ԹԵՀՐԱՆ-ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԳԻԾԸ ԿՐՆԱՅ ԹԷԺԱՆԱԼ. ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ ՄԷՋ

Իսրայէլացի պատասխանատուներուն համար նախկին հետաքրքրութիւնը չունին Սուրիոյ պատերազմական ճակատին վրայ ընթացող զարգացումները: Պաշտօնական Թել Աւիւի մէկէ աւելի բանբերներ սկսած են բացայայտօրէն խօսիլ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգէն Իսրայէլի ունեցած «ակնկալութեանց» մասին եւ շեշտը կը դրուի յատկապէս ամերիկեան վերնախաւին մօտ Թեհրանի դէմ մթնոլորտ մը հրահրելու «անհրաժեշտութեան» մասին:

Մինչ Սուրիոյ տագնապին առընչուող կողմերը (յատկապէս Մոսկուան) կը շարունակեն կարեւոր ճիգեր գործադրել հակամարտող կողմերը ի մի բերելու նպատակով, անդին Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատկերին մէջ սկսած է երեւելի դառնալ Ուաշինկթըն-Թեհրան յարաբերութիւններու վերստին վատթարացման փուլի մը ընդհանուր ուրուանկարը:

 Այս առումով ալ Սպիտակ տան մօտիկ կանգնող մէկէ աւելի պաշտօնատարներ կը խօսին Իրանի հետ 2015 թուականին կնքուած կորիզային համաձայնութեան վերանայման մասին: Մինչ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը պատրաստուի նոր նախագահ մը ընտրելու հանգրուանին (19 Մայիս), երեւելի կը դառնայ նաեւ, որ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու հետամուտ է ամէն գնով հրահրել Ուաշինկթըն-Թեհրան լարուածութեան նոր փուլ մը:

Եթէ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի ընդհանուր քաղաքականութեան մասին խօսինք, ապա նշմարելի պիտի դառնայ, որ Տանըլտ Թրամփ պիտի փորձէ ամէն գնով «գերազանցել» իր նախորդը ու կատարել այնպիսի կտրուկ քայլեր, որոնք կերպով մը պիտի օգնեն, որ ան յաջողի զինք ընտրող սպիտակամորթներու լայն հատուածներուն մօտ քաղաքական միաւորներ վաստկիլ: Գաղտնիք ալ չէ, որ նախագահ Թրամփ ներքին ճակատին վրայ իր դէմ «կուտակուող ժխտական մթնոլորտ»ը պիտի փորձէ «ցրել»։ Ան պիտի փորձէ ամէն կերպով Ամերիկային «վերադարձնել» իր մօտիկ անցեալին ունեցած «ամենահզօր երկիր մը» ըլլալու կերպարը:

Այդ բոլորը անշուշտ միայն խօսքերով կամ մամլոյ ասուլիսներով մէջտեղ պիտի չգան, այլ մանաւանդ ռազմական քայլերով, որոնց ամենէն ակնյայտը (ցարդ) Սուրիոյ Հոմս քաղաքի «Շահիրաթ» զինուորական օդակայանին վրայ եղած գրոհն էր, որուն շնորհիւ ալ Տանըլտ Թրամփ կը փորձէր աշխարհին, իր դաշնակիցներուն, բայց մանաւանդ զինք ընտրողներուն, ըսել՝ «Մենք այստեղ ենք եւ մենք ուժեղ ենք»:

Այս ընդհանուր ծիրին մէջ պէտք է տեղադրել ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Իսրայէլ տուած այցը (20 Ապրիլ), որ կրնայ կարեւոր մեկնարկ համարուիլ Ուա­շինկթըն-Թել Աւիւ յառաջիկայ համագործակցութեան ընդհանուր ոլորտին մէջ:

Իսրայէլացիք, որ բաւական դրական համարեցին Մաթթիսի տուած այցը, նաեւ կը գիտակցին, որ 67-ամեայ նախարարը բաւական ազդեցիկ պաշտօնեայ է Ուաշինկթընի մէջ:

Խօսելով այդ այցի ընդհանուր ծալքերուն մասին, երեւելի սկսած է դառնալ, որ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու կատարած զինուորական գործողութենէն շատ հեռու երթալով իսրայէլացիք կը պահանջեն աւելի ազդեցիկ քայլեր: Երբ այդ մասին խօսինք, բնական է նաեւ, որ իսրայէլացիներուն համար բացի «կորիզային համաձայնութենէն» նոյնպէս շատ կարեւոր է թիրախ դարձնել Սուրիոյ մէջ եղող Թեհրանի թիւ մէկ ներկայացուցիչը՝ «Հիզպուլլահ»ը: Այս առումով ալ անոնք կը գիտակցին, թէ «Հիզպուլլահ»ի կուտակած ուժին եւ փորձառութեան պատճառով գրեթէ անհնար է, որ իսրայէլեան բանակը նոր պատերազմ մը յառաջ տանի Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն վրայ:

Այդպիսի քայլով մը ոչ միայն Իսրայէլ պիտի չկարենայ մահացու հարուած մը տալ լիբանանեան զինեալ կազմակերպութեան, այլ 2006 թուականին ծանր հարուած ստացած, բայց ծունկի չեկած «Հիզպուլլահ»ը աւելիով կրնայ զօրանալ եւ շրջանի հաւասարակշռութիւններու ընդհանուր ձեւաչափը փոխելու ուժ ունենալու հասնիլ:

Անոր համար է նաեւ, որ Թել Աւիւի պատասխանատուները ամերիկացիներէն պիտի խնդրեն (ու շատ հաւանաբար խնդրեցին), որ Միացեալ Նահանգներ իր «գործնական թիրախ»ը դարձնէ «Հիզպուլլահ»ը: Շատ տրամաբանական է, որ Միացեալ Նահանգներ այդպիսի քայլ մը առնէ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած «Հիզպոլլահ»ի ուժերուն դէմ։ Բայց եւ այնպէս, այս քայլը կը նշանակէ, որ Ամերիկա անտեսած պիտի ըլլայ բոլոր «կարմիր գիծերը» եւ այդ դէպքերուն իբրեւ հետեւանք բախման կանոններուն մէջ մուտք կը գործեն այնպիսի գործընթացներ, որոնց հետեւանքները կրնան ըլլալ բաւական ծանր եւ անկանխատեսելի:

Սուրիոյ մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւններուն առընթեր նշենք, որ Ապրիլի 27-ին իսրայէլեան օդուժը գրոհ մը կը կատարէր Դամասկոսի միջազգային օդակայանի մէկ հատուածին ուղղութեամբ: Աւելի ուշ եւ ըստ BBC Arabic կայանին, Դամասկոսի օդակայանին կից եղած հարուածը թիրախ ունեցած է «Հիզպուլլահ»ի զինապահեստանոցներէն մին եւ գրոհին հետեւանքով ծագած են քանի մը հրդեհներ: Այս ծանր դէպքը «սպասուած»ին պէս մեծ արձագանգներու չէր արժանանար: Ու այս «խոր լռութիւն»ը դէպքին վերաբերեալ կրնայ ցոյց տալ, որ Թել Աւիւ իր այս քայլին մէջ յաջողած է «կորզել» ոչ միայն Ուաշինկթընի, այլ նաեւ Մոսկուայի «կանաչ լոյս»ը:

Մէկ խօսքով իսրայէլացիք կը փափաքին, որ նախագահ Թրամփ իրենց փոխարէն կռուի: Այդ կերպով անոնք պիտի յաջողին «կոտրել» «Հիզպուլլահ»ի թափը եւ ատոր փոխարէն քաղաքական նպատակայարմար եւ կարելի բոլոր միջոցները տրամադրել Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան:

Նոյն «պերճանք»ը չունի Թեհրանի հետ ուղղակի պատերազմի մը երթալու հեռանկարը: Ու դժուար թէ Միացեալ Նահանգներ նման «տղայական» քայլի մը երթան, որովհետեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բանակին հետ որեւէ «շփում» պիտի ունենայ շատ ծանր հետեւանքներ ամբողջ շրջանին համար:

Ուրեմն ի՞նչ կը պատրաստուի ընել Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Նախքան այս հարցին պատասխան մը գտնելը, նոյնպէս յստակ է, որ Տանըլտ Թրամփ ու անոր իշխանակիցները կը փորձեն իրենց համար անցեալ փուլերուն եղած, բոլոր «թէժ կէտեր»ուն մէջ տարբեր մակարդակի «փորձարկում­ներ» կատարել:

Փորձարկում ըսելով անպայման պէտք չէ հասկնալ զինուորական ուղղակի միջամտութիւն: Ըլլալիքը շատ հաւանաբար բազկերակի շօշափում եւ «ախտաճանաչում» է, ինչ որ, օրինակ, տեղի կ՚ունենայ Հիւսիսային Քորէայի պարագային, ուր երկու կողմերը՝ Ուաշինկթըն եւ Փիոնկեանկ կը շարունակեն «բարձր լարում»ի տանող «բառային» զինանոցի բոլոր տեսակ զէնքերը գործածութեան դնել, սպասելով, որ կողմերէն մէկը «խելքի գայ» եւ մտածէ ետդարձի ճանապարհի մը մասին:

Իբր այդ ալ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնական Փեքինէն այս խնդրին մասին միջնորդութիւն մը յուսալու փափաքները կը բխին «ընդհանուր խաղ»ին նոր հարթութիւն տալու եւ լարուածութիւնը ընդհանուր պայթումէ մը հեռու պահելու անոր նախանձախնդրութենէն:

Սակայն Միջին Արեւելքի պարագային խնդիրը բաւական տարբեր է: Տարբեր է այն առումով, որ ճակատումի բոլոր գործիքները առկայ են: Ու տարբեր է նաեւ անոր համար, որ Սպիտակ տան համար շատ կարեւոր է անգամ մը եւս իր հակառակորդներուն եւ դաշնակիցներուն զգացնել, թէ՝ «մենք այստեղ ենք եւ մենք ուժեղ ենք»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2017