Հոգե-մտաւոր

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի տարիներ առաջ ամբողջ մարդկութիւնը վարակած ու բազմաթի՜ւ կեանքեր խլած համաճարակը բնակա՞ն էր թէ ստեղծուած էր մարդու կողմէ՝ յստակ պատասխան մը չունի, սակայն 1920 թուականին մտածող Հալտէյն ապագայի մասին իր պատկերացումները գրած ժամանակ յատուկ բաժին մը կու տայ ապագայ կենսաբաններուն։

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Այս աշխարհի գիտութեան համար տարուած աշխատութիւնները եւ յոգնութիւնները մէկ կողմէն, եւ հոգեւոր կեանքի պէտքերուն համար սկիզբէն ի վեր եղած բազմադիմի յայտնութիւններ միւս կողմէն՝ կը սահմանափակեն մարդուն կեանքի նպատակը. կը նեղցնեն անոր հորիզոնը եւ արգելք կ՚ըլլան Քրիստոսի ձայնին, որ կ՚ըսէ. «Ինծի եկէք. ինծի եկէք՝ ո՛վ բոլոր յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ կու տամ ձեզ». (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մտաւորականներ լաւապէս կը զգային եւ կը գուշակէին, որ գիտութիւնը ինչքա՛ն զարգանայ, մարդուն մօտ հաւատքը այնքան պիտի նուազի։ 1920-ական թուականներուն հաւատքը մարդու կեանքին մէջ մեծ տեղ ունէր, սակայն, շատեր կը հասկնային, որ գիտութեան եւ կրօնին միջեւ երբե՛ք զինադադար պիտի չըլլայ:

ԱՄԵՆԱՍՏԵՂԾԻՉԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Որքա՜ն մայրածիններ եկեր անցեր են մեր սա ապրած երկրի վրայէն։ Աշխարհ շատ է տեսեր այս կեանքին առեղծուածը լուծելու աշխատող փիլիսոփաներու կեանքէն՝ անիրական երջանկութիւնը լիապէս վայելելու բուռն փափաքէն մղուած եւ քշուած յուսախաբներ։

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն կանխատեսում, անշուշտ, չի համապատասխաներ իրականութեան։ Հին մտաւորականները մեծ յոյսեր ունէին, որ գիտութիւնը զարգանալով աշխարհի երեսէն պիտի վերացնէ վարակիչ հիւանդութիւնները եւ լուծումներ գտնէ ճարակներուն.

ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՚ԱՆՑՆԻ՝ ՍԷՐԸ ՄԻԱՅՆ ԿԸ ՄՆԱՅ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սէրը՝ ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը միայն սիրոյ իմաստին թափանցողներ, սէրը ապրողներ, սիրողներ եւ սիրուողներ, սէրը ո՛չ միայն բառ մը, ո՛չ միայն պարզ զգացում մը համարողներ, այլ սէրը կեանք՝ յաւիտենական կեանք, անմահութիւն ընդունողներ եւ յաւիտենականութեան ճաշակը ճաշակողներ եւ սիրոյ գիտակցութիւնը ունեցողներ կրնան հասկնալ եւ սրտաբուխ արտայայտել «սէր»ը։

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն մօտաւորապէս մէկ դար առաջ ապրած մտաւորականներ գիտութեան եւ մարդկութեան ապագայ զարգացումը այնքան ալ դրական ձեւով չէին տեսներ։ Այո, գիտութիւնը պիտի գար որոշ դժուարութիւններու լուծում տալու՝ որոշ հիւանդութիւններ վերացնելու (ինչպէս օրինակ, մահացու թոքախտը՝ որ մեր օրերուն սովորական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անցեալին ինչքա՜ն երիտասարդ կեանքեր խլած է).

ԲԱՐԻ ԿԱՄՔՈՎ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ինչո՞ւ կը սորվինք, ինչո՞ւ կ՚ուսանինք։ Կը սորվինք, կ՚ուսանինք լաւ, կատարեալ «մարդ» ըլլալու համար, կ՚ուսանինք, որպէսզի ընտիր տեղ եւ դրական դեր ունենանք ընկերութեան մէջ, կ՚ուսանինք, քանի որ գիտութիւնը ո՛ւժ մըն է, զօրութիւն մըն է, ազդու միջոց մըն է դիրք մը ունենալու համար հասարակութեան մէջ ընդհանրապէս. «կ՚արդայ, ուսեալ մարդ եղիր, սորվէ. որպէսզի մա՛րդ ըլլաս…», կ՚ըսուի, բայց ի՞նչ է «մարդ ըլլալ», անիկա ընդհանրապէս զանց կ՚առնուի։

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԱՉՔՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ մտածողներ, կենսաբաններ ու փիլիսոփայական մտածողութիւն ունեցող անձեր կը փորձէին որոշ հետեւողութիւններ ընել, թէ ինչպիսին պիտի ըլլար 2000 թուականը։

ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ, ընդհանրապէս որքան գոհ են իրենց անհատական առաւելութիւններէն եւ գործերէն, նո՛յնքան դժգոհ են հաւաքական կեանքի գործունէութենէն, եւ որքան թոյլատու եւ ներողամիտ են իրենց անձնական տկարութիւններու, թերութիւններու եւ անկատարութիւններու համար, նո՛յնքան աններող եւ բուռն քննադատներ կը դառնան պատասխանատու անձերու եւ պաշտօնական մարմիններու հանդէպ։

Էջեր