ՀԱ­ՒԱ­ՍԱՐ ՊԱՅ­ՄԱՆ­ՆԵՐ ՈՂՋ ՀԱ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱ­ՄԱՐ

Գիտեմ, որ ըսելիքս նորութիւն չէ, բայց վերջին իրադարձութիւնները ստիպեցին զիս անգամ մը եւս, ինչպէս արաբական ասացուածքը կ՚ըսէ, «կէտերը տառերուն վրայ դնել», այսինքն՝ ամէն ինչ ճիշդ ներկայացնել՝ բնականաբար իմ տեսանկիւնէս։

Նախ իրատեսական չէ, որ իր գրկի մէջ ապրած ժողովուրդը նման պայմաններու մէջ պահող պետութիւն մը հայրենադարձութեան ծրագիր մշակէ, որովհետեւ այդ ծրագիրը կ՚ենթադրէ լաւ պայմաններ (երկիրը շատ լաւ պայմաններու հնարաւորութիւն չունի) ստեղծել ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստան եկող հայերուն, այսինքն՝ անոնք պիտի գերադասուին գիւղի սահմանները կեանքի գնով պահող ու խեղճ կեանքով ապրող գիւղացիներէն, զինուորներու ծնողներէն, աւելի շուտ Հայաստան վերադարձած հայերէն եւ հաւանաբար նոյնիսկ պատերազմի պատճառով հինգ տարի առաջ կամ աւելի ուշ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերէն (նայած հայրենադարձ հասկացողութիւնը ծը-րագրի ծիրէն ներս ինչ սահմանում կ՚ունենայ), այս պարագային ծրագիրը կը դառնայ պառակտման խթանիչ ուժ։

Ոեւէ մէկը մեղադրելու ո՛չ մտադրութիւն ունիմ, ո՛չ ալ իրաւունք, սակայն իրական փաստերը ներկայացնելու իրաւասութիւնը անկասկա՛ծ ունիմ.

Պառակտման վառ օրինակը սուրիահայերու համար ստեղծուած պայմաններն են. սուրիահայ ուսանողները Հայաստանի մէջ համալսարան յաճախելու համար ստացան 60-70 տոկոս փոխհատուցման իրաւունք (գնահատելի եւ ողջունելի նախաձեռնութիւն՝ Հայաստանի կառավարութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Գալուստ Կիլպէնկեան» հիմնադրամի կողմէն) հակառակ անոր, որ սուրիահայ տղաներու բացարձակ մեծամասնութիւնը քաղաքացիութեան չէ դիմած հայոց բանակին չծառայելու համար, իսկ բազում հայաստանցի տաղանդաւոր ուսանողներ ուսման վարձը վճարելու հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով՝ կը զրկուին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէն եւ շատ յաճախ հայոց բանակին ծառայլէն ետք ուսումը չեն շարունակեր։

Եւրոպա երթալու նպատակով Հայաստան հասած ու Եւրոպա հասնելէն ետք, հայաստանեան անձնագրէն հրաժարած բազում սուրիահայեր, Հայաստանի մէջ օգտուեցան իրենց համար ստեղծուած առողջական խնդիրները լուծելու հնարաւորութիւններէն՝ ընդհուպ մինչեւ սրտի եւ աչքի վիրահատութիւններ, որոնց մասին հայաստանցի գիւղացին եւ ոչ միայն գիւղացին, յաճախ նոյնիսկ պատերազմին վնասուած զինուորն ու զոհուած զինուորի ընտանիքը չի կրնար անգամ երազել, եւ բազում այլ հնարաւորութիւններ՝ տան վարձի եւ սննդամթերքի յաճախակի ապահովում եւ այլն։ Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայաստանցին պոռթկայ եւ պոռթկալու իրաւունք ալ ունի, բայց ո՛չ թէ սուրիահայուն դէմ, այլ այն պետութեան, որ հաւասար պայմաններ եւ արժանավայել կեանք չ՚ապահովեր բոլոր հայերուն համար։

Միւս կողմէն՝ կան նաեւ վիրաւորական երեւոյթներ սփիւռքահայերուն համար.

Շարունակելով սուրիահայերու մասին խօսքս՝ նշեմ, որ Սուրիոյ պատերազմը սկսելէն մէկ երկու տարի առաջ (բայց, ըստ երեւոյթին, շատերը հոտը առած էին կամ պարզապէս ցանկութիւն կար Հայաստան տեղափոխուելու), Հալէպի հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ իրենց առաջարկով հասան Հայաստանի նախագահին, անոնք կ՚ուզէին Երեւանի ծայրամասերէն մէկուն մէջ պետական գինով տարածք տրամադրուի իրենց, որպէսզի համայնքը իր միջոցներով եւ Հալէպի օրինակով ազգային շէնքեր կառուցէ եւ զանոնք առանց շահոյթի եւ մասնավճարով տրամադրէ սուրիահայ այն ընտանիքներուն, որոնք Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւն ունին։ Ծրագրի նպատակն էր առաւելագոյն նպաստաւոր պայմաններու մէջ՝ համայնքի արժէքները (ներառեալ արեւմտահայերէնի դասաւանդումը) Հայաստանի մէջ պահպանել: Առաջարկը մերժուեցաւ, հաւանաբար նոյն տարածքները «անհրաժեշտ» էին շքեղ առանձնատուներ կառուցելու համար։

-Եթէ Հայաստանի քաղաքացի չես, հայ ըլլալու հանգամանքը չ՚օգներ քեզի, բժշկութեան համար պէտք է վճարես կրկնակի կամ եռակի՝ չափը տնօրինելու իրաւունք ունի տուեալ բժշկական կեդրոնը, որուն վստահած է սփիւռքահայ հիւանդը։ Ժամանակին ես ալ եռակի վճարելու խնդիր ունեցայ, բայց երբ հիւանդանոցի տնօրէնին հարցուցի՝ «իսկ եզտիներէն ինչքա՞ն կը գանձէք», ան քիչ մը այլայլուած ըսաւ՝ «բայց իրենք Հայաստանի քաղաքացի են», ըսի. «Ես կը յարգեմ բոլոր քաղաքացիները անխտիր, բայց ես ալ հայ եմ եւ լրագրող», ուստի տնօրէնը որոշեց, յատկապէ՛ս լրագրող ըլլալուս համար քաղաքացի համարել զիս եւ գումարը չաւելցուց։ Այսինքն հայը եթէ ուզէ, կրնայ հայուն նայիլ հայու աչքերով։ Վերջերս նաեւ Գերմանիայէն բուժման համար Հայաստան եկած հարազատներէս երիտասարդ մը, իր հիւանդութեան ախտորոշման համար մեծ գումար վճարեց, երբ հարց տուաւ թէ տեղացիները ի՛նչպէս կրնան այդքան վճարել, անոր բացատրեցին, որ ինք քաղաքացի չէ, անոր համար եռակի պիտի վճարէ, ինքն ալ տխրեցաւ, որ իրեն հայու աչքերով չնայեցան, ու գնաց...

-Եթէ քաղաքացիութիւն չունիս եւ Հայաստանի մէջ գործ բացած ես, հարիւրէ 10 տոկոսով աւելի շատ եկամտահարկ կը վճարես քան քաղաքացիութիւն ունեցողը, նոյնիսկ եթէ բազում քաղաքացիներու համար քու ներդրումովդ գործ կը հայթայթես տեղացիներուն, այն ինչ որոշ երկիրներու մէջ (օրինակ՝ Գերմանիա), եթէ օտարերկրացին քաղաքցիներու սահմանուած քանակի մը համար (օրինակ՝ 50 հոգիի) աշխատանք ստեղծէ, բոլորովին կ՚ազատուի տուրք վճարելու պարտաւորութենէն։ Վերջերս Հայաստանի վարչապետի Իրան այցի օրերուն, տեղւոյն հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ, երբ այս խնդիրը բարձրացուած է, վարչապետը յայտնած է. «Կ՚ուզեմ յստակ ձեւակերպել, որ ոեւէ մէկուն համար հարկը աւելի բարձր կամ նուազ չէ: Եթէ խօսքը կը վերաբերի արտասահմանեան շահոյթի մասին, ապա ըսեմ, որ հոն այլ լուծումներ կան»:

Մինչ այդ Հայաստանի հարկային օրեսնգրքի մէջ բառացիօրէն գրուած է. «Օտարերկրեայ քաղաքացիներու եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձանց ստացած շահաբաժիններու մասով եկամտային հարկը կը հաշուարկուի հարիւրէ 10 տոկոս դրոյքաչափով»:

Հայաստանի Սփիւռքի նախարապութեան միջնորդութեամբ, յատկապէս սուրիահայերու եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերու համար իրականացուած կարեւոր ներդրումներէն մէկը համալսարաններու մէկ մասը սփիւռքահայ ուսանողներու համար հաւասար վարձավճար սահմանելու հնարաւորութիւնն է, բայց ԵՊՀ համալսարաններու եւ յատկապէս Բժշկական համալսարանի մէջ անոնք կը շարունակեն վճարել շատ աւելին, քան՝ տեղացին։

Հետեւաբար, ո՛չ թէ հայրենադարձութեան ծրագիր պէտք է մշակել, այլ հաւասար պայմաններ պէտք է ստեղծել ողջ հայութեան համար՝ խուսափելու սպասուած պառակտումներէն։

Հայաստանի մէջ բոլոր հայերուն համար ամենակարեւոր խնդիրը նպաստաւոր պայմաններու մէջ նոր աշխատանք ստեղծելն է։ Այդ մէկը ո՛չ միայն կը խթանէ հայրենադարձութիւնը, այլեւ կը նպաստէ արտագաղթի կրճատման։ Հետեւաբար, անյապաղ պէտք է հաստատել այլ երկիրներու մէջ կիրառուող արդիւնաւէտ օրէնքը, որուն համաձայն նոր աշխատանք ստեղծողը (բոլորը) նուազագոյնը առաջին հինգ տարին, պէտք է եկամտահարկ չվճարէ եւ ո՛չ թէ (ինչպէս հիմա) հարկային տեսուչը առաջին յաճախորդէն առաջ մուտք գործէ տուեալ աշխատատեղը տուրքը գանձելու համար։

Չեմ ուզեր մանրամասնել եւ ըսել այն ամէնը ինչ բոլորը կը տեսնեն եւ շատ լաւ գիտեն, սակայն առաւել քան վստահ եմ, որ Հայաստանի հզօրացման կարեւորագոյն երաշխիքը Սփիւռքն է, իսկ Սփիւռքի միակ խթանիչ ուժը վստահութիւնն է երկրի իշխանութեան հանդէպ, բայց Սփիւռքը կը վստահի իշխանութեան ա՛յն ժամանակ, երբ յատկապէս սահմանամերձ գիւղերը շրջելով՝ խղճուկ վիճակի մէջ ապրող, երկրին զինուոր տուող որդեկորոյս ընտանիքներ չտեսնէ, երբ երկիրը պահող մշակի դէմքին ժպիտ տեսնէ եւ ո՛չ թէ ցաւ, տառապանք ու կսկիծ։ Երբ Երեւանի բարձրունքներու եւ լաւագոյն մասերու վրայ կառուցուած պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու «խղճուկ աշխատավարձով» կառուցուած դղեակներուն փոխարէն՝ անգործ թափառող մարդոց համար աշխատատեղեր տեսնէ։

Գայթակղելով ու համոզելով՝ հայրենիք չեն երթար, հայրենիք կ՚երթան պատկանելիութեան ամենահզօր զգացումէն մղուած, եւ այնքան շատ են այն հայերը, որոնք իրենց հոգիի խորքին մէջ ունին այդ զգացումը, բայց Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը թոյլ չի տար, որ իրենք ալ վայելեն իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու բերկրանքը։

Սփիւռքը միշտ Հայաստանի կողքին է, վկայ՝ քառօրեայ պատերազմը, որուն ընթացքին սփիւռքահայը անտեսեց անգամ իր անվստահութիւնը...

Միայն թէ Սփիւռքը վստահի Հայաստանի իշխանութեան. Միայն Հայաստանի իշխանութեան վստահելու հաւաստի երաշխիքներ պէտք է ստեղծել, ուրիշ ոչի՛նչ... Ահա այն ժամանակ Հայաստանը կը դառնայ, եթէ ո՛չ ողջ հայութեան ապաստանը, ապա բոլոր հայերու հոգածութեան կիզակէտը։

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2017