ՄԱՐԴ ԿՐՆԱ՛Յ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԻԼ

Կա՞յ մէկը, որ իր կեանքի ընթացքին բարեփոխութեան չենթարկուի։ Կա՞յ մէկը, որ նպատակ չունենայ բարեփոխութիւնը։ Արդարեւ, բարեփոխութիւնը մարդուն բնական մէկ երեւոյթն է, քանի որ բարեփոխութիւնը բնութեան ընթացքն է, եւ մարդն ալ ի վերջոյ բնութեան մաս կը կազմէ։ Նաբուգոթոնոսոր՝ հին աշխարհի մեծագոյն կայսրութեան թագաւորը, նաեւ մարդկային պատմութեան ամենէն չար առաջնորդներէն մէկը, որ երեք հրեայ տղան կրակէ հնոցին մէջ նետեց, երբ անոնք մերժեցին իր արձանին երկրպագութիւն ընել, ինչ որ կը վկայէ Դանիէլ մարգարէ. (ԴԱՆ. Գ 3-23)։ Եւ նոյն այս մարդը ապաշխարեց եւ բարեփոխուեցաւ։ Նոյն բարեփոխութիւնը կը տեսնուի Պօղոս առաքեալի եւ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի կենաքին մէջ։ Անոնք «չար մարդ»էն՝ «սրբութեան» բարձրացան։ Անոնք իրենց վկայութիւնը արձանագրեցին որպէս վկայ, ո՛չ միայն իրենց ժամանակուայ աշխարհին, այլ ապագայ բոլոր սերունդներուն համար, թէ Աստուած գերիշխա՛ն է։

Բնութեան մէջ մարդկային հոգիին մէջ կը յայտնուի Աստուած, որ բարութեան ակն է եւ սկզբնապատճա՛ռը։

Կեանքը «աղօթք» է եւ աղօթքով բարեփոխութիւն։

Կեանքը, նաեւ ուրախութիւն է։ Երբ Աստուած կը բնակի մարդուս մէջ, հո՛ն գոհունակութեան ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ երանութիւն կը տիրեն։ Աստուած ալ մարդուս կեանքին մէջ իր պայծառակերպութեամբը կը յայտնուի, ինչպէս բնութեան մէջ Իր լոյսովը եւ բարութեամբը։

Մարդ յաճախ կը մոլորի ու յուսահատ եւ յուսալքուած փնտռտուքին մէջ՝ կեանքի նշանակութիւնը։ Բայց կեանքը բարեփոխութեան բնական ընթացք մըն է։

Պէտք է խորհիլ, թէ եթէ նիւթական հանգստութիւն գտնէ մարդ, Աստուած ալ իր ճամբուն վրայ կ՚ելլէ։ Դէպի Աստուած «ոսկեղէն» ճամբայ չկա՛յ։ Ճամբան «աղօթք» է եւ մարդս կ՚առաջնորդէ բարեփոխութեան։

Ուստի, բարեփոխութեան հասնելու ճամբան «աղօթք»ն է. աղօթելու համար նա՛խ պէտք է փնտռել եւ գտնել զԱստուած։ Հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ։ Որովհետեւ «կոյր հաւատք»ը պարզապէս նախապաշարում է, եւ նախապաշարումը ամենամեծ արգելքն է բարեփոխութեան ճամբուն վրայ։ Նախապաշարումը թշնամի՛ է հաւատքին՝ իսկական հաւատքին։

Կրօնքը հրամայականոն (dogmatique) դրութիւն մը չէ՛. քննարկելով եւ հասկնալով հաւատալու մտային եւ հոգեւոր տեսութիւն մըն է։

«Աստուծմէ վախցիր… որովհետեւ Աստուած ամէն գործը, ամէն ծածուկ բաներու հետ, թէ բարին եւ թէ չարը դատաստանի պիտի բերէ». (ԺՈՂ. ԺԲ 14)։

Երբ կ՚աղօթենք, պէտք է ըսենք. «Տէր օգնէ որ Պօղոս առաքեալի նման ետեւի բաները մոռնալով յառաջ երթամ, Դաւիթի նման աչքերս դէպի լեռները վերցնեմ, Աբրահամի նման անվերապահօրէն Քեզի վստահիմ, Ենովքի նման ամէն օր Քեզի հետ քալեմ, Մովսէսի նման նախընտրեմ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքի ժամանակաւոր հաճոյքը վայելել, Յոբի նման համբերող ըլլամ, Եսայիի նման անձս Քեզի նուիրեմ, Անդրէասի նման եղբայրս Քրիստոսի առաջնորդեմ, Յովհաննէսի նման Տէրոջս կուրծքին վրայ յենիմ, Ստեփանոսի նման ներող ըլլամ, Տիմոթէոսի նման ըլլամ՝ խօսքը սերտելու հաւատարիմ, երկնային զօրքերու բազմութեան նման երկրի վրայ խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ մարդոց մէջ հաճութիւն, գոհութիւն հռչակեմ, եւ Տէրոջս նման ամէն ատեն յաղթական ըլլամ, որովհետեւ կը հաւատամ որ Քրիստոսով որ զիս կը զօրացնէ»։

Աղօթքը կարելի է համառօտել սապէս. «Ո՜վ Աստուած իմ, զօրացուր զիս իմ բարեփոխման ճամբուս մէջ»։

Թէեւ ճամբան անծանօթ է, քանի մարդ այդ ճամբային վերջաւորութեան մասին որոշ գաղափար չունի, բայց Աստուած կը խոստանայ մեզի ընկերակցիլ, ուղեկից ըլլալ այս ճամբուն վրայ՝ այս ճամբորդութեան ընթացքին, մեզ առաջնորդել եւ մեզ պաշտպանել։ Բարեփոխուելու փափաքը կարեւոր դեր կը կատարէ մարդկային կեանքին մէջ եւ կրնայ դարձակէտեր ըլլալ՝ եթէ լրացնենք պայմանները։

Որոշումներ առնել՝ կ՚ենթադրէ որ մենք պէտք ունինք ընելու եւ ըլլալու այդ բանը՝ որ կ՚որոշենք ընել կամ ըլլալ։ Այս կը նշանակէ՝ կատարել եւ կատարելագործուիլ։

Մարդուս թերութիւնները եւ տկարութիւնները անոր «ճակատագիր»ը չե՛ն. մարդ կոչուած է տեւական բարեփոխութեան։ Բայց այս բարեփոխութիւնը զոհողութիւն, հաստատակամութիւն կը պահանջէ։ Ուստի, մարդ պէտք է ջանայ, ձգտի բարեփոխութեան։ Պէտք է յետադարձ ակնարկ մը նետուի անցեալին եւ տեսնուի, թէ կեանքի ընթացքը ինչպէ՞ս ընթացած է։ Եթէ հոն եղած են անշահ եւ անօգուտ երեւոյթներ, զանոնք սրբագրելու մտադրութեամբ յառաջանանք դէպի բարեփոխութիւն՝ աստուածային առաջնորդութեամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 29 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2023