ԵՂԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ

Բնութիւնը լեզու մը ունի. իւրայատուկ լեզու մը՝ ո՛ր կը խօսի, կը բացատրէ, ինքզինք կ՚արտայայտէ։

Բնութեան լեզուն երբեմն համր լեզու մըն է, կարծես խորհրդաւոր լռութեան մը մէջէն կը խօսի եւ լռութեան մէջէն շատ բան կ՚ըսէ, ա՛յնքան որ կարելի չէ բարձրաձայն ըսել։ Արդարեւ, լռութիւնն ալ ունի իր լեզուն, զոր սակայն, կրնայ լսել եւ հասկնալ միա՛յն հոգին։ Բնութեան մէջ եւս՝ Աստուած յաճախ կը խօսի լռութեան խորհրդաւոր լեզուով։ Աստուած բազմալեզուեան է, այսինքն Ան կը խօսի թռչուններուն երգովը, առուակի մը մրմունջովը, ամպերու որոտումովը, կայծակներու ճարճատիւնովը, ալեկոծեալ ջուրերու յանգաւոր ողբովը, բայց նաեւ՝ այն «լռութիւն»ովը, որ իր հետ կը բերէ միջօրէի արեւը՝ հովտին եւ դաշտին, լուսինը՝ քնացող գիւղին՝ կէս գիշերի մութին մէջ։

Եւ մարդ եթէ կ՚ուզէ լսել լռութեան այս խորհրդաւոր «ձայն»ը, պէտք է ինք լռէ…։ Որովհետեւ լռութեան մէջ միայն կարելի է լսել լռութեան ձայնը։ Բնութեան մէջէն խօսող Աստուծոյ ձայնը երբեք չի դադրիր, բայց լսելու համար պէտք է լռե՛լ։

Եղանակներն ալ բնութեան մաս կը կազմեն եւ անոնք ալ ունին իրենց սեփական լեզուն։

Ամէն եղանակ ունի իւրայատուկ լեզու մը. ձմեռն ալ՝ իր լեզուն։ Ձմրան լեզուն ո՛չ միայն լեզու մը, այլ նաեւ «խորհուրդ» մըն է։

Իրերայաջորդ եղանակները ունին լեզուներ, ի՛նչ որ է ամրան խորհուրդը, ձմրանը չէ, եւ ոչ ալ աշնանը, կամ գարնանը։ Ինչպէս ամէն եղանակ ունի իր խորհուրդը, նոյնպէս եղանակի ամէն լեզու ալ ունի տարբեր ձայն մը, տարբեր երանգ մը։

Զոր օրինակ, գարունը «ստեղծագործութեան», վերանորոգման խորհուրդը կ՚ապրի եւ կը բացատրէ։ Աշունը բնութեան «մահերգ»ն է. արեւուն շեղ ճառագայթներէն գողցուած վառ գոյներու հետ համաչափ։ Ամառուան խորհուրդը «կեանքի լիութեան» խորհուրդը կը ներկայացնէ. կարծես Աստուծոյ երկնաւոր փառքին երկրաւոր պատկերն է ան։ Ամառը կեա՛նք է, կենդանութեան ամբողջական արտայայտութիւնը, բնութեան ամենագեղեցիկ վիճակը՝ ուր ամէն ինչ ուրախութեան մէջ, լոյսի մէջ կը շողայ։ Երջանկութեան խորհրդանիշն է կարծես ամառը՝ միշտ զուարթ եւ միշտ պայծա՛ռ։ Ամառը հոգիի ազատութեան եղանակն է, բնութեան գեղեցիկ երեսը…։

Գարուն, ամառ, աշուն… ամէնքն ալ ունին իրենց խորհուրդը։ Հապա Ձմրան խորհո՞ւրդը…։

Անշուշտ ձմեռն ալ ունի իր խորհուրդը, քանի որ ան ալ բնութեան մաս կը կազմէ, ան ալ «եղանակ» մըն է եւ ժամանակի մէջ բաժին մը ունի։

Բայց ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ձմեռը, ձմրան խորհուրդը, այդ իրապէս խորհրդաւոր ժամանակաշրջանը։ Արդեօք ամառուան լոյսի խորհուրդի փոխարէն ձմեռը մութի խորհո՞ւրդը կը ներկայացնէ։ Եւ եթէ ամառը «կեանք»ը կը խորհրդանշէ, ձմեռն ալ «մա՞հ»ը կը ներկայացնէ, մահուան խորհրդանի՞շն է։

Արդարեւ, Ձմեռը՝ իր համր եւ անձայն լեզուով եւ մութ գոյնով տարբեր երեւոյթ մը կը պատկերացնէ աչերու առջեւ։ Ամառ եւ ձմեռ՝ լոյս եւ մութ, ուրախութիւն եւ տխրութիւն…։

Չորս եղանակներն ալ բնութեան նկարչութեան արտադրութիւններն են եւ չորսն ալ ունին իւրայատուկ երանգներ, լեզուներ, որոնք տարբեր խորհուրդներ են։ Անոնց մէջ կ՚ընդելուզուին եւ կը համախմբուին գոյներ եւ ձայներ, երանգ եւ լեզու, երջանկութիւն եւ դժբախտութիւն…։

Բնութեան նկարչութեան մէջ Գարունը, Ամառը, եւ Աշունը նկարուած են անհամար գոյներու համադրութեամբ. գոյներ եւ ձայներ կարծես միացած են բնութեան խորհրդաւոր նկարին մէջ։ Մինչդեռ Ձմեռը կը ներկայացնէ «պատկեր» մը՝ որ մէկ սոսկական գոյնով մը միայն նկարուած է։ Կա՞յ արդեօք արուեստագէտ մը, որ մէկ գոյնով միայն արտադրէ նկար մը՝ որ ա՜յնքան թովիչ գեղեցկութիւն ունենայ, ո՜րքան Ձմրան մէկ համայնապատկերը, որ նկարուած է միա՛յն սպիտակութեամբ։ Ձմեռը՝ սպիտակ նկար մը եւ լուռ ձայն մը՝ խորհուրդ՝ խորհուրդի մէջ՝ անտեսանելի՜, անիմանալի՜, անլսելի՜…։

Ձմեռն ալ արդարեւ ունի իր գոյնը՝ պէ՛տք է տեսնել, ունի իր խորհուրդը՝ պէ՛տք է իմանալ, եւ ունի իր ձայնը՝ պէ՛տք է լսել…։

Բնութիւնը, իր եղանակներով, ըստ էութեան արժէքներու ամբողջութիւն մըն է, որ մարդկային գոյութեան մէջ մեծ հարցականներուն կը պատասխանէ խորհրդաւոր լռութեան մը մէջէն։ Ան կ՚ազդէ մարդկային խելքին եւ զգացումներուն անտեսանելի գոյներով, անիմանալի խորհուրդով եւ անլսելի ձայնով։ Բնութիւնը դրդապատճառներ կու տայ գոյութեան դժնդակ օրերուն մէջ ուրախ եւ զուարթամիտ կեանք մը ապրելու, եւ երբեմն ալ տխուր եւ տրտում պահեր ունենալու։ Ասիկա աստուածատուր «Օրէնք» մըն է. խորհուրդ մը, որուն մարդս կ՚անդրադառնայ եւ կը հպատակի իմաստութեան եւ բանականութեան շնորհիւ։ Սկզբունք մըն է, բնազդ մը, զատորոշումի, որ մարդ ինքնաբերաբար կը տարուի եւ կ՚ենթարկուի անոր անդիմադրելի զօրութեան։

Կարելի է խորհիլ, թէ ի՛նչու համար Աստուած չստեղծեց այնքան կատարեալ, միօրինակ աշխարհ մը, ուր ոչ մէկ չարիք կամ ժխտական երեւոյթ գոյութիւն ունենար։ Այս հարցին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Աստուած միշտ կարող է Իր անհո՜ւն զօրութեամբ եւ կարողութեամբ՝ աւելի կատարեալ բան մը ստեղծել»։ Սակայն Իր իմաստութեամբ եւ Իր անսահման բարութեամբ, Աստուած ազատօրէն ուզեց ստեղծել աշխարհ մը «յառաջդիմութեան» եւ բարեփոխութեան մէջ, ուղղուած դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։

Աստուծոյ ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը զանազանութիւններ եւ փոփոխութիւններ, ինչպէս՝ եղանակներ, երջանկութիւններ եւ դժբախտութիւններ, լոյս եւ խաւար…։

Ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ ֆիզիքական չարիքը այնքան ատեն, երբ արարչագործութիւնը չէ հասած տակաւին իր կատարելութեան։

Մարդ որպէս իմացական եւ ազատ արարած, ընթանալու է դէպի իր վերջնագոյն վախճանը, բնութեան զանազանութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն մէջէն, քանի օժտուած է ազատ կամքի ընտրութեամբ եւ նախընտրական սիրով։

Արդարեւ, եղանակներ ունին իրենց գեղեցկութիւնները եւ մարդ պէտք է վայելէ այդ գեղեցկութիւնները՝ ամէն մէկը իր ժամանակին։

Եւ ձմեռն ալ գեղեցիկ է իր սպիտակ նկարով եւ լուռ ձայնով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 25, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 1, 2020