Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Ը.)
- «Մարմին Տէրունական» երգէն ամիջապէս ետք ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։
- «Մարմին Տէրունական» երգէն անմիջապէս ետք սարկաւագը կը ձայնէ. «Դպիրնե՛ր, Սաղմո՛ս երգեցէք մեր Տէր Աստուծոյն» քաղցր ձայնով հոգեւոր երգե՜ր երգեցէք, եւ «դպրիրները օրուան խորհուրդին համաձայն Սրբասացութիւն կ՚երգեն, իսկ սարկաւագները վեր՝ Սուրբ Սեղան կը բերեն սրբազան Հացը եւ անմահութեան Բաժակը»։
Խորհրդատետրէն քաղուած այս բացատրականը որոշապէս կ՚ըսէ, թէ դպիրները Սրբասացութիւն կ՚երգեն «օրուան խորհուրդին համաձայն»։ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցին մէջ տեղ գտած Սրբասացութեանց մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Անցեալին, եւ տակաւին 12-րդ դարուն՝ Լամբրոնացիի քով եւ 13-րդ դարուն՝ Արճիշեցիի քով ալ, կայ միայն մէկ Սրբասացութիւն, որ կը կոչուի «Որք զքրովբէից», եւ որ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի Պատարագէն կու գայ։ Բայց 13-րդ դարէն ետք եկող Պատարագամատոյցներուն մէջ կը գտնենք նոր Սրբասացութիւններ, որոնք հեղինակութիւնն են 12-րդ դարու մեր մեծագոյն մատենագիրին եւ երաժիշտ Հայրապետին՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին, յօրինուած՝ տօնական զանազան առիթներու համար»։
- Որո՞նք են Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած Սրբասացութիւնները։
- Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ, իւրաքանչիւր հանդիսաւոր տօնի համար յօրինած է գողտրիկ Սրբասացութիւններ, ինչպէս՝ «Հրեշտակային»ը (սովորական կիրակիներուն, Եկեղեցւոյ տօներուն, Ծաղկազարդին եւ Հրեշտակաց տօնին համար), «Ով է որպէս»ը (Յինանց շրջանին եւ Խաչի տօներուն համար), «Բազմութիւնք Հրեշտակաց»ը (Ծննդեան, Աւետման, Վարդավառի եւ Աստուածածնայ տօներուն համար), «Սրբութիւն սրբոցը» (Մարտիրոսաց յիշատակներուն համար)։
- Ինչո՞ւ Յիշեալ երգերը «Սրբասացութիւն» կը կոչուին։
- Յիշեալ երգերը «Սրբասացութիւն» կը կոչուին, որովհետեւ բոլորն ալ կ՚ակնարկեն Եսայի մարգարէի տեսիլքին, ուր Սերովբէները Աստուծոյ շուրջը կանգնած, իրենց երեսը կը ծածկէին եւ կ՚երգէին. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Տէր Զօրութեանց» (Ես 6.1-3)։
Ահա թէ ինչո՛ւ մեր եկեղեցւոյ Սրբասացութեան մէջ տեղ գտած է Սերովբէներուն արտաբերած բացագանչութիւնը։
- Ի՞նչ կը նշանակէ «վերաբերում»։
- Իր պարզ իմաստով «վերաբերում» կը նշանակէ վեր բերել։
Պատարագի սկզբնաւորութեան Սկիհին մէջ զետեղուած հացն ու գինին, Խորանին աջակողմեան (հիւսիսակողմը) պատին վրայ գտնուող խորհրդանոցին մէջ դրուած կ՚ըլլան։ Այս հանգրուանին՝ պատարագիչին սպասարկող սարկաւագը Սկիհը հոնկէ առնելով՝ հանդիսաւորապէս կը բարձրացնէ եւ թափօրով Խորանին ետեւէն անցնելով՝ կու գայ Սեղանին ձախակողմը (հարաւակողմը), զայն նոյն հանդիսաւորութեամբ յանձնելու պատարագիչին։
Իսկ անցեալին, Պատարագին համար ժողովուրդը իր ընծաները կամ նուէրները կը բերէր։ Այս ընծաներէն հացերը առանձին ափսէներով կամ մաղզմաներով, իսկ գինին՝ յատուկ բաժակներով, հանդիսաւորապէս ժողովուրդին մէջէն վեր Խորան կը բերուէին՝ Ս. Սեղան դրուելու համար։
- «Վերաբերում» կատարող սարկաւագը ընծաները խորհրդանոցէն առնելուն եւ Սկիհը քահանային յանձնելուն ընթացքին ի՞նչ կ՚արտասանէ։
- «Վերաբերում» կատարող սարկաւագը ընծաները խոհրդանոցէն առնելէն մինչեւ հարաւակողմ հասնիլը Սաղմոսներէն եւ Ամբակում մարգարէութենէն քանի մը համարներ կ՚արտասանէ. Սկիհը առնելուն պէս՝ «Աստուած երկինքի մէջ բնակարան կանգնեց Արեգակին, եւ սա՝ փեսայի պէս իր առագաստէն դուրս կու գայ» (Սղ 19.5)։ Երբ արեւելեան կողմը կը հասնի՝ «Ճամբայ բացէք Անոր՝ որ արեւելք կը նստի, երկինքներէն վեր» (Սղ 68.33)։ Իսկ երբ հարաւակողմ կը հասնի՝ «Աստուած հարաւէն պիտի գայ, Փառան լեռնէն պիտի գայ Սուրբը» (Ամբ 3.3)։ Իսկ հարաւակողմ հասնելէ ետք պահ մը կանգ կ՚առնէ, ապա դէպի հիւսիս՝ դէպի պատարագիչը կը դառնայ, եւ անոր հետ փոխն ի փոխ կ՚արտասանեն 24-րդ Սաղմոսին 7-10 համարները՝ ըսելով. «Բացէ՛ք ձեր փեղկերը, ո՜վ դարպասներ, թող բացուի՛ն յաւիտենութեան դռները, որպէսզի ներս մտնէ փառաւոր թագաւորը»։ Պատարագիչը կը պատասխանէ՝ ըսելով նոյն հատուածին յաջորդող համարը. «Ո՞վ է այս փառաւոր Թագաւորը։ Տէրն է, հզօր եւ անպարտելի, Տէ՛րը, պատերազմի մէջ անխորտակելի»։ Նոյն խօսքերը անգամ մը եւս կրկնելէ ետք, սարկաւագը Ս. Ընծան կը յանձնէ պատարագիչին՝ ըսելով. «Սա Ի՛նքն է փառաւոր թագաւորը»։ Քահանան «Օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնեալ ես Դուն, որ եկար եւ վերստին պիտի գաս» ըսելով կ՚առնէ Ս. Սկիհը ու անով կ՚օրհնէ ժողովուրդը։ Ապա՝ ետ դառնալով կը դնէ Ընծան Ս. Սեղանին վրայ ու երեք անգամ անոր վրայ խնկարկելէ ետք՝ ջուրով կը լուայ իր մատներուն ծայրերը եւ ցած ձայնով կ՚ըսէ. «Որպէս նշան անմեղութեան՝ պիտի լուամ ձեռքերս, եւ սեղանիդ շուրջ դառնալով՝ սպասարկե՛մ Քեզի» (Սղ 26.6)։
- Սրբասացութիւն երգուելու ժամանակ քահանան ծածուկ ի՞նչ աղօթք կ՚արտասանէ։
- Սրբասացութիւնը երգուած ատեն, պատարագիչը ցած ձայնով թախանձագին կ՚աղօթէ, յիշելով մեզ՝ անարժան մարդոցս վստահուած քահանայութիւնը, եւ շնորհք կը խնդրէ՝ որպէսզի արժանի ըլլայ սպասաւորելու այս ահաւոր խորհուրդին, որուն իսկական քահանայապետը՝ մատուցանողը, եւ միաժամանակ մատչողը, զայն ընդունողն ու մեզի պարգեւողը Քրիստոս Ի՛նքն է:
- Ս. Ընծային հանդիսաւորապէս վերաբերուիլը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։
- Ս. Ընծային վերաբերուիլը կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կամաւոր երթը դէպի Երուսաղէմ, հոն՝ խաչին վրայ Իր Արիւնը թափելու եւ Հօր Աստուծոյ ընծայուելու համար։
- Ս. Ընծային Ս. Սեղանին վրայ դրուելուն նշանակութիւնը ի՞նչ է։
- Ս. Ընծային Ս. Սեղանին վրայ դրուիլը յիշատակութիւնն է Յիսուսի խաչ հանուելուն եւ գերեզման դրուելուն։
- «Վերաբերում»էն ետք պատարագիչին կողմէ Ընծային վրայ կատարուող խնկարկութիւնը եւ ապա մատներուն լուացումը ի՞նչ բանի նշանակ են։
- Ընծային վրայ կատարուող խնկարկութիւնը յարգանքի ու պաշտումի արտայայտութիւն է Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, որ այդ պահուն բազմած է Ս. Սեղանին վրայ՝ նուիրուող հացն ու գինին Իր Մարմնին եւ Արեան փոխակերպելու համար։
Իսկ պատարագիչին մատներուն լուացումը նշանակ է մեղքերէ սրբուելու։ Քահանան Ս. Ընծան մատուցանելէ առաջ պէտք է մաքրուի իր մեղքերէն եւ սրբութեամբ մօտենայ իր պաշտօնին։ Յովհաննէս Արճիշեցի սոյն արարքը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ՝ ըսելով. «Ինչպէս, օրինակ, Քրիստոս նախ լուաց Իր աշակերտներուն ոտքերը, որ մարմնի վերջին մասն է, եւ ապա անոնց տուաւ Իր Սուրբ մարմինը։ Նոյնպէս ալ ժողովուրդին դիմաց պատարագիչին մատներու ծայրերու լուացումը, կը խորհրդանշէ մարդկային բնութեան խորհուրդներու չնչին կիրքերէն ձերբազատումը»։
- «Վերաբերում»ի ատեն Ս. Ընծային ծածկոցով քօղարկուած ըլլալը ի՞նչ բանի նշանակ է։
- Ս. Ընծային քօղարկուած ըլլալը նշանակ է հին դարերու ընթացքին Աստուծոյ ծրագրին՝ Քրիստոսի կատարելիք փրկագործութեան խորհուրդին մարդոցմէ ծածկուած ըլլալուն, որ ժամանակներու լրումին յայտնուեցաւ աշխարհին (Հմմտ. Հռ 16.26։ Կղ 1.26-27)։
- Ս. Ընծայի «վերաբերում»էն ետք Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հասկացողութեամբ, Ս. Սեղանը ի՞նչ կը ներկայացնէ։
- «Վերաբերում»էն ետք՝ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հասկացողութեամբ Խորանն ու Ս. Սեղանը լոկ յարկ մը չեն ներկայացներ, այլ՝ երկրի վրայ երկինքը կը պատկերացնեն, որովհետեւ երկինքներէն վեր նստող Արեգակը Ինք իբրեւ թագաւոր կու գայ հոն բազմելու, Իր ներկայութեամբ երկիրը երկնքի վերածելու եւ ամբողջ Եկեղեցին Իր արքայութեան վերափոխելու։
- Ս. Ընծան վերաբերելէն ետք սարկաւագը իր քարոզով ի՞նչ կը յիշեցնէ ժողովուրդին, իսկ քահանան ծածկաբար ի՞նչ կ՚աղօթէ։
- Սարկաւագը իր քարոզով կը յիշեցնէ՝ թէ ի՛նչ կը պահանջուի իւրաքանչիւր հաւատացեալէ։ «Հաւատքով, սրբութեամբ եւ երկիւղով աղօթքի կանգնինք Աստուծոյ այս Ս. Սեղանին առջեւ, եւ ո՛չ թէ գայթակղալից խիղճով, նենգութեամբ ու խորամանկութեամբ, պատրանքով ու խաբեբայութեամբ, երկմտութեամբ ու թերահաւատութեամբ։ Այլ՝ ուղիղ վարքով, պարզ մտքով, անկեղծ սրտով, կատարեալ հաւատքով, սիրով լեցուած եւ ամէն տեսակի բարի գործերով հարստացած աղօթքի կանգնինք Աստուծոյ այս Ս. Սեղանին առջեւ»։
Մինչ այդ, պատարագիչը նախ ծածուկ կերպով կ՚աղօթէ, որ Աստուած մեր ձեռքէն ընդունի Ս. Սեղան դրուած այս խորհուրդը եւ զայն իր կատարումին հասցնէ, իբրեւ խորհուրդը Միածինի Մարմնին եւ Արեան, որոնց ճաշակումը «մեղքերու քաւութեան դեղ ըլլայ ճաշակողներուս համար»։ Ապա, բարձրաձայն երգով կը յայտարարէ՝ թէ ատիկա արդիւնքն է մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիտսոսի շնորհքին ու մարդասիրութեան։ Եւ աղօթքի աւարտին, Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը փոխանցէ ժողովուրդին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ