ԱՐԱՔՍ ՓԱՇԱՅԵԱՆ. «ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐԷՆ ՉԻ ԲԽԻՐ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ԴԻՄԵԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ»

Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն, մասնաւորապէս Իտլիպի շուրջ ստեղծուած իրադրութեան, ընդհուպ մինչեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ օրերս Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքներուն եւ հնարաւոր զարգացումներուն մասին օրերս զրոյց մը ունեցայ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագատիտութեան կաճառի արաբական երկիրներու բաժնի առաջատար գիտաշխատող արաբագէտ, Արաքս Փաշայեանին հետ։

-Սուրիոյ կարեւոր զարգացումները այսօր կը կատարուին Իտլիպի շուրջ. ի՞նչ է պատճառը եւ ինչո՞ւ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին մէջ «ծուարած» այս նահանգը այսօր դարձաւ գլխաւոր ուշադրութեան կեդրոն:

-Սուրիական հակամարտութեան այս փուլի ամենակնճռոտ հարցը կապուած է Իտլիպի հետ, որ ռազմավարական առումով կարեւոր նշանակութիւն ունի Սուրիոյ համար, քանի որ այս շրջանէն կ՚անցնին ոչ միայն հիւսիսը հարաւին կապող, այլ նաեւ դէպի Լաթաքիա տանող հիմնական մայրուղիները։ Վերջին տարիներուն Իտլիպ հաստատուած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն ընդդիմադիր ռազմաքաղաքական խմբաւորումներ, որոնք բազմաշերտ են։ Այդ ուժերուն մէջ կան ոչ միայն սուրիացի ճիհատականներ, որոնց մէկ մասը թրքամէտ կողմնորոշում ունին, այլեւ՝ միջազգային վարձկաններ։ Ամենէն հանգուցային ուժը «Հայաթ թահրիր ալ Շամ»ն է, որու կորիզը «Ալ Քաիտէ»ի սուրիական մասնաճիւղը համարուող «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ն է։ Իտլիպի հարցը ներգրաւուած ուժերու պատճառով միջազգայնացած է։ Թուրքիան, որ ցամաքային սահման ունի Իտլիպի հետ եւ սուրիական ճգնաժամի սկիզբէն, իր առաջին քայլերը կ՚իրագործէր Իտլիպի նահանգին մէջ, մեծ ազդեցութիւն ունի այստեղ իրեն հետեւորդ համարուող ուժերուն միջոցով։ 2018 թուականին Աստանայի ձեւաչափի ծիրէն ներս Թուրքիան ստանձնեց Իտլիպի «ծայրայեղականներ»ուն ու «չափաւորներ»ներուն իրարմէ տարանջատելու, այլ խօսքով՝ ահաբեկչական խմբաւորումներու գործունէութիւնը կասեցնելու յանձնառութիւն մը։ Իր հերթին, Դամասկոսը կը համարէ, որ Իտլիպի ճակատամարտը ամենավճռականն է շրջանը ճիհատականներէն, նոյնն է նաեւ ահաբեկիչներէն ազատագրելու հարցով, ինչ որ կը համարուի Սուրիոյ մէջ վերջնական խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորագոյն նախապայմաններէն մին։ Մոսկուան այս հարցով՝ ռազմական առումով կ՚աջակցի Դամասկոսին։

-Վերջին շրջանին մենք նկատեցինք, թէ ինչպիսի մեծ լարում ապրեցան Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները. արդեօք աւարտին հասա՞ծ է Անգարա-Մոսկուա այս փուլի «մեղրալուսին»ը:

-Թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու վերիվայրումները հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ունին։ Այդ յարաբերութիւնները ներկայ փուլին թէեւ մրցակցային են, որոշ դրուագներով՝ թշնամական, բայց կողմերը կը հակին շարունակել համագործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ։ Անգարա եւ Մոսկուան փաստացի չհամընկնող մօտեցումներ ունին ոչ միայն Իտլիպի, այլեւ՝ Լիպիոյ, Արցախի, Խրիմի եւ այլ հարցերու կապակցութեամբ։ Ակնյայտ է, որ Իտլիպի խնդիրը ներկայ փուլին մէջ չի կրնար ստուերել ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ողջ խորապատկերը, քանի որ կողմերը յաջող կերպով կը համագործակցին տնտեսական եւ ուժանիւթի, ընդհանուր առմամբ՝ նաեւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ։ Խօսելով սուրիական հակամարտութեան մասին, չենք կրնար պնդել, որ օրինակ՝ Աստանայի ձեւաչափը ձախողած էր։ Իրականութեան մէջ, ան որոշակի յառաջընթաց ապահովեց հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։ Այնպէս որ Իտլիպի հարցով երկկողմանի յարաբերութիւններու առկայ ճգնաժամը հարթուելու միտում ունի, որուն ապացոյցը 5 մարտին Մոսկուայի մէջ Էրտողան-Փութին հանդիպման որպէս արդիւնք ստորագրուած յուշագիրն է։ Գուցէ կային մարդիկ, որոնք կը մտածէին Թուրքիոյ նկատմամբ ռուսական կողմի հնարաւոր կոշտ կեցուածքի մասին, բայց այդպէս չեղաւ եւ չէր ալ կրնար ըլլալ։ Չնայած վերջին շրջանին ռուսական ռազմական աջակցութեան շնորհիւ սուրիական բանակը տասնեակ բնակավայրեր ազատագրեց Իտլիպի մէջ եւ կը թուէր, թէ այսպիսի յառաջընթացի պարագային հնարաւոր պիտի ըլլար Թուրքիան եւ անոր հովանիին տակ գործող զինուած ուժերը դուրս մղել Իտլիպէն, սակայն յուշագիրով, զոր սահմանեց հրադադարը, փաստացիօրէն ամրագրուեցաւ Թուրքիոյ ռազմական եւ քաղաքական ներկայութիւնը Իտլիպի մէջ։ Դեռ աւելին, 15 մարտէն սկսեալ ռուսական եւ թրքական կողմերը պարտաւորուեցան համատեղ պարեկային-պահակային ծառայութիւն իրագործել ներպետական նշանակութիւն ունեցող М 4 մայրուղիի շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Սարաղէպ գաւառակէն արեւմուտք՝ 2 քմ. հեռաւորութեան վրայ, եւ որմէ դէպի հիւսիս եւ հարաւ պէտք է ստեղծուի 6 քմ. խորք ունեցող անվտանգութեան գօտի։ Ռուսաստանն ու Թուրքիան յուշագիրին մէջ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը, կապուած Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը յարգելու առընթեր, բայց մի՞թէ այս մօտեցումը իրողապէս անկեղծ է։ Ընդհանրապէս, սուրիական հակամարտութեան այս կամ այն կերպ մասնակից միջազգային բոլոր ուժերը Սուրիոյ մէջ ներքաշուած են մեծ արկածախնդրութեան մը։ Սուրիոյ մէջ այսօր շարք մը պետութիւններ ունին եւ կը պայքարին իրենց ազդեցութեան գօտիներուն համար, կասկածի տակ դնելով այդ երկրի հեռանկարը, որպէս ինքնիշխան պետութիւն։

-Թուրքիա մեծ ջանքեր կը գործադրէ, իր ձեռքին մէջ պահելու Իտլիպի խաղաքարտը. ինչո՞վ պայմանաւորուած է այդ մօտեցումը, ի՞նչ հաշիւներ կան ատոր ետին:

-Թուրքիան նախ կ՚ուզէ հեռու պահել Դամասկոսը Աֆրինէն։ Նախագահ Էրտողան անթաքոյց կերպով կ՚ուզէ ընդլայնել սահմանները Սուրիոյ հաշւոյն։ Հիւսիսային շրջանի անվտանգութեան գօտին եւ Աֆրինը այլեւս Թուրքիոյ մասն են կամ ազդեցութեան տակ գտնուող գօտիներ են։ Կը թուէր, թէ անոնք ձեռք բերելու փոխարէն Թուրքիան կը զիջի Իտլիպի հարցով, սակայն Մոսկուայի յուշագրի համաձայնագրէն պարզ կը դառնայ, որ Իտլիպի որոշ շըր-ջաններուն մէջ, ըստ ամենայնի եւ Ռուսաստանի համաձայնութեամբ կը պահպանուի Թուրքիոյ ազդեցութիւնը։ Թուրքիան Իտլիպի հարցով զիջումներու գուցէ երթայ, բայց վերջնականօրէն չի նահանջեր, քանի որ Էրտողանին այս հարցով կ՚աջակցին նոյնիսկ իր քաղաքական ընդդիմախօսները, Թուրքիան այստեղ զինուորներ կորսնցուցած է, Իտլիպը լրացուցիչ կռուան է Անգարայի համար։

-Վերջին տասն տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած ծանրակշիռ դէպքերէն ետք Անգարա-Դամասկոս մերձեցումի մասին խօսիլը ինչքանով իրատեսական է: Այդպիսի մերձեցում, այսօր ո՞ր կողմի շահերէն կը բխի:

-Բնականաբար, Անգարա-Դամասկոս մերձեցումը, ներգրաւուած կողմերէն ոչ մէկուն շահերէն, մեծ իմաստով, չի բխիր։ Չնայած Անգարա-Դամասկոս մերձեցումը ներկայիս իրատեսական չէ, բայց կրնայ օր մը պատահիլ։ Ինչպէս կ՚ըսեն, յաւերժական թշնամիներ չկան։ Կայ քրտական գործօնը, որ կրնայ դառնալ երկու պետութիւնները միաւորող իրողութիւն երկարաժամկէտ առումով։ Ներկայ փուլին Անգարայի եւ Դամասկոսի նպատակներն ու խնդիրները մեծ մասամբ հակոտնեայ են իրարու։

-Արդեօք Սուրիոյ հայկական համայնքը վտանգուած է՞. այդ մասին ի՞նչ կը մտածէք։

-Յաճախ նշած եմ, որ Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու ոսկեդարը վաղուց աւարտած է։ Սուրիոյ հայ համայնքը իրականութեան մէջ վտանգուած է։ Վտանգուած է ոչ միայն ներկայիս, երբ Սուրիոյ մէջ կ՚ընթանան պատերազմական տաք գործողութիւններ, այլեւ վտանգուած է պատերազմը աւարտելէն յետոյ ալ, քանի որ յետպատերազմական Սուրիան տեւական ժամանակ պիտի գտնուի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ցնցումներու մէջ, իսկ հասարակական համերաշխութիւն, Սուրիոյ մէջ դեռ երկար ժամանակ հնարաւոր պիտի չըլլայ ձեւաւորել։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2020