ԳՐՈՂՆ ՈՒ ԻՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂԸ
Չեմ գիտեր ուրկէ՞ սկսիմ: Բայց ըսեմ...: Խօսքս հաստատապէս հայ գրողի եւ հայ ընթերցողի մասին է: Գրող, որուն շրջագիծէն ներս կ՚իյնան յօդուածագիրն ու բանաստեղծը, արձակագիրն ու սիւնակագիրը, հրապարակագիրն ու խմբագիրը եւ միւս բոլոր գրիչները: Այլ խօսքով, հայ գիրի եւ գրականութեան ու նաեւ հայ մամուլի արոտավայրէն ներս բոլոր վարուցան ընող, քրտինք թափող խոնարհ հերոսները: Անկասկած, երկու անբաժան զուգահեռներ: Մէկը-միւսը ամբողջացնող: Առանց առաջինին, երկրորդը գոյութիւն չէր կրնար ունենալ, իսկ առանց երկրորդին՝ առաջինը անճանաչ պիտի մնար ու դառնար:
Գրողին էջերը, անոր գրած տողերը անիմաստ պիտի ըլլային, եթէ ընթերցող գոյութիւն չունենար: Ու ամէն գրող, երբ կը հանդիպի ընթերցողին եւ անոր հանրութեան, տարբեր զգացումներով կը լեցուի իր միտքն ու հոգին:
Ճիշդ է, որ մարդիկ զանազան պատճառներով դժուար կը կարդան եւ կամ չեն կարդար: Բայց եւ այնպէս, տակաւին... փառք Աստուծոյ... կան, կը գտնուին մարդիկ, ընթերցասէրներ, որոնք մօտէն կամ հեռուէն կը հետեւին գրողի գրիչին, կ՚ընթերցեն անոր էջերը, նոյնիսկ կը քաջալերեն եւ կամ կը քննադատեն անոր տողերով հիւսուած գաղափարները:
Արդ, յարգանքի եւ գուրգուրանքի արժանի են երկուքն ալ... թէ՛ գրողը եւ թէ ընթերցողը: Հաւասարապէս:
Որովհետեւ գրողը հայ գիրին ծառայող գրիչով, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ իր յղացման նորութեամբ եւ նրբութեամբ ընթերցողին մտքին առջեւ կը բանայ մտածելու եւ խոկալու առիթ, վարակիչ խանդավառութիւն եւ գօտեպնդիչ երեւոյթ ստեղծելով: Իր կարգին, ընթերցողն ալ գրողին ճամբայ կը հարթէ իր գուգուրանքով ու յարգանքով ու գրողը միշտ երջանիկ կը զգայ անոր ներկայութեամբ: Ուրեմն՝ ընթերցողը նաեւ որոշ ներշնչում առաքող մըն է գրողին:
Որքան շատ ընթերցող ըլլայ, որքան ընթերցողներուն թիւը մեծնայ, աճի, ուռճանայ, գրողը այնքան ինքզինք հարուստ կը զգայ:
Ուրեմն եւ հաստատ՝ ընթերցողը գրողին հարստութիւնն է: Ան ինքզինք կը վերանորոգէ: Ան կը հետեւի գրողի սրտէն ու մտքէն հոսող բոլոր ջերմ ու լայն խօսքերուն, գրիչէն ծորող իրականութիւններուն եւ բառերով շաղուած ճշմարտութիւններուն: Կը հաւատայ, որ գրողին տողերը միայն գրական շարադրանքներ չեն, ո՛չ ալ պարզ կամ բարդ պոռթկումներ: Անկասկած անոր սիւնակները կամ պարբերութիւնները մէկական հրաւէրներ են իրեն հասցէագրուած, իր տողերը ընթերցելու բարի բաղձանքով: Արդար եւ իրաւ:
Գիտենք, լաւատեղեակ ենք բոլորս ալ, որ ժամանակը քմահաճ է, անողոք եւ անզիջող: Բայց, հակառակ ասոր, գրողը լաւատես սպասող մըն է եւ հաւատացող մը նոր ու լուսաւոր վաղուան:
Գրողը նաեւ վերապրող մըն է, ջերմութեամբ եւ թելադրանքով բառերով «խօսող» մըն է նաեւ ազգային վէրքերուն վրայ մատը դնող, սթափումի կոչեր ընող, համախմբումի հրաւիրող, հիւմորով քաջալերող, ազգին ցաւերով մտահոգ յանդուգն գրիչը:
Անոր համար գրողը շատ ըսելիքներ ունի եւ կ՚ունենայ միշտ խօսելիքներ, բողոքներ, ակնկալութիւններ եւ տեսակէտներ, անպատասխան հարցումներուն պատասխաններ, որոնք կը խռովեն հայու միտքը:
Մտաւորականի բնորոշ գիտակցութեամբ իր տողերը ջերմութիւն եւ զոհողութիւն՝ յարատեւ ճիգեր ալ են: Ան է, որ իր տագնապի «երգերով» կ՚ընթանայ դարուն հետ: Կը միանայ մարդոց խուլ ցաւերուն: Կը սողայ ընթերցողի մտքին մէջ եւ կեանքը կը վերաշինէ: Կը նորոգէ անոր հայու հաւատքը, նոր տարազով եւ խորքով: Տակաւին՝ գիտակից հայութիւն եւ, ինչու չէ, նոյնքան ալ գաղութ կերտելու ճիգին կը սպասարկէ: Դիմագիծ եւ ինքնութիւն ցոյց կու տայ: Կը ներկայացնէ համոզումներ, կեցուածքներ, մտահոգութիւններ, հայ կեանքին հետ առընչուող երեւոյթներու մասին յստակ իրականութիւններ: Իր տողերով կը մտնէ ընթերցողի կեանքին մէջ, երջանակցնելու, սփոփելու, խրատելու, ամոքելու, ուժ եւ կորով ներմուծելու, զայն արթուն եւ կենդանի պահելու համար: Յաճախ բառերը դառնութեան ձայներով հիւսուած կ՚ըլլան, բայց եւ այնպէս, անպայման ընթերցողը հայու երազին կը կապեն:
Գրողը, իբրեւ ժամանակի տարեգիրք, նաեւ կը զգայ, թէ ի՞նչ է ընթերցողին ապրած այս կեանքը: Ուստի ցուցմունքներ եւ թելադրանքներ կու տայ, կ՚ընէ, կը հրամցնէ, որպէսզի ան շուարած չնայի ճակատագրի կոյր աչքին:
Լաւ կամ վատ ան ընթերցողին արդարամտութեան կը յանձնէ իր միտքերը:
Գրողին համար ստեղծելը կը դառնայ ցանկալի տառապանք: Բայց, յստակ «բան» մը յանկարծ կը կաշկանդէ այս ուրախութիւնը, երբ ան չի տեսներ, չի գտներ բաւարար ընթերցող կամ ասոր կողքին, հայ գիրին գրաւոր տարածումը:
Չմոռնանք... գրողը մեր մշակոյթի խնկարկուն ալ է, միաժամանակ հայ ընթերցողին տարբեր շունչ տուող, յիշեցնող, հայ դիմագիծ տուող ներուժ:
«Գնահատում կատարելը բարերար է», ըսած են մեր մեծերը: Յստակէ, թէ առանց ընթերցողի գրողը ոչինչ կ՚արժէ: Իսկ առանց գրողի ալ, ընթերցողը գոյութիւն պիտի չունենար:
Բայց այս երկուքն ալ կը ծառայեն հայ գիրի տարածման, բարգաւաճման եւ ուռճացման ճիգերուն:
Պատիւ իրենց:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ