Նահատակ-բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի աղջկան՝ Շամիրամ Սեւակի յիշատակին
Հայ գրականութեան հսկաներու՝ Դանիէլ Վարուժաններու, Սիամանթօներու, Ռուբէն Զարդարեաններու կողքին՝ իր առանձնաշնորհեալ տեղը գրաւած մտքի մշակի, խիզախ եւ անվեհեր կեցուածքով, պողպատեայ նկարագիրով կազմուած, համամարդկային տարածքի վրայ ունեցած ազգային եզակի ջիղով շաղախուած եւ գաղափարապաշտութեան վեհ համոզումներով տոգորուած, ամենասեւ օրերուն իր ժողովուրդի ցաւերու եւ յոյսերու արտայայտիչը դարձած, ինքնակամ եւ գիտակցուած նահատակութիւնը ընտրած հերոսի, լիակատար արժանիքներով օժտուած բանաստեղծ-գրագէտ, բժիշկ Ռուբէն Սեւակի աղջկան՝ Շամիրամ Սեւակի մահը խոր ցաւ յառաջացուց մեր բոլորին սրտերուն մէջ։
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգ-շաբթի, Հոկտեմբեր 20-ի յետմիջօրէին, Նիսի Ս. Ֆիլիփ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։ Այնուհետեւ աճիւնները ամփոփուեցան, նոյն քաղաքի Գոգատ գերեզմանատան մէջ, իր տառապեալ մօր՝ Եանի Սեւակի կողքին։
Ներկայ գտնուեցան ողբացեալի բոլոր հարազատները, Հայաստանի Մարսիլիոյ մօտ աւագ հիւպատոս Վարդան Սըրմաքէշ, Սեւակի եղբօրորդին՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեան, որ մեղուի մը ժրաջանութեամբ աշխատելով, իր ամբողջ կեանքը տուաւ Ռուբէն Սեւակի գործին ծանօթացման եւ տարածման համար։
Արարողութեան նախագահեց ողբացեալի հարազատ բարեկամ եւ Ռուբէն Սեւակի յիշատակը միշտ թարմ պահելու աշխատանքին, տարիներով, իր գործօն մասնակցութիւնը բերած Տարօն Եպիսկոպոս Ճէրէճեան, որ իր խօսքին մէջ ծանրացաւ հանգուցեալի կեանքին կարեւոր անցուդարձերուն վրայ։ Հոս կ՚արժէ յիշել, թէ Շամիրամի մայրը՝ Տիկին Սեւակ ի՜նչ տառապալից եւ հոգեպէս ընկճուած օրեր ապրեցաւ, երբ Սեւակ 24 Ապրիլ 1915-ի յաջորդող շաբաթներուն Չանքըրը աքսորուեցաւ, Կոմիտաս Վարդապետի, Դանիէլ Վարուժանի, Բիւզանդ Քէչեանի, Տիրան Գէլէկեանի եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք Հայ ազգին հաւատաւոր առաջնորդներն էին։
Ռուբէն Սեւակ 1905-էն մինչեւ 1914 Զուիցերիա ապրելէ, հոն որպէս բժիշկ աշխատելէ, բազմաթիւ քերթուածներ գրելէ վերջ, Առաջին համաշխարհային պատերազմի հռչակուելէն հազիւ երկու ամիս առաջ, Պոլիս կը վերադառնայ, ընտանիքին հետ։ Տիկին Եանի Պոլսոյ մէջ հանգիստ չի գտներ։ Նախազգացումը կ՚ունենայ գալիք սեւ եւ ճակատագրական օրերուն։ Կ՚առաջարկէ իր ամուսնոյն ետ վերադառնալ։ Կը մերժուի։ 1915 Յունիս 22-ին կը ձերբակալուի Ռուբէն Սեւակ եւ կ՚աքսորուի Չանքըրը։ Տիկին Սեւակ, քաղաքացիութեամբ գերմանուհի, բազմիցս անգամներ կը փափաքի ժամադրուիլ գերման դեսպան Վանկենհայմի հետ, իր միջամտութիւնը խնդրելու, որպէսզի իր ամուսինը ազատ արձակուի։ Կը մերժուի, զանազան պատրուակներով։ Վերջապէս Օգոստոս ամսուն մէջ՝ Վանկենհայմ կ՚ընդունի Եանի Սեւակը եւ անոր կու տայ իր տխրահռչակ պատասխանը. «Դուն թշուառական գերմանացի, լքեցիր ազգդ, ամուսնացար այս հայուն հետ եւ հիմա կու գաս խնդրելու, որ ազատեմ զինքը։ Ան ետ պիտի չգայ անգամ մըն ալ։ Անոնք մեռնելու գացին»։
26 Օգոստոս 1915-ին Ռուբէն Սեւակ կը նահատակուի։ Տիկին Սեւակ այս ցաւալի լուրը ստանալէ վերջ, Սեպտեմբեր 17-ին, որբացած իր երկու երախաներուն՝ Լեւոնի եւ Շամիրամի հետ Պոլիսէն կը մեկնի Լոզան։
Իր շատ սիրեցեալ ամուսնոյն նահատակութիւնը խոր կսկիծով կը լեցնէ Տիկին Սեւակի սիրտը։ Կը հրաժարի գերմանական հպատակութենէն 28 Մարտ 1919-ին, Լոզանի Հայաստանի պետութեան ներկայացուցչութեան դիմելով, կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան վկայագիր։ Պատերազմէն ետք վերջնապէս կը հաստատուի Ֆրանսա, ուր Փիրէնեաններու շրջանը գտնուող եւ զինուորական համազգեստներ կարող գործատուներու մէջ կ՚աշխատի իր զաւակներուն՝ Լեւոնին եւ Շամիրամին լաւագոյն կրթութիւն տալու համար։ Աւելի ուշ բնակութիւն կը հաստատէ Նիս, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ 30 Դեկտեմբեր 1967-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
***
Շամիրամ Սեւակի յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ, Նիսի եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեան, որ կարդաց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Երեւանի Ռուբէն Սեւակ վարժարանի տնօրէնուհիին եւ ուսուցչաց կազմին ցաւակցութեան գիրերը եւ իր խօսքին մէջ ներողութիւն խնդրեց հանգուցեալ Շամիրամէն, քանի որ պարագաներու բերմամբ իր վերջին փափաքը չկրցան իրականացնել եւ յուղարկաւորութիւնը կատարել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ…։
Տարօն Սրբազանն ալ ընթերցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ցաւակցագիրը, ուր Վեհափառը յանուն Գերագոյն Խորհուրդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան իր վշտակցութիւնը Չիլինկիրեան սգակիր ընտանիքի յայտնելէ ետք, ի միջի այլոց կը գրէ. «Բարեյիշատակ Շամիրամ Սեւակի անցած երկրաւոր ուղին կը ներկայացնէ եղեռնի պատճառով որբացեալ հայ մանուկներու դժուարին ու տառապալի ճակատագիրը, բայց եւ ամուր կամքն ու վճռականութիւնը՝ նեղութիւնները յաղթահարելու, վեր յառնելու, ապրելու ու բարի գործեր արարելու։ Հոգելոյս Շամիրամը դեռ փոքր երախայ էր, երբ եղեռնի արհաւիրքներու մէջ հայրը բանտարկուեցաւ ու սպաննուեցաւ, եւ ան չկարողացաւ ճանչնալ իր սիրասուն ծնողը։ Բայց Ռուբէն Սեւակի հետ հաղորդակից դարձաւ անոր արժէքաւոր ստեղծագործութիւններու միջոցով։ Մեծանուն հօրմէն ժառանգած հայրենանուիրումի ու ազգասիրութեան ոգիով լուսահոգի Ռուբէն Սեւակի մեծազնիւ դուստրը աստուածաշնորհ իր կեանքը ապրեցաւ ազգիս մեծանուն գրողի ժառանգութիւնը տարածելով։ Անոր համար մեծ մխիթարութիւն եղած էր Մայր Հայրենիք այցելութիւնները եւ այստեղ Ռուբէն Սեւակին նուիրուած միջոցառումներիուն մասնակցութիւնը։ Ջերմութեամբ կը յիշեմ, որ երեք տարի առաջ Մայր Աթոռի մէջ Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդիի՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի բարերարութեամբ, անոր կողմէ արժէքաւոր կտաւներու, Ռուբէն Սեւակի հեղինակած նկարներու, անձնական իրերու ու փաստաթուղթերու, ցուցանմոյշներու ընծայաբերմամբ տեղի ունեցաւ Ռուբէն Սեւակի թանգարանի բացումը, որ մեծ խանդավառութեամբ եւ ուրախութեամբ համակած էր Շամիրամ Սեւակը…»։
ՇԱՄԻՐԱՄ ՍԵՒԱԿԻ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Շամիրամ Չիլինկիրեան-Սեւակ ծնած է 10 Յուլիս 1914-ին, Պոլսոյ Բանկալթը թաղամասին մէջ։ Աւագ եղբայրը՝ Լեւոն կը ծնի 1912-ին, Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքը։
Անոնք կը մկրտուին 19 Յունիս 1915-ին, Պոլսոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութեան հայ երաժշտութեան առաքեալին՝ Կոմիտաս Վարդապետի եւ կնքահայրութեամբ՝ Թղթատարութեան նախարար՝ Ոսկան Մարտիկեանի։ Մկրտութենէն երեք օրեր յետոյ կը ձերբակալուի իրենց հայրը՝ Սեւակ եւ ինչպէս նշուեցաւ, 26 Օգոստոս 1915-ին կը նահատակուի։ Որբացած երկու երախաները իրենց մօր հետ կը մեկնին նախ Լոզան եւ ապա Ֆրանսա, մշտական բնակութիւն հաստատելու համար։ Չիլինկիրեան-Սեւակ ընտանիքը 1945-ին, պատերազմէն յետոյ իր կեանքը կը շարունակէ Նիս քաղաքին մէջ, բազմաթիւ դժուարութիւններով։
Շամիրամ Չիլինկիրեան-Սեւակ կ՚ամուսնանայ 1962-ին, Ժոզէֆ Ֆալքոյի հետ։ Չքնաղ Շամիրամը իր հօրմէ ստացած պատուիրաններու ընդմէջէն, ամբողջ կեանքի ընթացքին, մօտէն կը հետաքրքրուի իր ընտանիքի պատմութեամբ, հայ ազգի ողբերգութեամբ ։
Շամիրամ իր հօրմէ ժառանգած գրասիրութեամբ, կը գրէ բանաստեղծութիւններ, ֆրանսերէնով, որոնք կը հրատարակուին 1990-ին, փոքր գրքոյկի մը մէջ։ Անոնցմէ յիշենք միայն՝ «Տեղահանուածները», «Իմ հողը», «Պատմութիւնը հողին մէջ է», «Արտասուալից կեանք», եւ այլն։ Նոյն գրքոյկին մէջ կը գտնենք նաեւ իր հօրը ուղղած զգայացունց նամակը, ուր ի միջի այլոց կը գրէ.
.… Դուն այս նամակին կը սպասես վաղուց ի վեր, եօթանասուն տարիէ ի վեր կը փորձեմ զայն գրել, սակայն բառերը չեն գար, չնայած գլխուս մէջ եռացող մտքերուն։ Հայրիկ, յուշէ՛ ինծի այն ճիշդ բառերը այս լռութենէն դուրս գալու համար, որ ժամանակը ոչինչ ջնջած է, իմ հերթին քեզ վստահեցնելու, թէ հայերը քեզ չեն մոռցած, հոս են անոնք, այն վկաները, որոնք կը լսեն այսօր արդէն աւելի հասկնալի դարձած քու ձայնը, անոնց ջերմ ձայնը կը գօտեպնդէ զիս՝ ստանալու համար այն պատիւները, որոնք քեզի նախատես-ւած՝ եւ քու անմար կրակը հսկելու համար են…»։
Արտասուալից քու աղջիկը՝
Շամիրամ։
8 Նոյեմբեր 2000-ին հաւաքոյթ մը կը կազմակերպուի Նիսի Պարսամեան համալիրին մէջ։ Անշուշտ Շամիրամ ներկայ է հոն։ Բազմաթիւ քաղաքական անձնաւորութեանց կարգին հոն է նաեւ հայոց բարեկամ, Նիսի երեսփոխան եւ փոխ-քաղաքապետ Ռուտի Սալը, որ կը մօտենայ Սեւակի աղջկան, զրոյց մը կատարելէ յետոյ, իր խօսքին մէջ կ՚ըսէ. «Երկու տարեկան հասակին որբացած այս տիկինը ինծի բացատրեց, թէ որքան տակնուվրայ եղաւ իր կեանքը։ Իր սրտի եւ հոգիին մէջ նստած այդ պատռուածքը ընդմիշտ պիտի մնար բաց եւ ցաւագին, ինչպէս որ ատիկա կը պատահի սովորաբար իւրաքանչիւր մարդ արարածի հետ, որ չի կրնար իր սուգը կատարել։ Այս երեկոյ, կարծես թէ ան հնարաւորութիւնը ունեցաւ ինքնամփոփուելու իր հօր շիրիմին վրայ, այն մարդուն, որուն ցայսօր բաժին ինկած էր միայն իր պատմութեան ժխտումը։ Յուզումնալից այս պահուն դժուար էր բառեր գտնել։ Տիկինը նայելով աչքերուս մէջ, արժանապատուութեան խոր զգացումով ըսաւ. «Շնորհակալութիւններ»»։
Շամիրամ յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան, իր ժողովուրդին եւ հողին հետ հաղորդուելու համար։ Կը յարաբերուի Երեւանի «Ռուբէն Սեւակ» դպրոցի տնօրէնուհիին եւ ուսուցչաց կազմին հետ։ Հոն ներկայ կը գտնուի զանազան հանդիսութիւններու։
11 Յուլիս 2004-ին, Նիսի Բարեգործականի սրահին մէջ Շամիրամի 90-րդ տարեդարձը կը տօնախմբուի մեծ շուքով, ուր ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ արդէն բարեկամ դարձած Նիսի երեսփոխան Ռուտի Սալ։ Մարդ չի հաւատար, թէ չքնաղ, առոյգ, ժպտադէմ Շամիրամը այդ օրը արդէն 90 տարեկան է։
Մեծ գոհունակութեամբ եւ հոգեկան բաւարարութեամբ ներկայ կ՚ըլլայ մանաւանդ 23 Սեպտեմբեր 2011-ին Նիսի կեդրոնական պողոտաներէն մէկուն վրայ՝ «Հայաստանի պարտէզ»ին մէջ եղեռնի իբր խոր-հըրդանիշ՝ Ռուբէն Սեւակի յուշարձանի բացման հանդիսութեան։
***
Ամբողջացնելու համար այս յիշատակագրութիւնը կ՚ուզեմ հակիրճ ձեւով անդրադառնալ Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդի՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի կատարած հսկայ աշխատանքին, եւ նահատակ- բանաստեղծի անունն ու գործը միշտ թարմ պահելու մեծ ջանքերուն։
Յովհաննէս Չիլինկիրեան խիզախ նկարագիրով, պրպտող միտքով օժտուած, ազգասէր եւ հայրենասէր, Ռուբէն Սեւակի գաղափարապաշտութեան խորապէս հաւատացող, ինչպէս նշուեցաւ վերեւ, բառին արմատական իմաստով մեղուի մը ժրաջանութեամբ կ՚աշխատի, անոր բոլոր գրութիւնները, բանաստեղծութիւնները, նամակները, իր հեղինակած նկարները, անձնական իրերը, փաստաթուղթերը ի մի բերելու եւ զանոնք նոր սերունդներու ուշադրութեան յանձնելու համար։ Ամէնուրեք կը քարոզէ Սեւակի գաղափարախօսութիւնը։ Իրապաշտ վերլուծումներով կը ջանայ հայորդիներու միտքերը կեդրոնացնել անցեալի թէ ներկայի քաղաքական խաղերու եւ անցուդարձերու վրայ։
Հրաւիրելով Հայաստանէն կամ Սփիւռքէն պատմաբաններ, գրականութեան քննադատներ, կը կազմակերպէ բանախօսութիւններ, գրական կամ բանաստեղծական երեկոյթներ։
Կը հիմնէ Ռուբէն Սեւակի անուան «Յիշատակի տունը», Քայնը Սիւր Մէր քաղաքի մէջ, ուր կը ներկայացնէ անոր վերաբերեալ ամէն ինչ։
1994-ին Երեւանի Արաբկիր թաղամասի վարժարանը կը մկրտուի Ռուբէն Սեւակի անունով։ Մինչեւ օրս, Յովհաննէս Չիլինկիրեան նիւթական թէ բարոյական իր օժանդակութիւնը կը բերէ այս միջնակարգին։
Երեք տարիներ առաջ Էջմիածնի բակին մէջ Ռուբէն Սեւակի թանգարանի բացումը տեղի կ՚ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի բարեհաճ կարգադրութեամբ եւ գործօն օժանդակութեամբ, բարերարութեամբ դարձեալ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի։
Կ՚արժէ ընդգծել, թէ Երեւանի «Ռուբէն Սեւակ» միջնակարգի պարտէզին մէջ Յովհաննէս Չիլինկիրեանի ջանքերով կը զետեղուի նահատակ-բանաստեղծին կիսանդրին։
Թո՛ղ միշտ անթառամ մնայ բոլոր նահատակներու, Սեւակի եւ Շամիրամի յիշատակը մեր սրտերուն մէջ։
ԽԱՉԻԿ ԵԸԼՄԱԶԵԱՆ
«Նոր Յառաջ», Փարիզ