ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Եւ ահաւասի՛կ Մեծ պահքի 40 օրերը իրենց լրումին հասան։ Հայ Եկեղեցին քառասնօրեայ պահեցողութեան այդ շրջանը բոլորեց։ Անոնք որոնք կարողացան պահք պահել՝ իրենք զիրենք զրկել կենդանական սնունդներէն եւ նախատեսուած քառասուն օրերը անցընել աղօթքով, բարեգործութեամբ, ներհայեցողութեամբ, իրենց մեղքերը քաւելու համար ապաշխարութեան խոստովանութեամբ։
Նախորդ օրուայ Ղազարոսի մեռելներէն յարութիւնը հոգեւոր փորձառութեան կատարեալ առիթ մըն է եղած հաւատացեալներուն համար։
Յիսուս Քրիստոսի աշխարհի վրայ ապրած իր երեսուներեք տարիներու ընթացքին եւ յատկապէս իր կեանքի վերջին երեք տարիներուն, որոնք եղան քարոզչութեան, աւետարանչութեան, Աստուծոյ հետ մարդկութիւնը հաշտեցնելու տարիներ. աստուածային սիրոյ բոլոր սահմանները բացաւ մարդկութեան առջեւ՝ բժշկելով հիւանդները, ախտաւորները եւ նոյնիսկ մահացածներուն վերստին կեանք շնորհելով՝ զանոնք կեանքի կոչելով։ Ղազարոսի յարութիւնը՝ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին նախորդող այս հրաշքը ամենէն ցայտուն աւետարանչութեան դէպքերէն մէկն է։
Քարոզչութեան այդ շրջանին, բացի իր աշակերտներէն եւ հետեւորդներէն Ան կապ հաստատած էր նաեւ զանազան ընտանիքներու հետ։ Այդ ընտանիքներէն էր Ղազարոսի ընտանիքը։ Այդ ընտանիքը երեք անդամէ բաղկացած էր՝ Ղազարոսը եւ անոր երկու քոյրերէն՝ Մարիամէ եւ Մարթայէ։
Օր մը Յիսուս Սամարիայէն Երուսաղէմ կու գար զատկական Պասեքի տօնը կատարելու։ Պասեքի տօնը հրեայ ժողովուրդը կը կատարէր Եգիպտոսէն ազատագրման յիշատակին առիթով։ Այդ տօնը սովորաբար կը կատարուէր գարնան գիշերահաւասարին անմիջապէս յաջորդող լիալուսնի օրը։
Յիսուս իր աշակերտներով, Հրէաստանի եւ Սամարիայի բնութեան գեղեցկութիւնները վայելելով, ժողովուրդին քարոզելով, ուսուցանելով կամաց-կամաց Երուսաղէմ կը մօտենար։ Երբ Ան Բեթանիա հասաւ, այնտեղ անոր ընդառաջ եկան ծանօթներ՝ ըսելով. «Ո՞ւր ես, Վարդապե՛տ, գիտե՞ս, որ Մարիամի եւ Մարթայի եղբայրը՝ Ղազարոսը, չորս օր է, որ մեռած եւ թաղուած է»։
Յիսուս անմիջապէս գնաց Ղազարոսի տունը եւ այնտեղ տեսնելով քոյրերու լացը եւ կոծը՝ չդիմացաւ եւ ինքը եւս լացաւ։ Բայց Յիսուս իր մէջ ունէր այն վստահութիւնը՝ որ կարողութիւնը ունի աստուածային ուժ ի գործ դնել եւ կեա՛նք պարգեւել մեռեալներուն։
Յիսուս չհարցուց, թէ ո՛ւր թաղուած է Ղազարոս։ Անոր ըսին, թէ արդէն չորրորդ օրն է, որ Ղազարոս մեռած է, եւ անոր մարմինը արդէն փտած կ՚ըլլայ, ուստի երթալու եւ տեսնելու կարիք չկա՛յ։
Յիսուս պնդեց, որ գերեզման երթան։ Երբ գերեզման գացին եւ գերեզմանի քարը գլորեցին, Յիսուս Ղազարոսին անունը տուաւ՝ գոչելով. «Ղազարոս դո՛ւրս եկուր քու գերեզմանէդ»։ Եւ ահա Ղազարոս, պատանքներու մէջ փաթթուած, յայտնուեցաւ գերեզմանին դրան առջեւ։ Անոր պատանքները վերցուցին, եւ ան նոր կեա՛նք ստացաւ՝ յարութիւն առաւ։
Յարութեան այս հրաշքը բացառիկ հրաշք մըն է, որ Յիսուս գործեց իր քարոզութեան շրջանին մէջ։ Անով ան ապացուցուց, թէ Ինքն Աստուած է եւ Ինք միայն կարող է մեռեալներուն գերեզմանէն դուրս հանել եւ նոր կեանք պարգեւել անոնց։ Մինչ այդ մարդկութեան ամբողջ պատմութեան մէջ նման հրաշք չէր արձանագրուած։ Յիսուս կատարեց այդ հրաշքը, որովհետեւ որպէս արքայ եւ թագաւոր Իսրայէլի, յաջորդ օրը արքայավայել մուտք պիտի գործէր Երուսաղէմ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մեսիա։ Ա՛յս է «Ծաղկազարդ»ի իսկական խորհուրդը…
Ծաղկազարդի կիրակի օրը, առաւօտեան, Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէ կոչուած գիւղը, որ կը նշանակէ՝ թզենիի տուն։
Յիսուս նստաւ կենդանիի վրայ, իր աշակերտներով շրջապատուած եւ ուղղուեցաւ դէպի Երուսաղէմ։ Ճանապարհին հաւաքուած էր խուռներամ բազմութիւն։ Բոլորին տրամադրութիւնը տօնական էր։ Ձիթենիներու ոստերով եւ արմաւենիներու տերեւներով խումբ-խումբ կանգնած կ՚աղաղակէին. «Օրհնեալ է Տիրոջ անունով եկող թագաւորը Իսրայէլի. օրհնեալ, օրհնեալ է ան՝ որ Տիրոջ անունով կու գայ»։ Մարդիկ կը հանէին իրենց զգեստները, կը փռէին ճանապարհին վրայ։ Անոնք կը փառաւորէին Տէրը։ Եւ Յիսուս Քրիստոս հանդիսաւորապէս, «Թագաւոր» հռչակելով ամբողջ ճանապարհի ընթացքին՝ մտաւ Երուսաղէմ եւ գնաց տաճար՝ աղօթելու։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեր ամէն մէկուն մարմինը «տաճար» է՝ ուր Աստուած կը բնակի։ Ուստի, որքա՜ն անհրաժեշտ է մեզի, որ Աստուծոյ Խօսքը, ինչպէս եւ Սուրբ Հոգին իր շնորհներով, մուտք գործեն մեր մէջ՝ մեր ներքին հոգեկան աշխարհը զարդարելու եւ նախապատրաստելու մեզ զատկական հրաշալի՜ տօնի գեղեցկութիւնը ապրելու հոգեւոր վայելքին։
Ծաղկազա՛րդ է. Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակի օրը. վայելենք զայն բոլորս ուրախութեա՜մբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 29, 2023, Իսթանպուլ