ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Մարդ եթէ շիտակ ճամբայէն մերժէ քալել, ի՞նչ կը պատահի անոր:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ՚ըլլայ» (Առ 15.10): Կարճ եւ յստակ. ուղիղ ճամբայէն քալել չուզողը՝ ուշ կամ կանուխ պատիժ պիտի ստանայ…: Մարդուն համար աւելի լաւ է այս աշխարհի վրայ պատիժ ստանալ, ցաւ ու նեղութիւն կրել, սակայն սխալ ճամբայէն վերադառնալով՝ անցնիլ դէպի շիտակ ճամբան, քան թէ ամբողջ կեանքը սխալ ճամբայէ քալելէ ետք, յաւիտենապէս չարչարուի ու տանջուի հանդերձեալին մէջ:

Մարդիկ, երբեմն կը հարցնեն, ինչպէ՞ս կամ ո՞ւր գտնել շիտակ, ուղիղ ճամբան: Պատասխանը պարզ է. Քրիստոսի մէջ: Տէր Յիսուս Ի՛նք իսկ կը յայտարարէ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Հետեւաբար, ան որ զՔրիստոս ունի իր կեանքին մէջ, արդէն իսկ ուղիղ ճանապարհի մէջ է, կարեւորը Քրիստոսէ կառչած մնալն է, որպէսզի ուղիղ ճանապարհէն չմոլորի:

Հ. Ինչո՞ւ համար Առակագիրը կը գրէ. «Յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի» (Առ 15.10):

Պ. Այստեղ յանդիմանութիւնը պէտք է հասկնալ մեղերէ զերծ մնալը, կամ մեղաւոր կեանքին համար զղջալը եւ դառնալը դէպի աստուածպաշտութիւն:

Յանդիմանութիւն լսել ընդհանրապէս տհաճ է ցանկացած մարդու համար, յատկապէս մեր օրերուն, երբ ԵՍը իր կայսրութիւնը լայնօրէն տարածած է, տիրապետելով մարդու ողն ու ծուծին, ինչ բանի պատճառով ալ այսօր հոգեւորականներէն շատերը չսիրուած կամ ո՛չ փափաքելի անձնաւորութիւններ են շատերու համար, որովհետեւ անոնք իրենց քարոզներով մարդիկը կը հրաւիրեն ապաշխարութեան, զղջումի եւ Աստուծոյ վերադառնալու: Ահաւասիկ այս ընթացքն է, որ շատերու համար՝ որոնք մեղքի կեանքով կ՚ապրին, յանդիմանութիւն կը դառնայ: Եթէ ականջ տան այդ յանդիմանութեան՝ որ իրենց հոգիներու շինութեան համար է, ապա կը փրկուին եւ կը ժառանգեն իրենց համար խոստացուած բարութիւնները, հակառակ պարագային, ապա Առակագիրին ըսածը պարզ է, թէ՝ յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի, այլ խօսքով, այդպիսիները իրենց մեղքերուն պատճառով է, որ մահ պիտի ժառանգեն, այն ալ՝ յաւիտենական մահ:

Յանդիմանութիւն չընդունողները ընդհանրապէս հպարտ ու մեծամիտ մարդիկը կ՚ըլլան, որոնց սատանան յաջողած է խաբել աշխարհային փուճ բաներով: Անոնք, վստահելով իրենց ունեցուածքին, գիտութեան, եւ այլնի վրայ, կը կարծեն թէ իրենք միւսներէն տարբեր են, վեր են, աւելի իմաստուն են… Եւ նկատի ունենալով, որ մարդը Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն ստեղծուած է, մարդոց նկատմամբ իրենց ունեցած այս վերաբերմունքը բնականաբար կ՚ուղղուի նաեւ դէպի Աստուած, այսինքն՝ Աստուծոյ նկատմամբ ալ հպարտութիւն եւ մեծամտութիւն կը ցուցաբերեն: Դարձեալ Առակագիրին դիմենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ այսպիսի մարդոց մասին. «Մեծամիտը զինք յանդիմանողը չի սիրեր եւ իմաստուններուն քով չ՚երթար» (Առ 15.12):

Հ. Ի՞նչ է տարբերութիւնը տրտնջացող եւ գոհունակ սիրտ ունեցող մարդոց միջեւ:

Պ. Սողոմոն Իմաստունը կ՚ըսէ. «Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է» (Առ 15.15):

Այստեղ վշտալից մարդ կարդալով, պէտք է հասկնանք տրտնջացող մարդ, իսկ ուրախ սիրտը՝ գոհունակ սիրտ:

Տրտնջացող մարդուն կեանքի օրերը իրապէս ալ միշտ գէշ կ՚ըլլան, որովհետեւ ո՛չ մէկ բանով կը գոհանայ եւ ո՛չինչով կը մխիթարուի, այլ՝ միշտ կը բողոքէ, կը տրտնջայ, կը մտահոգուի, եւ այլն:

Մարդուն տրտնջալու գլխաւոր պատճառներէն մէկը չափազանցուած մտահոգութիւնն է: Տրջտնջացող մարդը միշտ կը մտահոգուի, թէ վաղը ինչպէս պիտի ընէ, որպէսզի կարենայ քիչ մը աւելի գումար վաստակի, կը մտածէ ի՛նչ ընէ, որ իր դրացիէն աւելի լաւ ըլլայ, ինչպէ՛ս ընէ, որպէսզի իր ընկերոջմէն աւելի սուղ ժամացոյց մը կապէ իր ձեռքին, եւ նման բազմաթիւ աշխարհիկ մտահոգութիւններով կը ծանրաբեռնէ իր միտքը, որով երբեք չի՛ դադրիր տրտնջալէ ու բողոքելէ:

Եկէք, պահ մը նայինք, թէ Տէր Յիսուս ի՛նչ կ՚ըսէ մտահոգութեան մասին, որով գտած կ՚ըլլանք տրտնջալէն ձերբազատուելու միջոցը: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։

Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար։ Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն։ Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։

Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (Մտ 6.24-34):

Այնքան պարզ ու յստակ են Տէր Յիսուսի խօսքերը, միաժամանակ ա՛յնքան խօսուն: Բերուած օրինակները՝ երկինքի թռչուններուն եւ դաշտի շուշաններուն մասին, բաւարար են մեզի համար, հասկնալու թէ մենք Աստուծոյ համար շատ աւելին ենք, եւ առ այդ Աստուած մեզ երեսի վրայ չի՛ ձգեր, կարեւորը մեր կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնն է Անոր նկատմամբ:

Ամէն անգամ երբ զգանք որ պիտի դժգոհինք, բանանք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ մէջբերուծ հատուածը, անգամ մը կարդանք, ու տրտնջալու փոխարէն, գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ Իր պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար:

Իսկ գոհունակ սիրտ ունեցող մարդոց ամենէն վառ տիպարներէն մէկը Սաղմոսերգու Դաւիթ թագաւորն է, որուն հեղինակած սաղմոսներուն մէջ հրաշալի հատուածներ կան Աստուծոյ ուղղուած գոհութեան եւ փառաբանութեան: Տանք մի քանի օրինակներ.

• «Մեծ է ՏԷՐԸ, եւ ամէն օրհներգութեան արժանի, բոլոր աստուածներէն վեր՝ Ի՛նքն է միայն պաշտամունքի արժանի: Ժողովուրդներու պաշտած աստուածները ոչնչութիւն են, մինչդեռ ՏԷՐԸ երկինքի Արարիչն է: Փառք եւ մեծավայելչութիւն կը ճառագայթեն Անկէ, Իր զօրութիւնն ու գեղեցկութիւնը կը լեցնեն Իր սրբարանը» (Սղ 96.4-6):

• «Նեղութեանս մէջ ՏԻՐՈՋ աղաղակեցի, եւ պատասխան տուաւ ինծի» (Սղ 120.1). Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, թէ նեղութեանս մէջ աղաղակեցի, այսինքն՝ հակառակ ունեցած դժուարութիւններուս, վստահութիւնս չկորսնցուցի Անոր նկատմամբ եւ դիմեցի Անոր, իսկ Ան՝ պատասխան տուաւ ինծի:

• «Ամբողջ սիրտով գոհութի՜ւն կը յայտնեմ քեզի, ո՜վ Տէր, հրեշտակներուն ներկայութեան կը ներբողեմ Քեզ: Կ՚երկրպագեմ սուրբ տաճարիդ եւ գոհութիւն կը յայտնեմ Քեզի՝ Քու սիրոյդ եւ հաւատարմութեանդ համար, որովհետեւ ամէն ինչէ գերեզանց են անունդ եւ խոստումներդ: Երբ օգնութեան կանչեցի՝ ինծի պատասխանեցիր, եւ զօրութիւնս բազմապատկեցիր» (Սղ 138.1-3):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 41

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2023