ԼԵԶՈՒԻ ԾԱԳՄԱՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լեզուաբանութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է լեզուի ծագման հարցը։ Այս հարցը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է շատ վաղ ժամանակներէ ի վեր։ Տարբեր ժամանակներուն մարդիկ տարբեր բացատրութիւններ տուած են լեզուի ծագման մասին, սակայն այդ պատասխաններուն ոչ մէկը կարելի է կատարեալ համարել։

Պատմութեան ընթացքին շատ հասարակութիւններ կը հաւատային, թէ լեզուն պարգեւ է մարդկութեան Աստուծոյ կողմէ։ Այս մասին տարբեր ժողովուրդներու նախնական պատկերացումները արտացոլուած են հէքեաթներու, առասպելներու եւ վկայաբաններու մէջ։ Ք. Ա. վեցերորդ դարու ընթացքին յոյները համարձակած են կասկածիլ «ամէն ինչ Աստուծմով է» սկզբունքի վրայ եւ փորձած են լեզուի ծագման տալ այլ բացատրութիւն։

Լեզուն դիտուած է որպէս մոգական երեւոյթ, այսինքն՝ անոր միջոցով բուժած են, անիծած եւ այլն։ Լեզուին վերագրուած է աստուածային ծագում, սակայն Աստուածաշունչի մէջ կայ հակասական պատմութիւն լեզուի ծագման վերաբերեալ։ Ծննդոց գիրքի առաջին գլուխին մէջ կ՚ըսուի, թէ Աստուած ստեղծեց երկիրը խօսքի, բառերու միջոցով։ Իսկ երկրորդ գլուխին մէջ կ՚ըսուի, որ արարչագործութիւնը տեղի կ՚ունենայ առանց խօսքի, այսինքն՝ Ադամը ստեղծելէ յետոյ Աստուած բոլոր արարածները կը բերէ անոր մօտ, որպէսզի ան անոնց անուններ տայ, այսինքն՝ ըստ այս տեսակէտի, Աստուած կը ստեղծէ մարդը, մարդը՝ լեզուն։ Այսպէսով՝ մէկ կողմէ լեզուի ծագումը դիտարկուած է որպէս Աստուծոյ ընծայ, միւս կողմէ լեզուն դիտարկուած է որպէս մարդու իւրայատուկ յատկութիւն։

«Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադարեցան։ Անոր համար անոր անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց» (Ծննդ. 11.8, 9)։ Աստուածաշունչի մէջ գրուած այս դէպքը կը պատմէ, թէ աշխարհի բոլոր լեզուները ծագում առած են Բաբելոնի աշտարակի օրերէն։ Ըստ հաւատաքի, այս արձանագրութիւնը կը համարուի վարկածային բացատրութիւն՝ ոչ միայն լեզուներու, այլ ազգերու ծագման մասին։ Լեզուաբաններէ ոմանք կ՚ըսեն, թէ լեզուախումբերը զարգացած են մէկ «մայր լեզու»է, ոչ թէ երեւան ելած են յանկարծ։ Իսկ ուրիշ լեզուաբաններ ալ կը հաւատան, թէ լեզուներէ ոմանք զարգացան անկախօրէն՝ պարզ հնչիւններէ դէպի բազմաթիւ քերականական օրէնքներ ունեցող բարդ խօսակցութիւն։

Լեզուի ծագման հարցը կը յառաջացնէ լուրջ հետաքրքրութիւն եւ կ՚արժանանայ գիտական մտքի լուրջ ուշադրութեան 18-րդ դարէն սկսեալ։ Լեզուի ծագման մասին ստեղծուած են տարբեր տեսութիւններ, որոնք կարելի է բաժնել երկու խումբի՝ կենսաբանական եւ հասարակական։ Կենսաբանական տեսութիւնները լեզուի ծագումը կը պարեն մարդու ձայներ արտայայտելու բնախօսական ունակութեան հետ։ Կենսաբանական տեսութիւնները կը բաժնուին երկու տեսակի՝

- բնաձայնական տեսութիւն, ըստ որու լեզուն ծագած է բնութեան ձայները, յատկապէս կենդանիներու ձայները նմանցնելու միջոցով։

- ձայնարկութիւններու տեսութիւն, ըստ որու առաջին բառերը յառաջացած են այն ձայներէն, զորս մարդը արձակած է տարբեր զգացումներով։ Օրինակ՝ ցաւ արտայայտելու համար կ՚օգտագոր-ծըւի «ա՜խ» կամ «վա՜խ» հնչիւնները։

Առանց կենսաբանական տեսութիւնները վերլուծելու, կարելի չէ գիտնականօրէն ճշգրիտ ձեւով բացատրել լեզուի ծագման գործընթացը, բայց մեծ արժէք ունին, որովհետեւ հնչիւնային լեզուի ծագումը կը կապեն մարդու բնախօսական ունակութեան հետ։ Հասարակական տեսութիւնները լեզուի ծագումը կը կապեն մարդկային միջավայրին, աշխատանքի ընթացքին հաղորդակցման անհրաժեշտութեան հետ, այսինքն՝ մարդ արդէն կը դիտուի որպէս հասարակական էակ։ Հասարակական տեսութիւնները նոյնպէս կը բաժնուին երկու խումբի՝

- աշխատանքային ճիչերու տեսութիւն, որ մշակուած է ֆրանսացի մտածող Լուտվիկ Նուարի կողմէ։ Ըստ այս տեսութեան՝ առաջին բառերը յառաջացած են բնազդային ճիչերէ, զորս մարդ արտաբերած է աշխատանքի ընթացքին, որոնք յետագային դարձած են բայեր։ Սակայն հարց մը կը ծագի, թէ ինչպէս կապուած է տուեալ գաղափարը տուեալ հնչիւնական կազմի հետ, ինչպէս ճիչերը բառերու եւ յետագային բայերու դարձած են։

- հասարակական դաշինքի տեսութիւնը՝ մշակուած է ֆրանսացի մտածող Ժան-Ժաք Ռուսոյի կողմէ։ Ան մարդկութեան պատմութեան մէջ կ՚առանձնացնէ երկու շրջան՝ բնական եւ քաղաքակիրթ։ Բնական շրջանին մարդը դեռ չէր խօսեր, ան կ՚երգէր։  Այդ շրջանին ան կը յարէր ձայնարկութիւններու տեսութեան, իսկ քաղաքակրթութեան շրջանին մարդիկ կը պայմանաւորուին, թէ ինչպէս պէտք է անուանել այս կամ այն իրը։

Կարգ մը լեզուներ ունին տարբեր մտածելակերպ ու մարդիկ իրենց մտածումները անուանած են իւրայատուկ բառերով ու բայերով։ Թարգմանութեան դժուարութիւններէն կրնայ համարուիլ այս բայերուն արտայայտութիւնը գտնել օտար լեզուներու մէջ։ Բայց սա իրողութիւն մըն է, թէ այս իւրայատուկութիւնները կը գեղեցկացնեն լեզուները։

Ինչպէս երկրաբանները կ՚օգտագործուին վաղ ժամանակներէն հասած բրածոներէն, նոյնպէս լեզուաբանները կ՚օգտագործուին իրենց ճիւղի օգտակար  բրածոներէ՝ հին գրութիւններէ։ Բայց համոզիչ պատասխան մը դեռ չէ տրուած լեզուներու ստեղծման, ծագման ու զարգացման պատմութեան վերաբերեալ։     

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2017