ԱԶՆԱՒՈՒՐ… ՆԱԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼ ԷՐ

Այս օրերուն մամուլի ուշադրութեան կեդրոնին է Շարլ Ազնաւուրը։ Մարդը, արուեստագէտը, հասարակական գործիչը եւ զանազան ճակատներու վրայ հայութեան անունը բարձր պահած անկրկնելի Շարլը։

Երբ կը խօսինք Շարլ Ազնաւուր հասարակական գործիչին մասին, ապա մեր աչքերուն կ՚ուրուագծուի հայկական ամենատարբեր օրակարգերուն վերաբերեալ առանձնայատուկ տեղ եւ դեր ունեցող գործիչը, որ յատուկ սէր կը տածէր արեւմտահայոց համար նշանակալից դիրք ունեցող Պոլսոյ մասին։

Այս տողերը գրելու պահուն նաեւ մեր մտքերուն մէջ հարազատօրէն ուրուագծուեցաւ վարպետին 1950-ականներուն վերջաւորութեան եւ աւելի վերջ Պոլիս տուած այցելութիւնը, նաեւ այդ հարազատ քաղաքին մէջ անոր սարքած յաղթական համերգները։

Զարմանալին այն է, որ անցնող օրերուն մէկէ աւելի գրիչներ Ազնաւուրի մասին գրելով անտեսութեան կը մատնէին անոր Պոլիս տուած այցելութիւնները եւ կ՚ուզէին կերպով մը լուսանցքի ու մոռացութեան քօղին տակ առնել պատմական այդ տուեալը։

Ի դէպ, հարկ է այս առթիւ երախտիքի յատուկ խօսք ըսել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրիս, սիրելի Արա Գօչունեանին, առանց որու կարեւոր դիտարկումին նուաստիս համար ալ յստակ պիտի չդառնար Ազնաւուրի Պոլիս այցին մասին կարեւոր տեղեկութիւնը։

*

Ֆրանսական երգարուեստի մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւած Շարլ Ազնաւուր խիզախ էր։ Խիզախ էր ո՛չ միայն երգարուեստի մէջ իր ձեռքբերած յաջողութիւններով եւ ունակութիւններով, այլ նաեւ խիզախ էր իր կեցուածքներով։

Առնուազն վերջին քսան տարիներուն ընթացքին Շարլ Ազնաւուր դարձաւ հայ-թրքական «անգոյ» երկխօսութեան ազատ մէկ խօսնակը։ Յաճախ կարողացաւ ըսել բոլոր այն բաները, որոնք շատ դժուար կերպով պիտի արտասանուէին հայ կամ թուրք գործիչներու շուրթերէն։ Տարբեր եղաւ իր երգով, տարբեր եղաւ իր խօսքով եւ տարբեր՝ իր տեսակէտով։

Եթէ արագ հայեացքով մը բնութագրել փորձենք Ազնաւուրի ունեցած կեցուածքները մասնաւորապէս հայ-թրքական խնդիրներու վերաբերեալ, ապա զանոնք պիտի յաջողինք ամփոփել միմիայն մէկ բառով՝ սէր։ Սէրը դիմացինին, օտարին, անծանօթին, հարեւանին, բարեկամին եւ նոյնիսկ թշնամիին հանդէպ։

Անոր մօտեցումները այնքան մարդկային էին, որ Ազնաւուր նոյնիսկ «ոչնչացուց» թշնամի ունենալու երեւոյթը։ Արուեստի մեծ վարպետը հաւանաբար ունեցաւ ծանօթներ, որոնք նախանձ մը ունէին իրեն հանդէպ, սակայն անոր մեծ սիրտն ու մեծ մարդու հոգին ոտնակոխ ըրին ամէն չարութիւն։

Ներանձնական մակարդակէ մինչեւ հաւաքական բնոյթի մօտեցումներ Ազնաւուր չփոխեց իր տեսակէտները. չփոխեց «իր գոյնը», այլեւ մնաց միշտ նոյն դիրքին վրայ, նոյնիսկ չզիջեցաւ ու տեղի չտուաւ այն պահերուն, երբ հասարակութեան մը համար առաջնորդող հիմնական ջիղը ամրացուած կ՚ըլլար կիրքի, ատելութեան եւ բնազդի վրայ։

«ԵՍ ՉԵՄ ՆԵՂԱՆԱՐ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ»

2015 թուականին, երբ հայութիւնը կը պատրաստուէր նշել Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցը՝ Ազնաւուր ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրեց ֆրանսական մամուլի յառաջատարներէն «Լը Մոնտ»ի մէջ։

Այդ յօդուածին մէջ բացի զանազան նիւթերու անդրադառնալէ, ան կարեւոր տեղ կու տար Թուրքիոյ, նաեւ կ՚ընդգծէր Թուրքիոյ քաղաքացիներուն հանդէպ իր մօտեցումները։

Ազնաւուր նախ կը պատմէր իր ծնողներու կրած տառապանքներուն մասին, որմէ ետք կ՚անցնէր այսօրուան նիւթերուն, միշտ յիշեցնելով, միշտ վեր հանելով, որ ինք որպէս մեծ երգիչ, որպէս մեծ արուեստի գործիչ եւ որպէս հայ մարդ, ոչ մէկ անգամ ատելութեան զգացում ունեցած է թուրքերուն հանդէպ։

Ազնաւուր մասնաւորապէս կը գրէր. «Այո՛, ես այն ժողովուրդէն եմ, որ մահացած է՝ առանց թաղուելու: Հայրս ու մայրս, որոնք կարողացան խուսափիլ այդ փոթորիկէն, հնարաւորութիւն ունեցան ապաստան գտնել Ֆրանսա: Ցաւօք, նոյն վիճակին մէջ չէին այն մէկուկէս միլիոն հայերը, որոնք սպաննուեցան, մորթուեցան ու տանջանքներու ենթարկուեցան այդ դաժան իրադարձութիւններու ժամանակ։

«Զիս ատելութեան մթնոլորտի մէջ չեն մեծցուցած: Ես չեմ նեղանար այսօրուան թուրք ժողովուրդին, որ դաստիարակուած է համատարած ժխտողականութեան մթնոլորտի մէջ: Ես ի վերջոյ կը ցանկամ վստահիլ այդ երկրի երիտասարդ սերունդին»։

Ազնաւուր... թուրք յօդուածագիրներու բերնով...

Վերջին օրերուն թուրք մամուլին մէջ լոյս կը տեսնէին տասնեակ յօդուածներ, որոնց մէջ հեղինակները վեր կ՚առնէին Շարլ Ազնաւուրի առանձնայատկութիւնները եւ յենլով անոր արժէքներուն վրայ՝ ընթերցողին հետ կը ծաւալէին անկեղծ «խօսակցութիւն» մը։

Իմ (հայերէնի թարգմանուածներու շարքին) հանդիպած ամենէն ուշագրաւ յօդուածներէն մին կը պատկանի Habertürk լրատուական կայքի յօդուածագիր Ումուր Թալուի գրչին։ Յօդուածագիրը խոր հիացումով կ՚անդրադառնար մեծանուն Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններուն: Ան «Այլեւս Ազնաւուրն ալ չկայ» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը գրէր.-

Կը ներէք՝ մենք ի՞նչ գիտնայինք, որ ան հայ էր…

Մեր գործը անոր երգերը սիրելն էր: Մենք կը սիրէինք այդ երգերը, քանի որ կը մտածէինք՝ այդ երգերը սիրելով պիտի կարենայինք սիրահարուիլ… Պիտի կարենայինք սիրել ու սիրուիլ… Հաճելի էր ֆրանսերէն լսելը, պէտք ալ չէր գիտնալ լեզուն: Երգին մէջ ինչ որ ալ կ՚ըսուէր, իւրաքանչիւր բառը կը պարէր մեղեդիին հետ, քեզ ալ կ՚առնէր ու կը տանէր… Առանձնապէս չէինք գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚երթայինք: Ակնյայտ էր, որ միեւնոյն երգերը սիրելով իւրաքանչիւրս բազմաթիւ երազանքներու գիրկը կ՚իյնայինք… Անոր «Տար զիս աշխարհի միւս կողմը» խօսքերուն մէջ ամէն մէկուս համար աշխարհի միւս կողմը տարբեր էր…

Ներողութիւն, մենք ի՞նչ գիտնայինք, որ ան հայ էր…

Երբ La Boheme-ը կը հնչէր, անկարեւոր կը դառնար թէ՛ երգողի, թէ լսողի ինքնութիւնը: Աշխարհի ո՛ր մասն ալ գտնուէիր` դուն քեզմէ չէիր կրնար փախչիլ…

Անձնագիրին մէջ չէին կրցած գրել «Շահնուր» անունը, փոխարէնը «Շարլ» անունը տրուած էր …

Մայրը Թուրքիայէն էր, հայրը` Վրաստանէն, ներողութիւն, մենք, ի՞նչ գիտնայինք, որ ան ալ «հայ» է…

Վերջ ի վերջոյ գիտցանք, թէ ինչեր տեղի ունեցած են, ինչեր տեղի չեն ունեցած: Սակայն ի՞նչ պիտի ընէինք, երգե՞րը թշնամի պիտի համարէինք…

Երգերը թշնամի չէին եւ իրականութեան մէջ ի՛նքն ալ թշնամի չէր…

Մարդոց, ժողովուրդներու դէմ պահանջ չունէր, մենք ալ կ՚ուզէինք, որ չունենար… Հաւանաբար իր կորսնցուցած արմատներուն հանդէպ ունեցած պարտքի զգացումը «քաղաքականացուցած» էր զինք… Մինչդեռ մենք այդպիսի մահեր չէինք ուզեր, նոյնիսկ եթէ մեզմէ շատերը մահանային:

Նոյնիսկ «Սիրելէն մահանալ» երգին մէջ մեր միտքը «սիրելն» էր:

Օր մը Իսթանպուլի գրախանութներէն մէկուն մէջ, երբ դրամարկղի մօտ կը սպասէի իմ կարգիս, երիտասարդ մը սեղանին դրաւ «ֆրանսերէն երգեր»ու ձայնասկաւառակը. Պրէլ, Ռեճիանի եւ ուրիշներ: Նկատեցի` 12 երգիչներէն միայն Ազնաւուրն է ողջ: Ծերութիւնը այդպիսի բան է…

«Լաւ պահեցէք ձեր ձայնապնակը, միայն ան ողջ մնացած է: Ան ալ համերգները չեղեալ յայտարարած է: Դեռ երէկ ըսաւ՝ մէկ լաւ եմ, մէկ վատ», ըսի ես:

Ներողութիւն մենք ուրկէ՞ գիտնայինք…

Հիացած մնացինք անոր ձայնով, երգերով, որոնք կարծես թաքուն հրաւէր էին գլուխնիս մէկուն ուսին դնելու, մեր ուսերուն մէկուն գլուխը զգալու:

94-ամեայ Շարլ Ազնաւուրը մահացաւ «թուրք-հայկական սահմանի բացման երազանքով»…

Այստեղ գլխաւորը հիասթափութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ նաեւ անոր երգերէն ծնած մեր երազանքներէն շատերուն հետ:

Այդ պատճառով ես միշտ ամենաշատը սիրած եմ անոր «Desormais»ը (Այսուհետ): Այս երգը կը թուարկէր այն բոլորը, ինչ որ այսուհետեւ պիտի չըլլար…

Իր կարգին artigercek.com կայքէջի սիւնակագիր Ռակըփ Տուրան կը գրէր. «Ան ազդեց երեք սերունդի, հինգ մայրցամաքի վրայ: Պատմեց սիրոյ, երեխաներու, փոքրիկ մարդոց, մերժուածներու մասին: Ան բնական էր, պարզ»։ Տուրան նաեւ կը նշէր, որ Ազնաւուր այն բացառիկ գործիչներէն է, որուն մահէն ետք ոչ ոք ժխտական տող մը գրած է իր մասին։ Տուրան զինք «շանսոնի վերջին Աստուածը» համարելով՝ նկատել կու տար, որ «ան ազդած է քանի մը մշակոյթի, քանի մը սերունդի ու հաւանաբար հինգ մայրցամաքներու վրայ: Նոյնիսկ ռեփ երգիչները երգած են անոր երգերը: Երկու ամուսնութիւններէն վեց երեխայի հայր էր: Անոր թոռնիկներէն մէկը հրեայ է, մէկն ալ` արաբ: Խառնածնութեան գեղեցկագոյն արդիւնք են։ Ան բարի կամքի տէր անձնաւորութիւն էր: Դէմ էր զէնքին, բռնութեան: Հաւանաբար կը մտածէր` «տեսնես կրնա՞մ հայն ու թուրքը մերձեցնել»: Ան շատ անկեղծօրէն կը ցանկար բարեկամութիւն հաստատել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ»։

«Նամակ թուրք բարեկամի մը»

Այսպիսի խորագրով բանաստեղծութիւն գրած է Շարլ Ազնաւուր։ Ան այդ գործին մէջ ցեղասպանութիւնը նմանցուցած է «փուշ»ի մը, որ խրուած է միաժամանակ հայերու սրտին եւ թուրքերու ոտքերուն։ Ինչպէս միշտ, Ազնաւուր չէ գոհացած խօսելով անցեալին մասին, այլեւ փորձած է յոյս ներշնչել եւ յոյսով խօսիլ հայ-թուրք յարաբերութեանց կարգաւորման մասին։ Թուրք բազմաթիւ լրագրողներ նկատած են, որ Ազնաւուրի համար մեծապէս կը կարեւորուի այդ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, նոյնիսկ Հայաստան-Թուրքիա փակ սահմաններու բացումը։

Հետաքրքրականը այն է, որ այս մեծ մարդը, այս խաղաղասէր արուեստի մեծը կը հաւատար, որ ինք կրնայ լաւ գործ ընել երկու ժողովուրդներու մերձեցման հարցին մէջ։ Ան այս տեսակէտը յայտնած է վաղ 70-ականներուն, այն ժամանակ, երբ ոչ ոք կրնար պատկերացնել, թէ առնուազն քաղաքացիական հասարակութեան հայ եւ թուրք թեւերը արեւոտ օր միասին պիտի գործակցին ու զանազան ծրագիրներ իրականացնեն։

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ ականներու աւարտին երկու առիթով երգելու համար Պոլիս գտնուած Ազնաւուր որքան կը սիրէր այդ քաղաքը։

Կը սիրէր, որովհետեւ գիտէր, թէ այդ քաղաքը սովորական չէր իրեն համար։ Արմատներու եւ հարազատութեան քաղաք էր… Վստահ եմ, թէ «բաց աչքերով» հեռացաւ այս աշխարհէն ու մեծ սպասումով մը, որ օր մը իր փափաքները իրականութիւն դառնան եւ պատմութեան ցեխերուն մէջ խրուած հայ-թուրք յարաբերութիւններու սայլը իր տեղէն շարժի, մեզ տանի դէպի աւելի լայն, աւելի խաղաղ ու մշտանորոգ հորիզոններ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2018