ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Այսօր տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Ա­մե­րի­կա­ցիք պի­տի ընտ­րեն երկ­րի 45-րդ նա­խա­գա­հը:

Ան­ցեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մատ բա­ւա­կա­նին լա­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ կա­յա­նալիք այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­ւոր ի­մաստ կը զգե­նուն յատ­կա­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն հա­մար, ո­րով­հե­տեւ մէ­կէ ա­ւե­լի շրջա­նա­յին տագ­նապ­ներ հա­սած են բա­ւա­կա­նին վճռո­րոշ փու­լե­րու եւ «կը սպա­սե­ն» Ա­մե­րի­կա­յի «վճռո­րո­շ» քայ­լե­րուն:

«Ո­ւի­քի­լիք­ս» կայ­քի հիմ­նա­դիր Ժու­լիըն Է­սան­ժի վեր­ջերս RT կա­յա­նէն «պայ­թե­ցու­ցա­ծ» ռում­բը բա­ւա­կան մեծ ար­ձա­գանգ գտաւ ոչ միայն նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­թը­նի դէմ քուէար­կող խում­բին, այլ նաեւ այն հատուած­նե­րուն վրայ, ո­րոնք ցարդ չեն կողմ­նո­րո­շուած, թէ ո­րո՛ւ պի­տի եր­թայ ի­րենց քուէն: Է­սանժ, որ իր մօ­տե­ցու­մը կ­­՚ամ­րագ­րէր յղում ը­նե­լով Քլին­թը­նի «գաղտ­նի նա­մակ­նե­ր­»ուն, մէջ­տեղ կը նե­տէր այն վտան­գա­ւոր վար­կա­ծը, թէ ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու Քլին­թըն տե­ղեակ էր Ի­ՇԻՊ-ի ստեղծ­ման պայ­ման­նե­րուն եւ այդ խմբա­ւոր­ման սա­տար կանգ­նող կող­մե­րուն մա­սին:

Լոս Ան­ճե­լըս հաս­տա­տուած հա­յազ­գի ի­րա­ւա­բան Վարդ­գէս Ե­ղիա­յեան, որ մօ­տէն կը հե­տե­ւի ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, մեր ան­հա­տա­կան զրոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին շատ պատ­կե­րա­ւոր խօս­քով մը ը­սաւ. «Նոյ­նիսկ դե­մոկ­րա­տա­կան­նե­րը, ո­րոնք պար­տա­ւոր են Հի­լը­րի Քլին­թը­նին քուէար­կել, դժգոհ հա­յեացք­նե­րով պի­տի մօ­տե­նան քուէա­տու­փին եւ ի­րենց «քի­թե­րը գո­ցե­լո­վ» պի­տի քուէար­կեն ա­նոր օգ­տին: Ա­նշուշտ ա­սի­կա իմ շրջա­նա­կիս մօտ ե­ղող դե­մոկ­րա­տա­կան­նե­րուն կե­ցուածքն է»:

Բա­ցի Ե­ղիա­յեա­նէն, յստակ է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի մէջ ապ­րող հա­յ գա­ղու­թին հա­մար ալ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը «սպա­սուա­ծ» ընտ­րու­թիւն­ներ պի­տի չդառ­նան:

ՌԱԿ-ի «Վե­րա­կանգ­նու­մի շար­ժու­մ­»ի ղե­կա­վար­նե­րէն մտա­ւո­րա­կան Ե­րուանդ Ա­զա­տեան, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ա­հա­զանգ հնչե­ցու­ցած ու ը­սած է. «­Շատ բա­ցա­յայտ է, որ պի­տի ընտ­րուի Հի­լը­րի Քլին­թը­ն, ին­չ որ ԱՄՆ-ի հա­մար շատ վատ է, աշ­խար­հի հա­մար՝ ա­ւե­լի վատ,  Հա­յաս­տա­նի հա­մար ալ՝ իր հեր­թին: Պա­տե­րազմ­նե­րը ա­ւե­լի կը սաստ­կա­նան, ո­րով­հե­տեւ Տի­կին Քլին­թըն ար­դէն ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թեան  պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն  յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ տուած է՝ ա­ւե­լի լաւ զէն­քեր ար­տադ­րե­լու ա­ռու­մով, եւ պարզ է, որ աշ­խար­հի ե­րե­սին ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւ­նը պի­տի ա­ւելց­նէ: Գա­լով Թրամ­փին, ան լուրջ մէ­կը չէ, եւ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը ի­րենք ար­դէն լուրջ չեն հա­մա­րեր զինք: Նոյ­նիսկ «Ո­ւոլ Սթրիթ Ճըռ­նը­լ­»ը, որ ի­րենց ող­նա­սիւնն է, Թրամ­փի դէմ յօ­դուած­ներ ու ա­նոր չնպաս­տող խմբագ­րա­կան­ներ կը գրէ: Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րէն կա­րե­ւոր դէմք մը նոյ­նիսկ ը­սաւ՝ ես քիթս պի­տի բռնեմ, բայց պի­տի եր­թամ Հի­լը­րիին քուէար­կեմ: Քլին­թը­նը հան­րա­պե­տա­կան­նե­րուն խոս­տում­ներ տուեր է, թէ ես ձեր նպա­տակ­նե­րը պի­տի ի­րա­գոր­ծեմ, ինձ քուէա­րկե­ցէք: Իսկ ա­նոնք ալ  քա­ղա­քա­կան այդ անջր­պե­տը շատ հեշ­տու­թեամբ կրնան շրջան­ցել,  ե­թէ ի­րենց ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը այդ ձե­ւով ա­ռաջ պի­տի եր­թա­յ»:

Ա­զա­տեան նաեւ խօ­սած է ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի վրայ ու­նե­նա­լիք ազ­դե­ցու­թեան մա­սին ու ը­սած. «Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի, յատ­կա­պէս Սու­րիոյ կա­ցու­թիւ­նը կրնայ ա­ւե­լի վա­տա­նալ: Այն, ինչ որ Թուր­քիան եւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիան կ­­՚ա­ռա­ջադ­րեն Սու­րիոյ հա­մար, որ ա­զատ գօ­տի ըլ­լայ, թռիչք­նե­րու ար­գե­լում ըլ­լայ եւ այլն, ին­քը՝ Հի­լը­րի Քլին­թը­նը  ա­տոր կողմ­նա­կիցն է եւ ընտ­րուե­լէ ետք շատ հա­ւա­նա­բար կ­­՚ու­զէ գոր­ծադ­րել, բան մը, ո­րուն ընդ­դի­մա­ցաւ Օ­պա­ման եւ մին­չեւ հի­մա կ­­՚ընդ­դի­մա­նայ: Օ­պա­մա­յի որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը նման հար­ցե­րուն ա­ւե­լի դի­ւա­նա­գի­տա­կան լու­ծու­մով կը մօ­տե­նար, իսկ Հի­լը­րի Քլին­թըն այդ աշ­խար­հա­յեաց­քը չու­նի, եւ ան­ցեա­լին ալ այդ­պէս էր,  այ­սօր ալ ա­ւե­լի շատ զէն­քի ու­ժով դի­ւա­նա­գի­տա­կան հար­ցե­րը ա­ռաջ տա­նե­լու ձգտում կայ: Բնա­կան է՝  ե­թէ ԱՄՆ-ը ուժ ու­նի, ին­չո՞ւ պէտք է դի­ւա­նա­գի­տա­կան ջան­քեր գոր­ծադ­րէ: Ու­ժով ա­մէն հարց կը լու­ծեն, կը կար­ծեմ: Այ­սօր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը տակ­նուվ­րայ է, եւ այն մար­դիկ որ տակ­նուվ­րայ ը­րին, ի­րենց նպա­տա­կին հա­սեր են: Ա­նոնց հա­մար այդ եր­կիր­նե­րը՝ Սու­րիա, Ի­րաք, Լի­պիա, եր­կիր­ներ էին, որ ի­րենց են­թա­կայ չէին, ի­րենց քա­ղա­քա­կան հե­ռան­կար­նե­րու հետ հաշտ չէին այդ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը, ա­նոր հա­մար բո­լոր այդ կա­ռոյց­նե­րը բնաջն­ջե­ցին, վեր­ջի­նը Սու­րիան է, որ այ­սօր ուղ­ղա­կի ընկղ­մած է, նա­յինք ինչ­պէս դուրս կու գայ այս ցե­խէ­ն»:

Հե­տաքրք­րա­կան է Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան (ՀՅԴ) շրջա­նակ­նե­րուն կե­ցուած­քը, ո­րոնց ա­նու­նով խօ­սող Հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նը յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով նկա­տել տուած է, թէ ի­րենք պի­տի չսա­տա­րեն, ո­րե­ւէ թեկ­նա­ծուի: Այս մա­սին յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով ը­սած է՝ ԱՄՆ-ի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը (ANCA) յայ­տա­րա­րած է, որ պի­տի չսա­տա­րէ ԱՄՆ-ի նա­խա­գա­հու­թեան հա­մար պայ­քա­րող ոե­ւէ թեկ­նա­ծուի: «Ընտ­րա­պայ­քա­րին ա­ռաջ­նոր­դող եր­կու թեկ­նա­ծու­նե­րու հետ հայ-ա­մե­րի­կեան խնդիր­նե­րուն ա­ռըն­չուող հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ ու­նե­ցած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով յանձ­նա­խում­բը ե­կած է եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ պի­տի չսա­տա­րէ ո՛չ Հի­լը­րի Քլին­թը­նին, ո՛չ ալ Տա­նըլտ Թրամ­փի­ն», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ՝ յանձ­նա­խում­բը ա­մե­րի­կա­հա­յե­րուն կոչ կ՚ը­նէ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն եւ ի­րենց ձայ­նը տա­լու «դաշ­նա­յին, նա­հան­գա­յին եւ տե­ղա­կան մա­կար­դակ­նե­րով ա­ռա­ւել գոր­ծօն թեկ­նա­ծու­նե­րու­ն»:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին զու­գա­հեռ, ա­ւան­դա­կան՝ Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՍԴՀԿ), որ նոյն թե­մա­յին մա­սին հրա­պա­րա­կած է յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, թէ կու­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի սա­տա­րէ Հի­լը­րի Քլին­թը­նի թեկ­նա­ծու­թեան, միշտ յու­շե­լով, որ այդ քայ­լը կապ ու­նի կու­սակ­ցու­թեան սո­ցիալ-դե­մոկ­րա­տա­կան կե­ցուածք­նե­րուն եւ պատ­մա­կան ըմբռ­նում­նե­րուն հետ:

Իր կար­գին, ՀՅԴ­-էն Վի­գէն Յով­սէ­փեան այս նիւ­թին շուրջ խօ­սած է «Թերթ» կայ­քէ­ջին ու ը­սած է. «Թէեւ ես չեմ ու­զեր Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուիլ, մեկ­նա­բա­նել ար­դէն իսկ յստակ եւ կտ­­րուկ դիր­քո­րո­շու­մը, բայց պէտք է ը­սեմ, որ թեկ­նա­ծու­նե­րը չբա­ւա­րա­րե­ցին հա­յու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ յանձ­նա­խում­բի ակնկա­լիք­ներն ու պա­հանջ­նե­րը: Եւ սա ար­դէն կը խօ­սի ա­մե­րի­կա­հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քի եւ կազ­մա­կեր­պուած ու­ժի հա­սու­նաց­ման եւ ակն­կա­լիք­նե­րու ուռ­ճաց­ման մա­սին: Ե­թէ ան­ցեա­լին ա­մե­րի­կա­հա­յու­թիւ­նը ուժ կը ներ­կա­յաց­նէր, ա­պա այ­սօր ար­դէն ա­ւե­լի հզօր ենք»։

­­Վի­գէն Յով­սէ­փեա­ն ն­շած է, որ հա­մայն­քէն ո­ե­ւէ մէ­կու մե­ղա­ւո­րու­թիւ­նը չկայ, որ քա­րո­զար­շա­ւին ա­ռանձ­նա­պէս հայ­կա­կան հար­ցեր չհնչե­ցին: Ըստ ա­նոր՝ յստակ պատ­գամ հնչած է, որ թեկ­նա­ծու­նե­րը մեր հա­ւա­քա­կան զօ­րակ­ցու­թեան կրնան ար­ժա­նա­նալ միայն հա­յու­թեան օգ­տին լրջա­գոյն յանձ­նա­ռու­թիւն ստա­նա­լու պա­րա­գա­յին: «ԱՄՆ-ի ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ ազ­դե­ցիկ դե­րա­կա­տար ըլ­լա­լու հա­մար բնաւ պայ­ման չէ նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծուի զօ­րակ­ցի­լը: Այս երկ­րի քա­ղա­քա­կան մե­քե­նա­նե­րը բա­ւա­կան բարդ են եւ բազ­մա­շերտ, ին­չ որ տար­բեր կտրուածք­նե­րով գոր­ծըն­թաց­նե­րու վրայ ազ­դե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ»:

Անդ­րա դառ­նա­լով նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու­ներ Հի­լը­րի Քլին­թը­նի եւ Տա­նըլտ Թրամ­փի կեր­պար­նե­րուն եւ ա­նոնց՝ հայ­կա­կան հար­ցե­րուն ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան՝ շեշ­տած է․ «Եր­կուքն ալ թե­րի եւ ան­բա­ւա­րար կե­ցուածք­ներ դրսե­ւո­րած են: Այս պա­րա­գա­յին իւ­րա­քան­չիւր ա­մե­րի­կա­հայ քա­ղա­քա­ցի պէտք է ապա­ւի­նի իր խիղ­ճին եւ տրա­մա­բա­նու­թեան: Վեր­ջա­պէս, թեկ­նա­ծու­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի բա­ցար­ձա­կա­պէս շեշ­տուած կե­ցուածք երկ­րի ա­պա­գա­յի ուղ­ղու­թեամբ, ին­չ որ պէտք է կողմ­նո­րո­շու­մը դիւ­րաց­նէ»:

Իսկ այն մա­սին, թէ ինք ան­ձամբ ո՛ր թեկ­նա­ծուն կ՚ընտ­րէ՝ հա­շուի առ­նե­լով ա­նոնց ա­ռա­ջարկ­նե­րը, Վի­գէն Յով­սէ­փեան ը­սած է. «Ես անձ­նա­պէս, չեմ ու­զեր, որ իմ անձ­նա­կան կար­ծի­քը ո­րե­ւէ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նայ այն խնդի­րին վրայ, ուր հա­մայն­քի կա­րե­ւոր ու­ժե­րը կը գե­րա­դա­սեն ձեռնպա­հու­թեան ճամ­բով յստակ քա­ղա­քա­կան պատ­գամ փո­խան­ցել: Թէ­կուզ ան­հա­տա­կան կար­ծիք դրսե­ւո­րե­լով հա­րուած կը հասց­նեմ հա­ւա­քա­կան օ­րա­կար­գին, ին­չ որ ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան շա­հե­րէն չի բխի­ր»:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րով է, որ Միացեալ Նա­հանգ­ներու հա­յե­րը ի­րենց հա­յեաց­քը կ­­՚ուղ­ղեն վա­ղուան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Ող­ջա­միտ տե­սա­կէտ է հասկ­նալ, որ նա­խա­գա­հա­կան եր­կու թեկ­նա­ծու­ներն ալ հայ­կա­կան օ­րա­կար­գե­րու վե­րա­բե­րեալ փրկիչ ըլ­լա­լու «շան­ս» չու­նին:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ այդ­քան խճո­ղուած օ­րա­կար­գե­րով Սպի­տակ տուն հաս­նող նոր նա­խա­գա­հին առ­ջեւ կան այն­պի­սի բարդ եւ ծան­րակ­շիռ օ­րա­կար­գեր, որ հայ­կա­կան խնդիր­նե­րը կամ հա­յու­թեան հա­մար ա­ռաջ­նա­հերթ համ­րուող հար­ցե­րը կրնան մնալ սե­ղա­նին վրայ կու­տա­կուած ար­խիւ­նե­րուն տակ:

Օ­րեր ա­ռաջ «Ազ­գ­»ի խմբա­գի­րը տե­ղին դի­տար­կում մը կա­տա­րած էր: Ան սրդո­ղանք մը ապ­րե­լով գրած էր, որ հա­յու­թիւ­նը իր տար­բեր խա­ւե­րով, իր հա­րիւր յի­սուն հա­զար մաս­նա­կից­նե­րու ցոյ­ցով եւ 24 Ապ­րի­լ 2015-ին, հա­րիւ­րա­մեա­կի օ­րե­րուն ցոյց տուած միա­կամ կե­ցուած­քով հան­դերձ, չկրցաւ օ­րա­կարգ պար­տադ­րող քա­ղա­քա­կան ուժ դառ­նալ:

Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեան այս ա­ռու­մով «Ազ­գ­»ի խմբագ­րա­կա­նին մէջ գրած է. «Ա­ռայժմ կողմ թող­նե­լով եր­կու կռուա­զան­նե­րու՝ Թրամ­փի եւ Քլին­թը­նի փոխ­հա­մա­ձայ­նող­նե­րու պա­տե­րազ­մը, ուր այժմ 52 տո­կոսով յաղ­թող­ կը հա­մա­րուի Տի­կին Հի­լը­րին, իր ա­խո­յեա­նի 39 տո­կո­սի դի­մաց, շատ կարճ անդ­րա­դառ­նանք հայ­կա­կան շա­հագրգ­ռու­թիւն­նե­րուն հե­տա­գա­յին ա­ւե­լի հան­գա­մա­նա­լից անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լու խոս­տու­մով:

«Ա­ռա­ջին՝ այս ան­գամ բա­րե­բախ­տա­բար թեկ­նա­ծու­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը չխոս­տա­ցաւ ընտ­րուե­լու պա­րա­գա­յին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նալ: Հա­յե­րուս սրբա­զան դա­տը այս ան­գամ զերծ մնաց տգեղ եւ խիստ վի­րա­ւո­րա­կան շա­հար­կում­նե­րէն:

«Երկ­րորդ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հայ­կա­կան ընտ­րա­զան­գուա­ծը, որ նա­խորդ տա­րի, Ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցի օ­րը, ցոյց տուած էր 150 հա­զա­ր­­նոց իր ու­ժը Լոս Ան­ճե­լը­սի քայ­լեր­թի ժա­մա­նակ, մնաց ա­նօգ­տա­գոր­ծե­լի՝ կեդ­րո­նա­կան ղե­կա­վար­ման կամ հա­մա­կարգ­ման բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ:

«Եր­րորդ՝ նոյն հայ­կա­կան ընտ­րա­զան­գուա­ծը, հա­ւաս­տի դի­տար­կում­նե­րու հա­մա­ձայն, մնաց տար­բա­ղադ­րուած Հիլըրի Քլին­թը­նի եւ Տանըլտ Թրամ­փի ճամ­բար­նե­րուն մի­ջեւ. Ա­րե­ւե­լեան ա­փը՝ գե­րա­զան­ցա­պէս Հան­րա­պե­տա­կան, իսկ Ա­րեւմ­տեան ա­փը՝ մեծ մա­սամբ Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, մտա­ծե­լու ա­ռիթ տա­լով բո­լո­րի­ս»:

Ի՛նչ ալ ըլ­լան յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը եւ ո՛վ ալ ընտ­րուի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յա­ջորդ նա­խա­գահ, մէկ բան յստակ է, որ հա­յու­թեան հա­մար դրա­կան տե­ղա­շար­ժի մը սկսե­լու ա­մե­նէն հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը միայն ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նիլ-չըն­դու­նե­լու հար­ցը չէ:

Կայ շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­հերթ հարց մը եւ ա­մե­րի­կա­հա­յու­թիւ­նը այդ ա­ռու­մով պար­տա­ւոր է ու­նե­նալ միա­ցեալ ծրա­գիր, ո­րուն հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը եւ այդ մէ­կը ա­մե­րի­կեան գա­լիք վար­չա­ձե­ւի սե­ղա­նին Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ ըլ­լա­լիք դրա­կան աշ­խու­ժու­թիւնն է, որ պէտք է մար­մին ստա­նայ ոչ միայն տնտե­սա­կան, այլ նաեւ քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գե­րու խմոր­մամբ: Այդ ընդ­հա­նուր ծրագ­րին մէջ բնա­կա­նա­բար պի­տի ըլ­լայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ա­ռըն­թեր զինուո­րա­կան լու­ծու­մը բա­ցա­ռե­լու կամ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­տեր­զա­մա­կան ա­խոր­ժակ­նե­րը զսպե­լու հար­ցը, ինչ­պէս նաեւ Կով­կա­սի մէջ առ­նուազն ըն­կե­րա­յին եւ կրթա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր հար­թա­կի մը ձե­ւա­ւո­րու­մը, ո­րուն մէջ շեշ­տուած պէտք է ըլ­լայ այն դրա­կան ե­րե­սա­կը, որ Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը կը դարձ­նեն ե­զա­կի ու ա­մե­րի­կեան դրա­կան մօ­տե­ցում­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կող մօ­տէլ եր­կիր-ժո­ղո­վուրդ մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016