«ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Է ՏԱԼԸ ՔԱՆ ԱՌՆԵԼԸ»

«Ամէն բան ձեզի ցոյց տուի կեանքիս օրինակով՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս Ինք ըսաւ, թէ՝ Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։

«Տկարներ», այսինքն անոնք՝ որոնք անկարող են իրենց պիտոյքը հայթայթելու։ Այստեղ գործածուած «տկարներ» բառը կը կարծուի, թէ կը նշանակէ «հաւատքով տկարներ», եւ կ՚ըսուի, թէ Պօղոս առաքեալ այս խօսքով կը յորդորէր երէցները փոխանակ օգնութիւն ընդունելու ժողովուրդէն իրենց ապրուստին համար, այլ ընել՝ ի՛նչպէս ինք ըրած էր։ Բայց այս մեկնութիւնը ուղիղ պէտք չէ նկատել, քանի որ բոլորովին ներհակ է այն սկզբունքներուն, զորս Պօղոս առաքեալ ուրիշ անգամներ ուրիշ տեղեր յայտնապէ՛ս եւ եռանդով սորվեցուց եւ հաստատեց, այսինքն թէ եկեղեցւոյ պաշտօնեաներու պիտոյքը հոգալ պարտաւո՛ր են անոնք՝ որոնք այն պաշտօններուն հոգեւոր խնամքը կը վայելեն։

«Եւ արդարեւ, քանի որ հեթանոսներ հաղորդակից եղան անոնց հոգեւոր բարիքներուն, իրենք ալ պարտին մասնակից դառնալ անոնց նիւթական կարիքներուն». (ՀՌՈՄ. ԺԵ 27)։

«Չէ՞ք գիտեր, որ տաճարին մէջ ծառայողները տաճարէն կը կերակրուին, եւ զոհարանին վրայ զոհ մատուցանող քահանաները իրենց բաժինը կ՚ունենան անկէ». (Ա ԿՈՐՆԹ. Թ 13)։

«Աստուծոյ խօսքին աշակերտութիւն ընողը իր ունեցած բարիքներէն բաժին թող հանէ իր ուսուցիչին». (ԳԱՂԱՏ. Զ 6)։

«Այն երէցները որոնք լաւ վերակացութիւն կ՚ընեն եկեղեցիին՝ կրկնակի վարձատրութեան արժանի թող նկատուին, մանաւանդ անոնք՝ որոնք կ՚աշխատին թէ՛ քարոզելով եւ թէ՛ ուսուցանելով։ Որովհետեւ Օրէնքի Գիրքը կ՚ըսէ.- Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կ՚ապեր։ Եւ.- Մշակը իր վարձքին արժանի է». (Ա ՏԻՄ. Ե 17-18)։

«Ձեր իջեւանած տան մէջ մնացէք. եւ հոն, ինչ որ ձեզի տան՝ կերէք ու խմեցէք, որովհետեւ մշակը իր վարձքին արժանի է». (ՂՈՒԿ. Ժ 7)։

«Աւելի երանելի է տալը քան թէ առնելը»։ Այս խօսքը որ հոս իբրեւ Քրիստոսէ ըսուած կը յիշուի, արդարեւ, չկայ Աւետարաններուն մէջ, բայց ասիկա ցոյց չի տար թէ Քրիստոս այնպիսի խօսք մը չըսաւ։ Տարակոյս չկայ, որ Քրիստոսի խօսքերէն շատ քիչերը մեզի հասած են. «Բայց տակաւին Յիսուս շատ բաներ ալ կատարեց, որոնք եթէ մէկ առ մէկ գրուէին՝ կը կարծեմ թէ ամբողջ աշխարհն ալ բաւական պիտի չըլլար պարփակելու գրուած այդ գիրքերը», ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս. (ՅՈՎՀ. ԻԱ 25)։

Ուստի, այն խօսքը որ հոս կը յիշուի՝ թերեւս աւանդութեամբ պահուած էր եւ Առաքեալը կը յիշէ զայն։ Այս խօսքը նոյնիսկ Քրիստոսի եւ քրիստոնէութեան ոգին ցոյց կու տայ եւ ամբողջ Աւետարանին իմաստ եւ նպատակը կը յայտնաբերէ։ Քրիստոս Իր անձը մեզի համար զոհեց, եւ Անոր վարդապետութեան ոգին եւ լրումն այս է. «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։

Եւ այս խօսքն իսկ ցոյց կու տայ «տալ»ուն, այսինքն զոհելուն եւ զոհուելուն ո՛րքան երջանկաբեր ըլլալը…։ Մենք եւս մեր անձը եւ ստացուածքը զոհենք ուրիշներուն օգտին, հասարակաց բարիքին համար. եւ եթէ այս ընենք՝ ճշմարիտ երջանկութիւն եւ գերագոյն եւ անապական ուրախութիւն պիտի վայելենք։

Յիսուս, արդարեւ, թողուց որ Հրեայ եւ Հռովմէացի իշխանաւորներ բռնեն զԻնք եւ Իրեն հետ վարուին որպէս «հասարակ ոճրագործ» մը։ Եթէ ուզէր չէ՞ր կրնար անոնցմէ օձիկը ազատել եւ արգիլել այն բոլոր ահաւոր դէպքերը, որոնք տեղի ունեցան Իր կեանքին վերջի քանի մը օրերուն ընթացքին, աչք բանալ գոցելու չափ արագ յաջորդութեամբ։

Շատ նշանակալից խօսք մը կ՚ընէ Յիսուս երբ կ՚ըսէ. «Իմ ժամանակս լեցուած է»։ Այս խօսքով կը յայտնէ Ան, թէ Ինք կը շարժի «Հօրը կամքովը»։ Ի՞նչ է սակայն Հօրը կամքը։ Առաքեալին բացատրութեամբ, «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով, մարդոց նման ըլլալով… Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ մահուան հնազանդ եղաւ, եւ այն ալ խաչին մահուան»։

Յիսուս մարդացաւ առանց վերապահութեան, եւ ենթակայ եղաւ այն բոլոր փորձութիւններուն եւ փորձառութիւններուն որոնց ենթակայ կ՚ըլլայ ոեւէ մարդկային էակ իր ապրած կեանքի ընթացքին։

Յիսուս խաչուեցաւ. նախ որ Աստուծոյ՝ Հօր կա՛մքն էր որ Ինք սահմանափակուի մարդկային կեանքի հունին մէջ, եւ անկէ դուրս չելլէ որեւէ տեսակ ստիպողութեան տակ։ Երկրորդ, Յիսուս պէտք էր որ ցոյց տար, թէ Ինք կարող էր «լման», կատարեալ մարդ ըլլալով հանդերձ՝ «Աստուծոյ պէս» ապրիլ եւ վարուիլ։ Ինք լո՛յս էր եւ խաւարը լոյսը պիտի մերժէր։

Ահաւասիկ Յիսուս Իր իսկ օրինակով կ՚ըսէ. «Աւելի երանելի է տալը քան առնելը»։ Ան Իր կեանքը տուաւ, որպէսզի փրկուին մարդիկ, երջանիկ ըլլան մարդիկ։ Տալ մինչեւ իսկ իր կեանքը, երջանկաբեր է, քանի որ Յիսուս Իր իսկ կեանքի օրինակով ցոյց տուաւ ասիկա։

Արդարեւ, Յիսուս իր կեանքի եւ խաչելութեան օրինակով կ՚ըսէ նաեւ. «Դո՛ւք մեռէք, բայց Ճշմարտութիւնը մի՛ մեռցնէք»։

Մարդ ըլլալ, եւ սակայն Աստուծոյ կողմը կենալ. հերոսութեան եւ երջանկութեան հարազատ էութի՛ւնն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 24, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021