ԳԻՐՔԻՆ ՀԵՏ

Նոր հիւր մը ունիմ:

Հիւր մը, որուն միայն արտաքնապէս ծանօթ էի՝ անուն, ծննդեան թուական, վայր... շատո՜նց որոշած էի աւելի մօտ հաղորդակցութեան մտնել իրեն հետ ու սերտանալ, ճանչնալ, ինքնութեան ու կոչումին ծանօթանալ, սորվիլ իրմէ, շնչել ոչ այդքան հին բոյրը:

Յաճախ բարոյախօսութիւններ լսած էի իրեն մասին, հիացմունքի հնչիւններ, իրմէ արտաբերուած նախադասութիւններ երբեմն, որոնք շատ հարազատ թուացած էին... բաներ, որոնք հետաքրքրութիւն կը սրեն ու պրպտումներդ կը կրկնապատկեն ու դուն իր անունը կը հնչեցնես ամէն տեղ, կ՚որոնես անունովը իրեն, կը յուսաս իսկոյն գտնել, կը հարցնես բոլոր քեզ հանդիպողներուն՝ գիտցողին, չգիտցողի՜ն...:

Կ՚ափսոսաս, որ շատեր չեն գիտեր անունն իրեն կամ չեն լսած. բայց ինչպէ՞ս կարելի է, կը խոկաս դուն քեզի, ինչպէ՛ս կարելի է այդ նախադասութիւններուն տիրոջ անունը չգիտնալ:

... Ու կ՚անդրադառնաս մարդկային ճաշակներուն, հակումներուն, սէրերու տեսակներուն տարբերութիւններուն՝ ոչ մէկը միւսին կը նմանի: Կը հմայուիս Արարիչին ստեղծածներուն ի տես, իւրաքանչիւրը ինքնին կատարելութիւն մըն է, եզակի կատարելութիւն մը:

Բայց դուն յոյսին ապաւինելով կը շարունակես փնտռել անունին տէրը, հարցնել անոր մասին ամէնուրեք, յուսալ որ անպայման օր մը պիտի գտնես զայն, չէ՞ որ տիեզերքը անպատասխան չի թողուր խնդրանքներդ. ճիշդ է որ ժամանակի հասկացողութիւնը այս արարքին հետ առընչելը անհեթեթութիւն է, չես գիտեր ե՞րբ կրնայ քեզի համար յարմարագոյն ժամանակը ըլլալ, որ դուն ստանաս այդ խընդ-րանքիդ պատասխանը: Այնպէս ինչպէս բանի մը մասին երկարատեւ մտմտուքներէ ետք, երբ որոշես ալ չխորհիլ, երբ զօրանաս ու ընդունիս իրականութիւնը, կամ յանձնես զայն զօրութեան մը անկրկնելի ու դուն խաղաղեցնես ներսդ, այն ատեն է որ հարցերդ պատասխան կը ստանան:

Ճաշասենեակիս սեղանին վրան է ան, երեւելի տեղ մը ինծի համար, տեսքով նախ աչքս կը կշտացնեմ, բոյրով՝ ռունգս, ձայնով՝ ունկս. կանչը կ՚ուզեմ լսել ամէն կողքէն անցնելուս, բանալ յաճախ ու բթամատիս ծայրով ոլորել էջերը, էջերուն ոլորումով ստեղծուած բարակ հովով շնչել բոյրը, լսել ձայնը, պատկերացնել ստեղծումին օրերը, պայմանները, քրտնաջան աշխատանքը ստեղծողին, անոր ներաշխարհէն հոսած խորհուրդները, ապրումներու տարափը, լաւ ու վատ դէպքերը: Հեղինակին հրճուանքը, տագնապը երբեմն, իր գրելիքը ի՛ր ձեւով ընթերցողին հասկնալի դարձնելու ճիգը, ինչու չէ նաեւ երջանկութիւնը, երբ միտքի մը ամբողջական տարազաւորումը գոհացուցած ըլլայ զայն:

Ի՞նչ ապրումներ կան այս էջերուն ետին, ներաշխարհ մը, մտածելակերպ մը, իւրայատկութիւն մը... անձ մը ի վերջոյ իր բոլոր ներքին ելեւէջներով:

... Ու կը սկսիս ըմպել աչքիդ, ունկիդ ու ռունգիդ յագեցումէն ետք: Խորհուրդներ կը կարդաս ժամանակաշրջանէ մը, ուր դուն չկայիր. կ՚ապրիս այդ ժամանակի օրերը, կը թափառիս հեղինակին բառերուն հետ, կ՚ելեւէջէ ներսդ ալ իր ներսին հետ, կ՚երջանկանաս իր երջանկութեամբ, կը յուզուիս, կ՚ուրախանաս, կը հոսին իր ապրումները մէջդ, ինքզինքդ իր տեղը կը պատկերացնես երբեմն եւ իր հարցերու լուծումներուն կ՚ընկերանայ քուկդ, կը համեմատես երկուքը ու նորը կը ստեղծես դուն քեզի առանց զգալու որ հասունացում մըն է տեղի ունեցածը:

Կը բարեկամանաս անունին տիրոջ հետ ու չես ուզեր հեռանալ, չես ուզեր որ վերջ գտնէ բարեկամութիւնը՝ գիրքին ընթերցումը աւարտի. առօրեադ կը կապես իրեն հետ, ու ինք կը դիտէ քեզ հոնկէ՝ սեղանին վրայ իր տեղէն. կը կանչէ, որ ձեր զրոյցի շարունակուի: Ոճը կ՚ըմբռնես ու պարբերութիւններու առաջին բառերէն կը հասկնաս իր ըսելիքը, կ՚ենթադրես, ու երբ ճիշդ ըլլայ ենթադրութիւնդ՝ կը ժպտիս, քանի սկսած ես ճանչնալ զայն...:

... Եւ այսպէս ծանօթութիւնը անխզելի մաս մը կ՚ըլլայ քեզմէ, երկուորեակ մը աներեւոյթ, որ միշտ հետդ է, ամէն քայլափոխի, հետդ է նաեւ պարոյկը, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայ, ի՞նչ են դէպքերուն շարունակականութիւնը, ի՞նչ նորութիւններ պիտի ըլլան գալիք էջերուն, հերոսը պիտի հասնի՞ իր նպատակին:

Խոհեր կը թակեն դուռը մտքիդ ու դուն կ՚որոնես պահեր բացայայտելու վերջը, հասնելու անոր, եւ ամենակարեւորը այս բոլորին մէջ, անունին տէրը քեզ կը խլէ հոգերէդ, մտմտուքներէդ, անպատասխան հարցերէդ, որոնք կը ծանրանային հոգիիդ վրայ ու թախիծ կը պատճառէին երբեմն իրենց անորոշութեան պատճառով. ան ոչ միայն կը հեռացնէ քեզ խոկումներէդ, այլ կը նորոգէ, կը հասունցնէ միտքդ ու հոգիդ, իր կեանքի փորձին փոխանցումով կ՚աճեցնէ քեզ, կը բալասանէ իր խօսքերով ու ուսանելի խորհուրդներով եւ քեզ կը դարձնէ ուրիշ մը, նախկինէն շատ աւելի հզօր:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2019