ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՐԵՆՑ ՄԻՏՔԸ ԿԸ ՓՈԽԵՆ

Մենք սովորաբար կը հաւատանք, որ մեր կարծիքները բացարձակ ճշմարտութիւններ են եւ՝ հաստատ: Սակայն նոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ մեր տեսակէտները, նոյնիսկ՝ քաղաքականութեան վերաբերեալ, միշտ կը փոխուին, պարզապէս ոչ թէ ձեր ակնկալած պատճառներուն համար:

Ուր որ նայիք այս պահուն, մենք բաժնուած ենք, երկփեղկուած. Եւրոպական Միութեան անդամ մնալ կամ չմնալ, նախագահ Թրամփի հետ կամ անոր դէմ: Եւ անկախ անկէ, թէ որքա՛ն կը վիճինք, մեզմէ ոչ ոք կը փոխէ իր միտքը: Անկախ անկէ, որ ճաշի սեղանին վրայ կամ ընկերային լրատու միջոցներուն մէջ կրնայ թուիլ, թէ մեր կարծիքները բոլոր ժամանակներէ աւելի հաստատուած են:

Սակայն նոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ փաստօրէն մենք կրնանք փոխել, լքել մեր կարծիքները, եւ թէ՝ ընդդիմութիւնը կրնայ նոյնիսկ վերածուիլ ընդունման:

Տասնամեակներ շարունակ հաստատման միտումի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ աւելի շատ հաւանական է, որ մենք ուշադրութիւն դարձնենք, նկատի առնենք եւ յիշենք այն ամէնը, որ կը հաստատէ արդէն իսկ մեր ունեցած կարծիքները:

Եթէ կ՚ուզէք խմել գինի, աւելի հաւանական է, որ դուք յիշէք միայն այնպիսի ուսումնասիրութիւններ, որոնք ալքոլի օգտակարութիւնները կը կը նշեն, քան՝ վտանգներու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը:

Մեր ուղեղները նոյնպէս աւելի արագ կը մշակեն այն կարծիքները, որոնց մենք համաձայն ենք: Որոշ ժամանակ մը մենք գիտէինք, որ եթէ մարդոց տանք փաստօրէն սխալ նախադասութիւններու ցանկ մը, աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ, որպէսզի անոնք քերականական սխալներ գտնեն, քան՝ եթէ արտայայտութիւնները ճիշդ են: Այնպէս որ, եթէ նախադասութիւնը «փափուկ օճառը կ՚ուտուի» է, անոնք աւելի շատ ժամանակ պիտի յատկացնեն՝ փնտռելով քերականական սխալը, քան՝ իմաստին ճշգրտութիւնը:

Նոյնը կը պատահի կարծիքներուն:

Երուսաղեէմի համալսարանի ուսումնասիրողները մարդոց տուին այնպիսի արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Ես կը հաւատամ, որ համացանցը մարդիկը աւելի ընկերային կը դարձնէ», կամ՝ «Ես կը կարծեմ, որ համացանցը մարդիկը աւելի կը մեկուսացնէ»: Անգամ մը եւս մասնակիցները պէտք է դատէին, թէ արդեօք նախադասութիւնը քերականօրէն ճի՞շդ էր: Անոնցմէ աւելի երկար ժամանակ խլեց որոշելու, թէ արդեօք համաձա՞յն են այս կարծիքներուն: Առանց մեր անդրադառնալուն՝ մեր կարծիքները կրնան անտեսել մեր անմիջական, ինքնաբուխ պատասխանները:

Այս բոլորը կրնան նշել, որ մենք մեր կարծիքները ամուր կը պահենք:

Ասիկա ճիշդ է, բայց չի նշանակեր, որ այդ կարծիքները յաւիտեան ամրացած, հաստատուած են: Մենք մեր կարծածէն աւելի փոփոխական ենք:

Բրիտանական Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս Քրիստին Լաուրին ուսումնասիրեց մարդոց վերաբերումը՝ նախքան Սան Ֆրանսիքոյի մէջ ջուրի կերպընկալ շիշերու արգիլուիլը: Արգելքը բոլորին կողմէ չէ ընդունուած, բայց, այդուհանդերձ, հաստատուած է: Միայն օր մը ետք դասախօսին խումբը ուսումնասիրեց մարդոց վերաբերումը: Արդէն փոխուած էին տեսակէտները, մարդիկ քիչ կը հակառակէին:

Մարդոց համար ժամանակ չէր եղած փոխելու իրենց վերաբերումը՝ արգելքին գործնականապէս յարմարելու: Այնպէս որ, կարծես թէ անոնց մտածելակերպը փոխուած էր:

Այլ խօսքով, մենք իրաւացի կը նկատենք այն բաները, որոնց մենք կապուած ենք: Ատով կարծես, թէ ազատ կը ձգենք ուղեղի տարածութիւնը մեր կեանքով ապրելու համար, մտածելով, որ այդպէս այնքան ալ վատ չէ: Լաուրին ասիկա կը նմանցնէ «հոգեբանական ախտազերծ համակարգին»:

Լաուրին ապա անդրադարձաւ Օնթարիոյի հանրային պարտէզներուն եւ ճաշարաններուն մէջ 2015 թուականին որոշուած ծխելու արգելքին: Ան յայտնաբերեց, որ արգելքը հաստատուելէ ետք մարդիկ ոչ միայն փոխած են իրենց կարծիքը, այլեւ փոխած են իրենց վերաբերումին մասին յիշողութիւնը:

ՔՈՒԷԻ ՀԱՇՈՒԻՉ

Ապա եկաւ ամենէն մեծ ստուգումը. նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասին տեսակէտներ՝ անոր երդման արարողութենէն առաջ եւ ետք:

Թրամփ ներկայիս ունի ամենէն ցած վարկանիշը Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ի վեր՝ Միացեալ Նահանգներու որեւէ նախագահէ: Դուք կրնաք ակնկալել, որ ատիկա կը ցոլացնէ այն, որ մարդիկ, որոնք չեն քուէարկած ի նպաստ անոր, հիմա որ ան նախագահ է, աւելի շատ կը սիրեն զայն: Բայց ատիկա այդպէս չէ: Լաուրինի խումբը յայտնաբերեց, որ Թրամփի երդման արարողութենէն միայն քանի մը օր ետք, նոյն մարդիկը աւելի դրական զգացումներ ունեցած են անոր հանդէպ:

Մէկ բացատրութիւն կրնայ ըլլալ, որ անոր հանդէպ վստահութիւնը խթանուած է երդման արարողութեան ընթացքին անոր արտասանած ճառէն:

Բայց այդպէս չէ, ըսաւ Լաուրին. «Իրականութեան մէջ պարզուեցաւ, որ նոյնիսկ մեր նման մարդիկ, որոնք ըսին, թէ Թրամփ իսկապէս վատ էր երդման արարողութեան ժամանակ, եւ ատած էին անոր ելոյթը, այդ մարդոց վերաբերմունքը դրական կողմ անցած է:

«Ասիկա կրկին կ՚ենթադրէ, որ ասիկա բան մը չէ, որ դուք կը սորվիք, երբ այս նոր քաղաքականութիւնը կամ այս նոր պաշտօնատարը կը հաստատուի: Փոխարէնը՝ ձեր ուղեղը շփոթահար է, որպէսզի դուք ձեզ լաւ զգաք եւ ձեր կեանքով ապրիք»:

Մենք պէտք է նկատի առնենք հետեւեալը. այնպէս մը չէ, որ մարդիկ, որոնք չէին ախորժեր Թրամփէն, որոշեցին սիրել զայն, երբ ան պաշտօնը ստանձնեց: Բայց անոնք սկսան քիչ մը նուազ ատել զայն:

Ուրեմն, ոչ թէ մարդիկ պարզապէս կը վարժուին նոր իրավիճակին, այլ անոնք իրականութեան մէջ կը փոխեն իրենց մտածելակերպը: Անոնք կարծես թէ չեն կրնար կրել բարկանալու զգացողութիւնը: Անոնք ենթագիտակցաբար կը փնտռեն այնպիսի ուղիներ, որոնք զիրենք կը համոզեն, որ ամէն բան լաւ կ՚ըլլայ:

Լաուրին չի հաւատար, որ ատիկա կ՚ըլլայ կանխամտածուած: Փոխարէնը՝ ատիկա կեանքը շարունակելու համար ճանաչողական աղբիւրներու ազատման միջոց է: Պարզապէս պէտք չէ զայրանալ ամէն բանի համար:

Անշուշտ պատմութեան որոշ կէտերուն մէջ այս հոգեբանական հոլովոյթը կրնար ունենալ մութ կողմ. ատիկա կրնար խրախուսել մարդիկը, որպէսզի անոնք ընդունին վարչակարգեր, որոնց համաձայն չեն:

Աւելի նուազ ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ այս մտածողութեան փոփոխութիւնը կը համապատասխանէ նախորդ հետազօտութեան հակումի ազդեցութեան վրայ։ Ճանաչողական հակումը, որ մեզ կ՚անհանգստացնէ, երբ կը նախատեսենք, թէ ինչպէ՛ս պիտի զգանք այն իրադարձութիւններու մասին, որոնք կրնան տեղի ունենալ ապագային:

Հարվըրտ համալսարանի խումբը տասնեակ մը փորձեր կատարած է՝ ցոյց տալով, որ ապագայի իրադարձութիւնները երբ կ՚երեւակայենք, մենք կ՚ակնկալենք վատ դէպքերու յոռեգոյնը եւ լաւ իրադարձութիւններու լաւագոյնը: Իրականութեան մէջ վատ իրադարձութիւնները մեզ այնքան սարսափելի զգացումներու մէջ չեն ձգեր, իսկ լաւ իրադարձութիւններով ալ այնքան լաւ չենք զգար:

Դժուարութիւնը այն է, որ երբ մենք կը պատկերացնենք ապագայ իրադարձութիւնը՝ մեր միտքին մէջ, մենք հակուած ենք միայն կարեւորագոյն յատկութիւնները նկատի առնելու: Բացասական իրադարձութեան համար ատիկա կը նշանակէ ամենէն դառնը: Քննութեան համար բժիշկին այցելելը կրնայ շատ հաճելի չըլլալ, բայց բոլոր այցելութիւններն ալ տհաճ չեն:

Ոմանք չէզոք են. սպասման սրահին մէջ կարդալ թերթ մը կամ կախել բաճկոնը, օրինակ:

Եւ մինչ մենք կը պատկերացնենք, որ եթէ մեզի բան մը պատահի, մենք չյաջողինք յաղթահարել, կամ, եթէ բան մը դրական կ՚ըլլայ, մեր կեանքը կը փոխուի, երկու պարագային ալ մենք կ՚ըլլանք նոյն մարդիկը, որ հիմա ենք:

Նախնական ազդեցութենէն ետք մեր զգացումները կը նուազին, եւ մենք պիտի զգանք միայն քիչ մը աւելի լաւ կամ վատ, քան հիմա: Նոյնը տեղի կ՚ունենայ, երբ մենք կ՚ազդենք քաղաքականութեան կամ իրավիճակի վրայ, որ մեզի հաճելի չի թուիր:

Եթէ ատիկա կարելի է, մենք խաղաղութիւն կը հաստատենք այն բանին հետ, որ մենք նախապէս կը տեսնէինք որպէս ժխտական փոփոխութիւններ: Որոշ առումով մը ասիկա բաւական յուսադրող է. մենք կը փորձենք լաւ ըլլալ որեւէ իրավիճակի մէջ:

Բայց ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքական գործիչները կրնան ընել այն, ինչ որ կ՚ուզեն, եւ մենք բոլորս որոշենք, որ ատիկա լա՞ւ է: Ո՛չ, ճիշդ չէ: Եթէ այդպէս է, կառավարութիւնները քուէարկութեամբ կամ յեղափոխութիւններով չեն տապալիր:

Բայց երբ մենք չենք կրնար ամէն բան փոխել, աշխարհի հետ խաղաղութիւն հաստատելը կրնայ ըլլալ մեր բարեկեցութեան կարեւոր մասը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 9, 2018