ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

Աշխարհի պատմութեան մէջ երկու գիշերներ, որոնք ճակատագրական եղած են. մէկը՝ Մանուկ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշերը, իսկ միւսը՝ Տէր Յիսուսի վերջին ընթրիքի յաջորդող ու մարդկային ամէն մէկ նկարագիրի ու բնաւորութեան տեսնուած այն մատնութեան գիշերն է։

Մինչդեռ Յիսուսի վերջին օրը իր աշակերտներու տեսակէտէ շատ սովորական սկսած էր. Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ղրկած ու ըսած էր. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի Զատիկը, որպէսզի ուտենք»։ Անոնք ալ հարցուցած էին, թէ «Ո՞ւր կ՚ուզէ որ պատրաստեն»։ Յիսուս «Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։ Այն տանտիրոջ ըսէք. “Վարդապետը կ՚ըսէ՝ «Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ Զատիկը կարենամ ուտել”»։ Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք»։ Պատասխանած էր։ Անոնք ալ ըրած էին այնպէս ինչպէս Յիսուս ըսաւ։ (Ղուկ 22։7)։

Յիսուս երբ Ճաշի նստաւ, իրենց հետ սկսաւ խօսիլ եւ ըսել թէ այս ճաշը պիտի ըլլար միասին ունեցած վերջին ընթրիքը, որ յաջորդը պիտի ուտէր Աստուծոյ արքայութեան մէջ։

Այս խօսքերով իսկ յայտնի կը դառնար, որ կ՚ըլլային տարօրինակ բաներ, որոնց մասին բացի կորստեան որդի Յուդայէն, իրենցմէ ոչ մէկը լուր ունէր։ Որովհետեւ Յուդան համաձայնած էր Քահանայապետերուն ու իշխաններուն հետ եւ խոստացած էր ստակի փոխարէն մատնել իր Տէրն ու Վարդապետը, փնտռելով յարմար առիթը, որ լաւագոյնը պիտի ըլլար ոչ թէ բազմութեան մէջ եւ, թերեւս ամենայն ցաւալին, այդ մէկը պիտի ըլլար համբոյրով մը։ Ցաւալի նաեւ՝ որ այդ գիշեր պիտի տեսնուէր մարդկային բնաւորութեան բոլոր տեսակները, եւ անշուշտ պիտի յայտնուէր ի հեճուկս մարդկանց ապերախտութեան, Աստուծոյ ցոյց տուած համբերութիւնն ու սէրը։

Սեղանը ուրիշ երեւոյթ մը ստացած էր այլեւս. եւ ապագային այս սեղանի օրինակին հետեւելով պիտի կազմուէին եկեղեցիներու մէջ Սրբութեան սեղաններ եւ այդ սեղաններուն շուրջ անհամար թիւով մարդիկ մինչեւ ի գալուստն Քրիստոսի, պիտի ճաշակէին երկնային անմահ մանանան՝ Յիսուսի Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը։

Վիճակը հետզհետէ կը ծանրանար ու տարբեր երեւոյթ մը կը ստանար, երբ ընթրիքի միջոցին Յիսուս բացայայտ կերպով կ՚ըսէր, թէ զինք պիտի մատնէ աշակերտներէն մէկը։ Կը հարցնէին, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ այդ մէկը՝ Յիսուս կ՚ըսէր. որու որ ճաշի պատառը տամ, ան է։ Եւ թաթխելով կու տար պատառը Յուդա իսկարիովտացիին։

Ապա Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Նոյնպէս ալ գինիի բաժակը առաւ ընթրիքէն յետոյ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի» (Ղուկ 22։19)։

Այսպէսով երբ ճաշը աւարտեցաւ, Յիսուս այս անգամ անոնց բնաւ վարժ չեղած բան մը եւս իրականացուց՝ աշակերտներուն ոտքերը լուալով, իսկ Պետրոս իր զարմանախառն առարկութիւնը յայտնեց ու ըսաւ. «Դուն իբրեւ տէր իմ ոտքերս ինչպէս կրնաս լուալ»։ Յիսուս ըսաւ իրեն, թէ եթէ չարտօնէ, ինք բաժին պիտի չունենայ։ Յիսուս կը շեշտէր այս ծէսի կարեւորութիւնը, թէ խոնարհ ըլլալու եւ իրարու ծառայելու պայմանն էր, նաեւ Իրեն հետեւորդ ոեւէ մէկն ու աշակերտ կատարելու էր այս պատուէրը, ոչ միայն իրարու ոտքերը լուալով, այլեւ իրարու ծառայելու վսեմագոյն գաղափարականին տիրանալով։

Յիսուս ոտնալուայի օրինակով նաեւ վերջ տալ կ՚ուզէր աշակերտներու մէջ սկսած խլրտումներու, քանզի կը խորհէին, թէ իրմէ յետոյ ո՛վ պիտի ըլլար իրենցմէ մեծը։

Այլեւս վերջը կը մօտենար եւ Յուդա իրեն ծրագիրը իրականացնելու համար դուրս ելաւ։ Յիսուս գիտնալով, թէ ինչո՛ւ գնաց՝ ըսաւ. այժմ փառաւորուեցաւ՝ մարդու որդին եւ աշակերտներուն տուաւ այն մեծ պատուէրը, որ սիրեն զիրար, քանի ինք սիրեց ու սիրոյ մէջ փառաւորուեցաւ։

Այս պահէն սկսեալ կը կարդանք Պետրոսի այն ինքնավստահ խօսքը, թէ նոյնիսկ հետեւանքը մահ ըլլայ, պիտի հետեւի Յիսուսի. բայց Յիսուս ըսաւ իրեն, որ աքաղաղը դեռ չկանչած երեք անգամ զինք պիտի ուրանար։

Գիտենք, որ աւելի վերջ Յիսուս մատնուեցաւ, զինուորներու կողմէ ձերբակալուեցաւ, տանջուեցաւ ու հետեւեալ օր խաչի մահուան դատապարտուեցաւ։

Վերջին գիշերուան պատմութիւնը կարելի է ամփոփել այսքանով, բայց կ՚ուզեմ խորանալ, որպէսզի մեզի յայտնի դառնայ այն երկու ծրագիրները, մէկը սատանային ծրագրած Յիսուսը մէջտեղէն վերցնելու այսինքն կործանման ծրագիրը (Ղուկ 22։1), միւսը Աստուծոյ փրկութեան մեծ ծրագիրը (Ղուկ. 22։7-38)։

Աստուած իր Միածին Որդիով եւ աշակերտներով, սատանան իրեն գործակիցներով կը գործէր։

Հետաքրքրական է երբ Յիսուս աշակերտները ղրկեց վերջին ընթրիքը պատրաստելու, անոնք ամէն ինչ պատրաստ գտան Յիսուսի ըսած ձեւով։ (Ղուկ 22։13)։

Այսինքն Աստուած կը պատրաստէր, կը հայթայթէր եւ մարդիկ միայն անոր հետեւելու էին։

Այս պատերազմի մասին Յիսուս աւելի բացայայտ կը խօսէր, երբ զինուորները զինք ձերբակալելու եկան՝ «Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ եւ ինծի ձեռք չզարկիք, բայց այս է ձեր ժամանակը ու խաւարին իշխանութեան ժամը» (22։53)։

Այո, ժամը խաւարին իշխանութեան ժամն էր։

Յիշենք, որ սատանան քառասուն օրեր շարունակ Յիսուսը փորձած էր անապատի մէջ ու Իրմէ միջոցի մը համար հեռացած էր։ Այո սիրելիներ, Աստուծոյ եւ սատանայի միջեւ կիսատ մնացած այս հոգեւոր պատերազմը մեր փրկութեան համար պէտք էր որ ամբողջանար։ (Ղուկ. 4։13)։

Միջոցի մը համար ետ կեցող սատանան այժմ կու գար վերջին սադրանքներով, չգիտնալով որ չարաչար պիտի հալածուէր։

Սատանան ոչ միայն Յիսուսը, այլ նաեւ Յիսուսի քով եղող բոլորը մէջտեղէն վերցնել կ՚ուզէր եւ Յիսուս այս մէկը Պետրոսին կը յայտնէր ըսելով «Սիմո՛ն, Սիմո՛ն, ահա Սատանան ուզեց ձեզ ցորենի պէս մաղէ անցընել. բայց ես քեզի համար աղօթեցի, որ հաւատքդ չտկարանայ. եւ երբ կրկին ինծի դառնաս՝ եղբայրներդ ալ քաջալերես» (Ղուկաս 22։31)։

Անցեալին եւս նոյնը ըրած էր սատանան Աստուծոյ հաճելի Յոբ երանելիի վնաս պատճառելու համար։ (Յոբ, 2։4)։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, երբեք չկարծուի, որ չարը կը յաղթահարէ, անկասկած Աստուած կը տեսնէ ու ամէն ինչէ տեղեակ է։

Յանցաւորներ, ոճրագործներ կը կարծեն, որ իրենց գործած ոճիրներէն ոչ մէկը լուր ունի ու վստահ ըլլալով կը շարունակեն իրենց առօրեայ գործերը։ Մինչդեռ չեն գիտեր, թէ ոստիկանական ամէն տեսակ հետապնդումի տակ են եւ օր մը իրենց օձիքէն կը բռնուին՝ իրենց գործած սխալներով։

Նոյնպէս Սատանան ու անոր պաշտօնեաներն ալ կը կարծէին, որ Յիսուսը ու հետեւորդները պիտի սպաննեն, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն ինչ կը գիտցուէր եւ Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը կ՚իրականանար, նոյնիսկ թշնամիի ձեռքով «Յիրաւի Որդին մարդոյ կ՚երթայ՝ ինչպէս սահմանուած է, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով անիկա պիտի մատնուի» (Ղուկ 22։22)։

Եւ վերջապէս այս գիշեր Աստուծոյ եւ սատանայի ծրագիրները զիրար կը հանդիպին իբրեւ տանջանք, իբրեւ ձերբակալութիւն, իբրեւ ուրացում, իբրեւ մահուան վճիռ, եւ իբրեւ Խաչելութիւն։ Բայց Աստուած վերջին խօսքը դեռ չէր ըսած։

Կողմերը իրենց քայլերը առած էին այլեւս, ուրեմն մեզի՝ Աստուծոյ ապաւինողներու կ՚իյնայ յոյսով սպասել, թէ ին՞չ պիտի ըլլայ վերջը։

ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020