Գէորգ Ջահուկեան. Մեծավաստակ Հայագէտը՝ Բանասէր եւ Լեզուաբան Ակադեմականը

Յու­լիս 6-ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կ՚ո­գե­կո­չէ մա­հո­ւան 11-րդ ­տա­րե­լի­ցը քսա­նե­րորդ դա­րու մե­ծա­վաս­տակ հա­յա­գէ­տին՝ բա­նա­սէր ու լե­զո­ւա­բան ա­կա­դե­մա­կան ­Գէորգ ­Բեգ­լա­րի ­Ջա­հու­կեա­նի (1920-2005), որ ոչ միայն ման­կա­վար­ժա­կան իր բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թեամբ սե­րունդ­ներ հաս­ցուց, այ­լեւ գի­տա­կան իր պատ­կա­ռե­լի վաս­տա­կով լու­սա­ւո­րեց հա­յոց գա­լիք սե­րունդ­նե­րու ու­ղին՝ ազ­գա­յին մեր հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հա­ղոր­դո­ւե­լու եւ տէր կանգ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ինչ­պէս որ իր մա­հը գու­ժող պաշ­տօ­նա­կան «­Մա­հազդ»ին մէջ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ակա­դե­միո­յ նա­խա­գա­հու­թիւ­նը, Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը ի­րենց հա­մա­պա­տաս­խան մաս­նա­գի­տա­կան բա­ժան­մունք­նե­րով կը շեշ­տէին՝
 «Գ. ­Ջա­հու­կեան այն բա­ցա­ռիկ գիտ-­նա­կան­նե­րէն է, ո­րու գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կը ար­տա­կարգ լայն է ու ընդգր­կուն։ Չ­­կայ հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ մը, ուր ան ­ը­սած չըլլայ իր ծան­րակ­շիռ եւ ու­ղեն­շա­յին խօս­քը։ ­Ան հա­յե­րէ­նի հա­մե­մա­տա­կան գրա­կա­նու­թեան եւ հա­յոց լե­զո­ւի պատ­մու­թեան ա­մե­նա­ճան­չո­ւած մաս­նա­գէտն է։

«… Գ. ­Ջա­հու­կեա­նի պատ­կա­ռե­լի գի­տա­կան ժա­ռան­գու­թիւնը ա­պա­հո­ված է անոր մշտա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը գի­տու­թեան մե­ծե­րու շար­քերէն ներս։ ­Մեծ գիտ­նա­կա­նի ա­ռինք­նող եւ լու­սա­ւոր մարդ­կա­յին կեր­պա­րը անջն­ջե­լի կը մնայ զայն ճա­ն­չցող­նե­րու, հա­րիւ­րա­ւոր սա­նե­րու եւ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու սրտե­րուն մէջ»։

­Հա­յե­րէ­նա­գի­տու­թեան մե­ծար­ժէք ա­կա­դե­մա­կա­նը ծնած է 1920 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 1-ին, Շահ­նա­զար, որ ներ­կա­յիս ­Մե­ծա­ւան ա­նու­նով գիւղ է ­Տա­շի­րի մէջ։ 1937-ին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի ­Շա­հու­մեա­նի ա­նո­ւան միջ­նա­կարգ դպրո­ցը, իսկ 1941-ին՝ Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մուն-քը։ ­Բա­նա­կի մէջ ծա­ռա­յե­լէ եւ մօտ մէկ տա­րի Հ­­րազ­դա­նի միջ­նա­կարգ դպրո­ցին մէջ ու­սու­ցիչ աշ­խա­տե­լէ յե­տոյ, Գէորգ Ջա­հու­կեան 1944-ին կը տե­ղա­փո­խուի Ե­րե­ւան՝ ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը հա­մալ­սա­րա­նի թեկ­նա­ծուա­կան բաժ­նին մէջ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Այդ շրջա­նին գի­տա­կան ղե­կա­վար կ­­՚ու­նե­նայ մեծ հա­յա­գէտ Հ­­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նը։

1947-ին Ջա­հու­կեա­ն յա­ջո­ղու­թեամբ կը պաշտ­պա­նէ «­Քե­րա­կա­նա­կան եւ ուղ­ղագ­րա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը հին եւ միջ­նա­դա­րեան ­Հա­յաս­տա­նում» ա­տե­նա­խօ­սու­թիւ­նը եւ կը ստա­նայ բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծո­ւի աս­տի­ճան։

«18-19-րդ դարերու հայ լե­զո­ւա­բա­նա­կան միտ­քը եւ աշ­խար­հա­բա­րի հար­ցե­րը» ա­տե­նա­խօ­սու­թեան հա­մար, 1955-ին ի­րեն կը շնոր­հո­ւի բա­նա­սի­րա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու տոքթ­ո­րի աս­տի­ճան։ 1949-ին ան կը ստա­նայ տո­ցեն­թի, իսկ 1958-ին՝ փրո­ֆե­սէօ­րի կո­չում։

1945 թո­ւա­կա­նէն Գէորգ Ջա­հու­կեան դա­սա­խօ­սած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­հա­մալ­սա­րա­նի ռո­մա­նա-գեր­մա­նա­կան բա­նա­սի­րու­թեան բա­ժան­մուն­քին մէջ։

1948-1957 թո­ւա­կան­նե­րուն դա­սա­խօս ե­ղած է Ե­րե­ւա­նի ­Վա­լե­րի Բ­­րիւ­սո­վի ա­նո­ւան ռու­սաց եւ օ­տար լե­զու­նե­րու հիմ­նար­կին մէջ։ Իսկ 1957-էն 1970, ռո­մա­նա-գեր­մա­նա­կան բա­նա­սի­րու­թեան ամ­պիոն­նե­րու վա­րիչ ե­ղած է։
1962 թո­ւա­կա­նէն մին­չեւ վախ­ճա­նը, ­Գէորգ Ջա­հու­կեան ե­ղաւ Հ­­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի ա­նո­ւան լե­զուա­բա­նու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միո­յ ա­կա­դե­մա­կան:

­Ջա­հու­կեան ար­ժա­նա­ցաւ գի­տու­թեան վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծի­չի տիտ­ղո­սին։ Ե­ղաւ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր։ Պար­գե­ւա-տ­ըր­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­-պե­տու­թեան «­Ս. ­Մես­րոպ Մաշ­տոց» եւ բազ­մա­թիւ այլ շքանշան­նե­րով:

Գէորգ ­Ջա­հու­կեա­նի հիմ­նա­րար հե­տա­զօ­տու­թեանց շար­քին կը պատ­կա­նին՝
«­Լե­զո­ւա­բա­նու­թեան պատ­մու­թիւն» (հ. 1, 2, 1960, 1962), «­Հայ բար­բա­ռա­գի­տու­թեան նե­րա­ծու­թիւն» (1972), «Ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի տե­սու­թեան հի­մունք­նե­րը » (1974), «Ընդ­հա­նուր եւ հայ լե­զո­ւա­բա­նու­թիւն» (ռուս., 1978), «­Հա­յե­րէ­նի հա­մե­մա­տա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն» (ռու­սե­րէն, 1982), «Հայոց լե­զո­ւի պատ­մու­թիւն, նա­խագ­րա­յին շրջան» (1987, Հ.Խ.Ս.Հ. ­Պե­տա­կան մրցա­նակ՝ 1988):

Ինչ­պէս որ հան­րա­գի­տա­կան աղ­բիւր­նե­րը կը վկա­յեն՝

Հա­յե­րէ­նի հա­մե­մա­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս, ­Ջա­հու­կեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է հա­յե­րէ­նի առըն­չու­թիւն­նե­րը հնդեւրո­պա­կան եւ այլ ըն­տա­նիք­նե­րու պատ­կա­նող բազ­մա­թիւ հին եւ հնա­գոյն լե­զու­նե­րու հետ, ճշգրտած է հա­յե­րէ­նի տա­րած­քա­յին դիր­քը հնդեւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րու շրջա­նա­կէն ներս, հա­յե­րէ­նի հնդեւ­րո­պա­կան եւ խու­ռա-ու­րար­տա­կան են­թա­շեր­տե­րը, յայտ­նա­բե­րած է հա­յե­րէ­նէն ու­րար­տե­րէ­նի, խե­թե­րէ­նի եւ այլ լե­զու­նե­րու ան­ցած փո­խա­ռու­թիւն­ներ, տո­ւած է նոր ստու­գա­բա­նու­թիւն­ներ:

- Հա­յոց լե­զո­ւի պատ­մու­թեան նո­ւի­րուած ու­սում­նա­սի­րու­թեանց մէջ մշա­կած է հա­յե­րէ­նի պատ­մու­թեան զար­գաց­ման շրջա­նա­բա­ժա­նու­մը, ա­ռա­ջին ան­գամ հա­յե­րէ­նի նկատ­մամբ կի­րար­կած է լե­զո­ւա­ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ե­ղա­նա­կը, բնու­թագ­րած է հա­յե­րէ­նի պատ­մու­թեան նա­խագ­րա­յին, հին, մի­ջին եւ նոր շրջան­նե­րու հիմ­նա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներն ու հա­յոց լեզուի կա­ռու­ցո­ւած­քի եւ բա­ռա­պա­շա­րի պատ­մա­կան զար­գա­ցու­մը:

- Հայ բար­բա­ռա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ ստեղ­ծած է նոր գի­տա­կարգ՝ վի­ճա­կագ­րա­կան բար­բա­ռա­գի­տու­թիւն: ­Պատ­մա­հա­մե­մա­տա­կան լե­զո­ւա­բա­նու­թեան մէջ ա­ռաջ է քա­շած նա­խա­լե­զո­ւի տար­բե­րա­կայ­նու­թեան գա­ղա­փա­րը, ա­ռա­ջար­կած է նա­խա­լե­զո­ւի վե­րա­կանգն­ման նոր վար­կած:

- Ժա­մա­նա­կա­կից հա­յե­րէ­նի տե­սու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ կի­րար­կած է լե­զո­ւի կա­ռու­ցո­ւած­քի նկա­րագ­րու­թեան նոր մե­թոտ­ներ, ա­ռանձ­նա­ցու­ցած ու հիմ­նա­ւո­րած է քե­րա­կա­նա­կան նոր կար­գեր, հա­մընդ­հա­նուր ­Ջա­մա­լի լե­զո­ւա­բա­նու­թեան կա­ղա­պա­րի հի­ման վրայ ու­սում­նա­սի­րած է հա­յե­րէ­նի ի­մաս­տա­բա­նու­թիւնն ու բա­ռա­կազ­մու­թիւ­նը:

- Ս­տեղ­ծած է լե­զո­ւա­բա­նու­թեան հա­մընդ­հա­նուր տե­սու­թիւն եւ կա­ղա­պար՝ սուբս­տան­ցիո­նալ լե­զո­ւա­բա­նու­թիւն, որն կ­­՚ա­պա­հո­վէ ի­մա­ցա­բա­նա­կան ու լեզուա­բա­նա­կան կար­գե­րու քննու­թիւ­նը, միաս­նա­կան սկզբունք­նե­րով լե­զո­ւա­կան եւ ար­տա­լե­զո­ւա­կան ա­ռար­կա­նե­րու նկա­րագ­րու­թիւ­նը:

- Յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ըն­ծա­յած է հայ լե­զո­ւա­բա­նու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս հայ քե­րա­կա­նու­թեան պատ­մու­թեան հար­ցե­րուն։

Ինչ­պէս որ ա­կա­դե­մա­կան ­Գէորգ ­Ջա­հու­կեա­նի նուիրուած մե­նագ­րու­թիւն մը կը շեշ­տէ՝ «­Գիտ­նա­կա­նի լայն մտա­հո­րի­զո­նը, գի­տու­թեան այ­դօ­րո­ւայ մա­կար­դա­կին ան­մի­ջա­բար հա­ղոր­դա­կից ըլլալու կա­րո­ղու­թիւ­նը, սթափ եւ ստեղ­ծա­գործ միտ­քը, յա­րա­տեւ լա­րո­ւած աշ­խա­տանքն ու բե­ղուն գրի­չը մնա­յուն տեղ ա­պա­հո­ված են անոր՝ հա­յա­գէտ­նե­րու ա­մե­նաա­ռա­ջին շար­քե­րուն մէջ եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու համ­բաւ բե­րած են անոր»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016