«ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ը 2006-Ի ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ

«Հիզ­պուլ­լա­հ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը օ­րերս կը նշէ 2006 թուա­կա­նին Իս­րա­յէ­լի կող­մէ շղթա­զեր­ծուած «Հարպ Թա­մու­զ» («Յու­լի­սեան պա­տե­րազ­մ») ա­նու­նով յայտ­նի պա­տեր­զա­մի ա­ւար­տին տաս­նա­մեա­կը: Պա­տե­րազմ մը, որ կը տե­ւէր ե­րե­սու­նե­րեք օր եւ ծանր ա­ւե­րուա­ծու­թեան կը մատ­նէր մաս­նա­ւո­րա­պէս երկ­րի հա­րա­ւա­յին շրջան­ներն ու կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղի հա­մարուող Պէյ­րու­թի «Տա­հի­է» ա­րուար­ձա­նին շրջա­նը: Ե­ղած պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին զո­հուա­ծ ան­զէն քա­ղա­քա­ցի­նե­րու թի­ւը կը հաս­նէր շուրջ վեց հա­րիւ­րի: Մինչ հա­կա­մար­տո­ղնե­րու գլխա­ւոր ու­ժե­րը՝ այ­սինքն «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը կ՚ու­նե­նար ե­րեք­հա­րիւր զոհ եւ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի զո­հե­րուն թի­ւը կը հաս­նէր հա­րիւր քսան­մէ­կի:

Տե­ղին է նշել, որ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ շղթա­յա­զեր­ծուած այս պա­տե­րազ­մը պէտք է հա­մա­րել ա­ռա­ջի­նը ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան պա­տե­րազմ­նե­րով լե­ցուն հա­կա­մար­տու­թեան տա­րեգ­րու­թեան մէջ, ուր Իս­րա­յէլ ե­րե­ւե­լի յաղ­թա­նա­կով չէր ա­ւար­տեր իր սկսած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը:

Ճիշ­դ է, որ ան­ցեա­լին ալ ե­ղած պա­տե­րազմ­նե­րու պա­րա­գա­յին միշտ չէ, որ Թել Ա­ւիւ փայ­լուն յաղ­թա­նակ­նե­րով ա­ւար­տած է պա­տե­րազմ­նե­րը, բայց եւ այն­պէս սկիզբ ա­ռած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը առ­նուազն դրա­կան միա­ւոր­ներ կու տա­յին Իս­րա­յէ­լին:

Այս պատ­ճա­ռով էր նաեւ, որ 2006 թուա­կա­նի պա­տե­րազ­մը կը դառ­նար ան­նա­խըն­թաց եւ նոյ­նիսկ պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նար Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Է­հուտ Օլ­մեր­թի ա­ւե­լի վերջ ներ­կա­յա­ցուած հրա­ժա­րա­կա­նին: Տա­կա­ւին Իս­րա­յէ­լի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու պնդում­նե­րով կը ստեղ­ծուէր «Վի­նոկ­րա­տ» ա­նու­նով յայտ­նի քննչա­կան-դա­տա­կան մար­մին մը, որ կը քննէր պա­տե­րազ­մի «ձա­խող­մա­ն» ընդ­հա­նուր ե­րես­նե­րը եւ մե­ղադ­րան­քի ա­թո­ռին կը նստեց­նէր Վար­չա­պետ Օլ­մերթն ու Պա­տե­րազ­մի նա­խա­րար Ա­միր Փե­րեթ­ցը:

Այս բո­լո­րէն բա­ցի կը ձա­խո­ղէր «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը հա­կա­մար­տու­թեան դաշ­տէն ընդ­հան­րա­պէս հե­ռաց­նե­լու Թել Ա­ւի­ւի ծրա­գի­րը, ո­րուն ի­րա­գործ­ման հա­մար Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տի­րա­ցած էր ա­մե­րի­կեան «կա­նաչ լոյ­ս­»ին: Մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու հաս­նող պա­տե­րազ­մի ծախ­սե­րը եւս կը դառ­նա­յին բա­ւա­կան ծանր բեռ, տրուած ըլ­լա­լով, որ պա­տե­րազ­մի բուն նպա­տա­կը կը հա­մարուէր ձա­խո­ղած:

Իս­րա­յէ­լի հիմ­նա­կան նպա­տա­կը Պէյ­րու­թը քար ու քանդ ը­նե­լը չէր, այլ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի վե­րա­ցու­մը:

Ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ պա­տե­րազ­մի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան Ա­միր Փե­րեթց սպառ­նա­լիք­ներ կը հնչեց­նէր Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տեր­զա­մի ա­ւար­տին հիմ­նա­ւո­րա­պէս նոր կա­ռու­ցուած Down Town-ը, Իս­րա­յէլ կը զգու­շա­նար այդ ծայ­րա­յեղ քայ­լին դի­մե­լու, ո­րով­հե­տեւ Պէյ­րութ քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան հա­տուա­ծը ոչ միայն ա­րա­բա­կան սիւն­նի աշ­խար­հի, այլ նաեւ Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր:

Այս բո­լո­րէն ան­ցած են ար­դէն տասն տա­րի­ներ եւ գետ­նի վրայ յստակ դար­ձած է, որ 2006 թուա­կա­նին ե­ղած «Յու­լի­սեան պա­տե­րազ­մ­»ը պար­տադ­րած է խա­ղի նոր կա­նոն­ներ կամ ա­ւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լար ը­սել՝ այդ պա­տե­րազ­մը յա­ջո­ղած է գծել հա­կա­մար­տու­թեան նոր ընդ­հա­նուր քար­տէս մը:

«Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը, որ այս հա­րուա­ծէն յա­ջո­ղե­ցաւ դուրս գալ շատ ա­ւե­լի ու­ժեղ եւ զօ­րա­ցած, այ­սօր դար­ձած է Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ զի­նուո­րա­կան հզօր կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նե­ցող եւ իր նմա­նը չու­նե­ցող միակ մի­լիս մը: Բա­ցի ան­կէ, որ այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր նիւ­թա­կան նե­ցու­կը կը ստա­նայ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թե­նէն՝ յստակ է նաեւ, որ կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ շիի ա­ռաջ­նորդ Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի, այս տասն տա­րուան մէջ յա­ջո­ղած են ստեղ­ծել ելմ­տա­կան այն­պի­սի կա­ռոյց­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ կու­սակ­ցու­թիւ­նը գտած է ի­րա­կան ճա­նա­պարհ մը՝ դառ­նա­լու ինք­նա­բաւ եւ ինք­նիշ­խան:

Ճիշդ է նաեւ, որ իր քա­ղա­քա­կան դրոյթ­նե­րով, գա­ղա­փա­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով եւ շրջա­նին մէջ ե­ղած ու­ժե­րու բա­ժա­նու­մին մէջ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը ու­նի իր յստակ եւ բա­նա­ձե­ւուած դիր­քո­րո­շում­նե­րը, բայց եւ այն­պէս ան կը գոր­ծէ բա­ւա­կան ինք­նու­րոյն եւ ան­կախ ո­ճով մը: Կա­րե­ւոր է նկա­տել նաեւ, որ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը շնոր­հիւ իր կու­տա­կած զի­նուո­րա­կան մեծ նե­րու­ժին եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նին կրնայ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րուն մէջ մնա­լով հան­դերձ ու­նե­նալ ա­ւե­լի ինք­նու­րոյն ներ­կա­յու­թիւն: Այ­սինքն շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Ի­րա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան ո­րե­ւէ մեծ ցնցու­մի հե­տե­ւան­քով «Հիզ­պուլ­լա­հ» մնայ իր քա­ղա­քա­կան նոյն ու­ղե­գ­­ծին վրայ եւ չցնցուի Թեհ­րա­նի մէջ ըլ­լա­լիք ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թե­նէ:

Այս սլա­քին մա­սին շեշ­տը կը դրուի պա­հու մը, երբ լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան դաշ­տի «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի հիմ­նա­կան ընդ­դի­մա­խօս­նե­րը տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը քննա­դա­տե­լով կը յայտ­նեն, որ ան ըն­դա­մէ­նը ա­ծանց մըն է Ի­րա­նի շրջա­նին մէջ տա­րած ընդ­հա­նուր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գծով:

«Հիզ­պուլ­լա­հ» այս բո­լո­րին տի­րա­ցաւ ան­շուշտ տքնա­ջան աշ­խա­տան­քի շնոր­հիւ եւ յա­ջո­ղե­ցաւ իր շրջա­պա­տին մէջ դառ­նալ վստա­հե­լի քա­ղա­քա­կան ուժ մը:

Բնա­կա­նա­բար Սու­րիոյ մէջ ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մը եւս ու­նե­ցաւ իր կա­րե­ւոր դե­րը կազ­մա­կեր­պու­թեան այս հանգրուա­նի քննու­թեան է­ջե­րուն մէջ: Ու ե­թէ տասն տա­րի ա­ռաջ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի հիմ­նա­կան թի­րախն ու թշնա­մին Իս­րա­յէլն էր, ա­պա այ­սօր կան իս­լա­մա­կան ար­մա­տա­կան ու­ժեր, ո­րոնց դէմ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը մղէ ծանր մար­տեր, բնա­կա­նա­բար Սու­րիոյ կա­րե­ւո­րա­գոյն ճա­կատ դար­ձած՝ Հա­լէ­պի մէջ:

Խօ­սե­լով կազ­մա­կեր­պու­թեան դի­մագ­րա­ւած ընդ­հա­նուր խնդիր­նե­րուն մա­սին՝ կա­րե­լի է յստա­կօ­րէն նկա­տել, որ շիի հի­մունք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դուող այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը այ­սօր, ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ, դար­ձած է սիւն­նի աշ­խար­հի թիւ մէկ հա­կա­ռա­կորդ ու­ժը: Բա­ցի ան­կէ, որ կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար մնա­յուն քննա­դա­տու­թեան ա­ռար­կայ է Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ իշ­խող Ապ­տըլ Ա­զիզ ըն­տա­նի­քը։ Յստակ է նաեւ, որ սիւն­նի­նե­րուն հա­մար «Հիզ­պուլ­լա­հ» նախ եւ ա­ռաջ կը ներ­կա­յաց­նէ շրջա­նին հա­մար «գծուա­ծ» (միշտ ըստ սիւն­նի հա­տուա­ծին) ի­րա­նեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան «ա­քի­լէ­սեան գար­շա­պա­ր­»ը: Եւ մինչ տասն տա­րի ա­ռաջ նոյն կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը վա­յե­լէր հա­մաա­րա­բա­կան մեծ նե­ցուկ՝ այ­սօր ան վե­րա­ծուած է թի­րա­խի: Ճիշդ է, որ եր­կու ու­ժե­րուն մի­ջեւ ուղ­ղա­կի բա­խում­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը մեծ չէ, բայց յստակ է նաեւ, որ Ա­րա­բա­կան ծո­ցի տէ­րու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն ա­մէն գնով եւ տար­բեր մի­ջոց­նե­րով ճնշում­ներ բա­նեց­նել կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ:

Ինչ­պէս վե­րը նշե­ցինք, այ­սօր կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը նշէ «Յու­լի­սեան պա­տե­րազ­մ­»ի ա­ւար­տին 10-րդ տա­րե­դար­ձը: Ան ու­նի զի­նուո­րա­կան մեծ պա­հեստ, իսկ ա­նոր հրթի­ռա­յին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կրնայ հաս­նիլ մին­չեւ հա­րիւր հա­զար հե­ռա­հար թի­րախ­ներ հա­րուա­ծող հրթի­ռա­յին նե­րու­ժի:

Յստակ է նաեւ, որ զի­նու­րա­կան եւ կռուող ու­ժի քա­նա­կա­յին եւ ո­րա­կա­յին ա­ռու­մով «Հիզ­պուլ­լա­հ» դար­ձած է Իս­րա­յէ­լի այ­սօ­րուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հիմ­նա­կան հա­կա­ռա­կոր­դը: Այս ա­ռու­մով նաեւ քիչ չեն այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը, ո­րոնց կար­ծի­քով իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին կող­մէ շղթա­յա­զեր­ծուե­լիք ո­րե­ւէ ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ ա­ղէ­տա­բեր հե­տե­ւանք­ներ ոչ միայն Լի­բա­նա­նի, այլ այս ան­գամ Իս­րա­յէ­լի հա­մար: Ու հոս­կէ կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, որ Թել Ա­ւիւ բնաւ չի պատ­րաս­տուիր նման «անձ­նաս­պա­նա­կա­ն» ա­րար­քով հան­դէս գա­լու:

Այս բո­լո­րը կան ու ե­րե­ւե­լի են: Կա­րե­ւոր հար­ցը սա­կայն «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի լի­բա­նա­նեան ներ­քին եւ ա­րա­բա­կան ճա­կա­տին վրայ յստակ թու­լա­ցումն է, ու կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ա­ռա­ջուան նման չու­նի միայն ներ­քին ընդ­դի­մա­խօս­ներ, այլ ու­նի հա­մաա­րա­բա­կան թշնա­ման­քի ընդ­հա­նուր ճա­կատ մը, որ կրնայ շատ բարդ դրու­թիւն ստեղ­ծել Իս­րա­յէ­լի հետ, ո­րե­ւէ լուրջ ընդ­հար­ման պա­րա­գա­յին:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի յստակ է նաեւ, որ 2006 թուա­կա­նի ծանր պա­տե­րազ­մէն տասն տա­րի վերջ, այ­սօր հիւ­ղա­ւան­նե­րու եւ լքուած դաշ­տե­րու մէջ ծնունդ ա­ռած զի­նեալ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը շրջա­նի ընդ­հա­նուր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու պատ­կե­րին մէջ ու­նի իր ու­րոյն տե­ղը եւ ան­ցեա­լի սո­վո­րա­կան մի­լի­սի վի­ճա­կէն դուրս գա­լով՝ դար­ձած է քա­ղա­քա­կան կամք պար­տադ­րող հիմ­նա­կան ու­ժե­րէն մին:

Այս ու­ժա­յին ներ­կա­յու­թեան դրա­կան (կու­սակ­ցու­թեան հա­մար) ե­րե­սա­կին մէջ կան վտան­գուած եւ թի­րախ ըլ­լա­լու բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը: Ու հա­ւա­նա­կան կրնայ ըլ­լալ նաեւ, որ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի կու­տա­կած ու­ժը ներ­քին դա­րա­նա­կալ խլրտում­նե­րով օգ­տա­գոր­ծուի՝ ա­նոր նօս­րա­ցու­մը ա­պա­հո­վող ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թաց­նե­րու սկիզբ մը դնե­լու հա­մար:

Չմոռ­նանք, որ քա­ղա­քա­կան կեան­քի ընդ­հա­նուր գու­մա­րում­նե­րուն մէջ չկան յա­ւի­տե­նա­պէս, որ­պէս ու­ժեղ եւ կա­յուն ներ­կա­յու­թիւն ա­պա­հո­վող մի­լիս­ներ:

Մի­լիս­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր են եւ ա­նոնք կը ծա­ռա­յեն պա­տուէր­նե­րու ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գի մը, որ կրնայ մէկ օ­րուան մէջ քան­դու­մի ճամ­բան բռնել:

Այս խօս­քին մե­ծա­գոյն օ­րի­նա­կը նոյն Լի­բա­նա­նի մէջ գոր­ծած «Լի­բա­նա­նեան ու­ժե­ր» մի­լիսն է, որ այ­սօր իր զէն­քը վա­ղուց յանձ­նե­լով՝ դար­ձած է սոսկ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2016