ԹԱՐԹԱՌ ԳԵՏԸ

Ո՞վ ես դուն...

Բոլորին պէս հմայուո՞ղ, սքանչացո՞ղ... ակնթարթներ ափիս մենացող, ինքնիր մէջ խորասուզուող, խորհող, հոս մնալ ցանկացող... ու հեռացո՜ղ...

Այո՛, հեռացո՜ղ ու իր իսկ ցանկութիւնը ջուրերուս վրայ ձգելով ծանրացնող ու կոհակներս բորբոքող...

Ես՝ կուսութենէս խոնջածս, ատենին կ՚ուրախանայի քեզ նմանները տեսնելով... ի՜նչ միամտութիւն:

Խոնջանք կայ կատաղի կոհակներուս մէջ, չե՞ս տեսներ: Խլէ՛ զայն ինձմէ:

Պիտի ուզե՞ս խլել, պիտի ուզե՞ս կոհակներուս հրճուանքը տեսնել, պիտի հասկնա՞ս խոնջանքիս պատճառը... կը կասկածիմ...

Դուն ալ բոլորին պէս պիտի դիտես կատաղի հոսանքս, չհասկնաս զիս. ես՝ որ ինծի ըսուած բոլոր հմայքի բառերը սորվեցայ, կ՚ուզե՞ս, ըսե՞մ մի առ մի. բոլոր լեզուներով ինձմով հմայւողներուն խօսքերը ըսե՞մ, զիս դիտողներուն հայեացքները չե՞ս տեսներ. հապա ինձմով ներշնչուողները... շա՜տ. եկած, գացած, գալիքները... շա՜տ:

Ներշնչուողները հահա, կը մնամ անոնց մէջ քիչ մը աւելի, կը յարաբերին հետս, կը քալեն մանր ալիքներուս վրայ, կը սաւառնին շուրջս, կը սուզին խորքս... կը մաքառին անոնք իրենց ներսը պատահածէն բան մը հասկնալու, մինչեւ որ միտքերը խեղդեն զիրենք, բառերը շարուին կողք կողքի ու շառաչիս պէս մերթ՝ հանդարտ, մերթ՝ կատաղի ձայներ արձակեն, անհանգստացնեն, բռնանան... Միտքերը վիճին իրարու հետ, զիրար սիրող տառերը, բառերը յարաբերին ու ստեղներէն դուրս հոսելով երկունք տան յղկուած միտքին, ու, այդպէսով, խաղաղին իրենք ջուրերուս ձայնը հասցնել փորձելով ուրիշ ունկերու, հեռաւոր ունկերու... միայն այդքան...

Բայց զիս հասկնալ պէտք է, գիտնալ որ ես օտար եմ իմ իսկ ափերուն: Տեղեկատուն, ուր որ է, քեզ ալ կը տեղեկացնէ, որ աշխարհը չի ճանչնար զիս ի՛մ արմատներուս կոչումով. կը լսեմ զայն ու ամէն անգամ կը սարսռամ, կը բռնկիմ, ես ինծի, միայն ես ինծի...

Իսկ դո՛ւն եւ նմաննե՛րդ չէք լսեր իսկ, ինչպէ՞ս լսէք, ինչպէ՞ս հասկնաք, ատիկա հզօր կարողութիւն մըն է. դուք ձեզ լսել չէք գիտեր, ինչպէ՞ս՝ զիս. դուք ձեզ հասկնալ չէք գիտեր. ինչպէ՞ս գիտնաք, երբ ձեր թերութիւնները չէք տեսներ, երբ ձեր թերութիւնները չէք սիրեր ու չէք ջանար զանոնք սրբագրել, սորվիլ անոնցմէ...

Նայէ՛, յագեցո՛ւր աչքերդ, այս կուսութեան մէջ թռիչք տուր հոգիիդ, թող սաւառնի, թող ճախրէ՛, ինքնիկ մըն ալ ունեցիր հետս ու կարծէ որ ան պահը կը յաւերժացնէ... ու պահ մը ետք, անցի՛ր, գնա՛ ուրիշներուն պէս, նմաններո՛ւդ պէս...

Բոլորդ նոյնն էք, նոյնը՝ արտաքնապէս, ներքնապէս...

Պատմութեան հետքերը փորփրելով զանոնք ինքնուրոյն յայտնաբերել ուզողներ, աւերակ առ աւերակ շօշափել ուզողներ...

Ես հաստատումի պէտք ունիմ, էջերէն անունս կարդացողներու կամ ճամբաներուն վրայ ձայնս լսելով հմայուողներու ու ինքնաշարժներէն անգամ մը եւս տեսնելու համար գլուխ երկարողներու պէտք չունիմ...

Ես կուսութիւնս խլողներու պէտք ունիմ, ոչ ձեզ նման անցորդներո՛ւ, զբօսաշրջիկներո՛ւ...

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2019