ԲԱԺԱԿԻՆ ՄԷՋ ՓՈԹՈՐԻԿ. ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ, ՈՐ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ ՉԷ
Անցնող օրերուն հրապարակ ելած «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութեան համար գլխաւոր նպատակ կը հանդիսանայ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին իր պաշտօնէն հեռացումը։
Տարբեր առիթներով, յաճախ անախորժ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն անյարիր վարքով մը արտայայտուած մօտեցումները հիմնականին մէջ վիրաւորական բնութագրումներ կը բովանդակեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, անոր գահակալին եւ աւելի քան 700 միաբաններուն հանդէպ։ Ուշագրաւ փաստը այն է, որ այս օրերուն «քաղաքացիական շապիկ»ով հանրութեան ներկայացող այս նախաձեռնութեան շուրջ «կը պտըտին» տարբեր յանցանքներու եւ մեղանչումներու պատճառով իրենց կարգէն զրկը-ւած նախկին միաբաններ, որոնք ինչ-ինչ պատճառաբանութիւններով «ասպարէզ» կը կարդան Մայր Աթոռին դէմ։
Այս բոլորէն անդին կայ նաեւ մօտեցում, որուն համաձայն այս բողոքի ցոյցերը կը կատարուին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, եւ նախաձեռնութեան անդամներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ կը դրուի այն մօտեցումը, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութեան» զուգահեռ, նոյնպէս եկեղեցիին մէջ պէտք է կատարուին անյապաղ «բարեփոխումներ», որոնց հիմնական կիզակէտը Վեհափառ Հայրապետին իր պաշտօնէն հրաժարական տալն է։
Ինչքանո՞վ ճիշդ ու տեղին է այս մօտեցումը եւ ի՞նչ հիմունքներով է, որ նման մօտեցումներ կը ներկայացուին, երբ հանրութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը շատ ալ մտահոգ չէ կամ նոյնիսկ համակարծիք չէ Մայր Աթոռին դէմ պայքարի ասա բարձրացուցած այդ նօսրագոյն «յեղափոխականներ»ուն հետ։ Ու այս խօսքին մեծագոյն ապացոյցը անշուշտ այդ բողոքի հաւաքներուն սակաթիւ ներկայութիւնն է, որ շատ բան պէտք է ըսէ բոլորիս համար։ Ի դէպ ըսեմ, որ Մայր Աթոռի Գահակալին դէմ ընթացք առած բողոքի հաւաքները կը կատարուէին Երեւանի կեդրոնին մէջ գտնուող Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր «բողոքարարներ»ու ներկայացուցիչներ իրենց խօսքը արտասանելէ ետք մասնակիցները կը հրաւիրէին երթի, որ իրենց բնորոշումով կը կրէր «խաչերթ» անուանումը։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ եղած կարգադրութեամբ եւ նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը անցեալ Հինգշաբթի օր կ՚ընդունէր «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» նախաձեռնութիւնը ներկայացնող պատ-ւիրակութեան անդամները։ Ի դէպ պատ-ւիրակութեան անդամները, որոնք ճշդուած ժամադրութենէն քիչ մը ուշ կը հասնէին Մայրավանք, լրագրողներուն հետ խօսելով կը յայտարարէին, որ իրենք չեն եկած բանակցելու, այլ եկած են վերահաստատելու իրենց պահանջը, որն է Ամենայն Հայոց Հայրապետի իր գահէն հեռանալը։ Անոնց ժամանումէն րոպէներ անց Տրդատի դրան զիրենք կը դիմաւորէր Մայր Աթոռի Տեղեկատուական գրասենեակի վարիչ Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան: Նախաձեռնութեան համակարգող Կարէն Պետրոսեան զիրենք ընդունող քահանայ հօր կը յայտնէր իր վերապահութիւնը այն մասին, թէ իրենց հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին հետ նախատեսուածին պէս պիտի չըլլայ եւ հանդիպման պիտի մասնակցին Էծմիածնի միաբանութեան անդամ երկու եպիսկոպոսներ:
Տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին, որոնք կը վարուէին Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի եւ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի ներկայութեամբ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջողներու խումբը կ՚ուղղուէին Մայր Աթոռի վեհարանը, ուր փակ դռներու ետին կը կայանար շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող հանդիպում մը, որմէ ետք ալ լուրեր շրջան կ՚ընէին, թէ եղած հանդիպումը անարդիւնք էր:
Հանդիպումէն անմիջապէս ետք եւ բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ նախաձեռնութեան անդամները կը պատասխանէին վեհարանի մօտ կանգնած լրագրողներու հարցումներուն։ Հարց ու պատասխանի ընթացքին յաճախ լսելի կը դառնային մեղադրական խօսքեր եւ նախաձեռնութեան անդամները նոյնիսկ վիրաւորական ոճով կը խօսէին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Խօսողներուն մէջ էր նաեւ մինչեւ այս պահը Սուրբ Էջմիածնի միաբանական շարքերուն մէջ գտնուող Տ. Կորիւն Աբեղան, որ ներկաները կ՚ուզէր համոզել, թէ ինք կոչուած էր այս շարժումին «գլուխ»ը ըլլալու՝ «դրդուած» ու «լեցուած» ըլլալով Սուրբ Հոգիով։
Հարց ու պատասխանի բաժինը կ՚աւարտէր ու բողոքի շարժում կատարողները «կը հաւաստիացնէին», որ իրենք վճռած են երթալ մինչեւ «վերջ» ու կատարել ամէն ինչ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել նոր կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը, որ իրենց կարծիքով պէտք է ըլլար բոլորին կողմէ սիրելի անձաւորութիւն մը։
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԴԻՒԱՆԱՊԵՏԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ
«Բողոքարարներ»ու հարց-պատասխանէն այս անգամ լրագրողներուն առիթ կը տրուէր մտնել Տրդատի դարպասէն ներս, լսելու համար Մայր Աթոռի միաբաններուն տեսակէտները, որոնց գլխաւոր պատգամախօսը կը հանդիսանար Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շեշտը կը դնէր, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին հանդէպ հնչած մեղադրանքները անհիմն են, հաստատելով, որ Մայր Աթոռէն ներս Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը ընդհանրապէս օրակարգի կամ քննարկման նիւթ չէ:
Սրբազան հայրը մասնաւորապէս կ՚ըսէր՝ «Վեհափառ Հայրապետի անձին դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները անհիմն են եւ Վեհափառ Հայրապետը չի պատրաստուիր հրաժարական ներկայացնել»:
Արշակ Սրբազան նաեւ նկատել կու տար, որ բողոքի հաւաք կատարողները իրաւասութիւն չունին խօսելու ամբողջ հայ ժողովուրդի եւ հայութեան անունով. «Այսօր բոլորս գիտենք, որ մեր եկեղեցիին մէջ ալ կան բազմաթիւ խըն-դիրներ, որոնց լուծման ճանապարհը ըստ բողոքի հաւաքներ կազմակերպողներուն հնարաւոր է ապահովել միայն Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականով, բան մը սակայն որ ընդունելի չէ ու Մայր Աթոռի մէջ չկայ նման օրակարգ»:
Ան կը շեշտէր, որ «մերկապարանոց մեղադրանքներ եւ վերագրումներ կատարելով կարելի չէ մէկու մը նկատմամբ դատապարտական ոճով խօսիլը անկախ անկէ, որ ան շարքային քաղաքացի է կամ կաթողիկոս՝ ընդունելի չէ»:
Արշակ Սրբազան պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցումին այն մասին, թէ որեւէ տեղեկութիւն ունի, որ մօտիկ ապագային Մայր Աթոռի եպիսկոպոսական դասուն պատկանող շարք մը միաբաններ պիտի միանան բողոքի արշաւին՝ կը պատասխանէր. «Ես կը կարծեմ եղածը քարոզչական հնարք է, որ նպատակ կը հետապնդէ շփոթ ստեղծել հաւատացեալներու լայն շրջանակներու մէջ: Մեր մօտ վախի մթնոլորտ չկայ եւ ես վստահ եմ, որ մեր բոլոր եկեղեցականները բաւարար քաջութիւն ունին արտայայտելու իրենց կարծիքը որեւէ թեմայի մասին, հետեւաբար այն խօսքերը՝ ըստ որոնց մեր եկեղեցւոյ միաբաններ պիտի միանան բողոքի հաւաքներուն, սխալ է»:
Արշակ Սրբազան չէր բացառեր, որ յառաջիկային այս բողոքի շարժման կը միանան այն անհատները, որոնք մտահոգ չեն հայ հասարակութեան մօտ եկեղեցւոյ դերի բարձրացման: Սրբազանին կարծիքով՝ «այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր տեղի կ՚ունենան մեծ փոփոխութիւններ եւ ուր հասարակութիւնները կը դառնան ազատական-լիպերալ մօտեցումներով գործող հաւաքականութիւններ, կը նկատուի, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դառնայ ազգային-գաղափարական ընկալումներու հիմնական պաշտպանը հանդիսացող կառոյց մը, որ կոչուած է պահպանել հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքները, հետեւաբար նաեւ կը դառնայ թիրախ նոր հասարակութիւն կերտել միտող շարժումներուն: Փորձ կայ աւանդական մօտեցումները հարուածել ու այդ մարդիկ շատ բնական է, որ միանան այսպիսի շարժումներուն եւ մենք պայքարելու ենք անոնց դէմ»:
Բողոքի «Խաչերթ»ները պիտի շարունակուին. Մայր Աթոռը միակամ է...
Հինգշաբթի օր կայացած հանդիպման աւարտին, ինչպէս վերը յայտնեցինք, յստակ կը դառնար, որ «բողոքող» կողմը վճռած է շարունակել իր քայլերը։ Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները կը յայտնէին նաեւ, որ իրենց արարքները պիտի ստանան համաժողովրդային բնոյթ։
Միւս կողմէ, յստակ է նաեւ, որ Մայր Աթոռի եպիսկոսական դասուն եւ հոգեւոր խորհուրդին մօտ անքննարկելի է Ամենայն Հայոց Հայրապետին հրաժարական տալու հարցը ու նաեւ կայ համոզում, որ այս շարժումը վաղ թէ ուշ պիտի թուլանայ եւ մարի...։
Եկեղեցւոյ հարցերը հանրային ոլորտ տեղափոխելու փորձերը ինչքանով կրնան նպաստել Հայաստանի հասարակութեան եւ առհասարակ հայութեան կա՛մ ինչքանով ճիշդ է եկեղեցւոյ բարձրագոյն սպասաւորներուն հետ առկայ տարակարծությունները դարձնել բողոքի թեմա:
Այս բոլորը պարզ պիտի դառնան աւելի ուշ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան