ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
Մեծ պահքի շրջանի վեցերորդ Կիրակին է՝ «Գալստեան Կիրակի»ն։ Այս շրջանը կը վերջանայ այս վեցերորդ Կիրակիին յաջորդող շաբաթով։ Այս վերջին՝ վեցերորդ Կիրակին կը պատմէ Յիսուս Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը։ Արդարեւ, առաջին Գալուստը եղաւ Իր մարմնացումով ու մարդեղութեամբ՝ փրկելու համար մարդկութիւնը, անդրադարձնելու եւ զգուշացնելու համար զանոնք։ Իսկ այս երկրորդ Գալուստը՝ բերքը հաւաքելու, հունձքի ժամանակ է, կերպով մը դատելու եւ արդիւնքը տեսնելու առաջին գալուստով ցանուած բարիքի, արդարութեան, հաւատարմութեան, աստուածճանաչութեան, աստուածպաշտութեան սերմերուն եւ չափելու անոր արդիւնաբերութիւնը։
Ասիկա կը նմանի ուսանողներու, ամբողջ ուսանելու շրջանէ մը վերջ՝ քննութեան ենթարկուելուն եւ անոնց յաջողութիւնը եւ անյաջողութիւնը չափելու եւ ըստ այնմ անոնց դիրքը որոշելու։
Ուստի երկրորդ Գալուստը՝ Դատաստանի օրն է. այն պահը՝ որոշելու արդիւնքը աշխատանքի, բարոյական եւ հոգեւոր ապրումներու։ Առաջին Գալուստը՝ Յիսուսի որպէս Փրկիչ, իսկ երկրորդը՝ որպէս Դատաւոր ներկայացումն է։ Ան կը փրկէ եւ կ՚ուզէ տեսնել Իր փրկագործութեան արդիւնաբեր հետեւանքները՝ փրկած մարդկութեան ամէն մէկ անհատին վրայ։
Աշխարհ, իր ստեղծագործութենէն ի վեր եւ ամբողջ գոյութեան ընթացքին բազմաթիւ գալուստներու վկայած է եւ սակայն ո՛չ մէկ գալուստ ունեցած է այնպիսի մեծ, կարեւոր, ճակատագրային նշանակութիւն եւ խորագոյն իմաստ, որչափ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին գալուստը։
Արդարեւ, ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ՝ ամէն ժամանակներու եւ զանազան տեղեր պատահած են, իրականացուց-ւած են ճոխ, շռնդալից, աղմկալից եւ մեծաձայն «գալուստ»ներ, մուտքեր, արշաւանքներ, բայց ո՛չ մէկ գալուստ կրցած է հասնիլ այն փառքին, այն խորհրդալից նշանակութեան՝ որ ունեցաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի գալուստը։
Ան եկաւ, եւ մարդկութեան բոլոր տառապանքները, նեղութիւնները, դառնութիւնները եւ մեղքերը հաւաքեց եւ փուշէ պսակի կերպարանքով դրաւ իր ճակտին։ Ան չարչարուեցաւ մարդոց չարչարանքներով, տառապեցաւ մեղքերու պատճառաւ, մարդոց վրայէն առնելու համար մեղքը, մինչ Ինք բոլորովին անմեղ էր եւ արդա՛ր։ Անոր փրկարար գալուստով բացուեցան դռները՝ որ գոցուած էին նախաստեղծուածներու սկզբնական մեղքով։ Ան քանդեց դժոխքի կապանքները, վերջ տուաւ կաշկանդումներու եւ խափանումներու։ Ան խաւարը լուսաւորեց, մութը փարատեց եւ մարդը փըր-կեց։ Բայց մարդիկ չանդրադարձան իրենց ընծայուած բարիքին, չօգտագործուեցան այս եզակի առիթէն եւ ընդհանրապէս շարունակեցին իրենց սխալ, մոլորած ընթացքը։ Թէեւ Ան եկաւ ու հաստատեց նաեւ Իր «Երկրորդ Գալուստ»ը՝ որպէս բնական հետեւանք Իր «Առաջին Գալուստ»ին, բայց մարդիկ իրենց ընթացքը չփոխեցին, եւ շարունակելով իրենց սխալ կեանքը, չգիտցան օգտուիլ այդ մեծագոյն առիթէն։ Եւ այսպէս տակաւին կը շարունակեն իրենց մոլար կեանքի ընթացքը առհասարակ։
Եւ ահակասի՛կ, Մեծ պահքի քառասուն օրերու շրջանը մեզի կը ներկայացնէ այս առիթը՝ խօսելով անոր կարեւորութեան, անհրաժեշտութեան մասին, մարդուս փըր-կութեան եւ երջանկութեան հասնելու կերպերը եւ ճամբարները ցոյց տալով իւրաքանչիւր օրուան պատգամներով, խրատներով, ցուցմունքներով։
Արդարեւ, խոհեմ մարդը այն է, որ կրնայ անդրադառնալ ներկայացած առիթներուն, գիտէ օգտագործել զանոնք ի նպաստ իր բարոյական եւ հոգեկան շահուն, իր հետըզ-հետէ բարելաւման, կատարելագործման, եւ անոնցմէ կ՚օգտուի՝ հասնելու համար իր նպատակին, հոն կը տեսնէ «Լոյս»ը, «Ճըշ-մարտութիւն»ը եւ մանաւանդ ինքզինք, ներհայեցողութեամբ կը դիմաւուի իր իսկ «Ես»ին հետ, եւ առիթներ կը ստեղծէ սըր-բագրուելու, որպէսզի փրկուի եւ արժանանայ յաւիտենական կեանքի՝ մշտնջենաւոր երանութեա՛ն։
Կեանքը, պայքար մըն է՝ որուն նպատակը պէտք է ըլլայ յաւիտենական երջանկութիւն՝ որուն համար ստեղծեց, որուն համար կեանքի կոչեց մեզ Արարիչը՝ ամէն բանի ստեղծիչը եւ նախախնամը Աստուա՛ծ։
Ուրեմն մարդ էակը պարտականութիւն մը ունի ապրելու իր կոչումին իրականացման համար, եւ քանի որ ան ունի բանականութիւն եւ ազատ կամքով գործելու կարողութիւն եւ ազատութիւն, եւ ուրեմն ունի պատասխանատուութիւն, որուն պարտաւոր է համակերպիլ ու համաձայնիլ եւ ըստ այնմ վայելել կեանքը՝ իր ամբողջ բարիքներով եւ առիթներով։
Այս է ահաւասիկ «Երկրորդ Գալուստ»ի խորհուրդը՝ վայելել իրաւունք եւ ստանձել պարտականութիւններ անոր փոխարէն եւ իր իրաւունքները գործածելու եւ պարտականութիւնները կատարելու չափով պատասխանատու ըլլալ իր Արարչին՝ որ տուաւ եւ վստահեցաւ իրեն ազատութիւն՝ վայելելու իրաւունքը եւ կատարելու պարտաւորութիւնները։
Եւ արդար մարդը այն է, որ գիտակցութիւն ունի պատասխանատուութեանը, կ՚անդրադառնայ իր գործին եւ անոր հետեւանքին, գիտէ սրբագրուիլ, ուղիղ ճամբան գտնել եւ ըստ այնմ յառաջանալ, եւ գիտէ օգտագործել «Լոյս»ը, լուսաւորուիլ եւ լոյսի մէջ ընթանալ դէպի յաւիտենական կեանք, մշտնջենական երջանկութիւն։ Ուստի, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունեցող մարդը պատրաստ կ՚ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան՝ ուր իրմէ պիտի պահանջուի ամբողջ արարքներուն՝ կատարածներուն եւ չկատարածներուն հաշիւը։ Եւ իրմէ պահանջուած հաշիւին ամէն մէկ արժէքը՝ ամենափոքրէն մինչեւ ամենամեծը, ամենակարեւորէն մինչեւ ամենաչնչին գումարը, կենսականէն միչեւ անկարեւորը, ամէն ինչ որ կատարած է մարդ իր ազատ կամքով՝ իր իսկ որոշումով, այդ ամէնքին հաշիւը պիտի տայ Յիսուս Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստին։
Եւ դարձեալ յիշենք՝ Մեծ պահքի շրջանը թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ մարմնական-ֆիլիքական պատրաստութեան շրջան մըն է՝ անդրադառնալու, ինքզինք ճանչնալու, սրբագրուելու, որոնց համար պէտք ապաշխարիլ, յարատեւ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ, զգալ եւ վայելել Անոր ներկայութիւնը եւ ըստ այնմ ապրիլ։
Այն որ Քրիստոսի Աւետարանի փրկչական պատգամը կը ստանայ, կ՚ընդունի, եւ մանաւանդ կը մտադրէ գործի վերածել, կեանքին մէջ ապրիլ, վայելել զանոնք, ան կը փորձէ բարի գործել կատարել՝ համաձայն ճշմարտութեան։ Ան որ ճշմարտութեան կը հետեւի արդա՛ր է, ան որ լոյսին արժէքը կը ճանչնայ եւ կը լուսաւորուի այդ լոյսով, աստուածահաճոյ գործ կը կատարէ եւ կ՚արժանանայ լոյսի պսակներու։
Մարդ, միշտ պատրա՛ստ ըլլալու է իրմէ պահանջուած հաշիւը մինչեւ ամենափոքր մանրամասնութիւն առանց տարակուսանքի տալու, սրբուելու, արդարեւ ճակատաբաց՝ մաքուր խղճով ներկայանալու համարձակութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը ունենայ հաշուեփակ ընելու։ Երանի՜ անոնց, որ անվարան տալու պատրա՛ստ են իրենց կատարածներուն «հաշի՛ւ»ը եւ արդարութեամբ կը տնտեսեն իրենց ստացուածքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 27, 2017, Իսթանպուլ