ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԼՈՅՍԻ ՉԱՓՈՎ

Ա­մէն մարդ ո­րոշ մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն մը ու­նի եւ իր մտա­յին կա­րո­ղու­թեան չա­փին հա­մե­մատ ի­մա­ցա­կան լոյս կրնայ տալ՝ ո՛չ ա­ւե­լի եւ ոչ ալ պա­կաս։ Մար­դուս հո­գե­ւոր զօ­րու­թիւնն ալ նո՛յնն է, չափ մը ու­նի եւ այդ չա­փին հա­մե­մա­տու­թեամբ սրբա­կեաց կեանք մը կրնայ ապ­րիլ։

Այս ի­մաս­տով, ա­մէն մար­դու հո­գե­ւոր եւ մտա­յին «տա­րազ»ը իր ընդ­հա­նուր նկա­րա­գի­րը կը կազ­մէ, ու­րիշ խօս­քով ա­մէն մէ­կը ա՛յն է՝ ի՛նչ որ է իր հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր կազ­մուած­քը։ Ար­դա­րեւ հո­գե­ւոր լոյ­սին ա­կը կը բա­ցուի մար­դուն հո­գիին մէջ եւ ի­մա­ցա­կան լոյ­սը կը բխի ու­ղե­ղէն՝ հո­գիին զօ­րու­թեամբ։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ հո­գին եւ միտ­քը ներ­քին կապ մը ու­նին եւ կ՚ազ­դեն ի­րա­րու՝ դրա­կան կամ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լով՝ զի­րար զօ­րաց­նե­լով կամ տկա­րաց­նե­լով։

Լոյ­սը աս­տուա­ծա­յին ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին ա­մե­նէն տար­րա­կան եւ ա­մե­նէն ազ­նիւ յատ­կու­թի՛ւնն է եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ բո­լոր ա­րա­րած­ներ տե­սա­նե­լի դար­ձան եւ կա­րո­ղա­ցան պատս­պա­րուիլ աշ­խար­հի վրայ եւ կեան­քը շա­րու­նա­կել՝ հա­կա­ռակ ա­մէն նե­ղու­թիւն­նե­րու։

Ու­րեմն «լոյս»ը Աս­տու­ծոյ հո­գե­ւոր զօ­րու­թեան եւ ի­մաս­տու­թեան տե­սա­նե­լի ար­տա­ցո­լո՛ւմն է։ «Ճշմա­րիտ լո՛յսնէր Քրիս­տոս, որ կը լու­սա­ւո­րէ ա­մէն մարդ, որ աշ­խարհ կու գար։ Աշ­խար­հի մէ՛ջ էր եւ աշ­խարհ ա­նով ե­ղած էր, բայց աշ­խարհ չճանչ­ցաւ զայն» (ՅՈՎՀ. Ա 9-10)։

­Լոյ­սը տե­սա­նե­լի կը դարձ­նէ ա­մէն ինչ՝ բնու­թեան մէջ, ան ուղ­ղու­թիւն կու տայ նաեւ մար­դոց, լու­սա­ւո­րե­լով ա­նոնց հո­գին ու միտ­քը։ Լոյ­սը՝ կաս­կա­ծը եւ տա­րա­կու­սան­քը ո­րո­շա­կի կը դարձ­նէ, ան­յայ­տը կը յայտ­նէ, ծա­ծու­կը ե­րե­ւան կը բե­րէ, վտանգ­նե­րէ հե­ռու կը պա­հէ մարդ­կու­թիւ­նը՝ չար մտադ­րու­թիւն­նե­րը խա­փա­նե­լով իր լոյ­սի յատ­կու­թեամբ, լու­սա­ւո­րե­լու զօ­րու­թեամբ։ Լոյ­սը կը գե­րա­զան­ցէամ­բողջ տիե­զեր­քը, եւ կը հիւ­սէ Աս­տու­ծոյ փառ­քը, կը յայտ­նէ զայն, քա­նի որ Աս­տուած «Լո՛յս» է եւ կը լու­սա­ւո­րէ ամ­բողջ տիե­զեր­քը իր ի­մաս­տու­թեան լոյ­սո՛վ։

Աս­տուած լոյս է եւ ի­մաս­տու­թի՛ւն, ու­րեմն ի­մաս­տու­թիւ­նը լո՛յս է եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ լոյ­սը ի­մաս­տու­թի՛ւն։ Լոյ­սը տե­սա­նե­լի կը դարձ­նէ, յայտ­նի կ՚ը­նէ ա­մէն ինչ եւ նոյ­նիսկ ներ­քին աշ­խար­հը մար­դուս։

Ո­մանք լոյ­սը կը դի­տեն ու կ՚ըմբռ­նեն որ­պէս լոկ ֆի­զի­քա­կան ե­րե­ւոյթ, քա­նի որ զայն կը տես­նեն միայն մարմ­նա­կան աչ­քով։ Գիտ­նա­կա­նը՝ լոյ­սը կը դի­տէ մտա­ւոր աչ­քով, ա­ւե­լի՛ն կը տես­նէ ա­նոր մէջ։ Իսկ հա­ւա­տա­ցեա­լը՝ հո­գե­կան աչ­քով կը դի­տէ լոյ­սը, եւ ա­նոր մէջ կը տես­նէ ա­մէն ինչ, որ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ էու­թիւն ստա­ցած է տիե­զեր­քի մէջ։

Իսկ հո­գեմ­տա­ւոր աչ­քով դի­տել լոյ­սը՝ կը նշա­նա­կէ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ճար­տա­րա­պե­տը՝ Ա­րա­րի­չը տես­նել, ճանչ­նալ ու ծա­նօ­թա­նալ Ա­նո՛ր հետ…։

Ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է որ ը­սինք՝ թէ ա­մէն ոք իր մտա­յին կա­րո­ղու­թեան չա­փով եւ հո­գե­ւոր զօ­րու­թեան հա­մե­մա­տու­թեամբ կ՚ի­մա­նայ, կը տես­նէ ի­մա­ցա­կան լոյ­սը։ Ո՛չ ոք նոյն ձե­ւով կրնայ մօ­տե­նալ լոյ­սի ճշմար­տու­թեան։ Եւ հոս, ա­հա­ւա­սիկ, լոյ­սը ամ­բող­ջու­թեամբ տես­նող­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է՝ զայն տե­սա­նե­լի եւ զգա­լի դարձ­նել նաեւ նուազ կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րու, օգ­նել եւ ամ­բող­ջաց­նել ա­նոնց թե­րու­թիւ­նը եւ զօ­րաց­նել ա­նոնց տկա­րու­թիւն­նե­րը…։

Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ կը տես­նեն լոյ­սը իր ամ­բողջ իս­կու­թեամբ, կը հասկ­նան եւ կ՚ապ­րին զայն, բայց շա՜տ ա­ւե­լի ե­րա­նե­լի՜ են ա­նոնք, որ ի­րենց տե­սա­ծը կը փո­խան­ցեն լոյ­սի ճշմար­տու­թե­նէն զրկուած­նե­րուն՝ լու­սա­ւո­րե­լով ա­մէն խա­ւար։ Եւա­մե­նէն վտան­գա­ւոր խա­ւա­րը՝ մտքի եւ հո­գիի խա­ւա՛րն է, այն­քան որ­քան մարմ­նա­կան խա­ւա­րի մէջ գտնուող կոյ­րի մը դի­մա­ւո­րուած վտանգ­նե­րը։

Մեղ­քը խա­ւար մըն է՝ որ կը ծած­կէ մար­դուս մա­քուր կեան­քը։ Եւ հո­գե­ւոր աչ­քին տե­սած լոյսն է, որ կը փա­րա­տէ, կը ցրուէ այդ մու­թը, այդ խա­ւա­րը։ Նոյնն է պա­րա­գան տգի­տու­թեան՝ ան ալ խա­ւա՛ր մըն է, որ կը փա­րա­տի մտա­ւոր աչ­քով դի­տուած լոյ­սով։ Շատ ա­ւե­լի՜ դիւ­րին է փա­րա­տել նիւ­թա­կան խա­ւա­րը, քան մտա­ւոր ու հո­գե­ւոր խա­ւա­րը։ Ե­րա­նի՜ այն մտա­ւոր ու հո­գե­ւոր խա­ւա­րը փա­րա­տե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նե­ցող­նե­րուն…։

Կը պատ­մուի, թէ բնու­թեան սի­րա­հար բնա­խօս մը, օր մը դաշտ կ՚եր­թայ եւ մի­ջատ­ներ բռնե­լով զա­նոնք կը բան­տար­կէ խա­ւա­քար­տէ տու­փիկ­նե­րումէջ՝ զորս գրպան­նե­րուն մէջ կը զե­տե­ղէ։ Քիչ յե­տոյ օ­դը կը փո­խուի, ո­րո­տում, կայ­ծակ եւ վեր­ջա­պէս տե­ղա­տա­րափ անձ­րեւ մը կը սկսի տե­ղալ։

Բնա­խօ­սը, վե­րա­դար­ձի ճամ­բուն վրայ պատս­պա­րուե­լու հա­մար, տե­սած ա­ռա­ջին տան դու­ռը կը զար­նէ։ Դու­ռը կը բա­նայ կին մը։ Տան­տի­րու­հին երբ կը տես­նէ ա­նոր վի­ճա­կը, կը խղճայ եւ ան­մի­ջա­պէս ներս կ՚առ­նէ զայն։ Ի­րա­պէս, թրջուած բնա­խօ­սին վի­ճա­կը խղճա­լի կ՚ե­րե­ւի։ Ուս­տի խղճա­միտ տան­տի­րու­հին ի­րեն կը պա­տուի­րէ, որ վրա­յի հա­գուստ­նե­րը հա­նէ եւ հանգ­չի՝ խո­նա­ւու­թե­նէ զերծ մնա­լու եւ չհի­ւան­դա­նա­լու հա­մար։

Ճիշդ այդ պա­հուն, բնա­խօ­սին գրպան­նե­րուն տու­փիկ­նե­րը ջու­րէն կազ­մա­լու­ծուե­լով հա­ւա­քած բո­լոր մի­ջատ­նե­րը դուրս կը խու­ժեն։

Տան­տի­կի­նը, խո­հա­նո­ցէն վե­րա­դառ­նա­լով երբ ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լայ այս տե­սա­րա­նին՝ կ՚առ­նէ ա­ւե­լը եւ ա­ւե­լով թէ՛ բնա­խօ­սը եւ թէ մի­ջատ­նե­րը քա­շե­լով դուրս կ՚աւ­լէ։ Բնա­խօ­սը դար­ձեալ անձ­րե­ւին տակ՝ մի­ջատ­նե­րը կը ցրուին դէ­պի բնու­թիւն, դէ­պի ա­զա­տու­թի՛ւն։

Թէ՛ ինչ կը սոր­վեց­նէ այս դէպ­քը մե­զի։

Ե­թէ բնա­խօ­սին գրպան­նե­րուն մէջ ծած­կուած ու պա­հուած մի­ջատ­նե­րը նմանց­նենք մարդ­կա­յին մեղ­քե­րու, ա­պա ու­րեմն, որ­քան ալ ծած­կուած ըլ­լան ա­նոնք եւ զա­նա­զան վատ ա­րարք­ներ, օր մը, պատ­ճա­ռով մը հրա­պա­րակ կու գան ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ա­րե­ւին լոյ­սին տակ։

«Չկա՛յ ծա­ծուկ բան որ չյայտ­նուի, եւ կամ գաղտ­նի բան որ չգիտ­ցուի» կ՚ը­սէ Յի­սուս, կը շա­րու­նա­կէ նաեւ. «Ի՛նչ որ մու­թին մէջ կ՚ը­սեմ ձե­զի՝ օր ցե­րե­կով յայ­տա­րա­րե­ցէք, եւ ի՛նչ որ ձե­զի ա­ռանձ­նու­թեան մէջ կ՚ը­սեմ՝ տա­նիք­նե­րէն բարձ­րա­ձայն քա­րո­զե­ցէ՛ք։ Մի՛ վախ­նաք ա­նոնց­մէ, ո­րոնք մար­մի­նը կը սպան­նեն եւ սա­կայն հո­գին չեն կրնար սպան­նել» (ՄԱՏԹ. Ժ 26-28)։­

Եւ դար­ձեալ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Ես որ­պէս լոյս ե­կայ աշ­խարհ, որ­պէս­զի ով որ ին­ծի հա­ւա­տայ՝ խա­ւա­րի մէջ չմնա՛յ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46)։

«Ե՛ս եմ աշ­խար­հի լոյ­սը։ Ով որ ին­ծի կը հե­տե­ւի՝ խա­ւա­րի մէջ պի­տի չքա­լէ, այլ պի­տի ու­նե­նայ այն լոյ­սը որ կեան­քին կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ» (ՅՈՎՀ. Ը 12)։­

Ը­սինք որ լոյ­սը կա­րե­լի չէ տես­նել իս­կու­թեա­նը մէջ մարմ­նա­ւոր աչ­քով, այլ հո­գե­ւոր աչ­քով պէտք է դի­տել լոյ­սը ըմբռ­նե­լու հա­մար, քա­նի որ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Աս­տու­ծոյ Հո­գին է որ կեանք կու տայ. մար­դուս մար­մի­նը բան մը չի՛ կրնար ը­նել։ Այն խօս­քե­րը որ ես ձե­զի խօ­սե­ցայ, Աս­տու­ծոյ Հո­գիէն կու գայ եւ կեանք կու տան» (ՅՈՎՀ. Զ 63)։

­Հո­գին լո՛յս է եւ կեանք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 26, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2016