ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ՝ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին յայտնի դարձած Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ի վեր երկիրը մտած է նոր քաղաքական փուլ մը: Լիբանանեան քաղաքական կողմեր, որոնք բոլորն ալ հետամուտ են խնդրին շուտափոյթ լուծում մը տալու՝ կը յայտարարեն, որ էականը այս պահուն զգօնութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելն է:

Պաապտայի նախագահական պալատը «մեղուաբոյն»ի վերածուած է ու մէկէ աւելի բանբերներ կը յայտարարեն, որ նախագահը կը սպասէ Հարիրիի վերադարձին՝ վերջնական կողմնորոշում ունենալու եւ «վճիռ» մը հրապարակելու համար:

Նոյն ծիրին մէջ երէկ Պաապտայի նախագահական պալատ այցելողներու շարքին եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ղեկավար երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Բագրատունի, որ հանդիպումէն անմիջապէս ետք խօսած է լրագրողներու հետ, ըսած է, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապը երկար պիտի չտեւէ: Ան նաեւ անդրադարձած է յառաջիկայ տարուան երեսփոխանական ընտրութեանց՝ նկատել տալով, որ նախագահ Աունէն հաւաստիացումներ ստացած է, թէ այդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճիշդ ժամանակին:

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի այս մասին այս առաւօտ ներկայացուցած լրատուութիւնը:

«Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին այցելեց նախագահական պալատ:

«Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աունի հետ հանդիպելէ ետք Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս համբերատար զգուշաւորութիւնը տիրական է, որովհետեւ նման հարցեր ժամանակի կը կարօտին:

««Տագնապը քաղաքական է, եւ մենք կարիքը ունինք իմանալու վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին իսկական պատճառները», ըսաւ ան:

«Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: «Ճիշդ է, որ կայ տագնապ մը, սակայն նախագահ Աուն ունի սահ-ըշըմանադրական իրաւասութիւններ, եւ այդ տագնապը երկարատեւ պիտի չըլլայ», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի»:

Յստակ է, որ Հարիրիի «պայթեցուցած» քաղաքական ռումբին ազդեցութիւնները տակաւին կը շարունակուին ու Պէյրութի բարձրագոյն շրջանակներ (նախագահական պալատ, նախգ արձագանգ տալու իր բնազդով՝ ցարդ չէ կարողացած «հասկնալ» եղածները եւ մինչեւ այս պահը կը մերժէ ընդունիլ Հարիրիի հրաժարականը:

Վերջին օրերուն Պաապտայի նախագահական պալատը «մեղուաբոյն»ի վերածուած էր ու մէկէ աւելի բանբերներ կը յայտարարէին, որ նախագահը կը սպասէ Հարիրիի վերադարձին՝ վերջնական կողմնորոշում ունենալու եւ «վճիռ» մը հրապարակելու համար:

Արարքը «մեծ խաղ» է եւ դէպքերուն ընթացքը սկիզբ կ՚առնէ Լիբանանէն եւ կը տարածուի ամբողջ շրջանին մէջ:

Ռիատ որոշած է հակահարուած տալ Թեհրանին ու այդ հակահարուածի գետինը կրնայ ըլլալ Պէյրութը: Այս բոլորին առընթեր բացի անկէ, որ մեծագոյն տուժողը Լիբանանը կրնայ ըլլալ, յստակ սկսած է դառնալ, որ հարցման նշաններ կան երկրի ապահովութեան, ելեւմտական կայունութեան եւ յատկապէս երեսփոխանական ընտրութեանց ճակատագրին վերաբերեալ:

Յստակ է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ «նոր» ղեկավարութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի, կը փորձէ «մէկ քարով» մի քանի «թռչուն» զարնել:

Խօսքը անշուշտ թագաւորութեան սահմաններէն ներս եղած զարգացումներուն մասին է, որոնց արձագանգները պիտի տարածուին ամբողջ շրջանին մէջ:

Ռիատ-Թեհրան պարանաձգութեան հերթական «զոհ»ը Լիբանանը կրնայ ըլլալ, մանաւանդ, որ երկիրը բաւարար ներուժ չունի դիմադրելու իրեն ուղղութեամբ բարձրացող ալիքներուն:

Յուսատու է այն, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն յայտնի է իր ամուր կեցուածքներով, որոնք սակայն կրնան պահել երկրի ապահովական անդորրը... իսկ ելեւմտական իրավիճակին մասին այլ խօսք:

Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերուն յստակ կը դառնայ, թէ ին՞չ են Լիբանանին դէմ բարձրացող ալիքներուն ուժգնութիւնը եւ ինչքանով վտանգուած է իր տարածութեամբ փոքր, սակայն իր ռազմավարական արժէքով մեծ այդ հիւրընկալ երկիրը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017