«Ա­ՄԵԱԿ­ՆԵՐ»՝ ԱՊ­ՐՈ­ՒԱԾ ՓՈՐ­ՁԱ­ՌՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐՈՒ ԸՆԴ­ՄԷ­ՋԷՆ

Մարդուն անհատական, հաւաքական ու ազգային կեանքին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն է ամեակներու նշումը: Կարծէք հոն կեանքը պահ մը կանգ կ՚առնէ տեսնելու համար, թէ ի՞նչ պատահած է նոյնինքն կեանքին՝ անհատական, հաւաքական եւ ազգային իր պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն ընդմէջէն: Այս իմաստով է, որ ամեակները կը դառնան կեանք՝ ապրուած պատմութիւն, իրենց տարբեր ելեւէջներով: Ու տակաւին նոյն այդ կեանքին մէջ, եթէ պիտի կարեւորենք ներկան, բայց անոր կողքին նաեւ պիտի նայինք ապագային՝ հորիզոնէն անդին, ծրագրելու համար նոյն կեանքին գալիք օրերը:

Ինչպէս բոլորին, իմ կեանքիս մէջ ալ ամեակները ունեցած են յաջորդական փուլային հոլովոյթներ, որոնք ստեղծած են ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւն: Սակայն հիմնականը եղած է կեանքիս փորձառութեան ընթացքին այդ գիտակցութեան առընչուած դաստիարակութեան ընկալումը տարբեր բնագաւառներու մէջ: Անշուշտ իւրաքանչիւր փորձի ու փորձառութեան պարագային ինքզինք կը պարտադրէ նաեւ ապրած ամեակներուս իմ մէջս կերտած գիտութիւնը, եւ մանաւանդ ինքնագիտակցութիւնը՝ կեանքիս համար:

Ծնած եմ ընտանիքի մը մէջ, որ երկար տարիներու վրայ ու տարբեր սերունդներու համար ունեցած է ազգային եւ եկեղեցական աւանդ: Եւ այս Այնթապէն-Հասան Պէյլիէն սկսելով, հասնելով՝ Հալէպ ու ապա Պէյրութ, եւ ներկայիս քիչ մը տարածուած ամէնուրեք: Հայրս շատ մանուկ՝ Այնթապէն տեղահանուելով, իր ընտանիքին հետ հասած է Հալէպ եւ մեծցած ու դաստիարակուած «երազային Հալէպի» այդ ջերմ մթնոլորտին մէջ: Անցած է Պէյրութ եւ մասնագիտացած է որպէս դեղագործ, բայց երաժշտութիւնը մնացած է իր կեանքին սէրը: Եւ իր ողջ կեանքին ընթացքին հայկական կեանքին մէջ իր ներդրումը ունեցած է երգի ու երաժշտութեան ընդմէջէն: Մայրս ծնած է Այնթապ, ապա Հալէպ, եւ եղած է հիւանդապահուհի:

Ազգային-հայկական կեանքի կազմաւորումս եղաւ եկեղեցիի դաստիարակութեան միջոցաւ: Չունեցայ այսպէս ըսած կուսակցական-միութենական պատկանելութիւն եւ անոր միջոցաւ փոխանցուած ազգային կրթութիւն: Հօրս լռելեայն օրհնութեամբ եւ մօրս հզօր քաջալերանքով հասակ առի հոգեւոր-եկեղեցական աշխարհին մէջ, եւ որուն միջոցաւ ալ տակաւ-տակաւ սկսայ բացուիլ ազգային ինքնութեան եւ անոր գիտակցութեան:

Հայրս ապրած էր 1958-ի Լիբանանի քաղաքացիական կռիւները: Եւ ականատես եղած էր այդ կռիւներուն մէջ ներառուած միջհայկական թշնամանքին եւ բախումներուն: Ունեցած էր իր սեփական դեղարանը Պէյրութի Մար Մխայէլի շրջանին մէջ, եւ քաղաքացիական կռիւներուն ժամանակ ստիպուած եղած էր միշտ բաց պահելու զայն՝ շտապ օգնութեան հասնելու արտակարգ իրավիճակին: Եւ հոն ան ապ-րած էր ցաւը:

Երկու երիտասարդ հայ եղբայրներ, որոնք իր դեղարանին առջեւ հայկական փամփուշտով գետին փռուած էին: Ու կար այդ մէկ երիտասարդ եղբօր նայուածքը իրեն եւ վերջին խօսքը աչքերը փակելէն առաջ. «Քիչ մը ջուր հաճիս»:

Հայրս երբեք չէր պատմած այս պատմութիւնները ինծի: Մայրս էր, որ կը պատմէր. «Ամիսներ հայրդ չի կրցաւ քնանալ», ըսաւ ան: «Գիշերները կ՚արթննար շնչահեղձ ու կ՚ըսէր.- քիչ մը ջուր»: Եւ չէր ուշանար մօրս զգուշացումը ինծի. «Հօրդ բան մը չըսես, որ գիտես այս պատմութիւնները»: Բայց ես կրնայի տեսնել նոյնինքն այդ ցաւերը հօրս ներաշխարհին մէջ: Երբ քաղաքական նիւթեր կը խօսուէր, կը տեսնէի, թէ հայրս հոն չէր: Եւ կամ չէր ուզեր հոն ըլլալ: Պարզապէս իր աշխարհը չէր: Բայց երաժշտութեան հետ ան ետ կը դառնար կեանքին: Եւ կը փորձէր մեր ազգային արժէքները սորվեցնել ինծի՝ երաժշտութեան եւ մշակոյթի միջոցաւ:

1975-ին սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Այս անգամ իմ կարգս էր ապրելու զայն եւ իմ փորձովս: Հայրս մեկնեցաւ այս աշխարհէն եւ կարծէք ձգեց ինծի ապրելու զայն իմ փորձովս: Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու որդեգրած «դրական չէզոքութիւնը» մէջս ամրապնդեց ազգային հաւասարակշռուած դաստիարակութեան առաջին հիմքը: Եթէ 1958-ի դէպքերը միայն լսած էի, 1975-ի իրադարձութիւնները կ՚ապրէի բայց նաեւ կը սորվէի ու կը գիտակցէի: Եթէ ահաւոր էր պատերազմը եւ անոր ձգած ողբերգական ցնցումները, բայց կար նաեւ մէջս մեծցող ազգային ինքնութեան ու անոր հաւատարմութեան նկատմամբ քննական-առարկայական մօտեցումը: Եւ մեր գաղութի ղեկավարները յաջող կերպով այդ մօտեցումները մեզի փոխանցեցին:

Բայց սորվելու եւ գիտակցելու այս գործընթացը տակաւին երկար էր: Եթէ Մեծ եղեռնի ամեակները համահայկական էին, բայց ոչ, օրինակի համար, առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը՝ Մայիս 28-ը: Եւ այս թուականը եթէ գիտէինք, թէ հայկական էր, բայց մօտիկ չէր: Հոն տեղ մը հորիզոնին վրայ երեւցող-չերեւցող ամեա՞կ մը: Ու կարգ մը կրթական հաստատութիւններ՝ յարգելու համար դպրոցները փակ պահելու իրականութիւնը, կը յայտարարէին այդ օրը որպէս «դաշտագնացութեան օր»: Կը հարցնէինք, կը փնտռէինք, ու կը մտածէինք: Թէ ինչ՞ է այս թուականը եւ որո՞ւնն է: Մերն է՞, թէ՞ միւսինն է: Բայց ո՞վ է մերը եւ ո՞րոնք են միւսները:

Հայկական երկրորդական վարժարանէն ետք պիտի անցնէինք համալսարանական կրթութեան եւ իմ պարագայիս՝ Հայկազեան գոլէճ (այժմ համալսարան): Եւ մասնագիտական ուսումին կողքին կային նաեւ ուսանողական գործունէութիւնները: Եւ հոն էր Հայկական ակումբը եւ անոր ներկայացուցչական կազմը: Եթէ կար կուսակցական ներկայացուցչութիւնը, բայց նաեւ կար համայնքայինը: Եւ քանի՞ անդամ իւրաքանչիւրէն: Թիւի՞, թէ՞ ներկայացուցչական հանգամանքները պէտք էր, որ նկատի առնուէին: Եթէ կազմը ամբողջացուցինք, կարգը կու գար ձեռնարկներուն: Եւ անոր մէջ կարեւոր տեղ պիտի գրաւէր Մայիս 28-ի ձեռնարկը: Ինչո՞ւ պէտք էր կազմակերպուէր եւ ի՞նչ բովանդակութեամբ: Ո՞վ եւ ի՞նչ պէտք էր որ խօսէր: Ու տակաւին Եռագոյն դրօշակը: Պէտք է՞ր, որ զետեղուէր, թէ՞ ոչ: Կար այդ վարկածը, թէ այդ դրօշակը հատուածական էր: Բայց երեւի պիտի սպասէինք հասնելու համար ներկայ օրերուն, ուր Եռագոյնը պիտի զետեղուէր ամէն տեղ հայկական մեր իրականութիւններուն մէջ՝ ներառեալ մեր սրտերուն մէջ:

Հայաստանի Հանրապետոթեան ներկայութիւնը սովետական համակարգի մէջն էր: Հայաստանը մերն էր, բայց նաեւ հեռու եւ ոչ շատ հասանելի: Քիչ մը կ՚ընդունէինք, երբեմն ալ ո՛չ: Կար քաշքշուքը, երկմտանքը ու տարակուսանքը: Իմ պարագայիս, կար հօրեղբօրս Տքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի հաւատամքը Հայաստանի նկատմամբ: Հօրեղբօրս համար Հայաստանը վեր էր ամէն տեսակի համակարգէ: Արժէք էր եւ այդ գիտակցութեամբ ան իր ողջ կեանքը նուիրեց հայրենիքի կեանքին եւ անոր յառաջխաղացին: Եւ իր միջոցաւ առջեւս կը բացուէր Հայաստանի գիտա-մտաւորական ու պատմական մեծ աւանդ մը: Բայց կային նաեւ հայրենի արուեստագէտներու պարբերական այցելութիւնները եւ ելոյթները Պէյրութի մէջ: Ու տակաւին հայրենի Արարատ ֆութպոլի խումբը, ուր իւրաքանչիւր մարզիկ մեզի համար դարձած էր ազգային հերոս: Կ՚ուրախանայինք, կ՚ոգեւորուէինք, կը լիցքաւորուէինք բայց նաեւ մէկ-մէկ ազգային ինքնութեան կազմաւորում կը դառնար այդ բոլորը:

1988-1990: Ղարաբաղեան շարժումը եւ Հայաստանի անկախացումը: Ու ահաւասիկ պատմութեան մէջ հայրենի երրորդ Հանրապետութիւնը արդէն իմ եւ մեր աշխարհին մէջ էր: Եւ առիթը ունեցայ 1991-1996 տարիներուն կանոնաւորաբար այցելել Հայաստան եւ աշխատիլ՝ հիմնելու համար Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր գրասենեակը հայրենիքի մէջ: Հոս արդէն հայրենիքի իրականութիւնը դարձած էր անմիջական կեանքիս մէջ: Կ՚ապրէի զայն, իր հարազատութեամբ ու ոտքս դրած հայրենի հողին վրայ կ՚ապրէի ոչ թէ հեռուէն եւ կամ պատմութենէն ինծի փոխանցուած իրականութիւնը եւ կամ դաստիարակութիւնը: Հայրենիքը իրական էր, շօշափելի եւ զգալի իրականութիւն: Եթէ մէկ կողմէ կը տեսնէի հայրենիքը իր հարազատութեամբ, միւս կողմէ կ՚ըմբռնէի զայն իր բոլոր մարտահրաւէրներով: Բայց նաեւ կը սորվէի, թէ քննադատութիւնը բաւարար չէ: Հայրենիքը պէտք ունի դրական ուժի սրսկումին: Թէ ներկայիս այս է իմ ունեցածս եւ թէ անհրաժեշտ էր զայն պահել, բայց մանաւանդ աւելցնել անոր վրայ: Եւ այս մինչեւ այսօր իմ ապրած կեանքիս փորձն է:

Կիրակոսը չափահաս տարիքի Հայաստան ապրող վարորդ է: Իմ վերջին այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին խնդրած էի իրմէ, որ զիս տանէր Արցախ: Եւ ճամբորդութիւնը բաւական երկար ըլլալով կար հաճելի զրոյցը: Եւ անոր ընդմէջէն իմ հետաքրքրութիւնս: «Կիրակոս, դուն որ ապրած ես սովետական ժամանակաշրջանը, ինչպէ՞ս կը համեմատես զայն ներկայ օրերու իրականութեանը հետ», եղաւ իմ հարցումներէս մէկը:

Կիրակոսը եւ երեւի իր կեանքի փորձէն մեկնելով, ունէր քննական հաւասարակշռուած մօտեցում: «Ոչ մէկ տեղ եւ համակարգ անսխալ եւ ամբողջական է», ըսաւ ան: «Սովետի օրերուն ալ նոյնն էր եւ այդպէս պէտք է մօտենալ», շարունակեց Կիրակոս: Ան անդրադարձաւ սովետական ժամանակաշրջանին ժխտական եւ դրական կողմեր ունենալու իրականութիւններուն: Եւ ինչպէս արեւելահայերէնի մէջ կան դիպուկ արտայայտչական մօտեցումներ: Կիրակոս եզրափակեց. «Սովետական շրջանը ունէր իր մինիւսները եւ փլուսները»:

Հոկտեմբեր 20, 2017: «Ազդակ» օրաթերթի կազմակերպած լսարանի դասախօսն էր Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը: Ան խօսեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1920, պատմութիւն եւ արդիական խնդիրները» նիւթին մասին: Փրոֆ. Մելքոնեան քննական-առարկայական մօտեցումով վեր առաւ մեր երեք հանրապետութիւնները եւ անոնց պատմական տուեալները: «Երրորդ հանրապետութիւնը պիտի չըլլայ, եթէ չըլլար երկրորդը, եթէ երկրորդը կեանքի կոչուեցաւ, այդ ալ առաջինին շնորհիւ: Մինչեւ երրորդ հանրապետութիւն երկարող այս շղթան մենք կը պարտինք 1918-ի Մայիս 28-ի հրաշքին եւ իբրեւ ազգ եւ երկիր պատրաստ ենք յաւուր պատշաճի նշել այդ փառահեղ հարիւրամեայ յոբելեանը», ըսաւ ան:

Փրոֆ. Մելքոնեանի շղթան կրցայ հետեւցնել ապրած կեանքի փորձառութիւններու շղթայիս: Եւ կեանքիս շղթաներէն իւրաքանչիւրը՝ լսած, ապրած թէ փորձուած, ինք իր պարունակին մէջ դարձաւ ինքնութեան փորձառութիւններու վերահաստատում: Եւ տեսայ նաեւ ինչպէս այս փորձառութիւններու շղթան իրարու հետ կապուած եւ զիրար ամբողջացնող իրականութիւն դարձած է: Եւ թէ ինչպէս այդ փորձառութիւնները կամաց-կամաց կազմեր են ազգային ինքնութեան հասկացողութիւնը, որ համահայկական է եւ մեր բոլորին կը պատկանի: Ան կը պատկանի իր «մինիւսներով» եւ «փլուսներով»: Մերն է, հայկական է, իւրայատուկ է եւ իւրաքանչիւր հայ պէտք է իւրացնէ ու պահէ զայն, մէկ կողմէ սորվելով անցեալէն, իսկ միւս կողմէ պահելու համար ներկան եւ կերտելու համար ապագան: Ու դարձեալ Փրոֆ. Մելքոնեանը. «Թիւր կարծիք է, որ մենք անկախութեան մտայնութիւնը չենք ունեցած: Անկախութեան համար պայքարը շատ անթեղուած ձեւով մեր հասարակական-քաղաքական միտքը իր սրտին մէջ ունեցած է արդէն»:

Եւ անկախութիւնը միայն աշխարհագրական ու հողատարածք-սահմաններու հասկացողութիւն չէ: Ան մտքի, մտածողութեան, ինքնութեան անկախութիւն է: Հոն, ուր հայ մարդը, կ՚ապրի իր ազգային կեանքը իր հարազատութեամբ եւ հպարտութեամբ: Կ՚ապրի այս աշխարհին մէջ եւ կը յարաբերի իր մշակութային եւ անոր ամբողջական ազատութեան հասկացողութեան ընդմէջէն:

Ամեակները մեր պատմութեան մէջ այս ազատութիւնն է, որ կերտած ու շնորհած են՝ ինծի համար, եւ իմ իւրաքանչիւր կեանքի փորձառութիւններուս ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայու համար:

Եւ հայը իր այս ամեակ(ներ)ը պարտի իւրացնել, ինչպէս նաեւ շարունակէ պահել ու կերտել նոր ամեակներ:

Ամեակներ՝ ապրուած փորձառութիւններու ընդմէջէն:

Եթէ ամեակը հայուն պատմութիւնն է, ապա ապրուած փորձառութիւնը հայուն անկախութիւնն է՝ հողին, ինքնութեանը եւ մշակոյթին, հայուն համար, մեր բոլորին համար:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018