ԲԱՐՈՎ ԵԿԱՐ... ԲԱՐՈ՛Վ ԱԼ ՄՆԱՍ

Բարով եկար նո՛ր տարի:

Անցնող հին տարուան 365 օրերու հաշուեփակը կատարած, այսօր 365 օրերու վրայ երկարող նոր էջ մը կը բանանք, որուն առաջին թերթն ես դուն՝ տակաւին անբիծ ու չմրոտուած: Շատ լաւ գիտենք, թէ այդ սպիտակ էջերուն վրայ պիտի արձանագրուին ոչ միայն ժպիտ ու երջանկութիւն. կսկիծն ու թախիծը եւս անպայմանօրէն պիտի ունենան իրենց երեւելի տեղերը այդ էջերուն վրայ, սակայն հակառակ այս բոլորին դարձեալ մտահոգ եմ քեզմով նոր տարի:

Հիներէն ինչո՞վ պիտի տարբերիս - քո՞ւկդ ալ նոր տարուան ուրախ խրախճանքին յաջորդող տառապանքի ճանապարհորդութիւն պիտի ըլլայ՝ ինչպէս նախկինը, իր հիւանդութիւններով, տնտեսական տագնապներով, մարտահրաւէրներով ու ամենէն կարեւորը՝ համաճարակով:

Պիտի տարբերի՞ս միւսներէն, թէ ոչ դուն եւս պիտի շարունակես հազարաւորներ դարձնել անտուն, անապահով ու թշուառական՝ ինչպէս կ՚ընէին նախնիներդ. քու օրերո՞ւդ ալ դրամի ուժով հարուստը պիտի յաղթէ օրէնքին, մինչ աղքատը դառնայ նոյն այդ օրէնքին գերին. դո՞ւն ալ լուռ պիտի մնաս տկարին հանդէպ կատարուած անիրաւութեան ու անարդարութեան դէմ: Քու օրովդ ալ աշխարհի երեսին անօթութենէ ու ծարաւէ տառապող մարդիկ պիտի ըլլա՞ն:

Նախնիներու աւանդութիւնը պահելու մասին մենք՝ հայերս շա՜տ կը խօսինք, սակայն քու պարագայիդ փորձէ շեղիլ անոնցմէ... տարբեր եղիր միւսներէն:

***

Գուշակութեան եւ կամ նախատեսութեան հաւատացող անձ մը չեմ, սակայն հետաքրքրութեան համար ուսումնասիրեցի գիտնականներու եւ գուշակներու կարծիքը 2022 թուականին մասին.-

Ա.- ՊԱՏԵՐԱԶՄ.- Գիտնականներու եւ գուշակներու առաջին կենդրոնացումը Եւրոպայի վրայ է. անոնց նախատեսումներուն համաձայն՝ 2022 թուականին Միջին Արեւելքի մէջ տարիներ շարունակ տիրող պատերազմական վիճակը կրնայ փոխադրուիլ Եւրոպա. 1503-1566 թուականներուն ապրած ֆրանսացի գուշակ Նոստրատամուս՝ որ աշխարհի ամենէն յայտնի գուշակներէն մին կը համարուի, իր աշխատութիւններուն մէջ յաճախ կը շեշտէ եւրոպական երկիրներուն մէջ տեղի ունենալիք պատերազմներուն մասին եւ ուսումնասիրողներ կը յայտնեն այն կարծիքը, որ անոր կատարումն ու իրականացումը պիտի ըլլայ 2022 թուականին, սկիզբ առնելով Ֆրանսայէն եւ տարածուելով ամբողջ Եւրոպա:

Բ.- ԳՆԱՃ.- Նոստրատամուս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ցորենի գինը այնքան բարձր է, որ մարդը յուզուած է եւ յուսահատութեան մէջ իր ընկերը ուտել կը մտածէ»: Արդէն իսկ ակներեւ է, թէ 2021 թուականը աշխարհի ամբողջ տարածքին գիներու սղաճ արձանագրեց. հացէն սկսեալ մինչեւ ամենէն տարրական պէտքը այսօր աւելի սուղ է՝ քան տարի մը առաջ: Ուսումնասիրութիւններ կը յանգին այն եզրակացութեան, որ 2022 թուականը գնաճով յատկանշուող տարի մը պիտի ըլլայ եւ կարգ մը երկիրներ մինչեւ իսկ սովի պիտի մատնուին (այս ընթացքով Լիբանան հեռու չէ այդ հաւանականութենէն): Տուեալներու համաձայն՝ տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ պիտի մատնուին բազմաթիւ երկիրներ:

Գ.- ԵՂԱՆԱԿ.- Դարձեալ Նոստրատամուսն է գրողը. «Սեւ ծովու կենդանի ձուկը պիտի եռայ»։ Ուսումնասիրողներու համաձայն՝ 2022 թուականին օդի համաշխարհային ջերմաստիճանը սովորականէն աւելի տաք պիտի ըլլայ, որուն պատճառով պիտի բարձրանայ նաեւ ծովուն մակերեսը. 2021 թուականին արդէն իսկ զգալի էր ձուկերու քանակի նուազումը, որ պատճառ դարձաւ ձուկերու գինի թանկացման: Հետեւաբար 2022 թուականին կը սպասուի, որ աւելի զգացուի այդ պակասութիւնն ու սղութիւնը:

Դ.- ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ.- Այս մէկը լաւ բան թէ ոչ՝ օրերը ցոյց պիտի տան, սակայն ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ 2022 թուականը արուեստագիտական ձեռքբերումներու համար յաջող տարի մը պիտի ըլլայ: Ինչքան ալ որպէս լաւ լուր հնչէ այս մէկը, ուսումնասիրողներ կը յայտնեն, թէ նման իրագործումներ աւելիով պիտի պակսեցնեն աշխատաւորներու թիւը եւ մարդկութիւնը պիտի մղեն անգործութեան թշուառ կեանքին:

Ե.- ՄԱՀ.- Երբ կ՚ուսումնասիրէի 2022 թուականին մասին, յաճախ հանդիպեցայ հետեւեալ մտածումին. «2022 թուականին մեծ հեղինակութիւն մը պիտի մեռնի»։ Ուսումնասիրողներ այդ չար գուշակութեան թեկնածու կ՚ընտրեն երկու հոգի. առաջինը՝ Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ընը, իսկ միւսը՝ Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհին: Ուրիշներ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընը եւս կ՚ընդունին որպէս թեկնածու:

Սնապաշտ անձ մը չեմ, սակայն եթէ պահ մը միամտութեամբ ուզեմ հաւատալ բոլոր ըսուածներուն, պիտի նախընտրեմ մնայ անցեալը, մնայ հին տարին՝ քան նորն ու տակաւին գալիք նորերը:

Յոյսով ենք լաւ ըլլայ. տակաւին ունինք ուժը յուսալու, որ մեզ կեանքին կը կապէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՊԱՂՏԱՍԱՐ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
(1916-2001)

Մեր թուականէն 105 տարիներ առաջ՝ 1 յունուար 1916-ին, Սիւնիքի մարզի Մուծք գիւղին մէջ ծնած է ճարտարապետ եւ շինարար Պաղտասար Արզումանեան:

Արզումանեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի դպրոցին մէջ եւ ապա ընդունուած Երեւանի Ա. Թամանեանի անուան շինարարական կաճառ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք անցած է աշխատանքի «Թիւ 3» ճարտարապետական արուեստանոցէն ներս, ղեկավարութեամբ յայտնի ճարտարապետներ Միքայէլ Մազմանեանի եւ Յովհաննէս Մարգարեանի: Արզումանեան 1938 թուականին ընդունուած է Երեւանի ընդհանուր արուեստից ուսումնարանի շինարարական բաժինը, սակայն ուսումը չաւարտած զօրակոչուած է բանակ եւ մասնակցած Հայրենական մեծ պատերազմին՝ որպէս հրետանիի վաշտի եւ մարտկոցի հրամանատար. զօրացրուած է 1946 թուականին եւ շարունակած իր ուսումը: Աւարտելէ ժամանակ մը ետք՝ 1958-ին Արզումանեան եղած է նորաստեղծ Երեւան Նախագիծ հիմնարկի ճարտարապետական արուեստանոցի ղեկավարի պաշտօնատար, իսկ 1978-ին նոյն հաստատութեան «Մոմիկ» ստեղծագործական խումբի ղեկավար: Արզումանեանի ճարտարապետական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1950-ին. ճարտարապետը Յովհաննէս Մարգարեանի հետ միասին նախագծած է Կիրովական քաղաքի «Գուգարք» հիւրանոցը, իսկ 1968 թուականին անոր նախագիծերով շինուած է «Էրեբունի» թանգարանը: Ան մեծ ներդրում ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նոր ճարտարապետական կոթողներու նախագծման եւ շինութեան մէջ:

Արզումանեան շէնքերու եւ կառոյցներու կողքին զբաղուած է կոթողներու շինութեամբ. անոր յայտնի գործերէն են Մեսրոպեան ոսկի այբուբենը, ոսկի մեծ խաչքարը, Մայր Տաճարի մանրակերտը եւ այլն: Ան ձեւաւորած եւ պատրաստած է կաթողիկոսական պարգեւներ, լանջախաչեր, գաւազաններ, ինչպէս նաեւ գիրքեր: Յայտնի Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը գործն է Արզումանեանի. անոր գործերէն են Նոր Նորք թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցին, Սպիտակի Ս. Յարութիւն եկեղեցին, Գիւմրիի Ս. Յակոբ եկեղեցին, Սեւանի Վազգէնեան դպրեվանքի Ս. Յակոբ մատուռը, Երեւանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ այլն:

Շնորհիւ իր վաստակին, Արզումանեան արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր շինարար կոչումին, ինչպէս նաեւ Գեղարուեստի ակադեմիային ոսկի եւ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքանշաններուն:

Արզումանեան մահացած է 19 նոյեմբեր 2001 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022