող մը ունեցած է հրեայ ժողովուրդին մօտ, թէեւ տարբեր հասկացողութեամբ, որը սակայն, Նոր Ուխտին մէջ կը ստանայ հոգեւոր իմաստ, Ս. Հոգիով լեցուելու, Քրիստոսի անունը կրելու, Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցիին անդամագրուելու իմաստ:
Մեր օրերուն, սակայն, դժբախտաբար Պենտեկոստէի իմաստը աղաւաղուած է տարբեր-տարբեր աղանդաւորական շարժումներու կողմէ, որոնք իրենք զիրենք փրկուած կը համարեն եւ իրենց վերապահած են մենաշնորհը Աստուծմէ յայտնութիւններ ստանալու: Այս շարժումները, Գործք Առաքելոցին մէջ յիշատակուած այս համարները, թէ «յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին: Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ: Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար» (Գրծ 2.2-4), սխալ կերպով կը մեկնաբանեն: Եւ ըստ իրենց տուած սխալ մեկնաբանութիւններուն, այսօր ականատեսը կը դառնանք այդ շարժումներուն մօտ լեզուախօսութեան հիւանդագին երեւոյթի մը, որ ըստ իրենց՝ Աստուծմէ ստացուած շնորհք մըն է, մինչ իրականին մէջ հեռո՛ւ է շնորհք ըլլալէ: Արդարեւ այդ շարժումները իրենց հաւաքներու ժամանակ կը սկսին անծանօթ ձայներ հանել, ըսելով թէ Սուրբ Հոգիով լեցուած են եւ Սուրբ Հոգին անոնց շնորհքը տուած է անծանօթ լեզուներով խօսելու, իսկ այդ անծանօթ լեզուները անոնք կ՚անուանեն՝ «հրեշտակներու լեզու», հիմնուելով Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքերուն վրայ. «Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ...» (Ա.Կր 13.1), եւ «որովհետեւ, օրինակ, անծանօթ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ, որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ. որովհետեւ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, թէպէտեւ անիկա Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ» (Ա.Կր 14.2):
Հարց տանք. ի՞նչ կը նշանակէ հրեշտակներու լեզու: Հին եւ Նոր կտակարաններուն մէջ բազմաթիւ դէպքերու կը հանդիպինք, երբ հրեշտակները Աստուծմէ ղրկուելով մարդոց պատգամներ կը փոխանցեն: Արդեօք ի՞նչ լեզուով կը խօսէին անոնք, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ Սուրբ Հոգին տակաւին լեզուախօսութեան շնորհը չէր պարգեւած մարդկութեան: Բնական է, որ այդ մարդոց խօսած լեզուով խօսած են անոնց հետ. այս կը փաստէ, որ հրեշտակներուն լեզուները մարդոց իմացած լեզուներէն տարբեր կամ անծանօթ լեզուներ չեն: Այլ բացատրութիւն մըն ալ կայ հրեշտակներու լեզուներ բացատրութեան հետ, որ կը վերաբերի փառաբանութեան, Տէրը օրհնաբանելու, փառաբանելու: Այս ուղղութեամբ Եսայի մարգարէին հետեւեալ տողերը հիանալի վկայութիւն են: Եսայի մարգարէ կը գրէ. «Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ, որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր։ Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։ Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։ Եւ փոփոխակի կ՚աղաղակէին ու կ՚ըսէին. “Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. բոլոր երկիրը Անոր փառքովը լեցուն է”։ Եւ աղաղակին ձայնէն դրան սեմերուն հիմերը շարժեցան եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ» (Ես 6.1-4): Կը տեսնենք, թէ Սերովբէները կը փառաբանէին Զօրքերու Տէրը եւ այդ փառաբանանքը հասկնալի էր մարգարէին համար:
Պօղոս առաքեալին միւս խօսքը, թէ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ, որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ, եւ մարդիկ իր խօսածը չե՛ն հասկնար: Դարձեալ հարց կու տանք. Աստուած, որ Բաբելոնի աշտարակաշինութեան ժամանակ լեզուները բաժնեց, Անոր համար արդեօք որեւէ անհասկնալի լեզու կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ. մարդոց համար, բնական է, որ անծանօթ լեզուներ կրնան գոյութիւն ունենալ, օրինակ՝ այսօր Հայաստանի մէջ ապրողներուն մէջ հազուադէպ կը գտնուին մարդիկ, որոնք չինարէն լեզուին տիրապետեն, նոյնն ալ Չինաստանի մէջ հազուադէպ են այն չինացիները, որոնք հայերէն գիտեն: Եւ բնական է, երբ չինացի մը գայ մեր դիմաց կանգնի եւ սկսի իր լեզուով խօսի, մեզի համար անհասկնալի պիտի մնայ, որովհետեւ մենք ծանօթ չենք այդ լեզուին, բայց Աստուծոյ համար հասկնալի է այդ լեզուն, որովհետեւ Ի՛նքն է այդ լեզուն պարգեւողը: Սակայն երբ նոյն այդ վայրին մէջ ներկայ ըլլայ նաեւ մեր այն հայրենակիցը, որ չինարէնին կը տիրապետէ ու սկսի թարգմանել այդ մարդուն խօսածը, բնականաբար պիտի սկսինք հասկնալ: Այս մասին է, որ նոյն առաքեալը կը խօսի, որ սակայն այդ աղանդաւորական շարժումները չե՛ն ուզեր կարդալ, կամ աւելի ճիշդ կը կարդան՝ բայց քմահաճ ձեւով կը մեկնեն, որովհետեւ իրենց շահը այդ կը պահանջէ: Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Այն անձը որ անծանօթ լեզուներով կը խօսի՝ թող աղօթէ, որ Աստուած անոնց թարգմանութեան պարգեւն ալ տայ իրեն։ Որովհետեւ, եթէ անծանօթ լեզուներով կ՚աղօթեմ՝ հոգիս է, որ կ՚աղօթէ, բայց միտքս չ՚օգտուիր անկէ։ Ուրեմն. ի՞նչ պէտք է ընել։ Անշուշտ պէտք է հոգիով աղօթեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով աղօթեմ։ Պէտք է հոգիով սաղմոսեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով սաղմոսեմ: Այլապէս, եթէ միայն հոգիով գոհութիւն տաս Աստուծոյ, քու գոհութեանդ ինչպէ՞ս “Ամէն” պիտի պատասխանէ անտեղեակ հաւատացեալ մը, որովհետեւ չի՛ հասկնար ինչ որ կ՚ըսես: Քու գոհաբանութիւնդ կրնայ շատ լաւ ըլլալ, բայց ուրիշը անկէ չ՚օգտուիր: Փառք Աստուծոյ, ես ձեր բոլորէն աւելի կը խօսիմ անծանօթ լեզուներով. բայց եկեղեցիին մէջ կը նախընտրեմ միայն հինգ բառ ըսել, բայց հասկնալի լեզուով ըսել՝ որպէսզի ուրիշներն ալ բան մը սորվին, քան թէ տասնեակ հազար բառ՝ անծանօթ լեզուներով» (Ա.Կր 14.13-19). Առաքեալին խօսքերը շատ պարզ ու յստակ են եւ դիւրըմբռնելի, բայց այդ աղանդաւորական շարժումները՝ ինչպէս վերն ալ ըսի, չեն ուզեր ճիշդ հասկնալ, որովհետեւ իրենց շահերէն չի՛ բխիր այդ մէկը: Եթէ ոեւէ մէկը ներկայ եղած է այդ շարժումներու աղօթական հաւաքներուն ու ականատես դարձած է անոնց «լեզուախօսութեան», այնքա՜ն ճիշդ պիտի հասկնայ առաքեալին խօսքերը: Աղանդաւորական շարժումներու պարագային ցաւալին այն է, որ այդ կազմակերպութիւններ յաճախող մարդիկը, ուղղակիօրէն զոմպիներու վերածուած են. առաքեալը յստակ կ՚ըսէ, «կը նախընտրեմ հինգ բառ խօսիլ, բայց հասկնալի լեզուով», այն ինչ աղանդաւորներու արտաբերած իւրաքանչիւր բառն իսկ անհասկնալի է, որովհետեւ լեզու չէ, այլ՝ ուղղակի անկապ ձայներ: Միւս կողմէ առաքեալը կը խօսի առանց հասկնալու «Ամէն» ըսելու մասին, երբ կ՚ըսէ՝ «եթէ միայն հոգիով գոհութիւն տաս Աստուծոյ, քու գոհութեանդ ինչպէ՞ս “Ամէն” պիտի պատասխանէ անտեղեակ հաւատացեալ մը, որովհետեւ չի՛ հասկնար ինչ որ կ՚ըսես». ըսուածը այն է, որ եթէ միայն հոգիով, այսինքն՝ Աստուծոյ հասկնալի լեզուով աղօթես կամ գոհութիւն տաս, այդ աղօթքդ ու գոհութիւնդ անհասկնալի պիտի մնայ Եկեղեցւոյ միւս անդամներուն համար. մինչ աղանդաւորական այդ շարժումներուն պատկանողները այդ արտառոց ձայներուն այնպիսի՜ «ամէն»ներ կ՚ըսեն, որ կողքէն նայողը կը կարծէ, թէ անոնք հիանալի լուր մը ստացած են, մինչ այդ «ամէն»ները պարզապէս զոմպիացման հետեւանք են:
Հոգիով աղօթելու եւ սաղմոսելու պարագային, տանք հետեւեալ օրինակը. այսօր, մեզմէ շատեր կը մասնակցինք այլ եկեղեցիներու կողմէ կազմակերպուած աղօթքներու եւ շարականներու յայտագիրներու: Այդ յայտագիրներու ժամանակ տարուած մթնոլորտէն, կամ ազդուած եղանակներու քաղցրութենէն, պահ մը կը կտրուինք այս աշխարհէն, բայց իրականին մէջ մեր միտքը չէ, որ կը կտրուի, որովհետեւ մեր միտքին համար անհասկնալի են այդ աղօթքներուն ու շարականներուն բառերը, բայց մեր հոգին այդ աղօթքներուն ու շարականներու հետ կը հաղորդակցուի, այսինքն՝ մեր հոգին մասնակից կը դառնայ այդ աղօթքներուն ու շարականներուն, բայց միտքը՝ ո՛չ, որովհետեւ չի հասկնար: Այս մասին է, որ կը խօսի առաքեալը:
Մի քանի մէջբերումներ ալ Եկեղեցւոյ հայրերէն լեզուախօսութեան մասին:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Կորնթացիները կարծեցին, թէ լեզուներով խօսելու պարգեւը հզօր պարգեւ մըն է, որովհետեւ նախ աշակերտները ստացան զայն, եւ որովհետեւ իւրայատուկ երեւոյթ մըն էր: Սակայն, այս մէկը պատճառ մը չէր, որ ամէն հզօր պարգեւներէն մէկը համարուէր: Պատճառը, որ առաջին հերթին աշակերտները ստացան զայն այն էր, որ այդ նշան մըն էր իրենց, որպէսզի ամէն տեղ երթան ու Աւետարանը քարոզեն»:
Դարձեալ Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Ով որ անծանօթ լեզուով կը խօսի, կը նմանի անոր, որ օդին մէջ կը խօսի, կարծես ո՛չ ոք կայ իր դիմացը, որով ո՛չ ոք կ՚օգտուի». «Եթէ լեզուներով խօսիլը անօգուտ էր, ինչո՞ւ տրուեցաւ: Տրուեցաւ, զայն ստացողին օգուտին համար: Իսկ եթէ միւսներուն օգուտին համար ալ է, հետեւաբար թարգմանող պէտք է»:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին խօսելով այն մասին, թէ առաքեալները ինչո՞ւ տարբեր լեզուներով խօսելու գիտութիւնը ստացան, կ՚ըսէ. «Իսկ թէ առաքեալները ի՞նչ պատճառով բոլոր լեզուներու գիտութիւնը առին: Վարդապետները կ՚ըսեն՝ հինգ պատճառներու համար:
Նախ՝ Աւետարանին քարոզութեան համար բոլոր լեզուներու գիտութիւնը անհրաժեշտ էր, որով բոլոր ազգերը Քրիստոսի հաւատքին կը դարձնէին:
Երկրորդ՝ պէտք էր, որ բոլոր ազգերը աստուածպաշտութեան եւ Աստուծոյ օրհնութեան սպասաւորութեան գային, եւ բոլոր ազգերէն Եկեղեցի շինուէր:
Երրորդ՝ սորվեցնելու համար Սուրբ Հոգիին իշխանութիւնն ու կարողութիւնը, որովհետեւ երբ այս նշանները տեսան, հեթանոսներուն բոլոր ազգերը շատ զարմացան, ինչպէս Պօղոս Կորնթացիներուն կ՚ըսէ. “Անծանօթ լեզուներով խօսիլը նշան մըն է, ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, այլ՝ անհաւատներուն համար” (Ա.Կր 14.22):
Չորրորդ՝ Քրիստոսի խոնարհութիւնը ցոյց տալու համար. ինչպէս որ սատանային եւ անոր մեղսակիցներուն հպարտութեան պատճառով լեզուները բաժնուեցան աշտարակի շինութեան ժամանակ, նմանապէս՝ Քրիստոսի խոնարհութեան շնորհիւ լեզուները միաբանեցան՝ Եկեղեցւոյ շինութեան համար:
Հինգերորդ՝ որպէսզի առաքեալներուն ցոյց տար բոլոր լեզուներուն գիտութիւնը, որ արտաքին նշանն էր ճշմարտութեան կատարեալ այն գիտութեան, որ Սուրբ Հոգիէն ստացան, ինչպէս Քրիստոս ըսած էր՝ “Սուրբ Հոգին ամբողջական ճշմարտութեամբ պիտի սորվեցնէ ձեզի” (Հմմտ. Յհ 16.13)»:
Շնորհք Պատրիարիք Գալուստեան խօսելով Պօղոս առաքեալի հետեւեալ արտայայտութեան մասին, թէ «...բայց միտքս չ՚օգտուիր անկէ», կ՚ըսէ.
«“Միտք իմ անպտուղ են” կը նշանակէ միտքս մասնակից չէ հոգւոյս զգացած երանական ազդումներուն, վասնզի չի հասկնար զանոնք: Զգացումը թանկագին օժանդակ մըն է կեանքի կերտումի մէջ, բայց երբ մարդիկ անձնատուր լինին անոր, այսինքն միտքը չհակակշռէ զայն, յաճախ կը դառնայ տկարութիւն մը, փոխանակ լինելու զօրութիւն մը, աղէտի մը՝ փոխանակ բարձր ազդակ մը ըլլալու»:
Տքթ. Լայթֆութ կ՚ըսէ, թէ «այստեղ (Ա.Կր 14-րդ գլուխին մէջ) անծանօթ լեզուն եբրայերէնն է, որովհետեւ Հին կտակարանին գրութիւնները այդ լեզուով կը կարդացուէին: Այդ գրութիւնները կը պարունակէին Աստուծոյ գերազանց գաղտնիքները՝ Քրիստոսի մասին մարգարէութիւններ, խորհրդանիշներ ու խորհուրդներ: Լսողները չէին կրնար հասկնալ կարդացուածները՝ եթէ կարդացուածը թարգմանող մը չըլլար իրենց լեզուին: Այսպէսով, ով որ Հին կտակարանը կը կարդար, կը հասկնար իր կարդացածը եւ Աստուծոյ հետ կը խօսէր, իսկ լսողները ոչինչով կ՚օգտուէին: Հետեւաբար, կարդացողը կարիքն ունէր, որ Հոգին իրեն թարգմանելու պարգեւը շնորհէր, որպէսզի կարենար Աստուծոյ ծածուկ գաղտնիքները յայտնել լսող մարդոց լեզուով»:
Արդարեւ, Հոգեգալուստի տօնին ընդառաջ աղօթենք առ Ամենակալն Աստուած, որպէսզի մեզի գիտութեան եւ ճշմարտութեան Հոգին շնորհէ, որպէսզի մաքրէ ու սրբէ մեր միտքերը, հոգիներն ու սիրտերը, մաքրէ ու սրբէ մեր բոլոր մտածումները, որպէսզի մաքուր միտքով, պայծառ հոգիով ու ջերմ սիրտով փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը հասկնալի լեզուներով, յաւիտեանս յաւիտենից:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
30 մայիս 2019, Վաղարշապատ