ՏՔԹ. ՎԱԶԳԷՆ ՊԵՐՂՈՒՏԵԱՆ. «ԻՄ ՏԵՍԱԾ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐՈՒՍ ՄԵԾ ՄԱՍԸ ՎՃՌԱԾ Է ՀՈՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ»
Հալէպը հարուածած պատերազմը այսօր կը գտնուի մեր ետին: Ճիշդ է, որ Սուրիան ամբողջութեամբ չէ կարողացած ինքզինք վերագտնել, բայց եւ այնպէս Հալէպի հայկական թաղամասերը թիրախաւորած բախումներու փուլը կը պատկանի անցեալին:
Այս սիւնակովներով առաջին անգամը չէ, որ կը գրենք Հալէպի դէպքերուն եւ տեղւոյն մեր հայրենակիցներւն ապրած բազմապիսի ոդիսականներուն մասին:
Անցեալ ամիսներուն հալէպահայ հասարակական գործիչ, բժիշկ Վազգէն Պերղուտեան այելեց Հալէպ: Ու այդ առիթով հայկական երբեմնի ծաղկուն քաղաքին մասին ամփոփիչ ու յստակ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով հարցազրոյց մը կատարեցինք, արդէն իսկ Երեւան հաստատուած հալէպահայ գործիչին հետ:
*
- Իմացանք, որ Հալէպ մեկնած էք: Ի՞նչ էր նպատակը:
-Ինչպէս իւրաքանչիւր հալէպահայ, ես ալ ուզեցի ծննդավայրս երթալ՝ մօտէն ծանօթանալու համար քաղաքի ընդհանուր իրավիճակին: Ես Նոր Գիւղ անունով յայտնի հայահոծ թաղամասէն եմ ու հոն է նաեւ, որ ունիմ բնակարան մը եւ դարմանատուն մը: Շրջանը տուն մը եւ դարմանատուն մը ունիմ: Տունս պատերազմի ընթացքին քիչ մը վնասուեցաւ: Երբ դիմացի շէնքը հըր-թիռակործեցին եւ գետնին հաւասարեցուցին, մեր տունն ալ որոշ վնասներ կրեց, սակայն կանգուն մնաց: Բացի մեր ունեցուածքէն, պէտք էր Հալէպ մնացած ազգականներս տեսնէի ու մօտէն ծանօթանայի ընդհանուր կացութեան:
-Ինչպէ՞ս հասաք Հալէպ: Կրնա՞ք նկարագրել ճամբան:
-Հալէպ գացի Լիբանանէն: Ծանօթի միջոցաւ գտայ փոխադրակառք մը, որ մեզ Լիբանանէն Հալէպ տեղափոխեց: Ճանապարհածախսը կ՚արժէր 90 հազար սուրիական ոսկի: Երեք հոգիով ճամբայ ելանք եւ մեզմէ իւրաքանչիւրս վճարեց 30 հազար սուրիական ոսկի: Այդ գումարէն փոքր մաս մը վարորդը պէտք է վճարէր անցարգելներուն, որպէսզի առանց խնդիրներու տեղ հասնէինք: Այսպէս, մենք մեկնեցանք Արիտայի սահմանային անցքէն եւ իւրաքանչիւր 1 կամ 2 քիլօմեթր յետոյ անցարգելի կը հանդիպէինք ու մինչեւ մեր Հալէպ հասնիլը 25 անցարգելներէ անցանք: Երբ Հոմս հասանք, նկատեցի, որ մեզմէ 2 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին ընդդիմադիրները: Անշուշտ, իրենց քովէն չանցանք: Ուրիշ ճամբայով գացինք: Յետոյ հասանք Սալամիէ եւ իմացայ, որ հոն պետականամէտ տարածք է, բայց ինքնավար շրջան է, այդտեղ կային 4 հազար զինեալներ, որոնք կը պաշտպանէին իրենց տարածքը: Ասոնք են, որ երբեմն մարդիկը կ՚առեւանգեն եւ դրամ կը պահանջեն, զանոնք ազատ արձակելու համար: Երբ այդ տարածքը հասանք, վարորդը զգուշացուց ըսելով, որ շատ արագ պիտի վարէ ինքնաշարժը, որպէսզի յանկարծ մէկը առիթ չունենայ մեր ճանապարհը փակելու: Իսկապէս, այդպէս ալ ըրաւ: Վարորդը սկսաւ ժամական 120-130 քիլօմեթր արագութեան վրայ վարել ինքնաշարժը՝ փոսերով լեցուն ճանապարհի մը վրայ: Ետքը հասանք Խանասէր: Հոն երկու ժամ սպասեցինք, որովհետեւ այդ ճամբան, ամէն գիշեր կը փակեն եւ առաւօտը երկար ստուգումներէն ետք անցանելի կ՚ըլլայ: Խանասերէն 7-8 քիլօմեթր յետոյ, լեռներուն ետեւ կային ԻՇԻՊ-ի դիրքեր։ Երբ հասանք, արդէն խճողում կար: Ստիպուած եղանք երկու ժամ սպասել: Խանասէրէն ետք արդէն Հալէպի օդակայանի ճանապարհով մտանք Հալէպ: Մինչեւ անցեալ տար-ւան Դեկտեմբերը, օդակայանի ճամբան փակ էր: Այդ շրջանին քաղաքացիները միայն Ռամուսէ կոչուած շրջանէն էր, որ Հալէպ կը մտնէին:
Պատկերացուցէք, որ 2014 թուականին մօրս ճամբորդութիւնը Լիբանանէն դէպի Հալէպ 15 ժամ տեւած էր, իսկ հիմա՝ 7-9 ժամ:
-Ի՞նչ տպաւորութիւններով մտաք Հալէպ:
-Մանաւանդ Խանասէր շրջանը աւերակուած շրջանի մը վերածուած էր: Խանասէր պզտիկ գիւղ մը եղած էր, եւ այդ գիւղը այսօր ամբողջութեամբ հողին հաւասար դարձած է:
Առաջին վայրկեանին, երբ Հալէպ մտանք, եւ անցանք շփման գիծէն՝ աջ կողմս Սախուրի շրջանն էր, իսկ ձախ կողմս՝ երբեմնի հայահոծ Նոր Գիւղը: Շէնքերու 20 տոկոսը փլատակ դարձած էր, իսկ անոնց 40 առ հարիւրը վնասուած էր հրթիռներէն: Սակայն, կային նաեւ նորոգուած տուներ: Ժողովուրդը սկսած էր մաքրել եւ նորոգել կարգ մը տոները: Բայց ամէն պարագայի, տակնուվրայութիւն մը կար: Ժողովուրդը յոյս ունի, որ կառավարութիւնը ապագային կը սկսի լուրջ ձեւով աշխատիլ եւ կարգ ու կանոն հաստատել Հալէպի մէջ:
Օր մը հանրակառք մը նստայ եւ խնդրեցի, որ զիս Նոր Գիւղէն Հալէպի բերդ տանի։ Ուզեցի տեսնել եւ նկարել քաղաքին վիճակը: Ճամբան լաւ էր, ռումբերու եւ հրթիռներու հետքեր շատ կային, բայց դժուար անցանելի չէր: Լսած էի, որ այդ ճամբուն վրայ գտնուող շէնքներուն մեծամասնութիւնը փլատակ վիճակի մէջ է, սակայն ես այդպիսի բան չտեսայ: Կային վնասուած եւ փլատակ շէնքեր, բայց կային նաեւ կանգուն մը-նացած շէնքեր....: Այս պատկերը նաեւ կարեւոր ապացոյց էր, որ Հալէպի մասին լսուած բոլոր տեղեկութիւնները ճիշդ եւ իրաւացի չեն:
-Հալէպի այսօրուան վիճակը տեսնելով ի՞նչ զգացիք:
-Հալէպէն հեռու ապրելու ընթացքին միշտ հետեւած եմ ամէն մեծ ու փոքր իրադարձութեան եւ պատկերացուցած՝ թէ ի՛նչ կատարուած է եւ կը կատարուի հոն: Իսկ երբ այցելեցի, բոլոր լսածներս եւ պատկերացուցածս աչքերովս տեսայ: Այսօր յոյս մը կայ, թէ՛ ժողովուրդի աչքերուն մէջ եւ թէ կառավարութեան մօտ: Այդ յոյսով առաջնորդուած ժողովուրդը սկսած է վերանորոգել իր խանութը կամ տունը: «Ալ-Պուրճ» ճաշարանէն անդին գտնուող հատուածը կը համարուի Նոր Գիւղի վերջին կէտը. հոնկէ փլատակներուն շարանը կը նկատես: Պոսթան Փաշա, նոյնպէս, փլատակ շէնքներ շատ կային: Իսկ Ազիզիէի եւ Վիլաններու շրջանը բարւոք վիճակի մէջ է: ՀՄԸՄ-ի պարտէզը ճաշարանի վերածած են եւ հոն կը տեսնես ոչ միայն հայեր, այլեւ տեղացիներ:
-Ձեր կարծիքով Հալէպը նորէն արդիւնաբերութեան «կեդրոն-քաղաք» կը դառնա՞յ:
-Նախ ըսեմ, որ արդիւնաբերութեան կեդրոն (ինչ որ էր անցեալին) դառնալու համար, պետութիւնը պէտք է 24 ժամ ելեկտրականութեամբ ապահովէ քաղաքը, որպէսզի արտադրողները վերադառնան եւ սկսին իրենց արտադրամասերը վերականգնել:
Այսօր պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը շատ քիչ են, համեմատած քաղաքի սղութեան հետ: Պէտք է աշխատավարձը եւ կենցաղային ծախսերը հաւասար ըլլան, որպէսզի ժողովուրդը քաղաքը մնայ եւ աշխատի: Հոն անձի մը հետ հանդիպեցայ եւ պատմեց, որ նախքան պատերազմը ան 22 հազար սուրիական ոսկի աշխատավարձ կը ստանար, այսինքն 400 տոլար, իսկ պատերազմէն ետք սկսած է ստանալ 30 հազար սուրիական, այսինք՝ 60 տոլար: Սղութեան եւ տոլարի արժէքին հետ համեմատելով՝ աշխատավարձը շատ քիչ է: Ժողովուրդը չքաւորութեան մէջ կ՚ապրի:
-Ճի՞շդ է այդ խօսքը, որ արտադրամասերը թալանուած են:
-Այո՛, ճիշդ է: Նաեւ կրնամ ըսել, որ ոչ միայն գործիքները տարած են, այլ նաեւ տարած են բոլոր տեղեկութիւնները` թէ տուեալ գործարանը ո՛ւր կ՚արտահանէր եւ որո՛ւ հետ գործակցութիւն ունէր: Ու բոլորս լաւ գիտենք, թէ որո՛նք եւ ո՛ւր տարած են Հալէպ քաղաքի «աւար»ը:
-Ձեր վերջին այցելութեան ժամանակ, դուք առիթն ունեցաք հանդիպելու կարգ մը հալէպահայ ընտանիքներու հետ: Այսօր ի՞նչ կը մտածեն հալէպահայերը քաղաքի իրավիճակին եւ իրենց ապրելաձեւին մասին:
-Հալէպահայերուն մէկ մասը կը սպասէ քաղաքի բարելաւման, որպէսզի իր ունեցուածքը՝ տուն, խանութ կամ ինքնաշարժ ծախէ եւ Հալէպէն հեռանայ: Սակայն մեծամասնութիւնը մեծ յոյսեր ունի եւ նոյնիսկ սկսած է վերանորոգել իր խանութը եւ աշխատանքի լծուիլ:
Հիմա գործ շատ կայ, նամանաւանդ ինքնաշարժի գործեր: Արհեստաւորները, որոնք ժամանակին իրենց խանութներուն դիմաց նստած նարտ կը խաղային, այսօր կ՚աշխատին: Թեթեւ արդիւնաբերութեան խանութներուն 60 առ հարիւրը վերաբացուած են եւ լծուած՝ աշխատանքի:
Եթէ ապահովական իրավիճակը այս հունով մնայ, ապա Հալէպէն հեռացած ընտանիքներէն շատերը պիտի վերադառնան:
-Ինչ կ՚ըսէք նաեւ Հալէպի վերականգման աշխատանքներու մասին, որ պիտի կատարուի:
-Անվերապահօրէն կրնամ ըսել, որ կառավարութիւնը ինք եւս աշխուժօրէն սկսած է մաքրել փլատակ շէնքներու տարածքները եւ վերակառուցողական աշխատանքեր կազմակերպել:
-Վերջին շրջանին, Հալէպի մէջ կարգ մը անիշխանական դէպքեր պատահեցան, խօսքս կրակոցներու եւ հայ բժշկուհիի մահուան դէպքին եւ այլ նոյնանման դէպքերու մասին է: Ի՞նչ կ՚ըսէք այս առումով:
-Ես այդպիսի դէպքերու ականատես չեղայ: Շատ հանգիստ էր ամէն տեղ:
Ըսեմ, որ մեր թաղամասերը կը գտնուին հայ երիտասարդներու անմիջական հսկողութեան տակ: Անշուշտ այդ բոլորը կը կատարուին կառավարական մարմիններու հետ համագործակցաբար:
-Օտար զինեալներ տեսա՞ք:
-Տանս շրջակայքը միշտ կը տեսնէի ռուս զինուորներ, որոնք կու գային իրենց գնումները կը կատարէին, նոյնիսկ փողոցի մուրացկաններուն դրամ կու տային: Բայց ժողովուրդը միշտ կ՚ըսէր. «Բոլորը կրնաս փողոցը տեսնել, սակայն «Հիզպուլլահ»ի զինեալները չես կրնար տեսնել: Անոնք շատ զգոյշ եւ ուշադիր են, հեռու ձեւական երեւումներէ:
-Ձեր կարծիքով՝ Սուիրոյ մէջ բաժանում կրնա՞յ ըլլալ:
-Այս հարցումին միայն քաղաքագէտները կրնան պատասխանել: Սակայն իմ կարծիքով, բաժանում տեղի չ՚ունենար: Սուրիական տագնապը իր վերջին փուլը կ՚ապրի եւ հոն եղած ճակատումները կրնան այլ տեղեր փոխադրուիլ:
2013-ին մտավախութիւն կար, որ որ Հալէպը իյնայ ահաբեկիչ զինեալներու ձեռքը, սակայն երեք տարուան ընթացքին եւ հակառակ ծանր հարուածներուն, կառավարական ուժերն ու անոնց դաշնակիցները կարողացան քաղաքը ազատագրել եւ վերադարձնել իր ժողովուրդին:
-Հալէպին համար արիւնատար երակ կը համարուի քաղաքի օդակայանը: Այդ մասին տեղեկութիւն ունի՞ք:
-Ցայսօր օդակայանը փակ է, ու ըստ իս, դժուար թէ վերսկսի իր աշխատանքները, որովհետեւ Հալէպի արեւմտեան կողմը՝ Ռաշիտին եւ Զահրա շրջանը տակաւին չեն ազատագրած եւ այդ հատուածները բաւական վտանգաւոր են:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան