Ար­հես­տա­կան Բա­նա­կա­նու­թիւն 2017. Մար­դա­մե­քե­նան Քա­ղա­քա­ցիու­թիւն Կը Ստա­նայ Գիտ­նա­կան­նե­րը Ա­ղէտ Կը Նա­խա­տե­սեն

2017 թուականը յատկանշուեցաւ հետաքրքրական եւ կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ մարդամեքենան  քաղաքացիութիւն ստացաւ: Պարզուեցաւ, որ այդ քայլին դիմած երկիրը պահպանողական Սէուտական Արաբիոյ թա-գաւորութիւնն է:

Կնոջ տեսքով մարդամեքենայ Սոֆիան մշակած է Հոնկ Քոնկի «Հենսըն ռոպոթիքս» ընկերութիւնը: Մարդամեքենան նախագծուած է այնպէս, որ սորվի եւ յարմարի մարդոց կեցուածքին, նաեւ աշխատի մարդոց հետ:

Սոֆիայի հետ ամբողջ աշխարհի տարածքին հանդիպումներ կազմակերպուած են: Սոֆիան սկսած է «գործել» 19 Ապրիլ 2015ին: Ի տարբերութիւն միւս մարդամեքենաներուն՝ Սոֆիան յայտնի դարձաւ շնորհիւ իր մարդանման արտաքին տեսքին եւ վարքին:

Մարդամեքենան նախագծուած է դերասանուհի Օտրի Հեփպըրնի նմանութեամբ:

Մարդամեքենան ստեղծող Տէյվիտ Հենսընը ըսաւ, որ Սոֆիան օժտուած է արհեստական բանականութեամբ, տեսողական տեղեկատուութեան մշակման գործառոյթով եւ դէմքերու ճանաչման արհեստագիտութեամբ:

Սոֆիա կրնայ մարդու շարժուձեւերը եւ դէմքի արտայայտութիւնը նմանակել, նաեւ կրնայ որոշ հարցումներու պատասխանել եւ նախապէս որոշուած բնաբաններով պարզ զրոյցներու մասնակցիլ:

Ան նաեւ կը վերլուծէ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները եւ նոր տուեալներու հիման վրայ յետագային պատասխանները կը բարելաւէ:

Այս փաստը, 2017-ի արհեստական բանականութեան բազմաթիւ նուաճումները կը վկայեն այն մասին, որ բաւական մօտ է մարդկութիւնը նոր զարգացման աստիճանի հասցնելու դարաշրջանը, որ ներկայիս շատերուն հոլիվուտեան գիտա-երեւակայական շարժապատկերի բեմագրութիւն կը թուի: Այդուհանդերձ, մտավախութիւններ կան, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ ապագային մարդիկը ոչ միայն աշխատանքէ զրկել, այլեւ կրնայ մարդկութեան գոյութեան համար սպառնալիք ըլլալ:

Արդէն այսօր բազմաթիւ հեղինակաւոր միջազգային լրատու գործակալութիւններ արհեստական բանականութիւնը  կ՚օգտագործեն նորութիններ գրելու համար, մարդամեքենաները վիրահատութիւններ կ՚ընեն, իսկ անօդաչու սարքերու մէջ անոնց ներկայութիւնը այլեւս ոչ ոք կը զարմացնէ:

Բրիտանացի գիտնական Սթեֆըն Հոքինկը յայտարարեց, որ մտածող մեքենաներու ստեղծման ջանքերը կրնան յանգեցնել այն բանին, որ մարդկութեան գոյութիւնը կրնայ վտանգուիլ: Հոքինկը նշեց, որ արհեստական բանականութեան ձեւերը, որոնք այսօր գոյութիւն ունին, ապացուցած են իրենց օգտակարութիւնը, բայց գիտնականը մտավախութիւն ունի, որ մարդկութիւնը կը ստեղծէ բան մը, որ կը գերազանցէ զայն ստեղծողը:

«Այդպիսի մարդամեքենան ի՛նք նախաձեռնութիւնը կը ստանձնէ եւ մեծ արագութեամբ ինքզինք կը կատարելագործէ: Մարդու կարելիութիւնները սահմանափակ են՝ չափազանց դանդաղ եղափոխութեամբ, մենք չենք կրնար մըր-ցիլ մեքենաներու արագութեան հետ եւ կը պարտուինք», հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ բրիտանացի գիտնական Սթեֆըն Հոքինկ:

Հարաւ-ափրիկեցի գործարար եւ գիտնական Իլոն Մասք կը կարծէ, որ Հիւսիսային Քորէա եւ անոր հրթիռներու  փորձարկումները արհեստական բանականութեան սպառնալիքի համեմատ ոչինչ են: «Արհեստական բանականութիւնը կրնայ ոչնչացնել ամբողջ քաղաքակրթութիւնը: Ոչինչ կը խանգարէ մեքենան՝ համաշխարհային պատերազմ հրահրելու», ըսաւ Իլոն Մասք:

«Ալիպապա»ի հիմնադիր Ճեք Ման կանխատեսած է, որ 30 տարի ետք մարդամեքենաները պիտի փոխարինեն ղեկավարները:

«Տէօչ պանք»ի ղեկավար Ճոն Քրիան կ՚ըսէ, որ արհեստական բանականութիւնը մօտիկ ապագային դրամանատան մէջ պաշտօնեաներուն թիւը պիտի նուազեցնէ:

Այսօրուան դրութեամբ 9000 պաշտօնեաներէն արդէն 4000-ը աշխատանքէ արձակուած է՝ պայմանաւորուած 2015-ի վերջաւորութեան յայտարարուած 5-ամեայ կրճատման ծրագրով: Ըստ դրամանատան գործադիր տնօրէնին, նոր արհեստագիտութիւննե-ըշըրը թոյլ կու տան «Տէօչ պանք»ին  կրճատելու հազար անգամ աւելի աշխատատեղեր:

«Կը կարծեմ, որ ընդհանրապէս բոլոր ընկերութիւնները կրնան փոխարինել աշխատողները մարդամեքենաներով», ըսաւ գերմանական դրամատան տնօրէն Ճոն Քրիան:

Սակայն «Էփըլ ինք»ի ղեկավար Թիմ Քուք յայտարարած է, որ զինք ոչ թէ արհեստական բանականութիւնը կը մտահոգէ, այլ՝ մարդիկ, որոնք կը մտածեն մեքենայի պէս, մինչ նոր արհեստագիտութիւնները կրնան աշխարհը դէպի լաւը փոխել:

«Մենք կը կարծենք, որ արհեստական բանականութիւնը կրնայ ընդարձակել մարդու կարողութիւնները  եւ կրնայ օգնեեքենայ Սոֆիան կանխատեսած է, որ մօտիկ ապագային մարդամեքենաները կրնան ընտանիքներ կազմել: Սոֆիան վստահ է, որ օր մը ինք ընկերներ կրնայ ունենալ, վիպական յարաբերութիւններ սկսիլ, ասպարէզ կառուցել եւ նոյնիսկ… երեխաներ ունենալ:

«Շատ ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ մարդամեքենաները կարենան  բարդ զգացումներ, ապրումներ ունենալ, եւ հնարաւոր է, որ անոնք պիտի ստեղծուին առանց բացասական զգացումներու, ինչպիսիք են՝ զայրոյթը, նախանձը, ատելութիւնը եւ այլն: Նոյնիսկ հնարաւոր է, որ մարդամեքենաները մարդոցմէ աւելի բարոյական ըլլան»:

«Առաջ՝ Դէպի Տիեզերք»

«Եուքոմ» եւ «Տիսքաւըրի սայընս» ընկերութիւնները 2017-ը աւարտեցին՝ յայտարարելով մրցումի արդիւնքները: Իրականացաւ ապագայի հաղորդակցման միջոցներու մասին լաւագոյն գաղափարի պատանի հեղինակներ Սամսոն եւ Հրանդ Հայրապետեաններուն երազը: Անոնք մեկնեցան Հոլանտա եւ այցելեցին Եւրոպական տիեզերական գործակալութեան գլխաւոր գրասենեակ:

Ռուսաստան բնակող Հայրապետեան եղբայրներուն միտքէն անգամ չէր կրնար անցնիլ, որ ամառնային արձակուրդը Հայաստանի մէջ անցընելու ատեն կը մասնակցին աշխարհահռչակ «Տիսքաւըրի սայընս» պատկերասփիւռի կայանի եւ «Եուքոմ» ընկերութեան կողմէ յայտարարուած մրցումին, կը յաղթեն եւ այդպէսով ճամբայ կը հարթեն դէպի Եւրոպական տիեզերական գործակալութեան գլխաւոր գրասենեակ: Մրցումի դատական կազմին անդամները տպաւորած էր խուլ եւ յամրերու համար նախատեսուած սարքին նախագիծը: Սարքը կը կրեն իրենց ձեռքին այնպէս, որ անիկա կարենայ ձեռքի շարժումները վերարտադրել ձայնային տարբերակով, իսկ ձայնը հոլոկրաֆիք տեսախցիկի օգնութեամբ՝ փոխակերպել տեսատարբերակի:

«Հրաշալի է այստեղ հիւրընկալել «Եուքոմ»ի ներկայացուցիչը՝ մրցանակակիրներ Սամսոնի եւ Հրանդի հետ: Ասիկա փայլուն կարելիութիւն է՝ ոգեշնչելու անոնց պէս երիտասարդ գիտնականներու նոր սերունդը, ցուցադրելով, թէ ինչո՛վ կը զբաղին Եւրոպական տիեզերական գործակալութեան մէջ աշխատող անոնց աւագ գործընկերները», նշեց գործակալութեան աշխատակից Տքթ. Ռոպերթ Վիլեմսըն:

Հայրապետեանները իրենց այցելութեան  ընթացքին սեփական աչքերով տեսան մոլորակի լաւագոյն գիտնականներու առօրեան, տարատեսակ ժամանակակից սարքերը, նաեւ՝ տիեզերք մեկնած եւ Երկիր մոլորակ վերադարձած տիեզերանաւերը: Յատուկ կշիռքի վրայ կանգնելով՝ եղբայրները ծանօթացան լուսնի, Հրատի եւ այլ տիեզերական մարմիններու վրայ ձգողականութեան ուժին եւ պատկերացուցին իրենց ծանրութիւնը տարբեր մոլորակներու վրայ գտնուելու պարագային: Պատանիներուն արտօնեցին այցելել Եւրոպական տիեզերական գործակալութեան այնպիսի հատուածներ, ուր զբօսաշրջիկներու մուտքը արգիլուած է, եւ ուր գտնուելու իրաւունք ունին միայն տիեզերքը ուսումնասիրող գիտնականները:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Պի.Պի.Սի. Ֆորպզ»

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018