ԼԵԶՈՒԱԲԱՆ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ (1876 - 1953) «ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ»Ը ՆԵՐԿԱՅ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆՑ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԵՐՅԻՇԵԼ ԱՃԱՌԵԱՆԸ

Ներկայիս հայերէն լեզուն կը մնայ վտանգներու ենթակայ թէ՛ Հայրենիքէն ներս եւ թէ՛ արտաշխարհի տարածքին։ Զոյգ արեւելահայ եւ արեւմտահայ լեզուները իրենց հիմքէն աղճատուելու ենթակայ եղած են արդէն անցնող յիսնամեակին՝ դպրոցներու եւ ուսուցիչներու թիւն ու որակը անփութօրէն հետզհետէ խախտած ըլլալով, մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ։ Մտահոգ անձինք յաճախ գրած են այդ մասին եւ նոյնիսկ կը կարծեմ, թէ արդէն ուշ է դժբախտաբար վերականգնելու անցեալի փառքը եւ կամ անոր մէկ մասնիկը։ Եթէ վերջին ճիգ մը պիտի ընենք, գէթ վերյիշենք մեր նախանցեալ սերունդի հըս-կայ լեզուաբանը՝ փրոֆ. Հրաչեայ Աճառեանը, հակիրճ ակնարկ մը նետելով իր հոյակապ եւ անկրկնելի «Հայերէն լեզուի արմատական բառարան»ին վրայ, վերագտնելու համար մեր ոսկեղնիկ լեզուին ակունքները ու մասամբ մխիթարուիլ։

Կանուխէն ըսած ըլլամ, որ Աճառեան, Պոլիս ծնած եւ սակայն իր կեանքը լիովին ապրած է Հայաստան, իր յետմահու հրատարակուած «Արմատական բառարան»ի չորս հատորեակին մէջ գործածած է հարազատօրէն Մեսրոպեան դասական ուղղագրութիւնը, որուն շնորհիւ ծաղկած է արեւմտահայերէնը մինչեւ մեր ժամանակները՝ հիմք ունենալով յիշեալ Բառարանը։

Հակառակ Սովետական բռնատիրութեան, որուն ճնշումին տակ կազմալուծուեցաւ դասական ուղղագրութիւնն ու բառամթերքը, Հրաչեայ Աճառեան անոնց քիթին տակ գրեց անվարան ու վճռական 40 էջերու վրայ իր ներածականը, ո՛չ մէկ բառ այլանդակուած, այլ ընդհակառակը ամբողջ ներածականն ու Բառարանի հազարաւոր բառերը ստուգաբանուած ամենայետին բացատրութիւններով իրենց ճշգրիտ ուղղագրութեամբ։ Երբ մեր մեծագոյն գիտնական լեզուաբանը այդ դիրքը բռնած է, այլեւս ուրիշ առարկութիւն ոչինչ արժէ։

Հայերէն լեզուի արեւելահայ եւ արեւմտահայ բարբառները իրենց երջանիկ գոյակցութիւնը պահեցին, որքան ատեն որ մեր լեզուի դասական ուղղագրութիւնը հիմքը կազմեց երկու ճիւղերուն։ Հրաչեայ Աճառեան իր յիշեալ կոթողային գործը հրատարակեց 1936 թուին ապակետիպ եւ ապա յետմահու չորս հատորներով Երեւանի Պետական համալսարանը հրատարակեց զանոնք 1974 թուին։

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

Փարիզի Սորպոնի համալսարանի ուսուցչապետ Անթուան Մէյէն եւ Գերմանիոյ Սթրազպուրկի համալսարանի յայտնի լեզուաբան Հայնրիխ Հիւպշման բարձր գնահատութեամբ հրաւիրած են Աճառեանը դասախօսելու, բացառիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք զոյգ համալսարաններու լեզուաբանական ճիւղը։ 1898 թուին Աճառեան հայրենիք գաղթելով ուսուցիչ կար-գըւած է Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին, ապա դասախօս՝ Երեւանի Պետական համալսարանին՝ ապրելով ցկեանս Հայրենիքի մէջ մինչեւ 1953 թուականը։

ԳՈՐԾԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԸ

«Արմատական բառարան»ի բովանդակած եւ ստուգաբանուած հայերէն բառերու թիւը հասած է 5062-ի, որ ինքնին կը վկայէ այն մասին, թէ հեղինակը կարողացած է հայերէն լեզուի ստուգաբանութեան լիակատար հաւաքածոն պատրաստել միշտ նկատի ունենալով հետզհետէ զարգացող տարբեր գաւառաբարբառները։ Գործին դասաւորման Աճառեան սկսած է բառերու ծագումի պատմութենէն, եթէ բնիկ են եւ կամ փոխառեալ, որոնցմէ առաջինները մեզի ժառանգ մնացած են ուղղակի հնդեւրոպական նախալեզուէն եւ կազմած հայերէնի նախնագոյն տարերքը։ Իսկ փոխառեալները, ըստ մեծ լեզուաբանին, իրանական, ասորական եւ վրացական լեզուներէն։

Գիտականօրէն սակայն Աճառեան հայերէն բառերը չորս խումբերու վրայ բաշխած է, զանոնք կոչելով «բնաձայն, հայակերտ, անստոյգ եւ աղճատեալ», որոնք, կ՚ըսէ, նորագիւտ ձեռագիրներու ընթերցմամբ եւ բանասիրական քննութիւններով բարեփոխուած են։ Աճառեան մեր հին մատենագիրներու ստուգաբանութիւնները գնահատած է մեծագոյն մասամբ որպէս գիտական, բացայայտելով մատենագիրներուն հայերէն լեզուի նկատմամբ անոնց ունեցած հմտութիւնն ու բառերու ճշգրիտ գործածութիւնը։ Անոնցմէ լաւագոյն օրինակը, իմ կարծիքով, կը հանդիսանայ հինգերորդ դարու Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց» գիրքը, ուր գրաբարը գերազանցօրէն կը փայլի իր բառամթերքով եւ ճշգրտութեամբ։

ԳԱՒԱՌԱԲԱՐԲԱՌՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏԸ

Հայերէն լեզուի գաւառական ակունքներէն եկած բարբառները եւս դասաւորած է փրոֆ. Աճառեան, քննելով իւրաքանչիւրին արմատն ու անոր ստացած այլազան գործածութիւնը։ Այդ խրթին աշխատանքը կատարած է «ճամբորդելով քաղաքէ քաղաք» եւ կազմելով բարբառներուն ամբողջական բառացանկը։ Իսկ այն բաժինը՝ որ կը վերաբերի հակառակ ուղղութեամբ հայերէն լեզուէն փոխառեալ բառերուն, նպատակ ունի պարզելու հայերէնի ազդեցութիւնը շրջակայ օտար լեզուներուն վրայ։

Աճառեան շեշտակի կերպով կը գրէ, թէ մէկ կողմէն գիտնականներ զբաղեր են հայերէն լեզուի ծագումն ու զարգացումը ուսումնասիրելով, անդին «ո՛չ մէկը չէ հետաքրքրուած թէ հայերէնն էլ ուրիշների վրայ ի՛նչ ազդեցութիւն է գործել»։

Վերջապէս մեծ գիտնականը քննելով հայոց դրացի լեզուները՝ քրտերէնը, եբրայերէնը, արաբերէնն ու ասորերէնը, տեսած է, որ ասոնք եւս «հայերէնից բաւական ազդուած են»։

«ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ»Ը

Այս պատկառելի չորսհատորեակը իսկականին մէջ հայերէն բառերու հանրագիտարան մըն է, որ բազմակողմանի կերպով կը լուսաբանէ հայերէն բառերուն արմատը, անոնց ծագումը, պատմութիւնը եւ ազդեցութիւնը։ Աճառեան այս շատ բարդ խնդիրը կրցած է հայերէն լեզուի յատուկ հնչիւնական օրէնքներու հիմամբ հաստատել, ցոյց տալով աշխարհին անոր պատմական ընթացքը, վաւերական եւ գրաբար լեզուի հիմքերուն վրայ կառուցուածքը, հաստատելով միանգամայն որ մեր լեզուի քերականութիւնն ու ուղղագրութիւնը իրենց սկիզբը առած են գերագոյն եւ գերազանց «Դասագիրք»էն՝ Աստուածաշունչ մատեանէն։

Աճառեան կարեւորութեամբ կը զատորոշէ անոնց բառագիտութիւնը, որուն մէջ կ՚իյնան բառին արմատը, հոլովման եւ խոնարհումին ձեւերը, բառին նշանակութիւնը եւ ածանցները։ Յաջորդաբար կը քննարկէ բառերուն քերականական, իմաստաբանական եւ կիրառման կառոյցները, միշտ հաւատարիմ մնալով մեր նախնեաց մատենագրութեան գործածութիւններուն։ Յաջորդ քայլը կ՚ըլլայ ստուգաբանութիւնը ինքնին, ուր Աճառեան կը գերազանցէ օտար լեզուաբանները, «հաւաքելով հայերէնի ստուգաբանութեան բնագաւառում կուտակուած ամբողջ նիւթը եւ սպառիչ ամբողջութեամբ ներկայացնել հայերէնի ստուգաբանութիւնը». ինչպէս կը կարդանք ներածականին մէջ։

Ինչպէս Աճառեանի աշակերտը, յայտնի գիտնական Էդիկ Աղայեան գրած է «Բառարան»ի յառաջաբանին մէջ՝ «Անհնարին է պատկերացնել որեւէ բառագիտական հետազօտութիւն առանց այս Արմատական Բառարանի պարունակած նիւթերը լիովին հաշուի առնելու»։

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Եթէ հայերէն լեզուի հիմնաքարը Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակ կառուցին, անոր պատմական եւ գիտական ընթացքը ստուգապէս վերահաստատեց Հրաչեայ Աճառեան։ Որքան կը պարտինք հայերէն գրաւոր եւ գրական լեզուի հիմքը Թարգմանիչ Վարդապետներուն եւ յաջորդող դարերու հոյլ մը պատմագիրներուն՝ գլխաւորութեամբ երկու Մեծ Սուրբերուն, նոյնքան կը պարտինք մեծ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի արդի հայերէնին կատարեալ կառոյցը՝ հաւատարմօրէն շարունակուած իր դասական ուղղագրութեամբ։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Շաբաթ, Մայիս 9, 2020