ԴԺՈՒԱՐ Է… ԲԱՅՑ
«Բարի Լոյս»ին հետ միատեղ ըսաւ. «այս դարուս հայր ըլլալը դժուար է». մէկ կողմէ իր երկու զաւակները առաջնորդելով ինքնաշարժ, որոնցմէ մին, գաւաթը ձախ ձեռքին, իսկ աջին՝ գիրքերու տրցակ: Ըսի. «Հայր ըլլալն ալ դժուար է, զաւակ ըլլալն ալ, վերջապէս ապրի՛լը դժուար է», ու միտքերս թռան հոս ու հոն, կեանքի զանազան հանգրուաններու դժուարութեանց, սակայն հարցին միւս երեսն ալ կայ. միթէ՞ դժուարութիւն է կեանքը, չկա՞յ զայն հակակշռող այլ ուժ, հոգեկան, որ շատ աւելի ուժեղ ըլլայ եւ ազդու. կամ՝ մտածում. ու յիշեցի, որ կրնայ խաւար գիշերի մէջ զգացում մը քեզ յիշեցնել Մեծարենցի «Գիշերն անուշ է գիշերն հեշտագին» երգը ու հոգիդ «լեցուի հաշիշով օծուն ու բալասանով» ու ոգեշնչուիս ու վերանաս կարծես կը շնչես բոյրը գարնանային ծաղիկներու, մոռնալով պահ մը առարկայական կամ առօրեայի ցաւերը: Վերջապէս մարդակազմութիւնը ունի իրեն յատուկ մեքանիզմը՝ հաւասարակշռութեան:
Յիշեցի տասնամեակներ առաջ եղած հաւաք մը, Զապէլ Մովսէսեան սրահին մէջ, ուր գլխաւոր բանախօսը ուսուցիչի զաւակ էր: Գրատախտակին մօտ էր, որուն վրայ կեդրոնին քառանկիւն մը գծելով սկսաւ արտայայտուիլ, ցոյց տալու դպրոցի պատասխանատուի վրայ դրուած ծանրութիւնները, պետութիւն, հոգաբարձութիւն, ծնողներ, ուսուցիչներ եւ այլն: Իսկ անոնցմէ ամէն մէկը թուելուն՝ կ՚աւելնար տուփիկ մը՝ կեդրոնական տուփիկին վրայ, նայած նիւթին, աջին, ձախին, վեր, վար ու վերջաւորութեան ունեցանք խաչի պատկերը: Խաչ մըն էր դպրոցի շալակին… ի հարկէ քիչ մը ընկճուեցանք, սակայն ոչ երկու խօսքով, ընդունելով հանդերձ խաչի ծանրութիւնը, շեշտը կեդրոնացուց նուիրուածութեան. սիրով նուիրուածութեան, որով խաչը Գողգոթայի խաչ բնորոշելէ աւելի կ՚ըլլար տանելի ու հաճելի՛ իսկ, սերունդներ պատրաստելու ճամբուն վրայ, դէպի շէնշող ապագայ։ Քիչ մը թոքերնիս … լայնցաւ ու խորունկ շունչ մը ներառինք:
Չարենց առիթով մը գրած է. «Ես ամէն տանջանք տարել եմ սիրով»: Իսկ Ռ. Սեւակ. «Ապրիլը յաղթել է». այս՝ մանաւանդ մեր սրտերուն աւելի մօտ կու գայ, քանի որ մահուան եզրին հասնելէ ետք ապրած ենք, որու համար ալ «վերապրիլ» մակդիրը կու տանք:
Վերջապէս կեանքը միայն առարկայական շարժում չէ, ոչ ալ մտային մարզախաղ, կամ յուզականութեան թիթեռ, այլ՝ ամբողջութիւն մը, ընթացք մը, ուր ամէն մէկու պարտք կ՚իյնայ ինքզինք հաշտեցնել եւ կարելի եղածին չափ առանց տրտնջալու ապրիլ:
Տրտունջ՝ -մեղքերէն մին:
Յաջողութիւն..
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ