ՌՈՄԱՆՈՍ ՄԵԼԻՔԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՏՄՈՂ ՏԱՍՆ ԻՐԵՐԸ
Երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեան 1 հոկտեմբեր 1883 թուականին ծնած է Ղզլար, Ռուսաստան։
Տասն անշունչ իրեր, որոնք շատ բան կը պատմեն երգահան, երաժշտագէտ, խմբավար եւ մանկավարժ Ռոմանոս Մելիքեանի մասին:
Ռոմանոս Մելիքեան Հայաստանի մէջ հիմնած է երաժշտանոց, նոյնպէս ալ՝ Ստեփանակերտի մէջ: Ան նաեւ մասնակցած է «Ալմաստ» օփերայի բեմադրութեան աշխատանքներուն եւ Երեւանի Օփերայի թատրոնի հիմնադրման:
Երգահանը ապրած է ընդամէնը 52 տարի, մահացած է Թիֆլիզ, մարմինը ամփոփուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:
ԿՆՈՋ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ
Ռոմանոս Մելիքեան կինը շատ կը սիրէր: Երբ Թիֆլիզէն Երեւան կու գար, կնոջ նկարը հետը կը բերէր: Սիրելի կնոջ հայեացքը անհրաժեշտութիւն էր իրեն համար:
ՁԿՆՈՐՍԱԿԱՆ ԻՐԵՐԸ
Երգահանը ձկնորսութիւն շատ կը սիրէր: Զինք յաճախ կը տեսնէին Սեւանի ափին հանգիստ նստած, կարթը՝ ձեռքին…
ԳԼԽԱՐԿԸ
Երգահանը մեծ կարեւորութիւն կու տար իր արտաքին տեսքին, կը սիրէր գլխարկ կրել:
Թանգարանին մէջ ցուցադրուած է անոր սեւ լայնեզր գլխարկը:
ԹԷՅԻ ԴԳԱԼԸ
Ռոմանոս Մելիքեան կը սիրէր թէյի շուրջ քննարկումներ ու բանավէճեր ունենալ: Այդ քննարկումներուն մասնակիցը յաճախ Կոմիտասն էր:
Նկարին վրայ կը տեսնենք թէյի (քամոց) դգալը, որ տաք վէճերէն մնացած միակ վկան է:
ՄԱՏԻՏԱԿԱԼԸ
Իր աշխատանքներուն հանդէպ երգահանը շատ խստապահանջ էր. ան յաճախ կը գրէր ու կը ջնջէր խազերը: Թանգարանէն ներս ցուցադրուած է այն մատիտակալը, որ երգահանին սեղանին վրայ յատուկ տեղ կը գրաւէր:
ԾԽԱԽՈՏ ՓԱԹԹԵԼՈՒ ԹՈՒՂԹԵՐԸ
Թէյի շուրջ քննարկումներուն կը միանային նաեւ ծխախոտ փաթթելու արարողութիւնները: Ռոմանոսը շատ կը ծխէր. ամբողջ գիշեր մը ստեղծագործելէ ետք, առաւօտեան անոր դաշնակին ստեղները մոխիրի հաստ խաւով մը ծածկուած կ՚ըլլային:
ԳՐԻՉՆԵՐՆ ՈՒ ԹԱՆԱՔԱՄԱՆԸ
Երգահանը ունէր մեծ հաւաքածոյ մը գրիչներու, որոնցմէ մէկ քանին պահպանուած են: Գրիչներուն հետ մեզի հասած է նաեւ թանաքամանը:
ԱԿՆՈՑԸ
Ռոմանոս Մելիքեանի ակնոցը տուփով պահպանուած է: Կարմիր եւ սեւ տուփը պատրաստուած է թուղթի հաստ շերտերէ:
«ՔԱՄԵՐԹՈՆ»Ը
Մեզի հասած է նաեւ Ռոմանոս Մելիքեանի «քամերթոն»ը: Այս գործիքը կ՚օգտագործէր ձայնի բարձրութեան չափման ժամանակ՝ երաժշտական գործիքները լարելու կամ երգեցողութեան համար:
ՀՐԱՑԱՆՆ ՈՒ ՓԱՄՓՇՏԱԿԱԼԸ
Ռոմանոս Մելիքեանը որսորդութեան սիրահար էր. աշնան եւ ամրան շաբաթը քանի մը անգամ որսի կ՚երթար: Նեմրութ անունով շան հետ կ՚երթար Գառնի կամ Արարատեան դաշտ՝ թռչուններ եւ այլ կենդանիներ որսալու համար:
Նշենք, որ Ռոմանոս Մելիքեանի անձնական իրերը կը պահպանուին «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան