ԼԵՀԱՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՏՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԹԵԼԱԴՐԻՉ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ
Լեհաստան այս տարի մեծ շուքով կը տօնէ իր քրիստոնէացման 1050-ամեակը, իսկ լեհահայ համայնքները 2017 թուին կը պատրաստուին պատշաճ հանդիսութիւններով յիշատակելու լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակը, հիմնուելով Քաժիմէժ Մեծ լեհ թագաւորի կողմէ 1367 թուին Գրիգոր Եպիսկոպոսին շնորհուած արտօնագրին, ունենալու համար հայ-կական եպիսկոպոսութիւնը Լվովի մէջ: Ուստի պէտք է հետեւցնել, որ պատմական Լեհաստանի մէջ լեհահայ դարաւոր սփիւռքի գոյութեան հետ առընչուած գրականութիւնը համեմատաբար ծաւալուն է, բազմակողմանի ու բազմալեզու: Վերջին տասնամեակներու ընթացքին, մանաւանդ համայնավարական վարչաձեւի փլուզումէն ետք, լոյս տեսան նոր ուսումնասիրութիւններ եւ զանազան հրատարակութիւններ, կը նախատեսուի, որ այդ գրականութիւնը առաւել եւս ընդարձակուի ու հարստանայ յաջորդող տարիներուն, փոքրամասնութիւններու մշակոյթներուն հանդէպ տարուած հոգատար ծրագիրներու շնորհիւ:
Սակայն, լեհահայ պատմական գաղթօճախներու աշխարհագրական տեղաւորումները, լեհահայերու բազմադարեան մշակոյթի, ճարտարապետական ու պատմամշակութային ժառանգութեան, ու լեհահայերու պատկանող կալուածներու, կառոյցներու տեղաւորումը, տեղերն ու դիրքերը չեն ներկայացուած քարտէսագրական պարունակով, եռաչափ (3D) պատկերացումներու համապատասխան համայնապատկերներով: Իրողութիւն է որ նման քարտէսներ, համայնապատկերներ հազուագիւտ են ոչ միայն Հայաստանի, պատմական արեւմտահայաստանի, այլ սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայկական գաղութներու իրականութեան մէջ:
Այս մտադրութեամբ լոյս տեսաւ «Հայերը լեհական պատմական թագաւորութեան եւ Լիթուանիայի մեծ դքսութեան մէջ 16-րդ դարէն մինչեւ 18-րդ դար», 50x65 սմ. չափի քարտէսը, թուագրուած 2015, բայց մատչելի դարձաւ 2016 թուին, հրատարակուած՝ լեհերէն, ռուսերէն ու հայերէն լեզուներու տարբերակներով (հայերէն տարբերակին մէջ սխալմամբ XIV տպուած է XVI-ի փոխարէն): Այս ծրագիրը իրագործուեցաւ Լեհաստանի մէջ Հայ մշակոյթի ու ժառանգութեան հիմնարկութեան ու Սպիտակ Ռուսիոյ «Անիւ» հայագիտական հետազօտութիւններու կենդրոնի միացեալ ջանքերու շնորհիւ եւ Լեհաստանի մէջ Մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ:
Մասնագէտ մը ըլլալու պէտքը չկայ՝ արժեւորելու համար պատմամշակութային այս քարտէսի բովանդակութիւնը, որ կը ներկայացնէ լեհահայ սփիւռքի ծաւալումը, պատմական Լեհաստանի աւելի քան եօթանասուն քաղաքներու կամ շրջաններու մէջ, լեհահայերու տարածումը, կայք հաստատած տեղերը: Քարտէսի վրայ նշմարելի է լեհահայերու աշխարհագրական ներկայութիւնը, քաղաքներու կամ տուեալ շրջաններու մէջ տեղադրումները իբրեւ՝ համախմբուած, ինքնավար հայ համայնքներ կամ առանձնացած հայ խմբաւորումներ, քարտէսը ամբողջացած է քարտէսագրական ընկալուած պայմանական նշաններով ու տեղեկութիւններով:
Քարտէսը աւելի հարստացած է, երբ անոր վրայ տեղ գտած են պատմաբովանդակ մանրամասն մեծարժէք քարտէսներ, որոնք կը ներկայացնեն լեհահայ գաղութի գլխաւոր վեց մեծագոյն համայնքներէն նկատուող քաղաքներ՝ Չամոյշչ, Եազլովէց, Քամիէնեց Բոթոլսկ, Լվով եւ բաղդատաբար աւելի նոր համայնքներ՝ Վարշավայի եւ Քրաքովի քաղաքներուն մէջ: Անշուշտ քարտէսը առընչուած է պատմական Լեհաստանի թագաւորութեան մէջ ըստ 1569 թուականի տարածքի սահմաններուն (որ ներկայիս Լեհաստանի, Ուքրանոյ, Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Լիթուանիայի հողային տարածքներու վրայ կը ծաւալի):
Այս վեց քաղաքներու հետ կապուած լեհահայերու պատմութենէն հաւաքուած զանազան պատմական տեղեկագրութիւններ, ծանօթութիւններ ներկայացուած են համատեսական բովանդակութեամբ, եռաչափ (3D) պատկերացումով, որոնց շնորհիւ կարելի է ծանօթանալ ու պատկերացնել այդ քաղաքներու 16-18-րդ երկու դարաշրջանի մանրամասնութեան պարունակին:
Բնականաբար այդ մէկը կը ներկայացնէ ոչ միայն լեհահայերու ապրած վայրերը, այլ մեզի կը տեղեկացնէ անոնց պատկանող կալուածներուն, թաղամասերուն, եկեղեցիներուն, տպարաններուն, գերեզմանատուներուն, շուկաներուն, հրապարակներուն, դրամատուներուն, արհեստանոցներուն, տուներուն ըլլան անոնք հայկական համայնքային կալուածներ, վանքեր կամ հայ ծանօթ տոհմերու, ընտանիքներու սեփական կառոյցներ, հաստատութիւններ. ինչպէս՝ Յակոբովիչ, Ակօբսովիչ, Մինասովիչ, Ամիրովիչ, Լուկասեվիչ, Թաթուլովիչ եւ շատ ուրիշներ, ուր դարերու սահանքին հետ նոր մասնիկներ աւելցած են անոնց մականուններուն վրայ. ինչպէս՝ «ովիչ», «աչ», կամ վերափոխուած են լեհական թարգմանութեամբ նոր տարբերակներու. ինչպէս՝ Փիրամովիչ, Պոկտանովիչ, Եուզէֆովիչ եւ այլն:
Ակնառու է վերոյիշեալ քաղաքներու մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնը եւ տեղաւորումը մանաւանդ քաղաքի հնագոյն ու կեդրոնական շրջաններու, հրապարակներու ու շուկաներու մէջ: Իրականութիւն մը որ, ոչ միայն կ՚ապացուցէ լեհահայերու դարաւոր ներկայութիւնը այլ պատմական գոյակցութիւնը, ինքնադրոշմ ներդրումը այդ քաղաքներու պատմական, մշակութային ու տնտեսական կեանքի վերելքին մէջ: Ուշագրաւ է նաեւ, որ լեհահայերու հանրային ու համայնքային հաղորդակցութիւններու ընթացքին ընդունուած զինանշանը կամ կնքանշանը ընդհանրապէս եղած է գառնուկ մը, որ շալակած է խաչը իբրեւ դրօշ:
Քարտէսի պատմագիտական, հետազօտական ու տեղեկագրական աշխատանքին մէջ իրենց աշխատակցութիւնը բերած են Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի դասախօս՝ Ուքրայնոյ եւ լեհահայոց պատմութեան մասնագէտ, լեհ պատմաբան՝ Փրոֆ. Անտժէյ Ժիէնպան, գիտական խորհրդատուութեամբ վերոյիշեալ համալսարանի լեհահայոց պատմութեան մասնագէտ լեհ պատմաբան՝ Փրոֆ. Քշիշթոֆ Սթոփքայի:
Դաշտային պրպտումներու աշխատանքին մասնակցած է Սպիտակ Ռուսիոյ «Անիւ» կեդրոնի վարիչ՝ Արմէն Խեչոյեան, իսկ քարտէսի գեղարուեստական ու մասնագիտական հիմնական մշակումը կատարած է, նման քարտէսներու ուղղութեամբ մասնագիտացած Տքթ. Ռուբէն Աթոյեան, համակարգչային ձեւաւորումին մասնակցած են Լարիսա Աթոյեան եւ Աննա Կերման:
Գեղարուեստական իմաստով նման համայնապատկերներ, համատեսական բովանդակութեամբ քարտէսներ ստեղծելու համար կը կատարուին քանի մը փուլերով իրականացուած համալիր աշխատանքներ, որոնք կը բաղկանան երկու գլխաւոր մասերէ՝ դաշտային ու պատմամշակութային նիւթի վրայ հաւաքուած ուսումնասիրութիւններէ ու մասնագիտական պրպտումներէ: Գործադաշտի փուլը կը ներառէ քաղաքի կամ տեղւոյն թաղամասերու մանրակրկիտ բաժանումները, շէնքերու տեղագրական յատակագիծը, գոյքացուցակներու, կալուածներու կառոյցը, աշխարհագրական պատկերը, իսկ երկրորդը՝ պատմագիտական կամ մասնագիտական աշխատանքը, որ ինքնին մեծ աշխատանք է:
Յիշեալ տեսակի քարտէսներ կազմելու ժամանակ պէտք է առաջնորդուիլ որոշակի ցուցանիշերով, որոնք կը գործադրուին, գծանկարչական հմուտ նախագիծերով, հիմնուած մեթոտիկական եւ ճարտարագիտական յատուկ մասնագիտութեամբ, որ ժամանակակից քարտէսագրութեան մէջ նոր եւ հեռանկարային ուղղութիւն մըն է:
Լոյս տեսած նման քարտէսներէն կարելի է յիշել Երեւանի կեդրոնական մասի մէկ բաժնի համատեսական քարտէսը՝ հրատարակուած 2013 թուին անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով, Արցախի համատեսական նկարազարդ քարտէսը՝ հրատարակուած 2012 թուին:
Գիտակցելով վերոյիշեալ քարտէսի օրինակելի ու յորդորիչ նախաձեռնութեան, հոն կուտակուած աշխատանքի բծախնդրութեան, որ ոչ միայն կեանքի կը կոչէ ննջող պատմական իրողութիւններ, այլ արդար քարոզչականութեամբ մը կը շողազարդէ հայ սփիւռքի մէկ մասնիկը հանդիսացող՝ լեհահայութեան ներդրումը մշակոյթներու քաղաքակրթութեան ծաղկումի գործին մէջ: Այսօր երբ մեր տրամադրութեան տակ են համակարգչային ժամանակակից անսահման հնարաւորութիւններ ու հնարամիտ ծրագիրներ, խրախուսիչ է, որ կեանքի կոչուին նման քարտէսներ ծրագրելու մտադրութիւններ այն հեռանկարով, որ տարբեր միջոցներով ու դաստիարակչական մօտեցումով հայ աշակերտին, հայ մարդուն, ինչու չէ համայնապատկերի պարունակով միջազգային հանրութեան ներկայացուին ոչ միայն մեր պատմական Հայաստանի զանազան տարածքային շրջանները կամարող պատմական փուլերը, այլ ժամանակակից հայկական սփիւռքի զանազան գաղութներու աշխարհագրական պատկերացումը, պատմական որոշ մանրամասնութիւններով. ինչպէս՝ Սիսի կաթողիկոսութեան պատմութիւնը, հայկական կալուածները, պատմամշակութային ժառանգութեան գանձերը եւ այլն, նման հեռանկարներու համար հարկադիր է համակարգուած ու միասնական առաջադրութիւններ:
ՏՔԹ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
«Զարթօնք», Լիբանան