«Ո՞Վ Է ԸՆԿԵՐԸ»
Բարի սամարացիին առակը (Ղկ 10.25-37).
«Օրէնքի ուսուցիչ մը ելաւ եւ Յիսուսը փորձելու համար ըսաւ.
-Վարդապե՛տ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։
Յիսուս ըսաւ.
-Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածը ի՞նչ է. ինչպէ՞ս կը հասկնաս։
Ան պատասխանեց.
-«Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ զօրութեամբդ եւ ամբողջ մտքովդ» եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։
Յիսուս ըսաւ.
-Ճիշդ պատասխան տուիր։ Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս։
Բայց անիկա ինքզինք արդարացնել ուզելով, ըսաւ Յիսուսի.
-Բայց ո՞վ է իմ ընկերս։
Այս հարցումին վրայ Յիսուս ըսաւ.
-Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր։ Ճամբան ինկաւ ձեռքը աւազակներու, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք, վիրաւորեցին եւ կիսամահ վիճակի մէջ ձգեցին ու գացին։ Պատահեցաւ, որ քահանայ մը նոյն ճամբայէն կ՚անցնէր։ Տեսաւ վիրաւորը, բայց ճամբան շեղելով՝ անցաւ գնաց։ Ղեւտացի մըն ալ նոյն տեղէն անցնելու ատեն՝ տեսաւ վիրաւորը եւ ինքն ալ շրջանցեց գնաց։ Բայց սամարացի մը, որ հոնկէ կ՚անցնէր, տեսաւ վիրաւորը եւ գթաց անոր։ Մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով. ապա դրաւ իր գրաստին վրայ եւ տարաւ պանդոկ մը ու զայն խնամեց։ Յաջորդ օր, երբ պանդոկէն պիտի մեկնէր, պանդոկապետին երկու արծաթ դահեկան տուաւ եւ ըսաւ. «Խնամէ՛ զայն, եւ ինչ ծախս որ ընես իրեն համար՝ յաջորդ գալուս կը վճարեմ»։
Յետոյ Յիսուս հարցուց.
-Արդ, քու կարծիքովդ՝ այս երեքէն ո՞ր մէկը եղաւ աւազակներուն ձեռքը ինկողին ընկերը։
Օրէնքի ուսուցիչը ըսաւ.
-Ան՝ որ հոգ տարաւ անոր։
Յիսուս ըսաւ.
-Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնը ըրէ»։
Մեր առօերայ կեանքի ընթացքին յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կ՚ըսեն՝ «ո՞վ է իմ ընկերս», կամ «որո՞ւ կրնամ վստահիլ» եւ կամ «արդեօք դիմացինիս կրնամ վստահի՞լ»։ Երբեմն նոյն այս հարցադրումը, մենք մեզի ալ կը հարցնենք, փորձելով գտնել յարմար եւ համոզիչ պատասխան մը։ Ղուկասի աւետարանին մէջ, կը հանդիպինք քիչ առաջ կարդացուած համարին, ուր նոյն հարցադրումը կը կատարէ Օրէնքի ուսուցիչ մը, սակայն Յիսուսը փորձելու դիտումով։ Հարցումին պատասխանելով, մեր Տէրը կու տայ ճշմարիտ ընկերի մը տիպարը, պատմելով բարի սամարացիին առակը։
Կեանքի ընթացքին, չեմ գիտեր ինչ-ինչ պարագաներու բերումով կամ պայմաններու տակ, անպայման պահ մը կը զգանք, թէ կ՚ուզենք մեր կողքին ունենալ մէկը, աւելի ճիշդ՝ զգալ մէկու մը ներկայութիւնը, որ պատրաստ է լսելու մեզ, ցաւակից ըլալու մեզի, ուրախակից ըլլալու մեզի եւ ինչու չէ նոյնիսկ հոգատարութիւն եւ գուրգուրանք տածելու մեզի նկատմամբ։ Յաճախ, երբ մանաւանդ դժուարութիւններու մէջ ըլլանք, այս զգացումը աւելի ուժեղ կերպով կ՚ազդէ մեր վրայ, որովհետեւ կ՚ուզենք մեր ունեցած դժուարութիւնները կամ նեղութիւնները մեր նմանին հետ բաժնեկցելով, որոշ հանգստութիւն մը զգալ։ Տակաւին կան ուրիշներ, որոնք ո՛չ միայն ձախողութիւններու, դժուարութիւններու կամ նեղութիւններու ընթացքին կ՚ուզեն իրենց կողքին մէկու մը ներկայութիւնը զգալ, այլեւ՝ ուրախութիւններու եւ յաջողութիւններու պարագային, կ՚ուզեն իրենց ուրախութիւնը կիսել իրենց ընկերոջ հետ։
Բարի սամարացիին առակը եթէ ուզենք լաւապէս հասկնալ ու ըմբռնել, պէտք է նախ եւ առաջ հիմնական քանի մը երեւոյթներ լաւապէս սերտենք։
ա. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր։ Ճամբան աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք, վիրաւորեցին եւ կիսամահ վիճակի մէջ ձգեցին ու գացին»: Աւետարանական հատուածին մէջ, մարդը, որ Երուսաղէմի ճամբուն վրայ աւազակներու ձեռքը իյնալով կողոպտուեցաւ, կը ներկայացանէ այն մեղաւոր մարդը, որ Աստուծմէ հեռացած է՝ մեղքի պատճառով, եւ կողոպուտի ընթացքին մերկացումը՝ աստուածային շնորհքներէն պարպուիլը կը խորհրդանշէ, իսկ վէրքերը, մարդ արարածին գործած մեղքերն են, որոնք կ՚ապականեն մարդը եւ կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ արքայութիւն տանող ճամբէն։
Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերէն Սեւերիոս Անտիոքացին (մեր եկեղեցին նզոված է այս մարդը) կ՚ըսէ. «Յաճախ եւ անգիտակացաբար կը կարծենք թէ մեր հաւատակիցներն ու ազգակիցներն են մեր մօտիկները. իսկ ես կ՚ըսեմ քեզի, ան որ մարդկային նոյն բնութիւնդ ունի ան է մօտիկդ, եւ ինչպէս տեսար, ան որ գլուխը վեր բարձրացնելով իր քահանայական զգեստով կ՚ուրախանար, իսկ միւսը, որ ղեւտացի ըլլալով կը հպարատանար, չմտածեցին իրենց ազգակիցին մասին, որ մերկ էր, վիրաւոր, գետին նետուած, անառողջ եւ որ մահուան դռներուն մօտեցած է՝ թէ մա՛րդ է։ Ընդհակառակն, անտեսեցին զինք, փայտի կամ քարի կտորի մը նման։ Իսկ սամարացին, որ Օրէնքի պատուիրանները չէր գիտեր եւ հրեաներուն մէջ նշանաւոր էր տգիտութեամբ եւ անխելքութեամբ, գիտցաւ թէ (այդ մերկ, վիրաւոր եւ գետին ինկած մարդը), իրեն նման մարդ է եւ հասկցաւ թէ ո՞վ է ընկերը»։ Ասկէ կը հասկնանաք, որ ընկերութիւնը կամ մօտիկութիւնը, մի միայն ընտանեկան, ազգակցական կամ արենակցական կապ մը չէ, այնպէս ինչպէս հրեաները կ՚ըմբռնէին նեղմտութեամբ, այլ բոլոր անոնք, որոնք ստեղծուած են Աստուծոյ սուրբ պատկերին նմանութեամբ, բոլորն ալ մարդ արարածին ընկեր կրնան համարուիլ:
բ. Հետաքրքրական է սամարացիին արարքը, որ օտարական մըն էր հրեաներուն: Ան ո՛չ թէ միայն ուշադրութիւն դարձուց, այլեւ՝ «մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով. ապա դրաւ իր գրաստին վրայ եւ տարաւ պանդոկ մը ու զայն խնամեց»։
Այս արարքին գերագոյն օրինակը ու տիպարը մեր Տէրն է։ Մարդ արարածը երբ դարերու ընթացքին հեռացած էր Աստուծմէ եւ ինկած մեղքի տիղմին մէջ, սկսած էր իր արարքներով գարշելի դառնալ Աստուծոյ։ Սակայն Յիսուս Քրիստոս, այս բոլորով հանդերձ, Ան յանձն առաւ Իր աստուածային փառքէն ու պատիւէն պահ մը հեռանալ, աշխարհ գալ, մարդանալ, մարդոց հետ ապրիլ, մարդոց մէջ հրաշքներ ու բժշկութիւններ գործել, մարդոց համար մատնուիլ, չարչարուիլ, խաչուիլ ու թաղուիլ եւ այս բոլորը, մարդը սիրելուն համար։ Սամարացիի օրինակին մէջ կը տեսնենք, որ թէեւ օտարական մըն էր, սակայն մօտեցաւ անոր վէրքերը մաքրեց ու փաթթեց եւ ձիուն վրայ դնելով պանդոկ տարաւ զայն լաւապէս խնամելու համար։ Եկեղեցւոյ հայրերէն, Սուրբ Ամպրոսիոս կ՚ըսէ. «Բարի սամարացին չանցաւ այն մարդուն մօտէն՝ որ աւազակները մահուան եւ կեանքի միջեւ թողած էին եւ զայն հոն ձգեց, այլ՝ փաթթեց անոր վէրքերը, անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով։ Նախ եւ առաջ ձէթ դրաւ, որպէսզի անոր ցաւերը մեղմացնէ, ապա իր կուրծքին կռթնեցուց զայն, այսինքն՝ անոր բոլոր մեղքերը շալկեց. ճիշդ նոյն ձեւով, բարի Հովիւը՝ Քրիստոս, չանտեսեց կորսուած ոչխարը։ «Հպարտութեամբդ դուն քեզ օտարացուցիր Անկէ, մարմնական միտքիդ պատճառով դուն քեզ հպարտացնելով եւ Գլուխին՝ Քրիստոսին չկապուելով» (Հմմտ. Կղ 2.18-19)։ Որովհետեւ, եթէ Գլուխին կապուած ըլլայիր, չէիր ձգեր զայն (վիրաւորը), որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ Եթէ Քրիստոսի կապուած ըլլայիր, ամբողջ մարմինին հոգ կը տանէիր, եւ ուշադրութիւն կը դարձնէիր, որ իրարու կապուած մնան առանց բաժնուելու եւ Քրիստոսով աճելու (Հմմտ. Կղ 2.19)՝ սիրոյ կապերով եւ մեղաւորներու փրկութեամբ։ Երբ կը մերժես դարձի գալ, ըսել կ՚ուզես. “Մեր պանդոկը վիրաւոր մարդ պիտի չմտնէ եւ մեր եկեղեցիէն ներս ո՛չ ոք պիտի բժշկուի։ Մենք հիւանդները չենք հոգար, բոլորս ալ առողջ ենք եւ բժիշկի պէտք չունինք, որովհետեւ Քրիստոս Ի՛նքն էր որ ըսաւ. «Առողջները չեն, որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները»”»։
Որպէս սուրբ եկեղեցւոյ զաւակներ ու անդամներ, բոլորս ալ խորհրդանշականօրէն մէկ մարմինի անդամներն ենք։ Քրիստոս, Ի՛նքն է եկեղեցւոյ գլուխը եւ մենք անոր մարմինին անդամները, եւ բոլորս ալ կոչուած ենք իրարու ընկեր ըլլալու, այլ խօսքով՝ կոչուած ենք իրերօգնութեան, իրարու ցաւակից ըլլալու, նոյնիսկ նեղութիւն եւ դժուարութիւն դիմագրաւելու, մեր ընկերոջ բարիքին համար, որովհետեւ, երբ մեր Տէրը Ինքզինք չխնայեց մեր սիրոյն համար, որքանո՜վ հապա մենք պէտք է փորձենք, մեր մարդկային սահմանափակ կարողութիւններուն ընդմէջէն փորձել օգտակար դառնալ մեր նմանին։ Այդ մէկը կրնանք ընել եւ ներքին ուրախութիւն ու գոհունակութիւն զգալ, երբ մեր անձերը ամբողջութեամբ Աստուծոյ կամքին յանձնած կ՚ըլլանք, ինչպէս Սուրբ Անտոն Անապատական կ՚ըսէ. «Դուն քեզ ոչնչացո՛ւր եւ վարժուէ՛ կամքդ չկատարել, որպէսզի Քրիստոսի շնորհքով հասնիս այն աստիճանին, որ ինչ որ կը կատարես՝ կատարես առանց ջղայնութեան եւ տխրութեան»։
Ընդհանուր առումով, առակը բարոյական եւ ընկերային կեանքի հասկացողութեամբ այս ըմբռնումներն ու մտածումներն է, որ կը փոխանցէ մեզի։
Կայ նաեւ հոգեւոր իմացումը, որ եկեղեցւոյ հայրերը շատ գեղեցիկ եւ բազմաթիւ բացատրութիւններ տուած են։ Այսպէս, Որոգինէս օգտուելով իր նախնիներու բացատրութիւններէն -թերեւս Սուրբ Կղեմէս Աղեքսանդրացի-, կ՚ըսէ. «Իջնող մարդը, Ադամը կը խորհրդանշէ, Երուսաղէմը՝ դրախտը, Երիքովը՝ աշխարհը, իսկ աւազակները թշնամի զօրութիւնները։ Քահանան, Օրէնքը կը ներկայացնէ, ղեւտացին՝ մարգարէները, իսկ սամարացին՝ զՔրիստոս։ Վէրքերը՝ մարդուն անհնազանդութիւնն են, գրաստը՝ Քրիստոսի մարմինն է։ Պանդոկը, որ բոլոր ուզողներուն դիմաց բաց է՝ եկեղեցին է։ Երկու դահեկանը, կը խորհրդանշէ Հայրն ու Որդին, իսկ պանդոկապետը՝ Եկեղեցւոյ իշխանաւորը, որ զայն կը ղեկավարէ։ Իսկ ետ վերադառնալու տրուած խոստումը՝ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը»։ Շատ գեղեցիկ, ամփոփ եւ դիւրըմբռնելի բացատրութիւն մը։ Մենք, որպէս ադամորդիներ, ժառանգած ենք ադամական մեղքը, սակայն մկրտութեամբ կը սրբուինք անկէ եւ Քրիստոսի մարմինին կը միանանք, եւ ատկէ ետք մենք մեր արարքներուն պատասխանատուն ենք։ Որովհետեւ Աստուած, ինչպէս Սուրբ Գրիգոր Աստուածաբան կ՚ըսէ՝ «երեք բան կը սպասէ մկրտուածէ մը. ուղիղ հաւատք մը՝ սիրտին մէջ. ճշմարտութիւն՝ բերանին մէջ. իր մարմինին տիրապետութիւնը»։ Եւ երբ կը մեղանչենք, ինքնաբերաբար մեր մարմինը՝ որ Աստուծոյ տաճարն է (Հմմտ. Ա.Կր 3.16-17), կ՚ապականենք, մոռնալով, որ «մէկը եթէ Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ» (Ա.Կր 3.17)։ Տակաւին, երբ կը մեղանչենք, կը սկսինք Աստուծմէ հեռանալ եւ մոլորիլ կեանքի զանազան եւ վնասակար հոսանքներուն հետեւելով, որոնք պատճառ կը դառնան դրախտէն մեր արտաքսուելուն եւ դրախտի բարիքներն ու վայլեքները՝ այլ խօսքով, Երկինքի Արքայութեան ժառանգութենէն զրկուելուն։
Հոս է, որ կը կայանայ առաքինի կեցուածքը ճշմարիտ ընկերոջ, որ կ՚ուզէ իր նմանին բարիքը եւ երջանկութիւնը։ Ճշմարիտ ընկերը այն չէ, որ երբ տեսնէ իր դիմացինը սխալի կամ դժուարութեան մէջ է, կը սկսի յանդիմանել ու պախարակել զայն, ո՛չ, այդ չէ՛ իսկական ընկերը։ Որովհետեւ ճշմարիտ ընկերը գիտէ, թէ ինչ ձեւով պէտք է վարուի ընկերոջ հետ, որպէսզի կարենայ օգտակար դառնալ անոր։
Ընկերութիւնը, միայն ծանօթութեան վրայ չի՛ հիմնուիր, այլ կ՚ընդլայնի պարփակելու համար ամբողջ մարդկութիւնը, ծանօթ թէ անծանօթ, սամարացիին նման, որ աւազակներէն կողոպտուած եւ վիրաւորուած մարդը, թէեւ իրեն համար անծանօթ էր, սակայն, որպէս աստուածային պատկերին նմանութեամբ ստեղծուած մարդ, մօտեցաւ անոր, լուաց անոր վէրքերը ձէթով ու գինիով, դրաւ իր ձիուն վրայ եւ պանդոկ տարաւ ու խնամեց եւ պանդոկապետին պատուիրեց հոգ տանիլ անոր։ Նոյնը ըրաւ մեր Տէր Քրիստոս. եկաւ աշխարհ, մեր փոխարէն զոհեց իր անձը, հիմը դրաւ Եկեղեցւոյ, զայն դարձնելով այն խաղաղ նաւահանգիստը, իր սէրն ու գուրգուրանքը վայելել փափաքող բոլոր անձերուն համար:
Փորձենք նմանիլ սամարացիին՝ ըլլալով լա՛ւ եւ ճշմարի՛տ ընկեր բոլորին, գործադրելով մեր Տիրոջ պատուէրները, կառչելով մայրենի մեր Սուրբ Եկեղեցիին եւ հաւատարիմ մնալով անցեալէն մեզի աւանդուած արժէքներուն ու սրբութիւններուն, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ