ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Ամենէն դժուարը այս աշխարհին մէջ մարդ ըլլալն է

Այս տարի, 2022 թուականին կը լրանայ հայրենի նշանաւոր ու տաղանդաւոր գրողներէն մէկուն՝ Վարդգէս Պետրոսեանին ծննդեան 90-ամեակը:

Վարդգէս Պետրոսեան ծնած է 9 օգոստոս 1932-ին, Հայաստանի Աշտարակ քաղաքին մէջ: 1954-ին աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի լրագրութեան բաժինը:

1954-1961 թուականներուն աշխատակցած է տարբեր թերթերու, ինչպէս Նոր Պայազիտի շրջանային թերթին, «Սովետական Հայաստան» եւ «Աւանգարդ» թերթերուն մէջ:

1961-1966 թուականներուն եղած է «Պիոներ կանչ» թերթի խմբագիր: 1966-1975 թուականներուն ալ «Գարուն» ամսագիրին գլխաւոր խմբագիրը1:

1975 թուականի մայիսէն ի վեր եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար: 1981-էն սկսեալ ՀՍԱՀ նախարարներու խորհուրդին կից գրականութեան եւ արուեստի գծով պետական մրցանակներու յանձնաժողովին նախագահը եղած է:

Գիր ու գրականութեան անդաստանէն ներս սկիզբը հանդէս եկած է որպէս բանաստեղծ եւ ապա անցած է արձակի: Իր առաջին բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է «Պիոներ կանչ» թերթին մէջ, 1947-ին: Իր բանաստեղծութիւններէն ու պատմուածքներէն բազմաթիւ գրութիւններ թարգմանուած են ռուսերէնի եւ հրատարակուած են Ռուսաստանի զանազան թերթերու մէջ, ինչպէս նաեւ առանձին գիրքերով:

Պետրոսեանին ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են լիտվերէնի, լատիշերէնի, անգլերէնի, սերպո-խորվաթերէնի, չեխերէնի, վրացերէնի եւ ուրիշ լեզուներու:

1975-ին բեմադրուած է Պետրոսեանի «Ծանր է Հիպոկրատի գլխարկը» ստեղծագործութիւնը. բեմականացուած են անոր «Վերջին ուսուցիչը» (1979), «Հայկական էսքիզներ» (1980), «Ապրած եւ չապրած տարիներ» (1982) գործերը:

Երեւանի «Գաբրիէլ Սունդուկեան» թատերասրահէն ներս 1985-ին բեմադրուած է անոր «Համր լեռան ճիչը» թատրոնը:

Պարգեւատրուած է Լենինի, Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններով:

Իր մահկանացուն կնքած է 1994-ին, Երեւանի մէջ:

(Վարդգէս Պետրոսեանի կենսագրական գիծերու սղագրութիւնը կատարած ենք «dasaran.net» կայքէն):

Դժբախտաբար, Վարդգէս Պետրոսեան, ինչպէս նաեւ հայաստանցի այլ նշանաւոր գրողներ այնքան ալ ծանօթ չեն սփիւռքահայութեան, ինչպէս է պարագան սփիւռքահայ՝ արեւմտահայ գրողներու: Յոյս ունինք, որ յետագային Վարդգէս Պետրոսեանի ստեղծագործութիւններէն հատընտիր մը կը կազմուի արեւմտահայերէնով, որով սփիւռքահայ ընթերցասէր հանրութիւնը առիթ կ՚ունենայ ծանօթանալու եւ ըմբոշխնելու անոր վաստակը:

Այժմ, ընթերցողներուն արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Վարգէս Պետրոսեանէն:

- Անոնք կ՚երթային ակռաները սեղմած. գերութենէն փախչիլը հրէշաւոր ծաղր կու թուէր, թշնամիին դէմ կռուելու թոյնով լեցուած, եւ մեռնիլ անապատին մէջ՝ անիմաստ ու անօգուտ մահով…:

- Ուրիշին յաղթելու համար հոգիի եւ մկաններու գերագոյն լարում պէտք է: Սակայն, ամենէն դժուարը այն յաղթանակն է, որ մարդ ինքն իր դէմ պիտի տանի:

- Ահաւոր բան կ՚ըլլայ անընդհատ միայն աւազը տեսնել, անապատին գորշութիւնը: Պիտի յիշես, պիտի հրամայես քեզի միշտ՝ յիշելու, որ անապատէն եւ անյուսութենէն բացի, կայ նաեւ ուրիշ բան՝ մաքուր, գեղեցիկ…, թէեւ հեռաւոր, թերեւս անսահմանօրէն հեռաւոր, բայց կայ:

- -Բժի՛շկ, հապա ասիկա ինչպէ՞ս եղաւ:

-Ինչպէ՞ս: Պաղտասա՜ր, ցաւը գացած էր ոտքերէդ, բայց տակաւին գլուխիդ մէջ կար, պինդ նստած էր: Ա՜յ, ատկէ էր, հապա՞:

- Երգը միշտ ալ մարդուն տուեալ պահու խոհն է՝ հնչիւններու վերածուած:

- Գրողը սիրելու կամ չսիրելու համար, նախ կարդա՛լ է անհրաժեշտ:

- Ես կը նայիմ վեր՝ երկինքին: Այնտեղ աստղերն են, որ միայն բանաստեղծութիւն գրելու համար չեն: Աստղերը նաեւ անոր համար են, որ եթէ ոչինչի կը հաւատաս, վեր նայիս: Իսկ ետքէն երկինքին ալ, մարդոց ալ, քու սեփական հոգիիդ մէջ ալ նայիլը դիւրին կ՚ըլլայ: Իսկ ետքէն՝ սեփական հոգիիդ մէջ ալ թերեւս աստղեր գտնես:

- Դժուար է հին երազները գտնել,- ըսաւ մարդը,- եւ թերեւս պէտք ալ չէ: Ամէն տարիք իր երազները ունի, թէեւ այդ երազները չկատարուին: Ահռելի, անհեթեթ բան կ՚ըլլայ, եթէ պատանեկան երազները երեսուն տարեկանին կատարուին:

- Թախիծի եւ մինակութեան վայրկեաններուն մարդոց կը թուի, թէ իրենք են աշխարհի միակ բնակիչները, եւ այդ պատճառով ալ այն՝ ինչ որ իրենց հետ պատահած է, կը թուի թէ ամբողջ մարդկութեան յատուկ է:

- Մարդ երբ քսան տարեկանին կը պարտուի, ատիկա սկիզբ է, ետքէն ան կը յաղթէ, իսկ երբ երեսունեօթ տարեկանին կը պարտուի, կը նշանակէ, թէ ամէն ինչ վերջացած է:

- Առհասարակ չեմ հասկնար, թէ գեղեցիկ աղջիկները ինչու կը բարկանան. ինծի կը թուի, որ անոնք աւելի շուտ կրնան ամէն ինչի հասնիլ՝ ժպիտով:

- Մեր լեռներուն մէջ աշունը նման է այն երեխային, որուն համար հայրը վերջապէս խոստացած ներկերը բերած է՝ փոքրիկ տուփ մը, որուն մէջ աշխարհի բոլոր գոյներն են: Երեխան անհամբերութեամբ բացած է տուփը, գոյները իրարու խառնած՝ եւ ստացած է աշունը: Իսկ բանաստեղծները կ՚ըսեն, թէ աշունը դեղին է:

- Մարդը սովորաբար այն բանին համար կը տխրի, ինչ բանը արդէն իրը չէ…:

- Խոր տխրութեան պահերուն, մարդիկ ուրիշ բաներու մասին կը խօսին:

- Մարդիկ այն ժամանակ միայն կը մեռնին, երբ կը յոգնին: Իսկ մէկը կրնայ յոգնիլ տասնութ, միւսը՝ եօթանասուն տարեկանին:

- Գիրքերը քիչ մը բամբասասէր մարդոց նման են. անոնք իրենց գաղտնիքները բոլորին կ՚ըսեն:

- Կեանքը սենեակ չէ, որ չուզած իրերդ դուրս շպրտես:

- Ամենէն շատ սիրով պարտ կու տամ վատ մարդոց, ատկէ ետք անոնք կը խուսափին ինծի հանդիպելէ, կը կարծեն, թէ ե՛տ կ՚ուզեմ:

- Խոտերուն մէջ ծաղիկներ ալ կան, ինչպէս անցած ամառ՝ երբ ես դարձեալ այս դաշտերուն մէջ էի: Ես պառկած եմ եւ արդէն մի քանի վայրկեան է կը փորձեմ որոշել, թէ ի՛նչ կ՚ուզեմ: Չեմ կրնար: Յետոյ յանկարծ կը մտածեմ. ասոնք անցած տրուանը չեն՝ ուրիշ ծաղիկներ են, ուրիշ խոտեր: Բայց երբ դաշտին կը նայիմ, նո՛յնն է, նոյն գոյները, նոյն ձայները, կարծես նոյն մեղուները եւ թիթեռները, իսկ վերը՝ նոյն արեւը: Աչքերս կը փակեմ, վայրկեանները կ՚անցնին եւ ես կամաց-կամաց կը սկսիմ հասկնալ, թէ ինչ կ՚ուզեմ՝ անցեալ տարուան ծաղիկները…:

- Մարդը դատարկութեան դժուար կը վարժուի. ըլլա՛յ գրպանի, թէ սիրտի:

- Կիները տարօրինակ են. անոնց միշտ կը թուի, թէ իրենց ամուսինին ամենէն փակ դռները մտած են, որովհետեւ անոր հետ հինգ կամ տաս տարի ճաշած են, կողք-կողքի քնացած են, երեխայ ունեցած են եւ գգուանքի վայրկեաններուն՝ լսած անոր շատախօսութիւնները: Խե՜ղճ կիներ: Եւ ատոր համար ալ, երբ յանկարծ այդ ամուսին կոչուածը կը փոխուի, անոնք ամէն բանէ առաջ պատճառը կը փնտռեն ուրիշներու շրջազգեստներուն մէջ:

- Տղամարդը երեւի մինչեւ կեանքին վերջ երեխայ կը մնայ, կարօտ ջերմութեան, եւ ատոր համար ալ, երբ կինը կը վանէ, ան կը փորձէ այդ ջերմութիւնը դուրսը գտնել, ուրիշներուն մօտ՝ երբեմն առանց ընտրութեան, առանց քննարկելու:

- Մեզի ոչ ոք սորվեցուց ամենէն կարեւոր բաները: Առաջին դասարանի ընթացքին անցանք Այբուբենը, ատիկա յետոյ ալ կը սորվէինք: Ետքէն թուաբանութեան դասատուն մեզի անգիր ընել տուաւ բազմապատկումի աղիւսակը…, երբ կեանքի ընթացքին մենք անընդհատ պիտի բաժնուէինք մեր մտերիմներէն, մեր յոյսերէն, մեր ապրած տարիներէն…: Սորվեցուցին հին ու նոր ժամանակներու պատմութիւնները, որ ի՞նչ…:

Եւ ոչ ոք մեզի սորվեցուց ինչպէ՛ս հասկնալ կողքինին տխրութիւնը, ինչպէս լսել լռութիւնը, ինչպէ՛ս տառապիլ՝ արժանապատուութեամբ: Ձգեցին, որ այդ ամէնը ինքնակրթութեամբ սորվինք՝ ինչպէս կ՚ըսեն: Իսկ աւելի մարդավարի ըսած, ամենէն կարեւոր բաները մեր սիրտին վրայ ստացած վէրքերով պիտի սորվինք: Իսկ վէրքերէն սպիներ կը մնան…: Բայց սիրտը սպիներով է սիրտ, այդ սպիներով է, որ սովորական մկաններու կոյտէ մը, սիրտը կը դառնայ մեր ապրած ճակատագիրին վկան եւ մեր ամենէն վերջին զրուցակիցը:

- Վայրկեան կու գայ, երբ մարդ կը մոռնայ նոյնիսկ ամենաառօրեայ բառը, խօսքը:

- Ինչ դիւրին է թուղթին որեւէ մէկ միտք տալ՝ որ դուն չես ապրած, որ քեզի պարզապէս հնարաւոր ու գեղեցիկ կը թուի:

- Ծեր արծիւները, երբ մահը կը զգան, կ՚իջնեն դէպի լեռները, քարանձաւներ կ՚որոնեն: Երիտասարդները երկինքի մէջ կը մեռնին: Ոչ թէ անոր համար, որ երիտասարդները կեանքը կ՚արհամարհեն, չեն վախնար մահէն: Ո՛չ, կեանքը կը սիրեն եւ չեն ուզեր մեռնիլ: Սակայն երիտասարդ արծիւին կեանքը երկինքն է, թռիչքը, իսկ մահը միայն մէկ վայրկեան է, կամ վայրկեանի մէկ հարիւրորդական մասը:

- Մենք հազար ու մէկ բան կը կարօտնանք, բայց մտածա՞ծ ենք, որ ամենէն շատը մենք մեզի կը կարօտնանք, եւ ի՜նչ հազուագիւտ մետաղ դարձած է մինակութիւնը:

- Երկինքին մօտիկ ըլլալու համար, պէտք է հողին մօտիկ ըլլալ:

- Ծառերը իրենց բնութեան աւելի հաւատարիմ են, քան մարդիկ:

- Ո՞ր մէկ որդին կը հասկնայ իր հայրը, եւ ինչո՞ւ պիտի հասկնայ: Հայրերն է, որ որդիները պիտի հասկնան, ատիկա իրենց պատիժն ու երջանկութիւնն է միաժամանակ:

- Ծովը անով է ծով, որ երբեմն իր ափերէն դուրս կու գայ, նաեւ աւերածութիւններ կը գործէ: Եթէ ափերէն դուրս չգայ, ծովը կրնայ ճահիճի վերածուիլ կամ վիթխարի ջրափոսի մը:

Մարդը անով է մարդ, որ երբեմն իր ափերէն դուրս պիտի գայ, իր ճակատագիրին դէմ պիտի ըմբոստանայ, բաներ պիտի ըսէ, որ մնացած օրերուն իր մէջ կը խեղդէ, թէեւ յետոյ նաեւ պիտի հանդարտի՝ ինչպէս ծովը, մինչեւ… մինչեւ յաջորդ ալեկոծութիւն:

- Ուսերուն վրայ դրուած ամէն բան գլուխ չէ, մատամ, բազմոցին փռուած ամէն փալաս ալ տղամարդ չէ, պարոն:

- Այս քարերը պիտի հաւաքենք, ձորը լեցնենք,- ի վերջոյ Յովսէփը իր ընելիքը ձեւակերպեց-, յետոյ ալ լխկած վարժապետին ես կը սորվեցնեմ հայոց Այբուբենին մնացած տառերը, ան Այբուբենը ամբողջութեամբ չի՛ գիտեր, ան իմ այբուբենիս տառերը լաւ չի՛ գիտեր:

- Մայրերը որեւէ մէկ կորուստի հետ չեն հաշտուիր, մայրերը իրենց բոլոր կորուստները անարդար կը համարեն, բախտի չար հարուած. մայրերը ճակատագիրին դէմ կռիւ կու տան՝ մինչեւ վերջին շունչը: Իսկ մե՞նք. ի՜նչ հեշտ կը հաշտուինք մեր բոլոր կորուստներուն հետ, ի՜նչ տրամաբանական բացատրութիւններ կը գտնենք եւ ի՜նչ արագ կը մոռնանք, կը ջնջենք՝ մեր յիշողութենէն…:

- Իր ծնած օրէն մարդը կը կռուի կշտանալու համար. սկիզբը՝ մօր հետ, ետքէն՝ աշխարհի: Աշխարհին հետ՝ երկար, մինչեւ վերջին շունչը:

- Մեր բոլոր ձախորդութիւններուն վրէժը կը սիրենք առնել մենք մեզի մօտիկ մարդոցմէ. ինչո՞ւ:

- Ճշմարտութիւնը բժիշկին համար է եւ ո՛չ թէ հիւանդին կամ հիւանդատիրոջ: Եւ բժիշկին խաչն է՝ մինչեւ վերջին պահը հաւատալ, թէ կարելի է հիւանդը փրկել:

- Ամենէն դիւրինը հիւանդը խաբելն է, որովհետեւ ան շա՜տ կ՚ուզէ ապրիլ:

- Ռենտկէնի գործիքը երեւի կնոջ նմանութեամբ յօրինած են:

- Սկիզբը մեր հոգին կը մաշի, նոր միայն մարմինը, բայց հոգիին մաշիլը ո՞վ կը տեսնէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Այս տարի կը լրանայ նաեւ տուեալ ամսագիրին 55-ամեակը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2022