ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՎԻՃԱԿԸ ԹԷԺԱՑԱԾ

Պաղեստին-Իսրայէլ իրադարձութիւններուն տեսակէտէ աւելի քան պարզ էր, որ լարուած իրավիճակը օր մը անպայման պիտի պայթէր։ Հետեւողները արդէն կը սպասէին՝ որքան որ ալ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները յեղաշրջեցին միջազգային օրակարգը։

Երկար ամիսներէ ի վեր եւ յատկապէս՝ Նեթանիյահուի կառավարութեան կազմուելէն ի վեր Իսրայէլի իշխանութիւնները քանի մը ուղղութիւններով բաւական բարդ եւ խճճուած խնդիրներու մէջ մտան։ Նախ՝ կար Նեթանիյահուի՝ որպէս վարչապետ օրինականութիւնը բարձրացնելու հարցը, ինչ որ դուռ կը բանար ներքին լարուածութեան՝ ներառեալ յայտնի բողոքի ցոյցերուն։

Այդ իրաւական-դատական բարդութիւններուն զուգահեռ՝ կառավարութեան արծիւները՝ նախարարներ Պեն Կվիր եւ Սմոթրիչ կացութիւնը աւելի բարդացնելով փորձեցին յառաջ մղել Երուսաղէմի կարգ մը թաղամասերու հրէականացումը։ Մասնաւորապէս արաբական կարգ մը թաղամասերու դէմ գործադրուեցան բռնութիւններ, որոնց խորքային նպատակն էր բնակիչները ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով հեռացնել։ Յաչս Պաղեստինի հասարակութեան, անշուշտ, սա լարուածութիւն կը հրահրէր։ Պաղեստինցիներ՝ որպէս պատասխան, Իսրայէլի զանազան քաղաքներուն եւ մայրաքաղաք Թել Աւիւի մէջ «միայնակ գայլ»ի ոճով արարքներ կատարեցին անցորդներու դէմ։ Եղան զոհեր ու վիրաւորներ։ Պաղեստիցիներու գործած սպանութիւնները լարուածութիւնը սաստկացուցին։

Անխուսափելի դարձած լարուածութիւնը հրահրեց նաեւ այն արաբ հասարակութիւնները, որոնք կ՚ապրին Երուսաղէմի դատով։ Դամասկոսէն ու Պէյրութէն սկսեալ, մինչեւ Եմէն կամ Ռապաթ՝ բողոքի ցոյցեր կատարուեցան։ Յիշեցուեցաւ, որ պայքարի կիզակէտին կը շարունակէ մնալ Երուսաղէմը։ Անշուշտ, այդ պայքարին առանցքն էր Երուսաղէմի իսլամական հատուածները անխաթար պահելը։ Պայքարին կը միանային Իսրայէլի մերձակայ Պաղեստինի գրեթէ բոլոր քաղաքները. ինչպէս՝ Խան Եունոս, Նապլոս եւ այլն ու, անշուշտ, ներառեալ Կազզէն, որ Պաղեստինի պայքարի կեդրոնը կը համարուի։ Ի դէպ, Կազզէն տարիներէ ի վեր կը շարունակէ մնալ պաշարուած ու հակառակ այդ պաշարման՝ այնտեղ գոյացած եւ հասակ առած են ծայրայեղ խմբաւորումներ. օրինակ՝ «Համաս», «Իսլամական ճիհատ» եւ այլն։ Այս վերջինները կարողացած են ո՛չ միայն աճիլ, այլեւ հզօրանալ՝ օգտուելով Իրանին կողմէ անոնց տրուած ռազմական նեցուկէն։

Ուրեմն, այս կէտէն սկսեալ պէտք է դիտարկել պատերազմը, որ անակնկալի մատնեց Իսրայէլը։ Շաբաթ առաւօտ ընթացք առած գործողութեան ձեռնարկած է «Համաս»ի «Ալ Քասսամ» ջոկատը։ Այս գործողութեան հեռաւոր նպատակներուն եւ հաւանական ազդեցութիւններուն մասին դեռ վաղ է խօսիլ, սակայն, պէտք է անպայման հաստատել, թէ պատահածը աննախընթաց էր բոլոր առումներով։ «Ալ Քասսամ»ը նաեւ հաստատած է, որ գործողութիւնը կը կոչուի «Ալ Աքսայի ջրհեղեղ»՝ առանց տակաւին սահմանելու ընդհանուր ընթացքն ու տեւողութիւնը։ Գործողութեան աննախընթաց ըլլալուն մեծագոյն ապացոյցներէն մին ալ այն է, որ Պաղեստինի զինեալներու տիրապետութեան տակ անցած է Իսրայէլի բանակին այն կեդրոնը, որ «Քարմ ապու սալէմ» շրջանին մէջ կը գտնուի։ Իսրայէլի բանակէն մեծ թիւով գերեվարուածներ եղած են՝ հարիւրաւոր զոհերուն եւ վիրաւորեալներուն առընթեր։ Ըստ Իսրայէլի աղբիւրներուն, սա ծանր հարուած մը եւ պարտութիւն մը եղած էր երկրի ռազմական գաղտնի ծառայութիւններուն առումով։ Անշուշտ, այս բոլորի լոյսին տակ, այժմու դրութեամբ, պատերազմական այս փուլի հաւանական աւարտին մասին կանխատեսում մը ընելը կը համարուի բաւական անշնորհակալ գործ մը։

Մինչ Նեթանիյահու կը յայտարարէ, որ մտած են երկարատեւ պատերազմի մէջ ու վճռական են, պիտի երթան մինչեւ վերջ, անդին, ըստ վերջին լուրերուն, Պաղեստինի ջոկատները արդէն կորսնցուցած են հակակշիռը Կազզէի հանդիպակաց այն շրջաններուն, որոնք շաբաթավերջին իրենց տիրապետութեան տակ անցած էին, իսկ ներկայիս Իսրայէլի բանակը դարձեալ հաստատուած է այնտեղ։

Ու հո՛ս է նաեւ, որ կը ծագի գլխաւոր հարցադրումը. արդեօք այս պատերազմը աւելիով պիտի ծաւալի՞ այլ կողմերու եւս ներգրաւումով, թէ ոչ հաշուի առնելով ստեղծուած դրութիւնը Իսրայէլ պիտի դադրեցնէ կրակը եւ պիտի սկսի բանակցիլ «Համաս»ին հետ՝ նպատակ ունենալով գերիներուն ազատութիւնը, նաեւ երկարատեւ խաղաղութեան համար վաւերաթուղթի մը խմբագրումը։ Մնաց որ, գերիներու վերջնական թիւը յստակ չէ եւ սա գերագոյն հարց կը համարուի Իսրայէլի համար։

Անտարակոյս, «Համաս»ի այս գործողութիւնը նոր սկիզբ մը պիտի դնէ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան, որուն հետեւանքով աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր արիւնահոսութիւնը կը շարունակուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Թէ ինչպէ՞ս կը բիւրեղանայ այս բոլորը շարքային հայու տեսակէտէ։ Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ կարելի է այս հակամարտութեան երկու կողմերն ալ քննադատել։ Ճիշդ է, որ Պաղեստին մեծ տառապանքներէ անցած է ու դեռ ալ կ՚անցնի, բայց եւ այնպէս, անոր զինեալ խմբաւորումներուն գործունէութիւնը դուռ կը բանայ հարցումներու։ Շատ հեռու երթալու պէտք չկայ. Օսլոյի համաձայնութենէն ի վեր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի «Երկու տէրութեանց լուծումը» լաւագոյն տարբերակն է, որպէսզի ի վերջոյ աւարտին հասնի այս հակամարտութիւնը։ Անշուշտ, քննադատելի է Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարումը, որ հիմնովին փոխեց Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան համակարգի ամբողջ խորապատկերը։ Ճիշդ է նաեւ, որ պէտք է յարգել պաղեստինցիներու իրենց հողերուն վրայ ապրելու իրաւունքը եւ, անշուշտ, ատոր մէջ չկայ ծայրայեղ տարրերու հետ համաձայնութեան հասնելու ընկալումը։ Կարճ խօսքով, այս խնդիրը դժուար թէ ռազմական լուծում ունենայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023