ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ԹԵԼ ԱՒԻՒ ՏԱՐԲԵՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ ԿԸ ԽՕՍԻՆ
Իսրայէլի վարչապետին համար մեծ յաղթանակ կը համարուէր վերատիրանալ իսրայէլեան այն հրասայլերէն մէկուն, որ բռնագրուած էր 1982 թուականին լիբանանեան Պեքաայի մէջ: Իսրայէլի Լիբանան ներխուժման ընթացքին տեղւոյն «Սուլթան Եագուպ» շրջանին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտի ատեն սուրիական բանակը յաջողած էր գրաւել իսրայէլեան քանի մը հրասայլեր, որոնք աւելի ուշ տարուած էին Մոսկուա: Այդ ռազմի ատեն քիչ չէր ռուս մասնագէտներու ցուցաբերած նեցուկը Սուրիոյ բանակին, ու այդ հրասայլերուն գրաւումը կը համարուէր համատեղ գործակցութեան դրական արդիւնք:
Իսրայէլի վարչապետը Մոսկուայի Զին-ւորական թանգարան այցելութեան պահուն, երբ տեղի կ՚ունենար հրասայլը յանձնելու պաշտօնական արարողութիւնը, ան ըսաւ. «Մեզի համար պատմական է այս օրը: Մենք տարիներէ ի վեր կը սպասէինք այս պատմական օրուան: Մեզի համար կարեւոր է նաեւ յայտնաբերել աճիւնները այն իսրայէլացի զինուորներուն, որոնք զոհուեցան այդ տարին եւ որոնց ծնողները մինչեւ այսօր իրենց որդիներուն յիշատակը չեն կրնար լիովին յարգել, որովհետեւ մեր զինուորները շիրիմ չունին»:
Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան ֆոնին վրայ կարեւոր թուական էր 1982-ը: Ու այդ տարին հակառակ անոր, որ իսրայէլեան բանակը Լիբանան ներխուժելով կը հասնէր Պէյրութ, նոյն բանակը Մոսկուայի հովանաւորութիւնը վայելող սուրիական ուժերէն ծանր հարուածներ կը ստանար:
Այս բոլորէն բացի, Նեթանիյահու Մոսկուա կը յայտնուէր Քրեմլինի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ նշելու համար երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման 25-րդ տարեդարձը: Լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին կարծիքով՝ Նեթանիյահուի այս քայլը խորքին մէջ պատգամ էր Ուաշինկթընին, տրուած ըլլալով, որ հաւատարիմ դաշնակիցներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւնները յայտնուած էին լարուած վիճակի մը մէջ: Պենիամին Նեթանիյահու լաւ գիտէր, որ Մոսկուան Իսրայէլի համար Ուաշինկթընը փոխարինելու հիմքեր չունէր: Իսկ Մոսկուայի համար Թել Աւիւի հետ մերձեցման փորձերը դրական միաւորներ կու տային հիւսիսի մեծ տէրութեան:
Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր ռուս բարձրաստիճան զինուորական պատասխանատուներ տարբեր առիթներով այցելած էին Թել Աւիւ ու բարձրագոյն մակարդակի բանակցութիւններ վարած՝ իսրայէլացի պաշտօնատար անձերու հետ: Այս բանակցութիւններուն եւ հանդիպումներուն մեծ մասը կը պահուէր մութի մէջ, սակայն բացորոշ էր, որ Թել Աւիւ ռուս պատասխանատուներէն կը ստանար բաւարար տեղեկութիւններ մի քանի առումներով:
Առաջին՝ իսրայէլացիներ վերահասու կը դառնային Սուրիոյ հետ իրենց սահմանային հատուածներու ընդհանուր իրավիճակին մասին:
Երկրորդ՝ անոնք կը տեղեկանային Սուրիոյ պատերազմական գետնի վրայ գրանցուող փոփոխութիւններուն եւ կ՚իմանային ուժերու իսկական կշիռին մասին:
Երրորդ՝ Իսրայէլ Մոսկուայէն կը ստանար «կանաչ լոյս»՝ կապուած սուրիական դիրքեր հարուածելու, ու աւելի՛ն՝ հարուածելու այն զինուորական շարասիւնները, որոնք կը փորձէին հատել լիբանանեան սահմանը եւ զէնք մատակարարել «Հիզպուլլահ»ին:
Չորրորդ եւ ամենակարեւորը՝ բաւարար տեղեկութիւններ «Հիզպուլլահ»ի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն մասին, որոնք կը մասնակցէին Սուրիոյ պատերազմին:
Այս բոլորը ենթադրութիւններ չեն: Այս բոլորը կան եւ իւրաքանչիւր կէտի դիմաց կարելի է յիշատակել այն դէպքերը եւ հարուածները, որոնք կատարուած են իսրայէլեան կործանիչներուն կողմէ եւ թիրախ դարձուցած՝ սուրիական բանակի կայանները, «Հիզպուլլահ»ին զէնք մատակարարող շարասիւնները եւ մանաւանդ Սուրիա գտնուող լիբանանեան կուսակցութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն տրուած հարուածները:
Կարեւոր է հասկնալ, որ Թել Աւիւի եւ Մոսկուայի միջեւ առկայ համագործակցութեան գլխաւոր օգտուողը Իսրայէլն է: Ապահովական մակարդակի վրայ եղած փոխգործակցութեան մասին բնական է, որ պիտի չգրուի մամուլին մէջ: Տարիներ անց, երբ Սուրիոյ պատերազմի կարեւոր փուլերուն մասին բացայայտումներ կը կատարուին, այն ատեն միայն պարզ պիտի դառնան այդ համագործակցութեան իսկական արդիւնքները:
Այս համագործակցութեան դիմաց ի՞նչն է, որ կը մղէ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը եւ մասնաւորապէս Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը այսքան «առաջ երթալ» այս յարաբերութիւններուն մէջ: Արաբ մեծաթիւ վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Ռուսաստան կը փորձէ կարեւոր ճիգեր գործի դնել վերականգնելու համար մահաքունի մէջ գտնուող Պաղեստին-իսրայէլեան խաղաղութեան գործընթացը: Սիւննի աշխարհին համար կայ շատ սիրելի նախաձեռնութիւն մը, որ կը կոչուի «Արաբական խաղաղութեան ծրագիր»։ Այս օրերուն ռուս պատասխանատուներ այդ ծրագրին մասին յղումներ կը կատարեն: Այդ յղումներէն ամենէն կարեւորը Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի ըրած յայտարարութիւնն էր։ Ան Նեթանիյահուի Մոսկուա կատարած այցելութենէն վերջ հանդիպած էր Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալեքիին եւ անոր հետ բանակցութիւններ վարելէ ետք յայտարարած էր. «Արաբ-իսրայէլեան թնճուկը կարելի է լուծել հիմնուելով արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան ճանապարհով»: Լաւրովի ըրած յայտարարութիւնը ռումբի պայթումի ազդեցութիւն կ՚ունենար Թել Աւիւի մէջ եւ իսրայէլեան աջ թեւի կարկառուն ներկայացուցիչ համարուող «Իսրայէլը մեր տունն է» ծայրայեղական կուսակցութեան ղեկավար Նաւթալի Պենէթ կը հակադարձէր Լաւրովի կատարած յայտարարութեան՝ ըսելով. «Այդ նախաձեռնութիւնը վաղուց մահացած է»:
Յիշեցնելու կարգով պէտք է նշել, որ «Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութիւն»ը կը կրէ ստորագրութիւնը Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին: Նախաձեռնութիւնը յայտարարուած է 2002 թուա-կանին Պէյրութի մէջ կայացուած «Արաբական համաժողով»ին: Այդ նախաձեռնութեան հիմնական դրուածքը արաբներու կողմէ Իսրայէլի պետութեան ճանաչումն է, որուն դիմաց Իսրայէլ պիտի հեռանայ սուրիական Կոլանէն եւ ճանչնայ 1967 թուականի սահմաններով ստեղծուած պաղեստինեան անկախ տէրութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը խորքին մէջ կը համարուի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի «Երկու տէրութեանց լուծում» նախաձեռնութեան (առաջին անգամ յայտարարուած՝ 2000 թուականին), որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան համար ամենէն տրամաբանական եւ կշռադատուած լուծում-առաջարկն է:
Ամէն պարագայի յայտնի է, որ Մոսկուա եւ Թել Աւիւ տարբեր լեզուներով կը խօսին: Մինչ Մոսկուա կը յիշեցնէ պաղեստինեան խնդրի լուծման կարեւորութեան մասին, անդին Թել Աւիւ իր ոչ-պաշտօնական խօսնակներուն շնորհիւ, կը խօսուի խաղաղութեան ծրագրին մահուան մասին: Այս իրավիճակին մէջ յայտնի է նաեւ, որ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի Մոսկուա կատարած այցելութիւնը հերթական խուսանաւութեան մը փորձն է, որուն շնորհիւ իսրայէլացի քաղաքական թիւ մէկ գործիչը կը փորձէ «փոշի ցանել» ամերիկացի իր գործընկերներու աչքին:
Արաբ-իսրայէլեան խնդրի խաղաղ կարգաւորումը ներկայ հանգրուանին կը դիտուի որպէս անհասանելի երազ մը, տրուած ըլլալով, որ կան այդ «սառեցուած հակամարտութիւն»էն շատ աւելի կարեւոր եւ առաջնահերթ հարցեր, որոնք դարձած են միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտը:
Սիւննի աշխարհի պաղեստինեան խնդրի լուծման հասնելու ճիգերը այսօր ալ կը բախին իսրայէլեան ծայրայեղ աջի մերժումներուն, հակառակ անոր, որ այդ ճիգերը այս անգամ առաջ կը մղուին Փութինեան Մոսկուայի կողմէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան