ԱՐԱԲԱ-ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Բնականաբար շատ դժուար գործ է արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը լիարժէքօրէն ներկայացնել մէկ յօդուածով կամ նոյնիսկ գիրքով։ Սա աշխարհը զբաղեցուցած եւ մեծ ներուժ խլած, միջազգային քաղաքականութեան ուշադրութեան առարկայ հակամարտութիւն մըն է: Այստեղ պարզապէս հակիրճ ու հպանցիկ պիտի փորձենք կարգ մը հետաքրքրական կէտերու անդրադառնալ այդ առընչութեամբ:

1. Արաբա-իրայէլեան հակամարտութիւնը հրեայ եւ արաբ ժողովուրդներու միջեւ պատմական անհանդուրժողականութենէն ու իրարու դէմ պայքարէն կը սկսի: Հարցը ունի կրօնական երանգներ, որոնք կը հասնին մինչեւ Իսլամական արշաւանքներու ժամանակաշրջանը։ Իսրայէլի ժողովուրդը՝ իբրեւ հրեայ ազգ յիշուած է նոյնինքն Քուրանի մէջ, ինչ որ մեծ հիմք տուած է ապագային հիմնադրելու համար Իսրայէլը 20-րդ դարուն Պաղեստինի հողատարածքին մէջ։ Հրեաները այս բանը իրենց կրօնական իրաւունքը կը սեպեն՝ երկար, մօտաւորապէս երեք հազար տարուայ ընդմիջումէ վերջ, կար Հրէական Դաւիթի թագաւորութիւնը Երուսաղէմի եւ շրջակայ տարածքներուն վրայ։ Երուսաղէմը նախ եւ առաջ հրեաները համարած են իրենց սուրբ քաղաքը, Իսլամական արշաւանքներէն շատ երկար ժամանակ առաջ:

2. Ամենամեծ արաբա-իսրայէլեան բախումը սկսաւ 20-րդ դարուն, երբ հրեաներու ներգաղթը սկիզբ առաւ դէպի այժմու Իսրայէլ (Պաղեստինի տարածքը) եւ հրէական խմբաւորումներ սկսան արաբներուն հետ զինեալ միջադէպեր ունենալ։ Իսկ երբ 1948-ին հիմնադրուեցաւ Իսրայէլը, անմիջապէս յետոյ սկսան մեծ պատերազմներ արաբական երկիրներուն հետ։ Այդ պետութիւն ընդդէմ պետութիւն դասական առճակատումները շարունակուեցան մինչեւ 1973 թուականի վերջին պատերազմը: Պէտք է նշել, որ գրեթէ բոլոր պատերազմներէն Իսրայէլ յաղթական դուրս եկաւ:

3. Ընդհարումներն ու տեղային միջնորդուած պատերազմները Իսրայէլի եւ արաբական կազմակերպութիւններուն միջեւ շարունակուեցան՝ մանաւանդ Լիբանանի մէջ եւ անոնք տակաւին կը շարունակուին տարբեր ուժգնութիւններով: Միջազգային ընտանիքը ճանչցաւ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (Ֆեթիհ)՝ որպէս միակ ու օրինական ներկայացուցիչը Պաղեստինի ժողովուրդին եւ անոր իրաւունք վերապահեց ստեղծել Պաղեստինի պետութիւն մը:

4. Արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը ցարդ լուծում չունի կրօնական, ընկերաբանական, պատմական ու քաղաքական մօտեցումներու պատճառով։ Թէեւ միջազգային դաշնակիցներ թէ՛ Իսրայէլը եւ թէ արաբական երկիրները կամ կազմակերպութիւնները փորձած են երաշխաւորել վերջնական յաղթանակ ապահովելու ուղղութեամբ, սակայն խնդիրը վերջնական ձեւ չէ գտած։ Իսրայէլի յարաբերական յաղթանակն ու տարածաշրջանին մէջ կայացումը բաւարար չէ եղած արաբական երկիրներուն ու մանաւանդ Իրանի հետ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքելու։

Թշնամանքներու շարքը երկար է:

5. Երուսաղէմի հարցը շատ բարդ է, բայց յաչս միջազգային ընտանիքին նկատելի է, որ լուծումը նախընտրելի կը մնայ Իսրայէլի տիրապետութեան տակ, նոյնիսկ արաբները համոզուած են ու բաւարարուած կը զգան, եթէ նոյնիսկ իրենց յատկացուի միայն արեւելեան բաժինը:

Երուսաղէմի հարցը պատմական ու կրօնական շատ խոր արմատներ ունի եւ միշտ հարկ է զայն հասկնալ մեր ներկայ աշխարհի աշխարհաքաղաքական ու պատմափիլիսոփայական կազմուածքի եւ արեւելք-արեւմուտքի դասաւորման համակարգի հանգամանքներով:

Ներկայ մեր աշխարհի արեւելք-արեւմուտք տրամաբանութիւնն ու աշխարհագրութիւնը յառաջացած է Իսլամական արշաւանքի ամենավառ հետքով եւ անոր հակադարձած խաչակրաց արշաւանքի տրամագիծերով: Եւ ճիշդ հոս Երուսաղէմը այսպէս կոչած խորհրդանշական ու տեղ մըն ալ իրական կռուախնձոր մըն է այս բովանդակութեամբ։ Քաղաքակրթութեանց եւ անոնց տարանջատման ու ակամայ սահմանագծման գործընթացին մէջ մեծ դեր ունեցած է Երուսաղէմը եւ անոր տիրանալու հարցը:

Յարաբերաբար միջազգային յարաբերութեանց մէջ մեծ տէրութիւնները (ներառեալ Ռուսաստանը) յարաբերաբար նախընտրութիւն տուած են Երուսաղէմի վրայ հրէական տիրապետութեան՝ քան թէ իսլամականը, որովհետեւ պատմական օրինաչափութեան ու դիմակայութեան հարց մը կայ հոն: Իսրայէլ կրցած է ինքզինք ներկայացնել ու տեղ մըն ալ վերածել այսպէս կոչուած Երուսաղէմի արդի պահապան, միաժամանակ մեծ նկրտումով՝ իսլամական ծայրայեղականութեան զսպիչ:

6. Ինչքան ալ արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը փորձուի ներկայացուիլ իբրեւ ազատագրութեան ու բռնատիրութեան միջեւ պայքար՝ մանաւանդ արաբ ազգայնական թեւի ներկայացուցիչներուն կողմէ, առաւելաբար ու ակամայ անոր բովանդակութիւնը կրօնական հենք ստացած է ու տակաւին ալ այդ երանգը կը կրէ ի հեճուկս համաշխարհայնացող Արեւմուտքին եւ արմատականացող իսլամին: Իսրայէլի պետութեան օրինակը շատ աւելի զարգացած է ու յառաջադէմ՝ քան արաբական երկիրները եւ վերջիններս աւելի պէտք ունին Իսրայէլին՝ քան թէ ան իրենց։ Ընդհանրապէս արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան համայնացումը՝ իբրեւ ոչ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւն, զայն ի նպաստ Իսրայէլի դարձուցած է իրաւական, պատմական, տարածքային ու համամարդկային ալ առումներով:

Որքան արաբական երկիրները զարգանան, անոնք ինքնաբերաբար համարկուելու պէտքը պիտի զգան Իսրայէլի հետ ու անոր հետ շփումը Միջին Արեւելքի մէջ անհրաժեշտ պիտի դառնայ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օրինակին նման: Միջին ու Եւրոպայի մօտիկ արեւելքը կրօնականէ զատ քաղաքական համակարգ մը չէ ներկայացուցած աշխարհին, որպէսզի ըլլար հետեւելի ու համոզիչ։ Ուստի, Իսրայէլ բոլոր անիրաւութիւններով հանդերձ յաչս պաղեստինցիներու կրցած է մարմնաւորել արեւմտեան կերպար մը եւ պատնէշած է արեւմտեան, նաեւ ռուսական շահերը։

Արաբա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը ներկայիս առաւելաբար իր սրագոյն տեսքով կը դրսեւորուի միայն Իսրայէլ-Համաս եւ Իսրայէլ-Հիզպուլլահ թեթեւ ընդհանրումներով եւ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ ռմբակոծմամբ:

Իսրայէլը լճանալու, մեկուսանալու եւ քայքայուելու հարց չունի, իսկ պաղեստինցիներուն յաղթանակին միակ գրաւականը անոնց թուաքանակն է եւ աճը Իսրայէլի տարածքներուն վրայ։ Իսրայէլ ինչքան ալ կը կարծէ, թէ բնակավայրերու շինութիւնները եւ անոնց տարածումը իրեն անվտանգութիւն կ՚ապահովեն, սակայն այդ կղզիները շատ հաւանաբար աւելի հեշտ «պատառներ» ըլլան պաղեստինեան ահռելի աճի համայնապատկերին վրայ:

Պաղեստինեան պետութեան մը կազմութիւնը չխամրած ու մշտնջենական հարց մըն է, որովհետեւ այդ հողին վրայ կայ պաղեստինցի ժողովուրդ։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

7 օգոստոս 2022

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022