ԱԿՆԱՐԿ - 4 - 2018-Ի ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ԽԱԲԵԲԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

2018 թուականի գարունը Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար վճռորոշ գարուն մը եղաւ:

Խորհրդային իշխանութեան լուծը թօթափած մեր հայրենիքը իբրեւ թէ անկախութիւն ձեռք բերած, սակայն անցնող շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին այլ տեսակի ստրկութեան մը զոհ գացած էր. ստրկութիւն, որ առիթ չէր տուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ոտքի կանգնելու եւ միաժամանակ ոտքի կանգնեցնելով նաեւ մեր մայր հայերնիքը՝ Հայաստանը, ընդհակառակը, ամէն ինչ կարծէք կատարուած էր, որպէսզի Հայաստանը մնայ խեղճ ու կրակ վիճակի մէջ, իսկ Հայաստանի քաղաքացին կարօտ մնայ չորս տարին անգամ մը իր քուէին դիմաց իր երեսին շպրտուած, հինգ, տաս, քսան կամ երեսուն հազար դրամներուն…

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, դժբախտաբար, հայրենիքը սփիւռքը վերածած էր կթան կովի մը, ուրկէ միայն նիւթական ակնկալութիւն ունէր, եւ այդ ակնկալիքին դիմաց աջ ու ձախ շքանշաններու պարգեւտարումներ կը բաժնուէին ու կը կատարուէին: Այսպիսով, կարծէք փորձ կատարուած էր սփիւռքի ձայնը ձեւով մը լռեցնելու, տրուած շքանշաններով եւ կատարուած պարգեւատրումներով չէզոքացնելու սփիւռքը Հայաստանի ներքին կեանքէն:

Բնականաբար, այս բոլորը չէին կրնար լաւ տեղ տանիլ: Ճի՛շդ է, առեւրեւոյթ կը կարծուէր, թէ ամէն ինչ բնականոն ընթացքի մէջ է, սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէր, եւ ներքին արիւնահոսութիւնը հայ մարդուն օր օրի կ՚աւելնար եւ կը սաստկանար, ու դանակը կամաց-կամաց սկսած էր ոսկորին հասնիլ:

Հայրենասիրական ճառերը, Արցախի թնճուկը հայ ժողովուրդին՝ թէ՛ հայրենիքի մէջ ապրող եւ թէ՛ սփիւռքը խաբելու եւ քնացնելու դեղահատը, Հայաստանը կառուցելու եւ զարգացնելու խաբկանքը, հայրենադարձութեան մոլուցքը՝ որ ճիշդ հակառակ արդիւնքը տուած էր, հայ հանճարներուն տակաւ առ տակաւ հեռաւոր ոստաններ փախչիլը բնական երեւոյթներու վերածուած էին, աւելին՝ կարծէք այս բոլորը դարձած էին մեզի համար սնունդի տեսակ մը, առանց որոնց չէինք կրնար պատկերացնել մեր կեանքը, մեր առօրեան:

2018-ի գարնան այսպէս կոչուած «յեղափոխութիւն»ը, որ բացարձակապէս կապ չունէր այդ իրականութեան հետ, որովհետեւ խորքին մէջ կատարուած ստոր խաղ մըն էր, իշխանափոխութեան ծպտեալ ձեւ մը, որով հսկայ աշախատանք տարուած էր մեղմելու, թմրեցնելու, հաշիշելու ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մօտ արդէն իսկ հասունցած հակառակութիւնը՝ հանդէպ տիրող վարչակարգին: Եւ մեծ յաջողութիւն գտաւ այդ փորձը:

Ստոր խաղ մըն էր կ՚ըսեմ, որովհետեւ 2018-ի գարնանայի խաբեբայութեան յաջորդող շրջանի զարգացումներն ու իրադարձութիւնները՝ որոնց ականատեսը եղանք եւ մեր մորթին վրայ ապրեցանք, եկան ապացուցելու մեզի, որ դարձեալ հայ ժողովուրդը ինկած էր ծուղակը, այս անգամ սակայն՝ ի տարբերութիւն նախկին ժամանակաշրջանի առաւելաբար ֆիզիքական ստրկութեան, այս անգամ սակայն ստրկութիւնը մտային ու բարոյական դաշտ տեղափոխուած էր, որով ատելութեան, չարութեան, սեւ ու սպիտակի, նախկին ու ներկայի պիտակներուն տակ հայ ժողովուրդին զաւակները իրարու թշնամացնելու փորձ կատարուեցաւ եւ, դժբախտաբար, այդ փորձը եւս յաջողութիւն գտաւ, վկայ այսօրուան տիրող իրավիճակը:

Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայորդիները թերեւս ամենէն լաւը հասկնան ըսածս: Ճի՛շդ է, որ Հայաստանի մէջ եղբայրասպան պատերազմ չեղաւ, ինչի հետեւանքով Լիբանանի մէջ ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան մեծ ալիք բարձրացաւ, որ մինչեւ այս օրերը տակաւին զգալի է, մեր մօտ շատ աւելի վատը պատահեցաւ, առա՛նց եղբայրասպան պատերազմի, խօսքի վարպետութեան ուժով խումբ մը այսպէս կոչուած «քաղաքական գործիչ»ներ յաջողեցան ամբողջ ժողովուրդ մը իրարու դէմ հանել: Հետեւանքը այսօրուան անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան ահաւոր մթնոլորտն է, որ կը տիրէ մայր հայրենիքէն ներս:

Քառասունչորսօրեայ պատերազմը թէժացած կիրքերը ա՛լ աւելի բորբոքեց, միւս կողմէ այդ պատերազմն ալ առիթ հանդիսացաւ մեր երկրի ճակատագիրը որոշող խաղացողներուն համար, ա՛լ աւելի խառնելու վիճակը, ա՛լ աւելի բարդացնելու ստեղծուած այս խառնիճաղանճէն դուրս գալու հնարաւորութիւնը:

Շուտով հինգերորդ տարին պիտի թեւակոխենք 2018-ի գարնանային խաբեբայութեան, հինգ տարիներ, որ անցնող շուրջ երեսուն տարիներու ընթացքին այսպէս կամ այնպէս կառուցած հայրենիքին հիմքերը խորքերէն խախտեցան եւ այսօր հակառակ աչքին երեւացող կարծեցեալ «դրական» շարժառիթներուն, սակայն իրականութեան մէջ անդունդին եզրին կանգնած ենք եւ սեւ ամպը տակաւին չէ հեռացած մեր մայր հայրենիքին երկնակամարէն:

Թէ ի՞նչ պէտք է ընել, պարզ ու յստակ է, պէտք է ազգովին համախմբուինք ազգայնամէտ, պետականամէտ եւ հայաստանամէտ գաղափարներու շուրջ, որպէսզի առաջին հերթին մեզմէ թօթափենք մեզի պարտադրուած թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ մտաւոր եւ թէ՛ բարոյական ստրկութիւնը, դառնանք ազատ նախ եւ առաջ մենք մեր ներսիդին, որպէսզի կարենանք կառուցել հզօր եւ բարօր Հայաստան, այլապէս, եթէ շարունակենք ստրուկի հոգեբանութեամբ շարժիլ, ապա անդունդն ի վար գլորուիլը շատ ալ հեռու չի՛ թուիր…   

Զգաստանալ է պէտք:

Իրապաշտ դառնալ է պէտք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

30 յունուար 2023, Վաղարշապատ


Յ.Գ. 17 նոյեմբեր 2020-ին հետեւեալը տեղադրած եմ դիմատետրի էջիս վրայ, որ կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ յարգելի ընթերցողներուն հետ, որովհետեւ մեր այսօրուան գրութեան հետ առընչութիւն ունի եւ մեր այսօրուան դժբախտ իրականութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն է. «Մեր այսօրուան դժբախտ իրականութեան գլխաւոր պատճառները կուսակցամոլութիւնն ու անձնապաշտութիւնն են, որոնց առկայութեան պարագային աւելորդ է խօսիլ Հայատանի, հայրենիք-ազգ-ժողովուրդ հասկացողութիւններուն, հայրենասիրութեան եւ այլ արժէքներու մասին»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023